Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇԱՀԻՆ, ԼՈՒՍԻԿ, ՆԱԶԼՈՒ

ՇԱՀԻՆ (Արտորանք, շնչատ ու ծածուկ) Հոս չէ կը յուսամ (Լուսիկին)։

ԼՈՒՍԻԿ Դուրս ելաւ, հրամեցէք, սիրտս փրթաւ, Մըյեա՜ (վախցողի լայն լայն աչքեր)։

ՇԱՀԻՆ Վախցա՞ր…  (կամաց, զգոյշ)։

ԼՈՒՍԻԿ Ատ ի՞նչ պիրտէն երեւութք, պատը շեղ մը [1] կպցնենք։

ՇԱՀԻՆ Աս գիշեր մինչեւ որ լուսցուցի՜…

ԼՈՒՍԻԿ Խէր ըլլի, շատ ալ դեղնած կ’երեւնաս։

ՇԱՀԻՆ Շուտ պիտի դառնա՞յ մարդդ (Նազլու խնամի Շահինին ձեռք-պագով բարի գալուստ կ’ըսէ ու կը կայնի անոր դէմը ակնածանքով ձեռք կապած)։

ԼՈՒՍԻԿ Դուրս ելաւ որ Դատեմցի [2] մը տեսնէր։ Ի՞նչ ունէիր, շատ կ’արտորաս, քիչ մըն ալ դող կայ վրադ։

ՇԱՀԻՆ Օր կա՞ր, որ Շահին ալ խաղաղ հաց ուտէր։

ԼՈՒՍԻԿ (Ախ մը քաշելով) Ատ մէկը ինծի ըսէ։

ՇԱՀԻՆ (Դէպի Նազլու) Հայրդ ուշ պիտի գա՞յ, Նազլո՛ւ (գորովոտ նայուածք)։

ՆԱԶԼՈՒ (Խնամի Շահինին դէմ հարսնութիւն կ’ընէ. ձեռքը օդին մէջ դէպի հիւսիս ճօճելով ու բերնով ալ) Հը՛շ, հը՛շ, հը՛շ (որ ըսել է՝ հայրը կրնայ ըլլալ որ ուշանայ, այն ինչ կողմը գացեր է։ Աղջիկը քիչ մը ոգեւորուած կ’երեւայ աս խնամիին անակնկալ երեւումէն)։

ԼՈՒՍԻԿ Թող կ’ուզէ գայ ալ, վախդ ի՞նչ…

ՇԱՀԻՆ Հոս գալս մարդ չպիտի գիտնայ։

ԼՈՒՍԻԿ Ո՞վ գիտնայ։

ՇԱՀԻՆ Եթէ չէք բարկանար, Նազլուն ալ քիչ մը…

ԼՈՒՍԻԿ (Նազլու անդրադարձած դուրս ելլելու վրայ) Շուտ ըրէ, աղջի՛կ, խահուէ մը, կամաց եփէ, մաքուր եփէ։

ՇԱՀԻՆ (Լուսիկ քիչ մը հեռուն նստած) Մօ՛տ, մօ՛տ, կարելի է աս մնայ միայն։

ԼՈՒՍԻԿ (Ոտքի ելած Շահինին հետ ծունկ ծունկի) Ես ալ բաներ մը լսեր եմ, ես ալ։ Աստուած շնորհք տայ։

ՇԱՀԻՆ Առաջ որո՞ւ (դժուար ժպիտներ)։

ԼՈՒՍԻԿ Առաջ ինծի, վե՛րջը ձերիններուն։ Մարդուն աչքը ո՞վ է հաներ, իր մատը։

ՇԱՀԻՆ Կտոր մը շնորհքի ալ ես պէտք ունիմ, Լուսի՛կս։

ԼՈՒՍԻԿ Ես զաթի որքան առաջ երզեր էի, հիմա կը կատարուի։ Խաբեր ես, խաբեր ես։

ՇԱՀԻՆ Քանի Նազլուն չէ եկեր, մնային ատոնք (ձեռքը Լուսիկին շլլիքին նետելու շարժում մը)։

ԼՈՒՍԻԿ Աստուածդ կը սիրես նէ, խելօք կեցի՛ր, ա՛լ հերիք էր (թոյլ նազանքներ)։

ՇԱՀԻՆ Չե՞ս կարօտցեր (փաղաքշոտ ձայն)։

ԼՈՒՍԻԿ Կարօտնա՞լ…  (ժպիտներ)։

ՇԱՀԻՆ Գիշերները ես ալ հերսէս բարձս կը ծամեմ։

ԼՈՒՍԻԿ Ատ հէրսդ որո՞ւ դէմ, ինծի՞, թէ՞անամօթ հարսիդ։

ՇԱՀԻՆ Մնան ըսի, ատոնք, Լուսի՛կ, իմ կուրծքիս տակ ամպ կը գոռայ։

ԼՈՒՍԻԿ Ու բոլորը որո՞ւ երեսէ մօրը, անանկ չէ՞։ Ես իրեն աղջիկ տա՜մ, էրկայ աչքէ ելլա՜մ, ես իրեն խաթուն ըսի՜մ։ Տեսնամ մէյ մը, լեզուն ծոծրակէն հանեմ։

ՇԱՀԻՆ Ես ի՛նչ կ’ըսե՜մ, դուն ինչ կ’ըսես, հոգի՛ս։

ԼՈՒՍԻԿ Ես գիտես թէ՝ աղջիկս քու խաթերդ համար էր կրակը նետեցի։ Չէ նը ո՞ր խաթերը ըլլէր, խաթուն հարսի՞դ, թէ՞ աղա տղուն սիրուն։

ՇԱՀԻՆ Ատի այնքան որոշ է որ…

ԼՈՒՍԻԿ Ու հիմա ալ թող խեղճ մէսըմիս վրան շէրեր պոռան, անուննիս քաշկռտե՜ն։

ՇԱՀԻՆ Ասոր մէկ մեծ պատճառը քու սադայէլդ էր. քո՛ւկդ, քու մարդդ։

ԼՈՒՍԻԿ Շլլին տակը մնար։

ՇԱՀԻՆ Կարդացի՞ր նամակս, հաւնեցա՞ր ալ։

ԼՈՒՍԻԿ Ի՞նչ նամակ, ես նամակ չեմ առեր, նամակ դուն ահա։

ՇԱՀԻՆ Գրեր էի թէ՝ Փառէն երբ աս մէկ-երկու օրը հոս հանդիպի, անուշ բերնել գիտնաք։ Տղայ է վերջապէս, կարմիրն ու դեղինը շատ կը սիրէ։

Աս տղին չի տարուելիք կողմը ան է, որ գացած տեղէն պարապ դարձեր, նորէն, քիթին հովովը կալ կը հոսէ։

ԼՈՒՍԻԿ Ես՝ ինծի, գիտես որ, դրամ չունիմ արդէն, աղա՛, մեր աղուէսին առջեւէն ալ չոր թութ չաւելնար։

ՇԱՀԻՆ (Առանձին) Իմ տուածներէս…

ԼՈՒՍԻԿ Թո՜ւ… քանի մը լիրա մնացեր էր, անոնք ալ ի՜նչ գիտնամ. ի՛նչ եղան։ Մէյ մը որ դրած տեղս եմ կորսնցուցեր։

Սնտուկիս մէջ եղածներն ալ ուրիշին ամանաթներն էին։

ՇԱՀԻՆ Ուրիշի՞նը…

ԼՈՒՍԻԿ Կարգ մը ոսկի, արծաթ զարդեղէններ, մատնի, ժամացոյց, ոսկեհատ, խաթար, կամար եւայլն, մերը չէին։

ՇԱՀԻՆ Ա՞լ, ա՞լ։

ԼՈՒՍԻԿ Մեծ խաթար (ոսկի շարոց) մ’ալ կայ։

ՇԱՀԻՆ (Խորհելէ ետքը) Ատոնք ալ ոսկի ըսել են, չէ՞։

ԼՈՒՍԻԿ Վերջը ի՞նչպէս…

ՇԱՀԻՆ Գրաւ առնուած բաներ են ատոնք, մտիկ ըրէ։

ԼՈՒՍԻԿ Նորէն պիտի խաբես, հա՞։

ՇԱՀԻՆ Մտիկ ըրէ (համոզողի անկեղծ շեշտեր). սնտուկը նետուած գրաւի բաները ա՛լ սնտուկէն չեն ելլար։ Մարդուն շահը ատոնք իւրացնելուն մէջ կը կայանայ։ Ձերն են ասոնք, հէմ ճիշտ քուկդ։ Երդո՞ւմ պէտք էր։

ԼՈՒՍԻԿ Բացէ ի բաց խաբուիր, կ’ըսես (ժպիտ)։

ՇԱՀԻՆ Ես ատ միջոցը գտեր եմ, ա՛լ դուք գիտէք։

ԼՈՒՍԻԿ Վերջը կ’ըլլէ՞ր որ սնտուկս գողն է բացեր, պոռայի (միամիտ համակերպութիւն)։

ՇԱՀԻՆ Ինչո՞ւ չէ, ի՞նչ ուզես նը, չըլլիր, կնիկ մը որ միտքը խաբել դնէ։ Հա՛, հո՜ւ։

ԼՈՒՍԻԿ Սիրտս հիմակուընէ դող ելաւ նը։

ՇԱՀԻՆ (Ձեռքը Լուսիկին կուրծքին կը նետէ) բեր ափսոն մը ըսեմ… որ… ալ չի դողայ (կիսատ համբոյր մը. Լուսիկ ետ կը քաշուի)։

ԼՈՒՍԻԿ Դռան ետեւն է Նազլուն, հէ՛մ, մեղք է (զգլխիչ դիրք մը առած, քովէն չելլեր)։

ՇԱՀԻՆ Մե՞ղք… 

ԼՈՒՍԻԿ Աստուած կը հայի վերէն։

ՇԱՀԻՆ Թօա՜ֆ, թօա՜ֆ (զարմացում)։

ԼՈՒՍԻԿ Մեղք է, մէյ մը գործածնիս լայինք (սիրագրգիռ քրքիջ մը)։

ՇԱՀԻՆ Ըսել է, մեղուն մրջիւնը, թիթեռնիկը մեղք կը գործեն, որ ամէն օր ուզածնին կը պագտռտեն։ Չէ նը ալ ինձմէ ալ կշտացեր ես։ Մեղրը շատ քսեցինք բերանդ, կ’ըլլայ եա։

ԼՈՒՍԻԿ Պատիժնիս ալ գտանք ահա։

ՇԱՀԻՆ (Մէկէն վերյիշում մը ընելով ոտքի կ’ելլէ, արտորանքով մը երթալու վրայ ու քիչ մըն ալ ցաւած Լուսիկին նազերէն). Խահուէն չեկաւ, համբոյրը չեղաւ, դուն դեռ ինծի կ’ըսես որ խաբեցիր։ Գիտե՞ս թէ՝ Լուսիկ, դգալ մը ջուրով ալ մարդ կը խեղդուի։

ԼՈՒՍԻԿ (Ինքզինքը ժողվռտելով ինքն ալ ոտքի վրայ). Կեցի՛ր, աղա՛, կեցի՛ր, կեցի՛ր։

ՇԱՀԻՆ Կենալ անկարելի է, երթամ նամակս փնտռեմ. (կը մեկնի աճապարանքի մը մէջ)։

ԼՈՒՍԻԿ (Ետեւէն). Չելլելիք ճամբայ մը, տեսնենք, ո՛ւր պիտի վերջանայ։



[1]            Մէկը որ իր բարեկամին տունը ուշ-ուշ կ’այցելէ, տան տէրը անոր իր բաղձանքը յայտնելու համար կամ կարօտը, պատը շիւղ մը կպցնենք կ’ըսէ:

[2]            Գիւղացի պարտական մը