(ՊԱՂՏԻԿԻՆ
ՏՈՒՆԸ)
ԼՈՒՍԻԿ,
ՓԱՌԷՆ
(Փառէն
հագուած
ամերիկեան
վերջին
նորոյթով,
աներանցը
տունը
առաջին
այցելութիւնը)։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Ուշ
եկուր,
նազով
եկուր,
անուշ
եկուր։
ՓԱՌԷՆ
—
(Պատրաստ
խօսքի
բնտռտուք)
Է՜հ,
…
կը
ցաւիմ,
բայց…
ԼՈՒՍԻԿ
—
(Իր
ձեռքովը
սիկառ
մը
կ’ուզէ
փաթթել
փեսին
տալու
համար,
չի
յաջողիր
նախ,
թուղթը
կը
պատռի,
յետոյ
անգամ
մըն
ալ
ու
նորէն
սիկառը
ուզած
ձեւովը
չի
շինուիր։
Անճրկութիւններ.
փեսան
աչքը
շեշտ
զոքանչին
մատներուն
վրայ
յառած
կը
պահէ
վայրկեան
մը)։
Բան
[1],
որ
ճանչցար
տունը
(սիկառին
մատուցումը
վառուած
վիճակով)։
ՓԱՌԷՆ
—
Շնորհակալ
եմ,
տունը
ճանչնալ,
է՜հ
(մոլորումներ)։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Նազլո՞ւն
հապա
(հէննէք)։
ՓԱՌԷՆ
—
(Խնդուք
մը)
Մինակ
ան
է
չի
ճանչածս։
Ո՞ւր
է։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Ձրի
չէ
(կատակ)։
Մօրմէդ
հրաման
առի՞ր։
ՓԱՌԷՆ
—
(Սիկառի
մուխին
գալարքները
դիտելու
տուած
ինքզինք)։
Երկու
բան
իմս
են,
մէ՛կը
շուքս,
մէկը
ազատութիւնս։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Աղէ՛կ,
աղէ՛կ։
ՓԱՌԷՆ
—
Կ’ուշանայ
(նշանածը
ակնարկելով)։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Ան
ալ
ուշ,
որ
անուշ
երեւայ։
ՓԱՌԷՆ
—
(Խնդուք)
Էֆէնտի՞ն…
ԼՈՒՍԻԿ
—
Շատ
զբաղուած
է,
շա՛տ,
շա՛տ։
ՓԱՌԷՆ
—
Աճայիպ
(զարմացում)։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Քանի
օր
է
որ
հէչ
տուն
չի
մտնար։
Նազլո՛ւ,
Նազլո՛ւ
(աղջիկը
հիւրանոց
կը
կանչէ),
դուրս
եկուր,
աղջի՛կ,
(դէպի
փեսան)
կ’ամչնայ,
մի՛
մեղդրեր։
ՓԱՌԷՆ
—
Կը
զարմացնէք,
տիկի՛ն։
ԼՈՒՍԻԿ
—
(Հապճեպ
շարժումներ,
ոսկի
ժամացոյց
մը
ու
մատնի
մը
գրպանէն
հանելով
փեսին
կուտայ)
Ամերիկայէն
եկար,
արմաղան
չի
բերիր
նը,
ես
տամ…
ՓԱՌԷՆ
—
Բայց…
ը,
ը,
ը՜,
կ’ամչցնէք։
Շնորհակալ
եմ։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Ատոնք
ալ
քեզի
բաժին
հաներ
էի։
ՓԱՌԷՆ
—
(Առածները
տեղաւորելէ
յետոյ)
Շիտակն
ըսելով,
աս
տեղի
սովորութիւնն
ալ
ուրի՛շ
բան
է
[2]
։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Մեր
էֆէնտին
ալ
խելքը
ծով,
հիմա
եղած
չեղածը
տարտղնել
սկսեր
է։
Առաջ,
ե՞րբ
ասանկ
էր։
Նազլո՛ւ,
Նազլո՛ւ,
(անգամ
մըն
ալ
ձայն
դէպի
ներսը)։
ՓԱՌԷՆ
—
Հիւանդ
չէ
կը
յուսամ։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Քու
գալդ
լսեր
չէ
լսեր,
արեւածաղիկի
պէս
բացուեր
է։
«Անկէ
առաջ,
հէ՛չ
չէր
ըլլիր
[3]
»։
ՓԱՌԷՆ
—
Գիտնայի
այսպէս,
տարի
մը
առաջ
կուգայի։
ԼՈՒՍԻԿ
—
(Ոտքի
ելած)
Չի
լսեց
ձայնս,
կամ
չէ
նը,
շատ
կ’ամչնայ,
մէյ
մը
ես
երթամ։
ՓԱՌԷՆ
—
Չի
նեղուի,
կ’աղաչեմ։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Քիչ
մըն
ալ
նեղուէր,
հո՞գս
էր
(կ’երթայ
որ
աղջիկը
դուրս
բերէ)։
[1]
Շատ
բան,
զարմանալի
բան,
որ
ճանչցար
տունը:
[2]
Ուրիշ
անուշութիւն
մը
ունի
ըսել
է:
[3]
Հիւանդկախ
վիճակ
մը
ունէր: