Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՓԱՌԷՆ, ՄԱՐԱՆ (առանձին անկիւն մը)

ՓԱՌԷՆ Ի՛նչ բերան, ի՛նչ լեզու, (բարկանալու պատրաստ ձեւ մը)։

ՄԱՐԱՆ Որո՞ւ հետ էիր։

ՓԱՌԷՆ Ալ ո՞վ կար, մա՛յր։

ՄԱՐԱՆ Նորէ՞ն հարսնցուին վրայ։

ՓԱՌԷՆ Չեմ առներ, չպիտի առնեմ կ’ըսեմ, ան նորէն լեզուն ճակատս կը կպցնէ։

ՄԱՐԱՆ Շատ չի ցաւցնէիր։

ՓԱՌԷՆ Հո՞գս էր։

ՄԱՐԱՆ Մեծ է, չի տանիր։

ՓԱՌԷՆ Մե՜ծ։

ՄԱՐԱՆ Տարիքով ալ, անունով ալ, տղա՛ս. (տղուն մտքին հակումը սերտելու ձեւեր)։

ՓԱՌԷՆ Ինծի ալ Փառէն կ’ըսեն, հէ՛մ Խարբերդցի, հէ՛մ Ամերիկացի։ Ես Ամերիկայէն կուգամ։

ՄԱՐԱՆ Ամերիկայէ ՜ն, իրաւ ես, եկողը բուռով բեռով ոսկի կը բերէ։

ՓԱՌԷՆ Ուրի՞շ…

ՄԱՐԱՆ Ուրիշ ի՞նչ, Փառէն, ուրիշ մըն ալ դուն ըսէ։

ՓԱՌԷՆ Դո՞ւն ալ, մա՛յր։

ՄԱՐԱՆ Լսեր եմ, կ’ըսեմ, հոգի՛ս։ Ջաղացքէն եկողէն ալիր կը սպասեն։ Դուն՝ անանկ կը հասկցուի՝ որ հօրաղբօր ձեռքը տասնոց մը չի դնելէդ զատ, փէշով ալ պարտք բերեր ես։

ՓԱՌԷՆ Պատճառ կար, պատճառ, պատճա՛ռ (անձկոտ՝ սիկառ մը վառելու վրայ). սա լուցկին որ կը վառի այսպէս (լուցկի մը բռնկցնելով), պատճառ կայ, փչեմ, մարի, պատճառ կայ։

ՄԱՐԱՆ Պատճառն ի՞նչ, մայրդ ալ հասկնայ։

ՓԱՌԷՆ Երկրէն եղած գրերը, հօրեղբօր գրերը…

ՄԱՐԱՆ Ատ գրերով ի՞նչ։

ՓԱՌԷՆ Գրերուն մէջ մետաքս թելեր կը ծրարէր։

ՄԱՐԱՆ Պարզ չես ըսեր։

ՓԱՌԷՆ Ինչպէս սարդին թելերուն մէջ, խեղճ ճանճը կը ցանցուի, ուզէ չուզէ, անանկ ալ իմ ձեռքս, իմ ոտքս ատ գրերով կը կապկպուէին։

ՄԱՐԱՆ Չի հասկցայ։

ՓԱՌԷՆ Քեզ մէկ հատիկին նշանեցի. ա՛յն տեսակ աղջկայ մը նշանեցի քեզ՝ որ մինչեւ մահ, քով վրայ գաս, վայելել գիտնաս, աղջկան բերածը կը բաւէ, կ’աւելնայ ալ։

Աղջիկն ալ իմ ուզածս է եղեր, կանուխէն անոր սէր ձգեր [1] եմ եղեր։

ՄԱՐԱՆ Անա՞նկ կը գրէր։

ՓԱՌԷՆ Կ’ուզե՞ս, հիմա, մէկ մէկ ցուցնեմ ալ։

ՄԱՐԱՆ Ի՛նչ պիտի ուզեմ (ուսերը թօթուելէն), ի՛նչ պիտի լսեմ։

ՓԱՌԷՆ Ա՛յն որ գրեր է, ա՛յն որ համոզեր է։

ՄԱՐԱՆ Ուրիշին ճրագին հայողը հաւկուր կը մնայ, դուն խելք ունենայիր նէ թուղթին միւս երեսն ալ ատ կը կարդայիր։ Խօսքը մէջերնիս, Փառէն, աս մէկը իրաւ է որ (ցած ձայն) դուն ալ օր մը ան քածին համար գիշերուան քունդ էիր ծախեր։ Ես՝ գիտես՝ չէի՞ յիշեր։

ՓԱՌԷՆ Է՜հ, (ըմբոստ շարժում)։

ՄԱՐԱՆ Սա ալ կայ, որ աղջիկը, իրաւ, գեղեցիկ է. ճէյրանի աչքերուն վրայէն սեւ-սեւ թարթիչները մինչեւ ունքերը կը ծեծեն, բայց…

ՓԱՌԷՆ Ըսէ, մի՛ խեղդուիր։

ՄԱՐԱՆ Հօրը արեւովը մարդ չէ տաքցեր, մարդ չի տաքնար, բան մըն ալ աս էր։

ՓԱՌԷՆ Ուրիշ միջոց, ուրիշ ճամբայ։

ՄԱՐԱՆ Մազերս ծունկս էջուցի…

ՓԱՌԷՆ Ու նորէ՜ն…

ՄԱՐԱՆ Քեզի ինտոր կը գրէի, անանկ է բանը, հոգիս։ Աղաչէլէպին [2] Պաղտիկին տունը համարձակ մտնել ելլալու համար աս ձիւնը բերավ գլխուս։

Դուն՝ կ’երեւայ՝ մօրդ գրածները աղէկ չես կարդացեր։ Բայց կ’ուզես շիտակը ես, իրաւ որ հօրաղբարդ ալ շատ չեմ մեղդրեր։

ՓԱՌԷՆ Այն որ ձիւն կը բերէ մեր գլխուն, ես ալ հիմա բան մը իր գլխուն պիտի բերեմ։

ՄԱՐԱՆ Վերջը վերջը մեզ վռնտել պիտի տաս, Փառէն։

ՓԱՌԷՆ Պիծակին բունը խառնելու համար մարդ մինչեւ քիթին ծայրը ապուշ ըլլալու է։

ՄԱՐԱՆ Ըսենք թէ՝ հօրաղբարդ ատ նկատումն ալ չըրա՜ւ։

ՓԱՌԷՆ Ճիշտ ան ատենը կը կիսիմ ինչ որ հօրս է, ինչ որ մերը, քեզ շալակս՝ նորէն Ամերիկա։ Միամիտ կնիկ…

ՄԱՐԱՆ Գոնէ պիտի գիտնայի՞ր ընելիքդ, որ բանը մէկ անգամէն եզերք ելլար. ինձմէ լսած մի՛ ըլլար։

Քարէ փուռը, դարին էգին, խանութին ապրանքը, հինգ հարիր լիրէն էւել բամպակ, հօրդ բաժինն ալ մէկտեղ, ի՞նչ ըրիր ըսէ, որո՞ւ ծախեցիր, ինչո՞ւ ծախեցիր։ Ես որ գիտեմ, ես որ լաւ գիտեմ, քեզի ասոնց վրայով բան մը իմացուցած չպիտի ըլլայ։ Ատ բոլորը ծախել, փոխելէ ետքը, մէկ մասը Լուսիկին փէշը լեցուց, բաներ մըն ալ կոյր կնկանը՝ Հոռմիկին գրպանը։

Ոսկի, ոսկի, բոլորն ալ ոսկիի փոխած։

ՓԱՌԷՆ Լուսիկի՜ն ոսկի, կը հասկնայի անիկա, բայց սա Հոռմիկի՞ն ատ կնիկը, ամէն բանէ առաջ աչքի պէտք ունէր, չէ՞։

ՄԱՐԱՆ Հօրաղբարդ շատը, սուղը անոր կուտար, որ ատ կնիկը իր ըրածներուն չի խօսելու համար ըլլայ համր կնիկը։ Հասկցա՞ր, խոռոզիկս։

ՓԱՌԷՆ Իրաւ որ միամիտ մըն եմ եղեր, քեզի երբե՞ք բան մը։

ՄԱՐԱՆ Անտէր կնկուկայ մը ի՞նչ տային։ Գաւաթ մը ջուրին հետ, ձեռք մը չոր հացն ալ շատ չէ՞ր կարծես։ Լուսիկին ու Հոռմիկին լայնքէն երկայնքէն հլուն կ’աւելնա՞ր, որ հատ մըն ալ իմ երեսիս նետուէր։

ՓԱՌԷՆ Վա՛յ, չոր գլուխ մարդ (ոտքի վրայ վեր վար)։

ՄԱՐԱՆ Ինծի մնայ, Փառէն, հետը մեղմով կը վարուիս, դէգ մարդ մը, որ լուցկիի պէս բռնկիլն ալ իրեն բնորք շիներ է։

Մնաց որ, աղջիկը չես առներ մի՛ առներ, ես ալ անանկ կ’ըսեմ։ Հայրը քանի որ հողը ջուրը տղուն վրայ ըրեր [3] է, տունն ալ Լուսիկին կարծեմ, ա՛լ ես ի՞նչ ընէի քած մը, որ արագիլի սրունքովը դէմս գար ցցուէր։ Աղջիկ մը, որ ա՛լ չեմ կրնար ըսել։

ՓԱՌԷՆ Մա՜յր…

ՄԱՐԱՆ Մի՛, մի՛ հետաքրքրուիր, Փառէ՛ն, չեմ ըսեր, աղջկան ի՞նչ յանցանք։ (Շահին վրայ կուգայ)։



[1]            Սիրահարուած ըսելու տեղ:

[2]            Տաքրը:

[3]            Տղուն վրայ փոխանցել տուեր է: