Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈՌՄԻԿ, ՄԱՐԱՆ

(Շահինին կոյր կինը խարխափումով, պատերուն քսուըռտելէն ներս կը մտնէ)։

ՀՈՌՄԻԿ Չէ՛ք ամչնար, չէ՛ք խպնիր, դրացիէն չի քաշուողը ինքնիրմէն, իր շուքէն կը խպնի։

Քեզի կ’ըսեմ, էրիկ մարդ, ձայն տուր։ (Վարկեան մը լռելէն ետքը) Մոռցա՞ր որ կ’ըսէի, «մի՛ իյնար, մի՛ իյնար աս կնկան հետ, ատ կնիկը ան սեւ թռչունն է, որ մեր ցուիքին վրայ կեցած՝ աւերք, աղէտք, խշխշանք կը ճնչէ (կոյրի շարժուձեւով էրկանը ձայնը դունչով հոտուըտալու վիճակին, պատասխան չառներ), քեզի կ’ըսեմ, մա՛րդ, չե՞ս խօսիր։

ՄԱՐԱՆ (Չոր շեշտ). Հոս չէ, հոս չէ, ի՛նչ կը փնտռէիր։

ՀՈՌՄԻԿ Մէկն ալ քեզ, Մարան, ամօ՛թ, ամօ՜թ…

ՄԱՐԱՆ Ամօթը կը հասկնաք ըսել է հա՞։

ՀՈՌՄԻԿ Կնիկ ըսածդ քիչ մը ցած գլուխ, քիչ մը խուփ-բերան կ’ըլլի, էրիկ մարդ է ան, մեծ տագր է, շատ հարսներ, մինչեւ հող, հողուարք տանը կատուին դէմ ալ հարսնութիւն կ’ընեն։ Լեռնէն չես գար։

ՄԱՐԱՆ Ես փակեր եմ պարտքս, չե՞ս գիտեր, ութը տասը տարի, առջեւնիդ ատ յիմարը ապրեցայ։

ՀՈՌՄԻԿ Հիմա ի՛նչ կար որ ցռուկ սօթթեր ես, տղուդ երե՞սը տեսար, չես խորհիր թէ՝ նորէն էրկանս շուքին տակ պիտի գաք, պիտի սքլիք։

ՄԱՐԱՆ Ականջս շատ վարժուեր է ատ խօսքերուն։

  ՀՈՌՄԻԿ Կատղե՛ր ես, կատղե՜ր…

ՄԱՐԱՆ Տագերոջ պատիւ կը պահեմ, նիրո՛ւկ, լեզու՝ ես ալ ունիմ։

ՀՈՌՄԻԿ Ի՞նչ ունիք հետերնիս, որ քանի տղադ եկեր է, ան իր ձին թամբեր, դուն՝ քու էշդ, ետեւնիս առեր անցեր էք։ Տղադ աղջիկը չառներ, դուն խնամին չես ուզեր, աղէկ ա, հեռու մեզնէ գլխնիդ ո՛ր քարը որ պինդ էր…

ՄԱՐԱՆ Աչք չունեցողը մարգրիտ [1] չանցըներ, մա՛յրս, դուն ի՞նչ կը խառնուէիր իմ տղուս։

ՀՈՌՄԻԿ Կօշիկը գլուխդ։

ՄԱՐԱՆ Աղջիկը մեղօք է կ’ըսեն, տղուս չիյնար…

ՀՈՌՄԻԿ Ատ ի՞նչ խօսք։

ՄԱՐԱՆ Ասոր խօսք կ’ըսեն, հէմ, շատ հին խօսք։

ՀՈՌՄԻԿ Ո՞ր աղջիկ էր հարսնցուն։

ՄԱՐԱՆ Ես ասչափը գիտեմ թէ՝ ատ աղջիկը Փառէնին չիյնար, մեղօք է։

ՀՈՌՄԻԿ Կ’ելլամ, բերանդ կը խզտիմ։

ՄԱՐԱՆ Բայց դուն ալ չե՞ս լսեր։

ՀՈՌՄԻԿ Սուտ չե՞ս, աղջի՛կ։

ՄԱՐԱՆ Ստողին մէկ հատիկ թուփը չորնայ։

ՀՈՌՄԻԿ Ի՞նչ կար որ ասչափ ատեն լռեցիր։

ՄԱՐԱՆ Ատեն մը չիթը երեսիս՝ համր կը մնայի, վերջն ալ համբերանք՝ որ՝ տագրս խելացի մարդ, օր մը չէ օր մը կը զգուշանայ կ’ըսէի ճահիճին խորը մխուելէ։

ՀՈՌՄԻԿ Ըսէի՛ր, ըսէի՛ր, օրին ըսէիր։

  ՄԱՐԱՆ Նշանտուքի օրէն տարի մը երկու տարի վերջն էր որ ականջս էրեցաւ։ Ան ատեն քար դրի բերանիս, առաջ՝ անոր համար որ տղաս, սանձարձակ մը՝ սկիզբէն, իրաւ է թէ՝ ատ աղջիկը կ’ուզէր, աղջիկն ալ տղուն սէրովը էրած՝ «թոնիրը [2] ձգել չէր ըլլար, սէր առնողին էգին չորցեր է» վերջն ալ, քուրո՛ւկ, ժամանակ անցնելէ վերջը, ան յոյսովը քուն եղայ թէ՝ հարսնցուն օժիտին սնտուկին մէջ, քիչ մը բան կ’ունենայ, որ երես կը ճերմկցնէ։ Իր երեսը կը ճերմկէր, Փառէնին մռուզը [3] կը վերջանար, իրարու բերնի մէջ, կ’երթային նուշ ու շաքար կ’ըլլէին, կը մոռցուէր։

ՀՈՌՄԻԿ Հիմա ի՞նչ էր ըլլելիքը։

ՄԱՐԱՆ Ալ ատ մէկն ալ չեմ գիտեր։

ՀՈՌՄԻԿ Չե՞ս գիտեր…

ՄԱՐԱՆ Դուն իմ տեղս եղիր, ի՞նչ կ’ընես։ Փլած անունով աղջիկ մը, «վրան շէր [4] հանուած» թո՛ղ աս, վաղն ալ միայն կրակուց [5] թեզնիքովը արդիք [6] պիտի գար անցնէր։

ՀՈՌՄԻԿ Օր մը չէ՞ որ դուն ալ ատ վիճակովը կայնեցար դէմերնիս, ի՞նչ ընենք, համբերել գիտցողն է որ բամպակը քաղեր է։

ՄԱՐԱՆ Գնչու մը, բոշա մը, որ կոյր ալ է։

ՀՈՌՄԻԿ Շուտիկին խօ՛սքը…

ՄԱՐԱՆ Կ’ուզես որ հիմա ցուիքին վրայ ելլամ պոռամ, մեղօք է, մեղօք է տագերոջս աղջ…

ՀՈՌՄԻԿ Սո՛ւս, սո՛ւս, սո՛ւս, տունը գլխնուս կը փլի։

ՄԱՐԱՆ Եթէ փլած չէ արդէն։

ՀՈՌՄԻԿ Շան աղջիկ։

ՄԱՐԱՆ Սատանան կ’ըսէ որ արինս երեսին քսեմ…

ՀՈՌՄԻԿ Իմ բոլորս եկո՜ղը…

ՄԱՐԱՆ Իս ոտքի մի՛հաներ։

ՀՈՌՄԻԿ Օ՛շ, օ՛շ, օ՛շ, օ՛շ…

ՄԱՐԱՆ Աչք ունենայիր նէ, գիտե՛մ թէ՝ ինտոր պիտի տեսնէիր դէմքդ։

ՀՈՌՄԻԿ Բոզին ձայնը ականջիս…

ՄԱՐԱՆ (Յարձակում տալով նիրոջը վրայ, կը սկսի իջեցնել ձեռքի հարուածները) Ալ ասչափ…  համբերողին…  եզ ու կով…  կ’ըսեն։ Բոզ՝ ե՞ս (բա՛թ, բա՛թ) ե՞ս (բա՛թ, բա՛թ), ան ալ ե՞ս (հարուածներ, մռունչներ, կոյր նիրոջը տապըլտուքները, դէմքին ծամածռութիւնները արգահատելի ու ծաղրելի ալ)։

ՀՈՌՄԻԿ Վո՛ւյ, վո՛ւյ (լացողի աղաղակ). մազերս…  ականջս…  կուրծքս…  շունչս…  կը մեռնիմ հիմա…  էրիկ մա՜րդ, անօրէ՜ն…  կը մեռնիմ, հասի՜ր…


[1]            Մարգրիտին ծակէն թել չանցըներ:

[2]            Կուռթ ինկող կամ թխսելու սէրէն բռնուող հաւերը ջուրին մէջ թաթխելէ յետոյ, առանց կրակի թոնիր մը կը նետեն, որ տենդն անցնի:

[3]            Թթուած դէմք, կախ երես:

[4]            Աղջկան վրայ ժողովրդական երգ շինուած:

[5]            Խոհանոց: Այս բառին միայն սեռական ձեւը կը գործածուի:

[6]            Արդիք անցնիլ կարգի մէջ մտնել, բան տեղ դրուիլ, եւայլն: