Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՐԴՈՒԿ, ՍԱՀԱԿ, ԹՈՐԻԿ, ԵՂԻՍ

(Թորիկին տունը աչք-լուսի գացած)

(Առջեւնին կլորիկ սեղան մը, գինի, ու սեղանին վրայ պզտիկ պնակիկներով զանազան աղանդերներ)։

ՍԱՀԱԿ (Գաւաթը ձեռքը) Մէկ թագով, մէկ պսակով, Թորի՛կ, կէնճըցար, աղաս, Աստուած խէրլի խատէմլի ընէ։

ԹՈՐԻԿ (Մէզէն ձեռքը՝ Սահակին երկնցուցած) Շնորհակալ եմ, ճանըս։

ՍԱՀԱԿ (Գաւաթը պարպելէ յետոյ) Մեղր է, ճիշտ մեղր։ Խո՞խ է, Հաւո՞ւկ է։

ՎԱՐԴՈՒԿ Ես տեսայ առնելդ Խուլագեղ է, հէմ շա՛տ աժան, (գաւաթը ձեռքը) կենացդ, Թորիկ, «մեղդրողին տունն հանդիպի»։

ԹՈՐԻԿ (Միշտ ինքը մատակարարող) Անուշներ, անուշներ, հէ՛մ մեղդրողին, հէմ մեղքը դնողին. Պ. Վարդուկ, ձեզի բան մը ըսե՞մ։

ՎԱՐԴՈՒԿ, ՍԱՀԱԿ (Մէկտեղ) Հրամէ՛։

ԹՈՐԻԿ Աղէկ բան է՜, (ամուսնութիւնը կ’ակնարկէ), դիժար է։

ՍԱՀԱԿ Հիչ ալ դիժար չէ։ Թող մարդուն կնիկը մեռնի, թող փարա ըլլի, թող վրաս գրուի։ Ախըրը ուսկէ՞ ճարեցիր։

ԹՈՐԻԿ Մի՛ հարցնէք։

ՎԱՐԴՈՒԿ Սա Պաղտիկին չի գացի՞ր ա։

ԹՈՐԻԿ Պաղտի՞կը ամմա գտար ու ըսիր, հա՜։

ՎԱՐԴՈՒԿ Ես ալ ատ էր պիտի ըսէի թէ՝ մարդը հիմա քիչ կը մնայ որ ոտքին տակ նալ զարնէ։ Լեռը վրան ինքը տակը։ Անանկ կը տքայ։

ՍԱՀԱԿ Ձգեցէք սըվոնք, տղա՛ք, ձգեցէ՛ք, հոս քէյֆի եկեր ենք, դէ՛հ, Թորիկ, (գաւաթը ձեռքը) էսի հին ըլլի, հազարը նոր ըլլի, կեանքիդ, աղաս։

ՎԱՐԴՈՒԿ (Քրքիջներ) Աղէ՛կ, աղէ՛կ։

ԹՈՐԻԿ Պսակն ալ աղէկ չըրի՞։

ՎԱՐԴՈՒԿ Պատուելի՞ն։

ՍԱՀԱԿ Ես ալ էն առաջ ատ խելքը տուի իրեն ի՞նչ պէտք էր տէրտէր, վարդապետ, կամ դուն ըսէ, ի՞նչ պէտք էր պսակ, պսակադրութիւն։ Հիմա, պակա՞ս են անանկները, որ ուզած կնիկնին դռան վրայ, ոչխարի մը պէս կը սակարկեն, թաշկինակի մը պէս ալ ծոցերնին կը դնեն։ Հաս է, չհաս է, պաք է, ուտիք է, սեւ է, ճերմակ է, ի՞նչ պէտք կար։

ԹՈՐԻԿ (Քրքիջներ) Բարի եկեր էք, գլխուս, երեսիս վրայ, բոլորիդ ալ կենացը (հատ մըն ալ ինքը կը խմէ)։

ՍԱՀԱԿ, ՎԱՐԴՈՒԿ Անո՜ւշ, անո՜ւշ, «էտի հին ըլլի, հազարը նոր ըլլի»։

ԹՈՐԻԿ Տե՛ս… Շնորհքով խօսքին ի՞նչ ըսես։

ՍԱՀԱԿ Անանկ է նը, հատ մըն ալ իմ ձեռքովս, նոր փեսա՛յ. (գաւաթը իր ձեռքովը կը լեցնէ, Թորիկին կ’երկնցնէ) հրամէ՛։

ԹՈՐԻԿ Հատ մըն ալ, հազար ալ (խմելէ ետքը), Խօշ ատ մուպարէկը մարդով կը խմուի։

ՍԱՀԱԿ (Մէզէն տալով) Անուշ ըլլի։

ԹՈՐԻԿ Շնորհակալ եմ։

ՎԱՐԴՈՒԿ Անո՜ւշ, անո՜ւշ։

ԹՈՐԻԿ Շնորհակալ եմ, հոգի՛ս, Աստուած կեանք տայ։

ՍԱՀԱԿ Ըսեմ թէ՝ երէկ իրկուն ինչո՞ւ չես կրցեր խմել։

ԹՈՐԻԿ Ինչո՞ւ, հրամէ…

ՍԱՀԱԿ Պարտքդ էր ընկեր միտքդ։

ԹՈՐԻԿ Թա՛, հո՜ւ…  Թորիկ անանկ մանր-մունր բաները սալլամիշ չըներ, չըներ։ Ընողը թող մտմտայ։

ՎԱՐԴՈՒԿ Անցա՞ւ քսան դեղինը։

ԹՈՐԻԿ Հատ մը պակաս ըսիր, բայց իրաւ որ ոսկին ոսկիի տուի։ Տունս ոտք դրաւ թէ չէ, պատերը ծըծղըտացին։

ՎԱՐԴՈՒԿ Չըսի՞ր թէ՝ ո՞ւսկէ։

ԹՈՐԻԿ Տէրտրուն տղայէն, Պ. Վարդուկ, բայց շունշանորդին տոկոսը շատ թունդ փախցուց։

ՎԱՐԴՈՒԿ Վնաս չունի, էֆէնտիմ, (դէպի Սահակ) մէկ մը որ կովը եղոտ է, մէկ մըն ալ որ սրտին սիրածն է կարծեմ։

ԹՈՐԻԿ Սիրածս չըլլէ՜ր… խե՞նթ էի։

ՍԱՀԱԿ Ան ալ զըհար քեզ կ’ուզէր, Թորի՛կ, աս մէկ պարագան մանաւանդ կարգուողին համար հազար բախտաւորութիւն կ’արժէ։

ՎԱՐԴՈՒԿ Շա՛տ շիտակ, շա՛տ ճշմարիտ։

ՍԱՀԱԿ Ժամանակին Իսոյենց տղան ալ կ’ըսեն, աղուոր այրիի մը հետ, հարս տակաւին, ամուսնութիւն հանկուրցեր է, բայց զէվալլիին քաշա՜նքը…

Մարդը իր կնիկէն սրտով չի սիրուիր, ինչ որ կ’ընէ, ինչ միջոցներու որ կը դիմէ. կնկան վրան գլոխը ոսկի, արծաթ, մէրճան, մարգրիտ, օգուտ չըներ, թուղթ հայիլ կուտայ, օգուտ չըներ, մատաղներ կը կըյրէ, վանքերը ուխտի կ’երթայ, հետեւանք չունենար, կնիկը զինք չսիրեր, ու դեռ աս կնիկը ի՞նչ ընէ, որ հաւնիք վեց տարի միօրինակ ինքզինք հիւանդ կը կեղծէ, անկողնին մէջ միշտ, անկողինը գետնէն չի վերցուիր, հիւա՛նդ, հիւա՛նդ, հիւա՛նդ։

Էրիկը չի դիմանար աս վիճակին, ցաւի կուգայ, կը մեռնի՜։ Կնիկը քովը ըստկուած տեսնելով, էրկանը մահուանէն յետոյ, շաբաթ չանցնիր, գլուխը տինճ-տինճ բարձէն վեր կ’առնէ կ’ելլայ ուրիշ էրիկ մը կը գտնէ, անհոգ, անտարբեր, չի նայելով անգամ թէ՝ ետեւը հազար փէրիշանութիւն ձգեց։ Այսչափը դեռ իմ գիտցածս։

ՎԱՐԴՈՒԿ Գտաւ Թորիկը վերջապէս, գտա՛ւ, գտա՛ւ։ Շատ ժամ չերթար, ամմա բանն աջող է։

ԹՈՐԻԿ (Յափրանք, գաւաթը ձեռքը) քէֆերնուդ հայեցէք, էֆէնդիմ, Աստուած կ’ըսէ որ «դուն շիտակ եղիր, Ես քու հետ կ’ըլլիմ»։ Բարի էք եկեր, բայց չէ, Պ. Վարդուկ, ձեռքդ ականջիդ, տեսնենք, «նէ կէլէ, կէլէ»։

ՎԱՐԴՈՒԿ Նոր հարսը վրանիս չի՞ խնդար։

ԹՈՐԻԿ Ա՞տ ի՛նչ խօսք։

ՍԱՀԱԿ (Դէպի Վարդուկ) Մեր քոյրն է նոր հարսը։

ՎԱՐԴՈՒԿ Անանկ է, բայց դեռ ի՞նչպէս…  Է՛, Պաղտիկին աղջկան շէրը պիտի ըսեմ։

ԹՈՐԻԿ Ըսէ՛, ըսէ՛։ Ասօր ուրիշ օր է։ (Նոր հարսին կը ձայնէ) Եղի՜ս, Եղի՛ս, ներս եկուր (Եղիս ներս կուգայ, կը բարեւէ, հիւրերը լայն-լայն նայուածքներ մը կ’ուղղեն իրեն։) Մէյ-մէկ գինի, հատէ, եաւրո՛ւմ, հէմ ձեռքովդ տի տաս, մտերիմ աղբրտաքս, աչք-լուսի եկեր են։ Առ աս գաւաթը, հատ մը Պ. Վարդուկին, հատ մը Սահակ աղային, հատ մըն ալ դուն գիտես։

ՎԱՐԴՈՒԿ Օ՛ֆ, օ՛ֆ։ Իմ ալ կարգուելու օրս միտքս ինկաւ։

ՍԱՀԱԿ Տէ, Վարդուկ, շատ մի՛ կոտրտուիր։ (Եղիս կուտայ հիւրերուն մէյ-մէկ գաւաթ, վերջինը Սահակին առջեւ)։

ՎԱՐԴՈՒԿ

Անուխ եմ, տերեւ չունիմ,

Շատ աղուոր, եար չունիմ,

Ընկեր եմ ծովուց մէջը,

Ճահիլ եմ, խապար չունիմ։

Ա՛լ ի՞նչ ընեմ աշխարհքը,

Ալ ի՞նչ ընեմ արեւը,

Ալ ի՞նչ էրզնեմ գիշերը,

Ալ ո՞ւր հայիմ ցորեկը։

(Խաղը ըսուելու ատեն միւսները ծափ կը զարնեն գինովի յափրանքով։ Եղիսի ներկայութիւնն ալ պակաս պատճառ անոնց քէյֆին)։

ԹՈՐԻԿ (Դէպի կինը) Գաւաթ մ’ըլ ինծի, (ֆէսը մէկ կողմ կը նետէ քէյֆէն ու ինքն ալ ծունկի եկած՝ կը մրթմրթայ) ո՛ւհ, ո՛ւհ, ո՛ւհ, ո՛ւհ։ Թեւ թեւի հալղա մի, խօլ սարմասի մի (թեւերնին երեքը մէկ-տեղ մէջէմէջ կ’անցընեն, ու կը սկսին ծծուըռտուքով խմել)։

ՎԱՐԴՈՒԿ Չէ՛, չեղաւ ատանկ. (Սահակին) առաջ անցար, մենք դեռ վրայի (գաւաթին վրայի) սերն ալ չառինք։

ԹՈՐԻԿ Շո՛ւտ, Եղիս, շուտ, նըվոր գաւաթը կարմրցուր։ Շո՛ւտ, շո՛ւտ, Սահակ աղան կը վառի։

ՍԱՀԱԿ (Եղիս արտորքով կը լեցնէ Սահակին գաւաթը. անգամ մըն ալ կը կրկնուի թեւ թեւի խմելու հանդիսաւոր ձեւը։ Աս անգամ ումպ-ումպ կուլ կուտան, որ բոլորը մէկտեղ խմած ըլլան գաւաթնին, աս կերպով ա՛լ հէննէքի տեղ չի մնար) Օ՛խ, օ՛խ։ Հաւկաթ շիտակ։

ԹՈՐԻԿ Շաքար, շաքար…

ՍԱՀԱԿ Հաւու կաթ, ձագու մեղր, մեղդրողին տունն հանդիպի (գաւաթը ուժգնակի մը սեղանին վրայ կը զարնէ)։

ՎԱՐԴՈՒԿ (Խմելը քիչ մը շուտ լմնցուցած) Մէզէ մը, Եղիս խաթո՛ւն։ Մենք աղբար մարդիկ ենք. խտուտն [1] ինծի, լէպլէպուն անոնց։ Գանկիդ, Պաղտիկ, գանկիդ վրայ։

ԹՈՐԻԿ Ըսիր, ըսիր, մարդը կրիայի պէս շրջեցիր։

ՍԱՀԱԿ (Դէպի Թորիկ) Մարդուս անէծքը շա՛տ թունդ է։

ՎԱՐԴՈՒԿ Աղջի՜կը, աղջի՜կը…

ՍԱՀԱԿ Ետ ձգեցին. ը՞հ։

ՎԱՐԴՈՒԿ Ետ ձգեցին. փեսանին ալ Ամերիկա։

ՍԱՀԱԿ Գնա՞ց մի։

ՎԱՐԴՈՒԿ Պիտի երթայ, կ’ըսեն։

ԹՈՐԻԿ Աղջիկն ալ շատ նեղն է [2] կ’ըսեն։

ՍԱՀԱԿ Տէ՛ր, ողորմեա՜, Տէ՛ր ողորմեա՜…

ՎԱՐԴՈՒԿ Կնիկ ըսածդ աճայիպ սատանայ մըն է, տղա՛ք. գլխուն վրայ երկար մազ ունի նը, ոտքն ալ թաղիքէ գուլպայ անցուցած քեզ կը լրտեսէ։ Դէմն ելար նը «էրիկս» ես կ’ըսէ, կը քծնի, սրունքներուդ կը պլուի. չէ՛, ատ հանդիպումը չեղաւ նը, ա՛լ Աստուած պիլէ չի գիտեր թէ՝ ի՞նչ է ան (Եղիս փարչով գինի բերելու գացած աս ատեն)։

ՍԱՀԱԿ Ես ալ պիտի ըսեմ թէ՝ կնիկ մը խենթուկ երեխայ մըն է, տեսածին կը փափաքի, շատ անգամ ատ փափաքածին հասնելու ջանքերուն մէջն է, որ փէշը մացառին կը փաթթէ։

ՎԱՐԴՈՒԿ Որձ մը տեսնան նը, բա՜թ, դուռն ու պատուհանը կը գոցեն, ատով ըսել ուզածնին է թէ մեզի ինչո՞ւ կը հայիս, մենք տէր ունինք, մենք ուրիշին կը վերաբերինք, շատ ուշ կ’իյնայ մտքերնին թէ՝ մեղք կը գործեն։

ՍԱՀԱԿ Գոցուած դռան ու պատուհանին մէկ ճեղքէն կարելի է անանկ փեռեկտուած աչք մը կը բանան, կը հային որ կոպերնին կը խզտի։

ԹՈՐԻԿ Բոլոր կնիկներն ալ մէկ չե՛ն ա։

ՎԱՐԴՈՒԿ Հատ մըն ալ խմեմ նը, էն շիտակը ես պիտի ըսեմ։

  ԹՈՐԻԿ (Ձեռքը անմիջապէս գաւաթին տարած՝ կը լեցնէ ու Վարդուկին կուտայ) Հատ մըն ալ, երկուք ալ։

ՎԱՐԴՈՒԿ (Խմելէ առաջ) Կեցէք բարով, տղա՛ք. (գաւաթը պարպելով) օ՜խ, անամ, պապամ։ Թուփիդ տակը քնանայի։

ԹՈՐԻԿ, ՍԱՀԱԿ (Մէկտեղ) Անուշնե՜ր, անուշնե՜ր…

ՎԱՐԴՈՒԿ Շնորհակալ եմ, աղաս, անուշը բերուընիդ ըլլի։ (Պեխը թաշկինակով սրբելէ ետքը) Ես ըսե՞մ շիտակը կնիկ ըսածդ մատակ ձի մըն է, ասօր քու չայիրդ կ’արծի նը, դունչն ու պոչը քու առջեւդ կը խաղցնէ, բայց վաղը ըլլի որ մեռնիս, կամ չի մեռնիս տէ, խոտը պակսեցնես, վայը եկաւ գլխուդ։

ՍԱՀԱԿ (Դէպի Թորիկ) Միշտ վերջապէս հատարլի պիտի երեւնաս։ Կինը մեղու մըն է. եթէ անոր քիչ մը մեղրն ալ չըլլէր, բզզացող կարիճ մը պիտի ըսէի։

ԹՈՐԻԿ Քիչ մը ցած, աղբար ցած խօսեցէք։

ՎԱՐԴՈՒԿ Կ’ուզէք հեգնեցէք ալ, ես կին անունին տակ հազիւ մայրս կրնամ յարգել։

ՍԱՀԱԿ Այո՛, այո՛, սանկ թուղթ մը ես ալ կ’ստորագրեմ։

ՎԱՐԴՈՒԿ Զարմանալի արարած մը, որ մարդ չի հասկնար։ Ըսես թէ՝ միայն երիտասարդին կը հաւասին շիտակ չէ, ծերացածն է բնտռածնին շիտակ չէ, միայն գեղեցիկին երազովն է որ երջանիկ կ’ըլլին աս ալ շիտակ չէ։

ԹՈՐԻԿ Ալ հերիք է, Պ. Վարդուկ, սայղին ալ աղէկ բան է։ Ես իմս երէկ բերի ու ասօր դեռ հին չեմ գտներ։ Հերի՛ք է, էֆէնտի՛մ, հաւտայի՞ թէ՝ վաղը զոգ-զոգ պիտի առնէիք, եթէ Աստուած մի՛ արասցէ, ձերինները մեռնէին։ Փակեցէք, մոռցէք աս եարանկութիւնը։

ՎԱՐԴՈՒԿ Մեր բոլոր խօսքը Պաղտիկին կնկան վրայ է, սիրելիս, հէրիֆին տունը խզէնին [3] հիմէն փլցուց։

ԹՈՐԻԿ Անպիտանը ինքն իր ձեռքովը ըրաւ, ե՞ս ինչ ընեմ դո՞ւն ինչ ընես։

Երկու օր առաջ ալ տունին կապերտները կը ծախուէին (Եղիս հիւրերուն քով ծառայութեան մէջ)։

ԵՂԻՍ (Էրկանը ականջին կը փսփայ) Երէկ ալ կ’ըսէին թէ՝ աղջկան ոսկի շարոցը քշեր է։

ԹՈՐԻԿ Տե՛ս, մեր Եղիսն ալ կ’ըսէ որ էֆէնտին աղջկան նշանին ոսկիներն ալ խարճեր է։

ՎԱՐԴՈՒԿ Էֆէնտի՜ն… ի՜նչ յիմար անուն։

ՍԱՀԱԿ Հէլպէթ, տղա՛ք, ուրիշին ահ ու զարին հե՞տ կը խաղաք։



[1]            Չորցուած ձկնիկ:

[2]            Հոգեվարքի մէջ հիւանդ:

[3]            Մառան: