(Մարան
Հոռմիկին
քաշքշուելու
պահուն
անկէ
թուղթ
մը
կ’իյնայ,
վեր
կ’առնէ
անմիջապէս,
գրպանը
կը
դնէ,
Շահին
վրայ
կուգայ)։
ՇԱՀԻՆ,
ՀՈՌՄԻԿ,
ՄԱՐԱՆ
ՇԱՀԻՆ
—
(Սրտաբեկ
ներս
իյնալով).
Հոռմի՛կ,
Հոռմի՛կ։
ՀՈՌՄԻԿ
—
(Կէս
նուաղած).
Ա՜խ,
կը
մեռնի՜մ…
ՇԱՀԻՆ
—
Քածե՛ր,
քածե՛ր,
ձեզ
լեռը
ճամբեմ,
ձեզ
լեռը
փուշ
քաղել
ճամբէի։
ՄԱՐԱՆ
—
(Վախցած
դուրս
սողոսկելու
փութկոտութիւն).
Կոյր
կնկանդ
ըսէ,
(կը
մեկնի)։
ՇԱՀԻՆ
—
Չե՞ս
խօսիր,
Հոռմի՛կ,
կուկուշս
[1]
աս
ի՛նչ
չիթ,
աս
ի՞նչ
մազ,
աս
ի՞նչ…
ՀՈՌՄԻԿ
—
Տանը
մէջ
շուն
ու
կատու
կը
պահես,
(տքուքներ)։
ՇԱՀԻՆ
—
Ականջիդ
ծայրը
արինի
հետքեր
ալ
(կը
զարմանայ
ու
արտօրանքով
կնկանը
ականջին
արիւնը
սրբելու
կ’երկննայ)։
ՀՈՌՄԻԿ
—
Մազ
մնաց
որ
ճիկէրս
քաշէր,
հոգիս
քաղէր,
(հեւք,
տքուք
միշտ)։
ՇԱՀԻՆ
—
Բան
մըն
ալ
դուն
քաշէիր,
Հոռմի՛կ,
ձեռք
ոտք
ունիս։
ՀՈՌՄԻԿ
—
Ես
ալ
բոթ
մատը…
(ակռան
կճրցնելով)
աչք
չունեցողը
ի՞նչ
կ’ընէ,
բոթ
մատը
բերանս
վարունգի
պէս
կճրտաց,
(դեռ
կը
շարունակէ
հեւքը)։
ՇԱՀԻՆ
—
Ի՞նչ
հով
անցեր
է
ատ
քածին
գլխէն։
ՀՈՌՄԻԿ
—
Հարսնցուն
էրկանդ
աղջիկն
է,
կը
պոռայ.
Նազլուն՝
աղջիկդ
արիմարդ
[2]
։
ՇԱՀԻՆ
—
(Վայրկենային
սաստիկ
յուզմունք).
Հասնէիր,
սպաննէիր,
արինը
ես
կուտայի։
ՀՈՌՄԻԿ
—
Ձեռքս
անցնէ՜ր։
(Վրիժառուի
գալարքներ)։
Կոյրին
ջդիկը
[3]
տասը
օձ
խեղդեր
է…
ՇԱՀ
—
(Սաստիկ
գրգռուած).
Հիմա
կաթուած
կ’իջեցնեմ,
հիմա՛,
հիմա՛։
ՀՈՌՄԻԿ
—
Ինծի
մտիկ
ընես,
այսօրուընէ
շուտ
չի
կայ,
նոր
կարգադրութիւն։
ՇԱՀԻՆ
—
Ի՞նչպէս։
ՀՈՌՄԻԿ
—
Երկուքն
ալ
դուրս…
ՇԱՀԻՆ
—
Հեշտ
բան
չէր
ատիկա,
կնի՛կ,
ան
ալ
հեշտ
չէր։
Տղան
արդէն
շփացած
մը,
անօթի
դարձեր
է։
Բերած
պարտքին
չափն
ալ
մի՛
հարցներ։
ՀՈՌՄԻԿ
—
Թող
մայրը
հոգայ։
ՇԱՀԻՆ
—
Մեծ
հոգը
դարձեալ
մերը,
խելքիդ
չի
պառկիր,
անօթի
շունը
առաջ
իր
տէրը
կը
խածնէ։
Դատարանի
պիտի
դիմէ,
ժառանգի
խնդրով
ձեռքն
երեսիս
պիտի
նետէ
ու
դեռ
ինչե՜ր…
ՀՈՌՄԻԿ
—
Ըսել
է
ակռայի
ցաւ
միշտ։
ՇԱՀԻՆ
—
Մահուան՝
ըսէ։
ՀՈՌՄԻԿ
—
Ճա՞րը…
ՇԱՀԻՆ
—
Ճարը
ան,
որ
ոտքը
շղթայէինք
[4]
վերջը
բաղդերնուս։
ՀՈՌՄԻԿ
—
Տղան
աղջիկը
չառներ,
չառներ,
տղան
առնէ,
մայրը
չուզեր։
ՇԱՀ
—
Լռէ՛,
վար
դիր
լեզուդ,
դուն
մէյ
մը
ան
գիրս
տեղ
հասցուր,
մնացածը
վաղը։
[1]
Գգուանք
ու
հեգնութիւն
նշանակող
բառ
մը:
[4]
Ամուսնացնենք
–
ոճ
մը: