ՆՈՅՆՔ,
ՎԱՐԴՈՒԿ
ՎԱՐԴ
—
Բարե՛ւ,
տղա՛ք,
բարե՛ւ,
բարե՛ւ,
շան
հալ
է
հալս։
ԹՈՐԻԿ
—
Բարեւն
արեւուդ,
Վարդո՛ւկ.
դուռը՝
որ
գայլ
չի
մտնէ։
ՎԱՐԴ
—
Գայլ…
իրա՛ւ
գայլ…
ՍԱՀԱԿ
—
Ետեւէդ
սանկ
կենդանի
մը
կը
հալածէ,
ըսել
կ’ուզէ։
ԹՈՐԻԿ
—
Շունչդ
ականջէդ
կ’առնես։
ՎԱՐԴ
—
Աստուած
հասնի,
ըսէք,
Աստուած
հասնի
Վարդուկին։
ԹՈՐԻԿ
—
Խենդցեր
ես,
տղա՛յ։
ՍԱՀԱԿ
—
Պաղտիկին
պէս
դրացի
ունեցողը
ախ
կը
քաշէ՞ր։
ՎԱՐԴ
—
Անանկ
է,
հեգնեցէք։
ՍԱՀԱԿ
—
Բայց
դուն
ալ
հա
չե՞ս
ըսեր
Թորիկին։
ՎԱՐԴ
—
Դուք
ան
ըսէք
թէ՝
ինտո՞ր
խալըսաք
ատ
մարդէն։
ՍԱՀԱԿ
եւ
ԹՈՐԻԿ
—
(Մէկտեղ).
Ինչ
որ
ուզեց,
տուինք,
մենք
դեռ
չուզածն
ալ
տուինք։
ՎԱՐԴ
—
Ե՛ս
ալ
տուի,
ե՛ս
ալ
կուտամ…
ԹՈՐԻԿ
—
Է՛,
է՛…
ՎԱՐԴ
—
Ամիս
մը
առաջ
կնկանս
սնտուկը
աւլեցի,
տոկոս
մաքրեցի,
վերջն
ալ
ինչ
որ
կար,
գլխամաս
ըստկեցի,
ա՛լ
բան
չի
մնաց
կ’ըսէի։
ԹՈՐԻԿ
—
Աղէկ
պէտք
էր,
մենք
ալ
մարդ
մը
ճանչնանք
նէ,
կուռք
կը
շինենք։
ՍԱՀԱԿ
—
Ես
իմ
պարտքս
տուի,
մուրհակս
խզտեց,
վրայէս
պատանք
մը
խզտեցի
կարծես։
ԹՈՐԻԿ
—
(Դէպի
Վարդուկ).
Հիմա
ի՞նչ
կ’ուզէր…
ՎԱՐԴ
—
Ճիշտ՝
հոգիս,
աղբար,
ճիշտ՝
հոգիս։
Աղբօրս
պարտքին
բաժինն
ալ
հիմա…
ՍԱՀԱԿ
—
Կ’ուզէ
եա,
Վարդուկ,
իրաւունքն
է,
չէ՞
որ
մուրհակը
մէկ
[1]
ստորագրեր
էք։
ՎԱՐԴ
—
Բայց
ես
քանի՜
տարի
է
որ
աղբօր
այրին,
աղբօր
որբերը
կը
պահեմ։
ԹՈՐԻԿ
—
Դուն
խելացի
ես
կ’ըսեն,
ամմա
պազի
սափթմիշ
կ’ընես։
Ատոր
չոր
խօսք
կ’ըսեն,
սիրելիս,
այնպէս
չէ՞,
Սահակ։
Առնելիք
տիրուն
ինչո՞ւն
պէտք
որ
հասկնայ
թէ՝
աղբօր
այրին
ու
չգիտեմ
ինչերը
կը
պահես։
ՎԱՐԴ
—
Երկինքին
կէծկլտուքին
պատահէր…
ԹՈՐԻԿ
—
Ատ
ուրիշ
խօսք։
ՍԱՀԱԿ
—
Ատոր
մենք
ալ
ամէն
կ’ըսենք,
բայց
չըլլիր։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Լսե՞ր
էք։
ԹՈՐԻԿ
—
Ի՞նչ։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Աս
մէկ-երկու
օրուան
անցդարձը։
ՍԱՀԱԿ
—
Որո՞ւ
վրայ։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Ալ
ո՞վ…
ՍԱՀԱԿ
—
Պաղտիկի՞ն։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Պաղտիկի՛ն,
էֆէնտիի՛ն,
այո՛։
ԹՈՐԻԿ
—
Քիչ
մը
միայն,
բայց…
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Էրիկ
կնիկ
իրար
կը
խեղդռտեն։
ՍԱՀԱԿ
—
Կարծեմ
փեսանին
եկեր
է,
աղջիկն
առնելու
նազեր
մը
կ’ընէ։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Փեսան,
Ամերիկայէն…
դեռ
ամենեւին
աներանց
տուն
չէ
մտեր։
Տուներնին
աշխարհկործում
ճիշտ…
ԹՈՐԻԿ
—
Ու
նորէն
մարդուն
միսը
կը
ծամես,
շան
վաստակ
[2]
։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Ատով
ի՛նչ
կ’ըլլէր,
դեռ
ես
պիտի
ուզէի
որ
մէյ
մը
խակուկ-խակուկ
[3]
տղան
կոտրտէր
աչքին
տակ.
վերջն
ալ
ինքը՝
օռնալէն
աւանդէր։
ԹՈՐԻԿ
—
Փեսան
ալ
կ’ըսեն,
բոպիկ
դարձեր,
լեզուն
ջրծկտիքը
[4]
կը
պտտցնէ։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Քէյֆլի
սէյր
մը
ախըրը,
բայց
վախնամ
շուտ
փակեն։
ՍԱՀԱԿ
—
Ես
արդէն,
որքան
ատեն
է,
լսեր
էի
բաներ
մը,
բայց…
Շահինին
քէյֆն
ալ,
ըսել
է,
քնթէն
փնչէն
պիտի
գայ,
զաւալլի՛…
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Տղին
մայրը
ամէն
բան
դրեր
է
մէջտեղ։
Շահինին
ալ
տունը
նոյնչափ
դիժար
իրարանցում…
ԹՈՐԻԿ
—
Ուրիշին
այպին,
աղէտին
վրայ
խնդալը
աղէկ
չէ,
տղա՛ք,
մենք
էլ
քածի,
որձի
տէր
ենք։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
(Յանկարծ
պատուհանին
առաջքը
ցատկելով)
Կը
լսէ՞ք
սա
դուրսի
ձայնը,
հո՛ս
եկէք,
հո՛ս
եկէք։
Պաղտիկին
աղջկան
ու
փեսին
վրայ
է.
շէ՜ր,
շէ՜ր
[5].
բայց
իրաւ
որ
շա՛տ
յուզիչ։
(Միւսներն
ալ
պատուհանին
մօտը
ելլելով
հետաքրքիր
շարժունութեամբ,
դուրսէն
եկած
այս
ձայնը,
երգը
կ’ունկնդրեն։
Փողոցին
դէմի
տունէն
կը
հասնի
այն,
ուր
քանի
մը
տղաք,
տաքցած
գլուխներով,
Նազլուին
ու
նշանածին
վրայ
հիւսուած
շէրը
կ’ըսեն։
Արեւելեան
եղանակ,
յուզիչ,
մելամաղձոտ
շեշտեր)։
(Բեմին
ներսէն)
«Սիրտս
կը
թռի
ջաղջին
քարին
պէս,
Մարմինս
կը
փշրի
ջաղջին
ալրին
պէս,
Ե՞րբ
պիտի
լուսնայ
գիշեր
դարի
պէս.
Տեսնէի
տըղան
Խաչին
լուսնին
պէս։
Տեսնեմ
կ’ըսէի,
ձեռքիս
վարդը
տամ,
Վարդը
որ
չառնէր,
ոսկի
խնձոր
տամ,
Խնձորն
երբ
չառնէ,
մազս
քաշեմ
տամ.
Ան
ալ
որ
չառնէ,
հոգիս
քաղեմ
տամ։
Գիշերն
երազով,
ցորեկն
արեւով,
Ճամբուն
հայեցայ,
աս
քանի՜
տարով,
Ճամբուն
ճամբորդին,
երկնուց
թռչունին,
Հետքը
հարցուցի
լերան
եղնիկին։
Եկաւ
գընաց
ան
մեր
վարի
դռնէն,
Բարեւս
ալ
չառաւ,
երբ
տուի
վերէն,
Բարկացած
անցաւ
կըրակ
նետի
պէս,
Փէշս
ալ
չի
տեսաւ,
անցաւ
օտրի
պէս»։
ԹՈՐԻԿ
—
Ինծի
մտիկ
ընողը
ասդին…
տղա՛ք։
ՍԱՀԱԿ
—
(Տեղէն
ելլելով)
Ես
ալ
անանկ
կ’ըսեմ։
ԹՈՐԻԿ
—
Ան
սրիկաները
չեն
ամչնար
նէ,
մենք
գոնէ…
(Վարդուկ՝
անշարժ՝
մտիկ
ընելու
մէջ)։
ՍԱՀԱԿ
—
Գէշ
բան,
գէշ
բան։
Աղջի՞կն
հապա
(զարմանք)…
Թորի՛կ,
ի՛նչ
համեստ,
ի՛նչ
գեղեցիկ,
ծովերուն
մէջ
ծներ
է,
արեւուն
մէջ
մեծցեր
է։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Շահինն
է
ելեր,
ըսէք,
փակեցէք,
ինչո՞ւ
կը
ծամծմէք։
ԹՈՐԻԿ
—
Սո՛ւս
կեցիր,
կիրիրայի
փսխո՛ւնք…
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Սուս
ըլլիմ…
բայց,
ատ
չէր
ըսելիքնիդ։
ՍԱՀԱԿ
—
Սատանան
քեզնէ
աւելի
գէշ
չպիտի
ըլլի։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Անունին
մատաղ
ան
սատանին
որ
հիմա
ալ
Պաղտիկին
սոները
կը
դբռցնէ
[6]
։
Տարի
մը
առաջ
ալ
շունչ
հանէիր
ա՞լ,
դարի
աղուէ՛ս,
պո՛չդ
ես
ազատեր։
ԹՈՐԻԿ
—
(Սրտնեղած
Վարդուկին
ըրածէն
ու
տրամադրութիւններէն)։
Ե՛լ,
ոտքի
ել,
Սահակ,
ան
որ
չի
հերտկիր,
մենք
բացուինք,
ինչ
որ
ալ
ընես,
անուշ
չէ
աս
կատակը,
Վարդո՛ւկ,
(մեկնելու
վրայ
ոտքի
կեցած)։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Մի՛բարկանար,
մենծ
աղբա՛ր,
հոգիս
տաղեր
է։
ՍԱՀԱԿ
—
(Թորիկին)
Քալէ՛,
աղբար,
մարդուս
կանթեղը
ասօր
շատ
վառ
է
[7].
(կ’երթան
դուրս)։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Բարի
երթա՛ք,
դուռը
ելլաք
թէ
չէ,
ես
ալ
ետեւներէդ։
Մենծ
աղա,
բան
չեմ
թռցներ,
մի՛վախնար։
[3]
Կէնճ-կէնճ
վիճակին
մէջ:
[4]
Ջուրի
ծակ
–
ուսկէ
տուներուն
աղտոտ
ջուրերը
կը
թողուն
որ
փողոց
կ’երթայ:
Այդ
ջուրէն
ախորժողներն
են
ընտանի
չորքոտանիները,
որոնք
առտուն
դէպի
նախիր
թողուելու
ատեննին,
ճամբուն
վրայ
կեցած`
դունջերնին
ատ
ծակտիքներուն
վրայ
կը
պտտցնեն:
[5]
Ժողովրդական
երգ,
բանաստեղծութիւն:
[7]
Գինով
է,
ըսել
կ’ուզուի: