Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՐԱՆ, ՇԱՀԻՆ, ՓԱՌԷՆ

ՇԱՀԻՆ — (Յանկարծ ներս մտած ու ժպտուն, միւսները ոտքի կը կենան ու նորէն կը նստին) Աս գիշեր աղւոր երազ մը տեսայ, Փառէն։

ՓԱՌԷՆ — Աղէկ ա։

ՇԱՀԻՆ — Կատակ չեմ ըներ, իրաւ աղւոր։ Գիրուկ կարմիր ձի մը հեծեր էի, թմբուկ կը զարնէինք, մեր տունը զուարթ բազմութիւն մը կար, հարսնիքի մէջ էինք։ Նազլուն նոփ-նոր լաթեր հագած՝ ոսկի շարոցներն ալ գլխուն ու կուրծքին վրայ, ետեւէդ կամաց-կամաց կը քալէր, մինչեւ ժամուն դուռը այսպէս՝ ու մէկէն արթնացայ։

ՄԱՐԱՆ — (Խորհրդաւոր ա՛խ մը) Աստուած բարի ընէ. Հարսնիքը կռիւ է, կ’ըսեն, կարմիրն [1] ալ շուտ կ’ելլայ։ Կռի՛ւ, կռի՛ւ։

ՓԱՌԷՆ — Շա՛տ շիտակ ըսեր են, մայր։

ՄԱՐԱՆ — Ի՞նչ կ’ըսես, Փառէն։

ՇԱՀԻՆ — Մայր ու տղայ ալ ցերեկը երզեր էք, բայց ի՞նչ…

ՓԱՌԷՆ — Ինչ որ — ո՞վ գիտէ։

ՇԱՀԻՆ — Նո՞ր բան։

ՓԱՌԷՆ — Մէյ մը սա հինը ստկէինք։

ՇԱՀԻՆ — Դեռ ըսել է, առջի օրերու քիթովդ շունչ կ’առնես։

ՄԱՐԱՆ — Հօրաղբարդ կատակ կ’ընէ, տղայ, երեսս հայիր (աչքովը տղուն հանդարտութիւն թելադրելով)։

ՇԱՀԻՆ — Չե՞ս ըսած, հարսխաթուն, չի պատմեցի՞ր մեր խելօքին թէ՝ ամիս մ’առաջ, էֆէնտին ինտոր պատուեց։

ՄԱՐԱՆ — Լուսի՛կը, կը մոռնաս ըսել, էֆէնտին ե՞րբ օր մը փրշունք կը նետէ մրջիւնին առջեւ։

ՇԱՀԻՆ — Ի՛նչ կ’ըլլայ ըլլայ վերջապէս, ատքան ալ հաշիւ, հըյրուք [2], մեզնէ չսպասուիր, հերի՛ք որ մարդն ալ, կնիկն ալ Փառէնին ճամբայ ելլալը լսած՝ շուքի պէս կը կպչէին փէշերնուս։

Մոռցա՞ր թէ քանի՛ հոգի էինք, Մարան։

ՄԱՐԱՆ — Միտքս էր (Քէն ընողի մը խբումով).

ՇԱՀԻՆ — Քսան-քսան երկու հոգիի առջեւ «զոգ զոգ» խորուածներ, լիրերով օղի, գինին՝ գետի պէս կը հոսէր։

ՓԱՌԷՆ — (Մէկ կողմ) Լուսիկին ձեռքովը, ու անուշ ալ։

ՇԱՀԻՆ — (Երբեք չուզելով որ դիմացինին խորամանկ կերպով գլած խօսքերուն ուղղակի դիմաւորողը ըլլայ) Լուսիկն ալ, էրիկն ալ, հասնողը գետի պէս կը հոսեցնէր, բայց, գինի՜… մէյ մը գնա ու համը տես։

  ՓԱՌԷՆ — Իմ բերնիս համը ինծի հերիք էր, հօրաղբար։ Ատ օրը երբեք առիթը չի ներկայացա՞ւ որ հասկնայիք թէ՝ ատ մարդը իր հողը, ջուրը ի՛նչ ըրաւ, գեղին հողային կալուածը, վեց-եօթ հարիր ոսկի հարստութիւն…

ՇԱՀԻՆ — (Վարանք, պատասխան գտնելու դժուարութիւն) Հողայի՞ն կալուածը…

ՓԱՌԷՆ — Հրամեր ես, Հապուսնայ [3] հողը, տղուն վրայ փոխանցեր է, աղջկան ալ մատնոցով քացախ։

ՄԱՐԱՆ — Ատ ալ մեր ճակտի գրին… տղա՛ս։

ՓԱՌԷՆ — (Մատով հօրաղբարը ցուցնելով) Ինքը օր մը ինծի ինչե՜ր կը գրէր, ահա երեսս, ահա երեսը։

ՄԱՐԱՆ — Մալով, հալով հարսնցու մը, շիտակ է՜… բայց… ինծի հարցնես, ես պիտի ըսեմ թէ՝ կնկայ մալը դարբնի մուրճ է, Փառէ՛ն, գլուխ չի դիմանար։

ՇԱՀԻՆ — Թող որ արդէն ես ալ շատ ցաւցեր եմ… ծունկին վրայ նորէն աղօթք [4] կայ, կ’ուզես հաւտա, կ’ուզես մի՛ հաւտար։ Աստուած ալ, մարդիկ ալ գիտեն թէ՝ ես երբեմն խնամի Լուսիկին խաթերն համար է որ ատ տունը կ’երթամ կուգամ։

ՄԱՐԱՆ — Գացիր, եկար որ՝ ետքը, ետքը…

ՓԱՌԷՆ — (Դէպի Շահինը) Հողը տղուն վրայ ըրած ատենը, աղջիկը լեզու չունէ՞ր, թող մէյ մը աղջիկն ըլլար հօրը դէմ բողոքողը։

ՇԱՀԻՆ — Ա՞ս էր՝ ըսել է՝ փորուտ խոցտուկը, ըսիր խալսար։

ՄԱՐԱՆ — Աս էր, այո՛, դուք դեռ չէք գիտեր, թէ՝ ի՛նչ տեսակ յամառ մըն է աս աչքի չառածնիդ (Ինքն իր կուրծքը ծեծելով)։

ՇԱՀԻՆ — Փառէ՛ն, Փառէ՛ն, նոր եկեր ես։

ՄԱՐԱՆ — (Դէպի տղան) Ի՞նչ է, դուռ դրացի սէյրի՞ պիտի կեցնէք։

ՓԱՌԷՆ — (Ոտքը գետին կը զարնէ) Չեմ առներ ըսի՛ եա, աղջիկ թող ըլլայ գտնելիքս (Զայրացած կը մեկնի)։



[1]            Երազի մէջ տեսնուած կարմիրը նշան է թէ` երազը շուտ պիտի կատարուի:

[2]            Հըյրել – մանր քարը ձաւարէն զատել մատներով:

[3]            Հապուսին քաղքին արեւելակողմը գեղ մը, ուր աս էֆէնտին իր վաշխառուի գործերովը յաջողեր է շատ մը հողային գրաւումներ ընել:

[4]            Բարի է: