ՓԱՌԷՆ,
ՄԱՐԱՆ
ՓԱՌԷՆ
—
Աղուոր
պտոյտ
մը
ըրի,
մա՛յր,
սքանչելի
օդ
մը,
արեւն
ալ
լուացուած
երես
մը
ունէր,
եթէ
քիչ
մը
ան
սեւ
ամպերը
չըլլային…
ՄԱՐԱՆ
—
(Տրտում).
Ան
սեւ
ամպերը,
ա՜խ,
ան
սեւ
ամպերը։
ՓԱՌԷՆ
—
Դուք
շուտ
մը
գանգատին
էք
վարժուեր,
մա՛յր,
Ամերիկա
շաբաթներ
կ’անցնէին,
շերտ
մը
արեւ
չէինք
տեսներ։
ՄԱՐԱՆ
—
Մայրդ
ալ
հոս
իր
կեանքին
մէջ
չի
տեսաւ։
ՓԱՌԷՆ
—
Օ,
հօ՜…
վախնամ,
հայրս
միտք
ձգեր
ես ,
մա՛յր։
Դպրոց
գացած
ըլլայիր,
քեզի
բանաստեղծ
պիտի
ըսէի։
ՄԱՐԱՆ
—
Բան
ստեղծելու
ի՞նչ
պէտք,
բան
կար,
արդէն,
մէկին
տեղն
ալ
քանի՞
հատ…
ՓԱՌԷՆ
—
Հիմա
կը
ստիպես
որ
մտածեմ
թէ՝
ասոր
քու
ալ
գլխէդ
մութ-մութ
ամպեր
անցեր
են ,
ու՝
կայծակ
ալ։
ՄԱՐԱՆ
—
Ամպը,
որոտումը,
կայծակը
մէկտեղ
կը
պատահին։
ՓԱՌԷՆ
—
Չափազանց
ալ
տխուր։
ՄԱՐԱՆ
—
Միայն
տխուր,
միայն
տրորուած։
Հովերուն
դէմ
բուռ
մը
փոշի
ըլլէի,
մայր
չի
ծնէի
բնաւ։
ՓԱՌԷՆ
—
Սիրտ
մի՛
կտրտեր…
ՄԱՐԱՆ
—
Ալ
անանկ
կ’երեւայ
թէ՝
մենք
հոս
չպիտի
կրնանք
ապրիլ
տղա՛ս,
հօրաղբար,
հաչուկ
[1]
ամէն
բան
աչքի
առեր
են,
որ
գլխնուս
ջուր
դնեն։
Քիչ
մ’առաջ
մահէն
ազատեցայ։
ՓԱՌԷՆ
—
Հոռմիկին
ձեռքէն
անշուշտ։
ՄԱՐԱՆ
—
Կը
յիշե՞ս
որ
հօրաղբարդ
հարսնիք
էրզեր
էր,
կռիւ
է՝
կ’ըսէի։
ՓԱՌԷՆ
—
Միտքս
է։
ՄԱՐԱՆ
—
Թէեւ
ապահով
եղիր
որ
ըրի
ըրածս,
արըններուն
մէջ
թաթխեցի։
ՓԱՌԷՆ
—
Անանկ
կը
տեսնեմ,
բայց
կ’երեւայ
ան
ալ
քեզ
ցեցքեր
է։
Արին
կայ
սա
աչքիդ
վարի
կողմը
(մատովը
կը
ցուցնէ)։
ՄԱՐԱՆ
—
Մատս,
մատս
երկուք
կիսեց,
(մատը
քուրջերով
կապուած
ցոյց
կուտայ)։
ՓԱՌԷՆ
—
Ասկէ
վերջը
միտքդ
պահէ
որ,
տագրդ
ինծի
ըլլար,
կնիկն
ալ
քեզի,
մայր։
Շատ
գործ
պիտի
ունենանք
հետերնին։
ՄԱՐԱՆ
—
Հա՛,
աս
գիրն
ալ
(գրպանէն
ճմռթկուած
թուղթ
մը
կը
հանէ)։
ՓԱՌԷՆ
—
Ուսկէ՞։
ՄԱՐԱՆ
—
Հոռմիկին
քովէն,
աչքիդ
բռնէ
մէյ
մը։
ՓԱՌԷՆ
—
Իմ
խրկածներէս…
ՄԱՐԱՆ
—
Չեմ
գիտեր՝
իրա՞ւ
թէ
չէ…
(կուտայ
գիրը)։
ՓԱՌԷՆ
—
(Արտօրանք,
գիրը
ձեռքին
մէջ,
լուռ
ընթերցումի
սկսած).
Ուրիշ
է
աս։
ՄԱՐԱՆ
—
Ես
ալ
լսեմ։
ՓԱՌԷՆ
—
Սպասէ։
(Փառէնի
երեսին
գոյնը
կը
փոխուի
երթալով,
ձեռքերը
կը
դողդղան,
թուղթը
վար
կ’իյնայ
ձեռքէն,
վեր
կ’առնէ,
կը
շարունակէ
ընթերցումը,
շուարք
ու
ծանր
մտախոհ
վիճակ).
Իր
գիրը…
ճի՛շտ,
ճի՛շտ։
ՄԱՐԱՆ
—
Ես
ալ
հասկնամ,
Փառէն։
ՓԱՌԷՆ
—
Ինչ
որ
կ’ըսէիր,
ինչ
որ
լսեր
էի
(կարդալը
լմնցած)։
ՄԱՐԱՆ
—
Կը
նեղուիմ,
տղա՛ս…
ՓԱՌԷՆ
—
(Վայրկեան
մը
լռելէ
յետոյ
թուղթը
ձեռքին
մէջ
կը
շրջշրջէ,
կը
յարդարէ,
ծալելու
կերպ
մը
կ’ուզէ
ընել,
բայց
նորէն
կը
բանայ
ու
նորէն
կը
նայի
վրան).
Դրամ
չի
բերի,
իրաւ
է,
բայց
տարած
խելքս
հետս
է,
աւելին
չըսէի։
ՄԱՐԱՆ
—
Ողջ
գալդ
ալ
դրամ
չէ՞ր,
Փառէն,
աշխարհը
անօթի
մեռնողին
պատմութիւնը
երկուք
չէ
եղեր։
ՓԱՌԷՆ
—
Վաղուց
արդէն
գիտէի
թէ
մարդերը
ինչ
որ
են
դուրսէն,
այն
չեն,
այնպէս
չեն
իրենց
ներսի
ծալքերուն
մէջ։
Պրավօ,
Շահին,
պրավօ…
ՄԱՐԱՆ
—
Ի՞նչ,
ի՞նչ…
ՓԱՌԷՆ
—
(Ինքնիրեն
քթին
տակ).
Ասկէ
վերջը
նոյն
իսկ
քեզի
ալ
չի
պիտի
հաւտամ,
մա՛յր։
ՄԱՐԱՆ
—
Մայրդ
ի՞նչ
ընէր,
ձագուկս,
(աղապատանք),
թուղթի
մը
համար
ալ
ատչափ…
ՓԱՌԷՆ
—
Մեզի
հանդիպածները
կեղեւին
հրապոյրովը
գգուեր
ենք,
բայց
մա՛յր…
քեզի
չէ
խօսքս,
դուն
չես
հասկնար,
ես
անոր
է
որ
կ’ըսեմ.
(մատովը
պատէն
կախուած
հօրաղբօրը
խոշորադիր
մէկ
լուսնկարը
ցուցնելով)
Բնութիւնն
անգամ
(շեշտ
այն
կողմը
միշտ),
շատերը
վնասակար
կենդանիներուն,
դուրսէն
փայլուն
կեղեւով,
դուրսէն
փայլուն,
քիչ
մըն
ալ
հիանալի
պատեանով
ծածկեր
է։
Մարդերուն
մէջ
ալ
քիչ
են
անանկները,
որ
աւելի
ճարպիկ,
աւելի
լուրջ
ծպտուածներ՝
շատ
անգամ,
օձին
կորուսած
ծակը
իրենք՝
օձին
շապիկը
հագնելով
է
որ
կ’երթան
կը
գտնեն,
(յուզումներ)։
ՄԱՐԱՆ
—
Թուղթին
մէջէ՞ն
կ’ըսես
ատոնք,
Փառէն,
չեմ
հասկնար,
հետս
խօսիր,
ինծի
ըսէ։
ՓԱՌԷՆ
—
Լռէ՜,
լռէ՜…
ՄԱՐԱՆ
—
Եթէ
գիտնայի
որ
ատ
գիրը
քեզ
այդքան
տակ
վրայ
պիտի
ընէ՜ր…
ՓԱՌԷՆ
—
Աֆէրի՛մ,
Հոռմիկ,
ճի՞շտ
է
որ
անկէ
ինկաւ։
ՄԱՐԱՆ
—
Սուտ
չեմ
ըսեր,
ինչո՞ւ…
ՓԱՌԷՆ
—
Հօրաղբօրը
ձեռքէն
ելած
նամակ
մը,
մտիկ
ըրէ։
ՄԱՐԱՆ
—
Ալ
բան
մնա՞ց
որ
չի
լսէինք,
Աստուա՜ծ…
(Հառաչանքներ՝
ձեռքին
մատները
իրարու
մէջ
անցնելով)։
ՓԱՌԷՆ
—
Մտի՛կ
ըրէ,
մտի՛կ
ըրէ։
ՄԱՐԱՆ
—
Կեցիր
մէյ
մը
սա
պատուհանը…
(ոտքի
կ’ելլայ,
պատուհանը
ու
չորս
կողմը
կը
նայի)։
Մարդ
չի
կայ,
սկսիր։
ՓԱՌԷՆ
—
(Կը
կարդայ).
«Իմ
անուշիկ
ու
ազնիւ
խնամիս
Լուսիկ
Հանըմ։
ՄԱՐԱՆ
—
Վո՛ւյ,
աչքդ
կուրնայ,
գէշ
մարդ.
(յանկարծական
զարմացում)։
ՓԱՌԷՆ
—
Լսէ՛,
Լսէ՛.
«Մեր
աղա
աղբրորդիին
վերադարձը
լսեցիք
հարկաւ,
բայց,
մինչեւ
հիմա
ձեզնէ
մէկուն
հոս
չերեւնալը
անանկ
աչքի
զարնող
պակաս
մը
եղաւ,
որ
զարմացուց
զիս։
Քանի
որ
դուն
աղէկ
գիտես
էրկանդ
խոզի
բնաւորութիւնը,
դուն
գոնէ
առաջին
այցելողը
չըլլէի՜ր։
Քեզի
նոր
ի՞նչ
ըսեմ,
որ
դուն
նոր
թելադրութիւն
ըմբռնես։
Անանկ
կ’երեւայ
որ
Փառէն
անկուտի
դարձեր
է,
լակաման
[2]
կը
փնտռէ։
Ես
մինչեւ
հիմա
շատ
ծախքերու
մտայ,
ասկէ
ետքն
ալ
ընելիք
դնելիքս
չեմ
գիտեր։
Աւելի
որոշ
ըսելու
համար,
Լուսի՛կ,
տղան՝
որովհետեւ
լսած
է
թէ՝
էֆէնտին
իր
աղջիկը
հօրենական
ժառանգութենէ
դուրս
ձգած՝
հողը,
հարստութիւնը
միայն
տղուն
վրայ
գրել
տուեր
է,
մայրն
ալ
հետը,
հիմա,
յայտնի
ցաւերնին
մէջտեղ
դնելով,
աղջիկը
թողելու
որոշումի
մը
վրայ
կ’երերան,
ինչ
որ
ականջս
ալ
հասաւ։
Ես
աս
օրերը
կորուսեր
եմ
ինքզինքս
ու
ցաւս
մէկու
մը
չեմ
կրնար
յայտնել
ու
պիտի
խնդրեմ
որ
քու
ու
Նազլուին
ալ
մէջը
գաղտնիք
մնան
ասոնք,
տեսնենք
ի՛նչ
էր
վերջին
ըլլելիքը։
ՄԱՐԱՆ
—
(Ծունկերուն
զարնելով
ձեռքը).
Վա՛յ,
վա՛յ,
խելացի
տագրս,
վա՛յ
քեզի…
ՓԱՌԷՆ
—
Չի
լմնցուցի
(կը
շարունակէ
կարդալը).
«Նազլուն
ալ
յիմար
չըլլայ
ու
կասկածի
թէ՝
Փառէն
իրմէն
վազ
պիտի
գայ։
Ես
պիտի
աշխատիմ
ամէն
կարելի
միջոցներով,
որ
ասանկ
խայտառակութիւն
չի
պատահի
գլխնուս,
եթէ
սակայն
դուք
ալ
ձեզի
ինկածները
ընէք։
Աս
առանձին
առիթով
ահա
յատուկ
խնդիրք
կ’ընեմ
երկուքիդ
ալ,
որ
աս
մէկ-երկու
օրը
երբ
Փառէն
ձեզի
հանդիպի,
շահելու
կերպ
մը
ու
երեսին
շողուըտալ
գիտնաք։
Տղան
արդէն
վերին
աստիճան
կասկածոտ,
անհարկի
բնաւորութեան
մէջ՝
ձեռք
չի
գալիք
մողէս
մըն
էր
երբ
զինք
ճամբայ
դրինք,
հիմա
ալ
ան
«քընծ
մեզ
աղէկներուն»
երկրէն
զարմանալի
բաներ
մը
բերեր
է
հետը։
Մէջ
տեղի
անցուդարձերը
ան
շփոթութեան
մէջ
են,
որ
չեմ
կրնար
խոստովանիլ,
դուք
միայն
ըսածներս
կատարելու
ճարպիկութիւնը
ունեցէք,
վերջը,
վերջին
ըլլելիքները
բաղդին
կը
յանձնէինք։
Գինին
մի՛
հատցնէք,
ատենէ
մը
ի
վեր
է
չեմ
կրնար
հանդիպիլ,
բայց
չեկողին
համար՝
մեռաւ
չեն
ըսեր
ու
սուգ
պահեր։
Ամէն
բանէ
առաջ
քեզ
կարօտցեր
եմ,
գալ
շաբթու
պիտի
երեւնամ
անգամ
մը
ու
աս
օրերուն
դէմքիս
կրած
փոփոխութիւնը
անգամ
մըն
ալ
քու
աղւոր
աչքերուդ
մէջէն
պիտի
դիտեմ։
Այսչափ
առ
այժմ,
մնացածը
անձամբ։
Նախշուն
համբոյրներ
մեղրիկիդ
[3],
շաքրիկիդ
[4],
թշիկիդ։
Նազլուիս
խնամք
տար,
չ’ըլլի
չ’ըլլի
[5]
որ
որեւէ
պատճառով
սիրտը
ցաւցնես։
Նամակս
կարդալէ
վերջը՝
կրակին։
ՄԱՐԱՆ
—
Մեղա՜յ,
մեղա՜յ…
ատ
տարիքին
մարդն
ալ
ասանկ…
(ցաւատանջ
զարմացողութիւն)։
ՓԱՌԷՆ
—
(Գիրը
ծալլել
ու
գրապանակը
դնելէ
ետք)։
Օդը
մշուշապատ
ու
խեղդող,
ծովը
զայրագնած
ու
թունդ։
Աս
պահուն
ես
զիս
խարխուլ
նաւակով
մը
ան
օդին
մէջ,
ատ
փրփրած
ալիքներուն
վրայէն,
ճամբայ
գտնելու
ստիպողութեան
տակ
կը
գտնեմ,
մա՛յր։
ՄԱՐԱՆ
—
(Աս
խօսքերուն
թափանցելու
մտքի
վիճակը
չունենար)։
Հօրաղբարդ
կը
գրէ,
հա՞…
ՓԱՌԷՆ
—
Այո՛,
հօրաղբարը
ու
հասցէն
ալ
ականջովդ
լսեցիր։
ՄԱՐԱՆ
—
Դուն
ալ
քու
գործերդ
գիտցիր,
ինչո՞ւ
կը
քերուիս։
ՓԱՌԷՆ
—
Ո՛չ
միայն
քերուիլ,
մայր…
ՄԱՐԱՆ
—
Աղէկ
որ
իմ
բերնէս
չի
լսեցիր։
ՓԱՌԷՆ
—
Ա՛լ
չէ,
ա՛լ
չէ։
Ալ
հիմա
ամենեւին
մութ
կէտ
մը,
կասկած
մը
չի
մնաց
որ
չի
հասկնամ
թէ՝
ո՛վ
է
ան
հօրաղբարը
իր
յարգուած
քաղքցիի
համբաւով,
ո՛վ
է
էֆէնտիին
կնիկը՝
Լուսիկը՝
իր
խաթուն
կնիկի
գոգնոցովը։
Փառէ՛ն,
աչքերդ
լոյս,
Փառէ՛ն,
երկիր
դարձիր,
ալ
ի՞նչ
գիտնամ
ի՞նչ
կաւատի
ճամարտակութիւններ։
ՄԱՐԱՆ
—
Խզտէ՛,
նետէ
ատ
թուղթը,
Փառէն։
ՓԱՌԷՆ
—
Ի՞նչ
կ’ըսես,
միամիտ
կնիկ,
ուր
որ
քու
գիտցածդ
կը
վերջանայ,
իմս
ճիշտ
անկէ
կը
սկսի։
Գործիդ
նայէ։
ՄԱՐԱՆ
—
Աս
ամենուն
մէջ
միայն
Նազլուն
է
որ
մեղքս
կուգայ,
խե՜ղճ
աղջիկ.
(Տղուն
դէպի
ան
աղջիկը
ունեցած
հակումին
ու
տրամադրութեան
չափը
հասկնալու
խորամանկ
գլուածք
մը)։
ՓԱՌԷՆ
—
Կը
սիրէր
զիս,
գիտեմ,
ես
ալ
իր
անունը
կը
պահէի
միտքս։
ՄԱՐԱՆ
—
Ինծի
միտք
կ’ընես
նէ,
կ’առնենք
աղջիկը,
Փառէն,
«գէշին
աղջիկը
ա՛ռ,
կ’ըսեն,
բայց
աղջիկ
մի՛
տար»։
Նազլուն
մայրը
չէ
ելեր։
ՓԱՌԷՆ
—
Գիտեմ,
կը
հասկնամ,
մայրը
չէ
ելեր,
բայց
ըսի
որ
ես
քեզի
ալ
չպիտի
հաւտամ։
Նազլուն
հիմա
մեր
տանիքին
վրայ
կախուող
աստղին
պէս,
մեզնէ
շատ
հեռուն
անցաւ,
գնաց,
անոր
ու
իմ
մէջտեղը
հիմա
անծիր
ծովերը,
անավուն
[6]
լեռները
կը
բռնեն,
թէեւ,
մա՛յր,
ես
ալ
քզի
պէս
կ’ըսեմ,
խե՜ղճ
աղջիկ,
աղւոր
Նազլու։
(Կը
ձգուի
վարագոյրը)
[1]
Աղբրորդիներ
սա
անունը
կուտան
իրենց
հօրաղբրտոց
կնիկներուն:
[2]
Աման
մը
որուն
մէջ
տանը
աման
լուալիք
ջուրերը
հաւաքելով,
կովերուն
առաջքը
իբր
սնունդ
խմցնելու
կը
դնեն:
[4]
Ձախ
երես:
Մեծերը
երբ
պզտիկ
տղոց
երեսը
կը
պագնեն
աս
գգուոտ
բանաձեւը
կ’ըսեն: