(Նոյնք
եւ
թաղականութեան
Ատենապետն
ու
Ատենադպիրը,
երրորդ
մըն
ալ,
սոսկական
անդամ
մը
հիւանդտեսի
եկած,
կամ
աւելի
ճիշտը,
աս
առիթով
ասոնք
ալ
այս
օրհասականէն
յանուն
դպրոցին
բան
մը
փրցնելու
խնդրանքներուն
մէջ)։
ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ
—
(Դէպի
տղաքը,
որ
հայրերնուն
գլխուն
վերեւ,
բերաննին
չի
բացուելու
չափ
անձկութեան
մէջ
կը
մոռնան
նոյն
իսկ
եկողներուն
ոտքի
ելլալ,
ու
բարեւնին
առնել.
հոնկէ
քիչ
մը
կինը
ոտքի
ելլալու
շարժման
մը
մէջ)։
Երէկ
իրիկուն
էր
որ
լսեցինք
թէ
բաւական
ծանրացեր
է
եղեր
հիւանդութիւնը.
սանկ
մենք
ալ
յանկարծակիի
գալու
պէս
ցաւոտ
շուարք
մը
ունեցանք,
խորհելով
թէ
ուշ
չե՞նք
մնացեր
մեր
դրացիական
ու
բարեկամական
պարտքը
կատարելու
համար…
ի՛նչպէս
էք,
Սողոմոն
էֆէնտիս։
ՀԻՒԱՆԴ
—
Իշտէ
կ’երուայ
վիճակնիս։
ԱՏԵՆԱԴՊԻՐ
—
Բայց
նայելով
լսածնուս
ես
շատ
փոփոխութիւն
չեմ
տեսներ։
ՍՈՍԿԱԿԱՆ
—
Իրաւ
որ
ես
ալ
շատ
ինկածութիւն
չեմ
նշմարեր։
ԿԻՆԸ
—
Դեռ
քիչ
մը
առաջ
աչքերը
բացեց։
ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ
—
Այնպէս
չէ՞
մի
Պ.
Սարգիս,
բան
մը
չկայ
Սողոմոն
էֆէնտիիս։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Է՛հ,
չեմ
գիտեր
արթըխ,
ես
ալ
կ’ըսեմ
թէ
բան
չունիս
ամմա,
ինք
չի
հաւտար
մեզի.
ալ
մարած
ճրագ
մըն
եմ
կ’ըսէ,
ալ
ցամքեր
է
պատրոյգս,
ինչ
կ’ըսենք
նը
չի
համոզուիր։
ԱՏԵՆԱԴՊԻՐ
—
Աստուած
լաւութիւն
տայ
էֆէնտիիս։
ՍՈՍԿԱԿԱՆ
—
Ես
ալ
բարելաւութիւն
կը
մաղթեմ։
ԱՏԵՆԱԴՊԻՐ
—
Ես
ալ
թէ
բարեկամական
եւ
թէ
մանաւանդ
սանկ
պաշտօնական
արեւշատութիւն
մը
կը
հայցեմ,
մեր
պատուական
քաղաքակցին։
ՀԻՒԱՆԴ
—
(Միայն
ձեռքով
թէմէննաներ
դէմիններուն)։
ԱՏԵՆԱՊԵՏ
—
Վստահ
եղէք
թէ՝
հին
մարդոց
ինչպէս
հոգին,
անանկ
ալ
անոնց
մարմիններուն
կազմը
տոկուն
կ’ըլլայ,
դիմադրող
կ’ըլլայ
ոեւէ
ճնշող
պարագաներու
դէմ։
Կը
խոստովանիմ
թէ
մենք
նորերս
չունինք
այդ
յատկութիւնը։
ԱՏԵՆԱԴՊԻՐ
—
Անտառը
հով
չի
մտնայ
ըսէ,
Մանուկ
էֆէնտիս,
ախըրը
հին
ծառն
ալ
կ’երերայ
նոր
թուփերն
ալ
կ’երերան։
ԱՏԵՆԱՊԵՏ
—
Բայց
սա
ալ
ճշմարտութիւն
է
թէ՝
երերալ
կայ
որ
խաղաղ
է,
երերալ
կայ
որ
դէպ
ի
գերեզման
քալել
ըսել
է։
ԱՏԵՆԱԴՊԻՐ
—
Մենք
արդէն
ամէն
օր
ալ
կը
քալենք
դէպ
ի
գերեզման,
այնպէս
չէ՞
մի,
Յուսիկ
աղաս։
ՍՈՍԿԱԿԱՆ
—
Ատոր
ի՞նչ
կասկած,
օրանէն
իջած
օրերէս
ի
վեր
արդէն
ամէն
ուղղութեամբ
հոն
ու
հոն
է
որ
կը
քալենք.
մէկը
շուտ
քիչ
մը,
միւսն
ալ
ուշիկ
բաւական
մը.
հոն
վերջապէս
պիտի
ըլլայ
հասնելիք
տեղերնիս։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Է՛,
ինչ
ըսել
ըլլայ
միտքերնիդ
էֆէնտիմ.
հիւանդին
գլխուն
վերեւ
ի՞նչ
հանելուկ
է
որ
եկեր
էք
կը
քակռտէք.
հիւանդը
արդէն
բաւական
տագնապի
մէջ
է,
ու
հարկաւ
կը
գիտնանք
թէ
անոր
շուրջը
եղողները
ի՛նչ
ցաւ
կ’անցընեն։
ՀԱՄԲԱՐՁ
—
Դուք
կ’ուշանաք
ըսել
թէ՝
մեր
հիւանդ
հայրը
դէպի
որ
կողմ
ճամբեցնելու
եկեր
էք,
հիմա
անոր
մօտ
տեղը
գերեզմանն
է.
կ’աղաչեմ
փափկանկատութիւնն
յարգեցէք։
ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ
—
Մենք
արդէն
ձեր
այդ
դժբախտութիւնը
գիտնալնուս
համար
էր
որ
հոս
ներկայացանք,
ձեզի
ու
բոլոր
ձերիններուն
մեր
ցաւի
համակրութիւնները
կը
յայտնենք
մասնաւորապէս
տիկին
Եղիսին
ուղղելով
խօսքերնիս։
ԿԻՆԸ
—
Ըսել
կ’ուզէք
որ
վաղը
ամէնէն
շատ
ես
պիտի
ըլլամ
լացողը,
այդ
մէկը
այսօրուընէ
արդէն
սկսած
է։
Է՛հ,
ես
հիմա
չէ
որ
համոզուած
եմ
թէ
իմ
դժբաղդութեանս
տեսակը
չունի
ուրիշ
մ’ալ
եւ
չպիտի
ունենայ.
(թաշկինակը
աչքին,
տրտմութեան
մէջ)։
ԱՏԵՆԱԴՊԻՐ
—
Բայց
դուք
ու
բոլորդ
ալ
անով
կրնաք
մխիթարուիլ
որ
այսուհետեւ
ալ
բարի
ու
մանաւանդ
պատուաւոր,
առատասիրտ
նահապետի
մը
շառաւիղները
ըլլալու
բաղդը
պիտի
վայելէք։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Մեր
հայրը,
այո՛,
մենք
ալ
գիտենք
թէ՝
կարեւոր
դէմք
մըն
է,
բայց
ահա
այսօրուան
վիճակը
անոր։
ԱՏԵՆԱՊԵՏ
—
Մենք
ալ
ահա
այդ
բանին
համար
եկեր
ենք
հասկցնելու
ձեզի
որ
ասկէ
վերջն
ալ
զինքը
իբր
նոյն
մեծ
դէմքը
անմահացնելու
ձեր
զաւակի
եւ
ժառանգի
պարտականութիւնը
կատարէիք։
ԱՏԵՆԱԴՊԻՐ
—
Որոշ
ըսելու
համար
եկեր
ենք
խնդրելու
որ
թաղին
դպրոցին
համար
իր
եւ
ձեր
ալ
յօժարութիւնովը
կտակ
մը
հնարաւորէք։
ՍՈՍԿԱԿԱՆ
—
Ճիշտ
է
որ
այս
խնդրանքին
համար
եկած
ենք,
ու
դպրոց
մը
նպաստաւորելով
ամբողջ
քաղաք
մը
պիտի
երախտաւորած
ըլլաք։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Բայց
նախ
էֆէնտիս,
մէյ
մը
գիտնալու
ըլլայիք
թէ
ի՛նչ
խնդրելու
եկած
էք,
այդ
մէկը
մեր
ալ
փափաքն
է
բայց…
ԱՏԵՆԱԴՊԻՐ
—
Երբ
փափաքը
կայ,
սիրելիս
գործը
ինքնին
կայ
ըսել
է։
ՀԱՄԲԱՐՁ
—
Աւելի
աղէկ
որ
քիչ
մը
իրեն
տրամադրութիւնն
ալ
հասկցուէր.
կը
լսե՞ս
հայրիկ
(խօսքը
հիւանդին
ուղղելով)
այս
էֆէնտիները
եկեր
են
խնդրելու
որ
թաղին
դպրոցին
համար
ողորմութիւն
մը
շնորհես։
ՍՈՍԿԱԿԱՆ
—
Կտակ
ըսէ,
աղբա՛ր,
ողորմութիւնն
ի՛նչ
պիտի
ըլլայ.
քիչ
մը
այդ
մէկը
փէք
պայաղի
կը
փախի։
ՀԱՄԲԱՐՁ
—
(Հօրը
ականջին
ամուր
մը).
Կտակ
մը
ըրէ
կ’ըսեն,
ի՞նչ
կ’ըսես։
ՀԻՒԱՆԴԸ
—
Կատա՜կ,
ի՞նչպէս,
տղաս,
մահամերձ
մը
ի՞նչ
կատակ
կրնայ
ընել։
ՍԱՐԳԻՍ
—
(Ամուր
մը
հօրը).
Կտակ
կ’ըսեն,
կտակ,
կտակ,
դպրոցին
համար
կ’ըսեն։
ՀԻՒԱՆԴԸ
—
Հը՜մմմ…
որ
ըսել
է
իմ
մահս
գուժելու
եկեր
են։
ԱՏԵՆԱՊԵՏ
—
Չէ
այդպէս,
Սողոմոն
էֆէնտիս,
տայ
Աստուած
որ
Մաթուսաղայի
մը
կեանքը
ապրիս,
բայց
չէ՞
որ
մարդ
իր
գեղեցիկ
գործին
վկան
նախ
ինք
ըլլալու
է
որ
վերջը
սպասէ
ուրիշներուն
վաւերացումին։
ՀԻՒԱՆԴԸ
—
Կտակ
մը…
որ
կատակ
չէ
եղեր,
ու
դպրոցին
անունով…
ԱՏԵՆԱԴՊԻՐ
—
Բնական
չէ՞
որ
հիմա
դպրոցը
ճանչնանք
մեծ
իրականութիւնը,
ու
դպրոցին
համար
խնդրենք։
ՀԻՒԱՆԴ
—
Սարգիս,
ասոնք
մեր
թաղականնե՞րն
են
եղեր,
խուզում.
աֆէրիմ,
կը
գովիմ
նպատակնին.
օրհնեալ
ըլլան.
բայց
դուն
ի՞նչ
կ’ըսէիր
մէկ-երկու
ամիս
առաջ։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Ես
ի՞նչ
կ’ըսէի
որ
հա՛յր.
բան
մը
չեմ
յիշեր.
(միշտ
հօրը
ականջին
ուժգին)։
ՀԻՒԱՆԴ
—
Դպրոցներուն
մէջ
հիմա
ազգին
պատուհասները
կը
մեծցունեն
կ’ըսէիր.
ա՜խ
մենք
ա՞ս
ալ
պիտի
տեսնայինք։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Այդ
բանը
ոչ
ամէն
տեղ
հա՛յր,
մերինին
համար
ես
ալ
կը
վկայեմ
թէ
է՛ն
մաքուր
դպրոցն
է,
միակ
դպրոցը
կրնամ
ըսել
որ
կարելի
պայմաններով
վաղուան
բարի
Հայ
քաղաքացին
կը
պատրաստէ։
ԱՏԵՆԱՊԵՏ
—
Շատ
լաւ
վկայեցիք,
այո՛,
շնորհակալ
ենք
ձեր
ազնուութենէն։
ՀԱՄԲԱՐՁ
—
Շատ
լաւ
կ’ըսէք
ամմա,
անցեալ
տարի
այն
տեսակ
սըյրըխ
վարժապետ
մը
ներս
առեր
էիք
որ
եկեղեցիին
կը
հայհոյէր,
տէր
Սարգիսին
ըլ
ետեւէն
Սարգիս,
Սագօ
կը
պոռար։
Հասկցա՞ք
մի
էֆէնտիմ,
այդ
սրիկան
ո՞ւրկէ
ճարեր
էիք։
ՍՈՍԿԱԿԱՆ
—
Այդ
մէկը
երկու
ամիս
մնաց
չի
մնաց
դպրոցը՝
իր
տիրուն
հասցէին
խրկուեցաւ։
ԱՏԵՆԱՊԵՏ
—
Իրաւ
է
որ
մենք
ալ
անմիջապէս
կռահեցինք
թէ
մեր
տղոց
շարքերուն
մէջ
կարգ
մը
ոճրապարտ
գաղափարներ
մշակելու
կերպեր
մը
կ’ընէր.
դպրոցին
շէմքէն
շան
մը
պէս
վռնտուեցաւ։
ԱՏԵՆԱԴՊԻՐ
—
Վստահ
ըլլայիք
թէ
մենք
անանկները
Հայ
չենք
ճանչնար։
ՍԱՐԳԻՍ
—
(Հօրը).
Կը
լսէի՞ր
հայր,
մեր
դպրոցը
կ’ըսեն,
մեր
եկեղեցիին
չափ
սուրբ
կը
պահենք։
ՀԻՒԱՆԴԸ
—
Ապրին
էֆէնտիները,
հազար
ապրին,
Հայը
ասկէ
առաջ
իր
սուրբ
եկեղեցիովը
ինքզինք
շէն
կ’զգար
ու
կ’ապրէր.
ասկէ
վերջը
իմ
ալ
համոզումս
ան
է
թէ՝
նոյն
Հայը
իր
դպրոցին
մշակած
գաղափարներու
սրբութիւնովը
պէտք
է
իր
գոյութիւնը
յաւերժացնէ։
ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ
—
(Քովիններուն).
Ի՛նչ
մեծ
խօսք,
ի՛նչ
բարձր
հայեացք.
աս
տարիքով
քանի՞
հատ
ծերեր
ունինք
որ
այս
տեսակ
ոսկի
ճշմարտութիւններ
կ’որոճան
իրենց
ժոռատ
ակռաներով։
ԱՏԵՆԱԴՊԻՐ
—
Այո՛
այո՛,
կեցցէ
Սողոմոն
էֆէնտիս։
ՍՈՍԿԱԿԱՆ
—
Իրա՛ւ
որ
Սողոմոն,
իրա՛ւ
իմաստուն։
ԱՏԵՆԱՊԵՏ
—
Իր
ժառանգներն
ալ
նոյնչափ
բարի
եւ
իմաստուն։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Խնդրեմ,
ատոնք
աւելորդ
խօսքեր
են
հիմա…
շնորհակալ
ենք
ձեր
համակրութիւններէն,
դուք
անգամ
մըն
ալ
դիմեցէք
իր
հաճութեանը,
մենք
երբեք
արգելք
չպիտի
ըլլանք։
ԱՏԵՆԱՊԵՏ
—
Մենք
չէինք
ուզեր
ձեզ
նեղել
Սողոմոն
էֆէնտիս,
դուք
կը
յուսամ
հասկցաք
մեր
նպատակը։
ՀԻՒԱՆԴԸ
—
Հասկցայ,
հասկցայ,
հիմա
ես
ուրախութեամբ
կը
յայտնեմ
ձեզի
թէ՝
Եղեգիի
տէյիրմանը
դպրոցին
կը
կտակեմ
ամբողջութեամբ,
դուք
վկայ
եղէք
եւ
գացէք
նոյնը
ժողովուրդին
ալ
ծանուցանել։
ԱՏԵՆԱՊԵՏ
—
Պրաւօ՛,
պրաւօ՛…
ԱՏԵՆԱԴՊԻՐ
—
Ձեր
փառաւոր
տեղը
երկինքէն
աւելի
վեր
տեղ
մը
պիտի
ըլլայ…
ՍՈՍԿԱԿԱՆ
—
Այդ
տեղը,
փառաւոր
տեղը,
Հայ
դպրոցին
երախտաւորած
մանկութեան
կուրծքին
տակը
պիտի
ըլլայ.
թող
իր
ժառանգորդներն
ալ
ապահով
ըլլան
ասոր։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Գացէք
շուտ
մը
օրինական
թուղթ
մը
պատրաստել
տուէք
որ
իրմէ
ստորագրուելէ
յետոյ
մենք
ալ
մեզմէ
ստորագրէինք։
ԱՏԵՆԱՊԵՏ
—
Պատշաճ
առաջարկ,
հրամմեր
էք.
(ոտքի
ելած
երեքն
ալ).
մնաք
բարի
էֆէնտիս.
շնորհակալ
եղանք
ձեր
մեծութենէն.
Աստուած
լաւութիւն
շնորհէ։
ԱՏԵՆԱԴՊԻՐ
—
Ինշալլահ,
ինշալլահ,
մնան
բարի
աղաները։
ՍՈՍԿԱԿԱՆ
—
Մինչեւ
վաղը
աս
ատեն
պիտի
գանք
անգամ
մ’ալ.
անգամ
մըն
ալ
ոտքի
վրայ
պիտի
տեսնանք.
(կը
մեկնին)։