Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՅՆԵՐԸ, ՇԱՐՈԻՐ (Շարուր՝ արթնցած սպասողի դիրք):

ՄԱԿԱՐ Անգամ մըն ալ բարեւ, ծերո՛ւկ, մէկին տեղը երկուք, մէկին տեղը երեք, մէկին տեղը ո՞րչափ կ՚ուզէիր:

ՇԱՐՈԻՐ Բարի՛ եկած, բարի՛ եկած (ինքզինքը ժողվըտելով):

ԲՈԼՈՐԸ ՄԷԿՏԵՂ Աստուած կեանք տայ, բարի տեսաք:

ՄԱԿԱՐ Բոլորս միասին եօթն էինք թիւով, քաղքին աչքառու երեւելիները: Սա մէկը միայն հիւր է մէջերնիս, (Նռնօն ակնարկելով), դուրս հանելով ան, հոս եօթը մահացու մեղքերնիս կը մնանք:

ՇԱՐՈԻՐ Ամէնքդ ալ մէկ, մէկ բարի՛ եկաք:

ԵՓՐԻԿ Շնորհակալ ենք, տէտէ, եթէ ուզէիր քիչ մըն ալ վեր կ՚ելլէիր:

ՍԱՀԱԿ (Քովինին ուղղելով խօսքը) Ողորմած հոգի հորեղբօրս կ՚ըլմանի:

ԶԱՔԱՐ Ան ատեն գիշեր մը, երկուք մեր տուները մենք ալ պատիւ մը կ՚ընէինք:

ՇԱՐՈԻՐ Այստեղ զառիվերը կարելի չէր մագլցիլը, հոս հազիւ…

ԵՓՐԻԿ Ուսկէ՞ կուգաք, ո՛ւր պիտի երթաք:

ՇԱՐՈԻՐ Անդրաշխարհէն կուգամ, բարեկա՛մ, ծննդավայրի կարօտը ոսկորներս կը հալեցնէր:

ՄԱՐԳԱՐ Քաղաքն հոն է, չէի՞ք յիշեր։

ՇԱՐՈԻՐ Նոյնն է՝ որ չյիշեմ ալ, ժամանակն հինցեր է, մարդիկ փոխուեր են. ես անոնց կոխկրտած գետինն ալ փոխուած գտայ: Օտար մըն եմ, քաղաքն ալ ինծի օտար:

ՄԱՐԳԱՐ Ի՞նչն էր հապա, որ կարօտցեր էիք:

ՇԱՐՈԻՐ Բնավայրին վրայ խօսողը հեշտ կրնա՞յ բացուիլ:

ԵՓՐԻԿ Ձեզ տեսնելու եկած ենք:

ՇԱՐՈԻՐ Աղէ՛կ, աղէկ:

ԵՓՐԻԿ Կարկուտ-Եփրիկ կ՚ըսէին ինծի, եթէ ծանօթ էիր հօրս՝ Կարկուտ-Գլէին, անոր պզտիկ տղան եմ, միայն ես կ՚ապրիմ:

ՇԱՐՈՒՐ Հա՜յրդ, ինչպէս չէ՛, պատկից դրացի էինք հետը, քեզի նամակ մը ունիմ, (մախաղին մէջէն դողացող ձեռքով մը սեւեզր նամակ մը կը հանէ, կ՚երկնցնէ Եփրիկին):

ԵՓՐԻԿ Ու փոխարէնն ալ բան մը չպիտի՞ ուզէիր:

ՇԱՐՈԻՐ Փոխարէ՜ն, միայն թէ՝ ատ թուղթերը իմ ներկայութեանս կարդացուէին:

ԵՓՐԻԿ Գլխուս, երեսիս վրայ, (նամակը բանալէ ետքը, երբ պահ մը սերտելու ձեւ կ՚առնէ):

ՇԱՐՈԻՐ Կարդա՛, տղա՛ս, կարդա, շուտ կարդա:

«Սէր իմ որդուս Կարկուտ-Եփրիկին,

Բարեւ ունիմ կարօտով, բարեւ ունիմ կարօտի տաք-տաք արցունքով:

Սէր իմ Եփրիկիս, եթէ զիս կը հարցնես, Աստուած հասնի վիճակիս: Ես ու մայրդ մութ, ցածկեկ տեղ մը կը մնանք հոս, մայրդ ինձմէ քիչ մը անդին, զատ խոռոչի մը մէջ կ՚սպասէ, իրար չենք տեսներ, ձայն կ՚առնենք միայն, երկուքս ալ ըղձակաթ համբոյրներ կը խրկենք քեզի, քու պզտիկներուդ, ու բոլոր քեզի հետ ապրող տունեցիներուն։ Մօրմէդ անանկ կը հասկնամ թէ՝ մոռցեր է հարսին դէմ պահել ուզած հէկռը, հարսն ալ հոդ անշուշտ իր կեսրոջ յիշատակը սրտին աղէկ տեղը կը պահէ: Բայց, սիրելի տղաս, բանն եթէ ասանկ երթայ, դեռ հոս շատ երկար պիտի քաշկռտուինք, ինծի համար մասնաւորապէս հեշտ չէր օձիք ազատելը, ես դժոխքս կայարանէս սկսեր եմ, ու անանկ ծանր ամբաստանութիւններով, որ բոլոր կայարանը վրաս փլցնեմ, օգուտ չպիտի ընէ: Իմ անունիս բոլորտիքը կ՚ապացուցուի, որ անօրինակ տեսակէն ծանր-ծանր տոկոս բանեցնողն եմ եղեր, աղբարն աղբօրէն զատեր, տղան հօրմէն բաժներ, քանիներն ալ իրենց օրինաւոր ժառանգութենէն զրկեր եմ: Կ՚ամբաստանէին նաեւ թէ՝ ես եղած ըլլամ այնինչ… չարաշահութեանց տեսակներուն հեղինակը, որոնց ահագնութեանը տակ, շատ շատ կործանումներ եղեր են, ու դեռ ինչե՜ր…։ Մօրդ հաւատարմութեան վրայ կասկածելուս ու մայրդ պարապը չարչրկելուս հաշիւն ալ սեւագիր էջ մը բռներ է: Սիրելի Կարկուտս, եավրո՜ւմ, հասկնայիր որ մեղքերը հեշտ չեն քաւուիր: Աղօթքը, պատարագը ու ալ ինչ որ ունէինք, հազիւ փոշետեսակ մեղքերու արատը կը դարմանեն: Օր մը չէ օր մը, մայրդ ազատի կարելի է, ես սակայն ինծի համար ոչինչ չեմ յուսար: Կ՚ապսպրէի որ ետեւէս չի գայիր բնաւ, բարի ըլլայիր դուն քու մէջդ, բարի քուկիններուդ նկատմամբ: Շատ հեղ մրջիւնին շուքին վրայ չկոխելը, իսկ ուրիշ ատեն ալ անիրաւութիւններու հանդէպ չի մոռցուած ոխը, երկինքը լեցնող առաքինութիւններ են եղեր: Եփրիկ, տղա՛ս, գերեզմանէն անդիէն՝ հայրդ է, որ կ՚ապսպրէ քեզի ասոնք, ընդունիր ըսածս ու վերջը չպիտի զղջաս»:

Հայրդ

ԳԼԷ

 

ԵՓՐԻԿ Դժոխքին մուրովը գծուած թուղթ մըն է աս, ծերո՛ւկ, (տրտում լրջութիւն):

ՇԱՐՈՒՐ Ինծի ինչ որ տային, այն պիտի բերէի, ես ի՞նչ ունիմ:

ԵՓՐԻԿ Երա՜զ, երա՜զ, քանի օր էր իրարու վրայ սոսկալի երազներ կը տեսնէի (փղձկում, մեկուսացում):

ԶԱՔԱՐ Եթէ իրաւ է, որ էնդի դէմէն կուգայիր, տէտէ՛, անունս Ձմերուկ-Զաքար, հայրս ալ Օղասափ կ՚ըսուէր:

ՇԱՐՈՒՐ Քու հայրդ ալ կը ճանչնամ, տղա՛յ, բայց քեզի բերնուց ըսելիքներ ունիմ միայն:

Ճամբայ ելլելու վայրկեանիս, հայրդ կայարանէն կը հանէին, ուրիշ տեղ մը կը փոխադրէին, ուր կարծեմ կարգ մը փուշ քաղող մերկանդամներու հետ ձրի օգնող մը պիտի ըլլար: Հայրդ՝ բոլորովին մերկ չըսուելու համար՝ կարմիր շապիկ մը կար կռնակը, ոտքերը զոյգ մը պայտ գամուած էր, շլլիքէն խոշոր երկանաքար մը ձգուած, ճակտին ու դէմքին ուրիշ մասերուն վրայ ալ խարանի հետքեր կային: Ականջին մէկը չկար, միւսէն պղնձէ լայնկեկ տախտակ մը յարմարցուեր էր, որուն դուրսի երեսին վրայ կը կարդացուէր. «Օղասափ-Ձմերուկ, դատապարտուած ի Տարտարոս՝ այն ոճրագործի մեղքերով որ երկրի վրայ գազան մը ապրեցաւ, դրացնին ճրագը մարեց, երկինքին դէմ ամբարիշտ հայհոյողն եղաւ»:

ԶԱՔԱՐ Կը ցաւի՜մ, կը ցաւի՜մ, կը ցաւի՜մ:

ՇԱՐՈԻՐ Անցած է ատոր ատենը, բարեկա՛մ, հայրը սիրողը, եթէ իրաւ է, թող հիմա շուտով մը անկէ ապսպրուածները գործադրէ: Ձեր մառանին դռան ետեւի անկիւնը փորէ, երկաթէ պզտիկ սնտուկ մը պիտի գտնես, հանէ տեղէն ատ սնտուկը, ուսկէ հաստկեկ թղթի վրայ գրուած կտակագիր մը դուրս պիտի գայ: Կտակին գործադրութիւնը անսահման բարիք պիտի ընծայէ եղեր աս քաղքին, գումարը մեծկակ, կտակողը վստահելի, միայն թէ՝ հօրդ աղտոտ միտումները, ժամանակին, արգելք եղեր են այդ կարեւոր ձեռնարկին: Հայրդ բուն իսկ իր խօսքն է աս որեւէ խորամանկ միջամտութիւնով, յաջողեր է այն թուղթը յափշտակել, ծալլել եւ հող լեցնել խնդրին վրայ:

ԶԱՔԱՐ Գիտեմ, բարի ծերո՛ւկ, ես բաւական ալ բան գիտէի այս խնդրին նկատմամբ, բայց ես կը կարծեմ, յանցանք չունէր հայրս, ինչ որ ըրած է, քահանան՝ դրամը կտակողին խնամին՝ ու հօրս ալ մտերիմ խորհրդականն ու խնկարկուն, անանկ ըրեր ու փակեր տուեր է խնդիրը, որ իր վաղին շահը ապահովէ ու ամէն Կիրակի ալ ժամը Զատիկի պատարագ կայնի:

ՇԱՐՈՒՐ Ես չպիտի ուզէի ձեզի հետ այսքան մանրամասնութիւններ քրքրել, տղա՛ս, իմս, իմ ըսելիքս անկէ հոս ապսպրուածները ծանօթ հասցէներուն հաղորդել է միայն, հա՛, ուրիշ մըն ալ որ միտքս ինկաւ ժողովուրդի գործերուն, թող տղան արգելք չըլլայ, ըսաւ, աս կերպով ամբաստանուածները երես չունենալէ զատ, կայարանին մէջ ալ չեն ընդունուիր, դուրսը թափառկոտ վիճակ մը կ՚ունենան, որ ատեն, կրնայ ըլլալ որ ինչպէս շատ անգամ պատահեր է, սատանան զիրենք տարապարհակ վարէ, որովհետեւ կայարանէն ու կայարանին պատտկտիքներէն դէպի դժոխք, ամէն օր ախթարմայի գործեր կ՚ըլլան:

ԶԱՔԱՐ Ուրի՞շ:

ՇԱՐՈԻՐ Կը խորհիմ թէ՝ ուրիշ բաներ մըն ալ ըսաւ, բայց ամէնքը չեմ կրնար յիշել:

ԶԱՔԱՐ Միտքդ ինկածները գոնէ:

ՇԱՐՈԻՐ Այդքանն ալ հերիք էր, սիրելիս, քեզի, քու եօթը պորտուդ, այդքանն ալ, շա՛տ արդէն, նոր տասնաբանեայ մը ձեզի:

ԶԱՔԱՐ (Մեկուսի) Խե՜ղճ հայրս, խե՜ղճ, միամիտ հայրս, ի՞նչ պիտի ըլլայ արդեօք վիճակին ծանրութիւնը, եթէ յիշուի մանաւանդ որ ինք 70-80-նոց զառամած մը, գէշ կնամոլութիւն մըն ալ ունէր, առջեւէն քած մը, պառաւ մըն ալ չէր կրնար անցնիլ, տռփոտ ցուլի մը պէս կը հըռհըռար:

(Քովիններէն մէկը դէպի այս խօսողը) Սո՛ւս, յիմար, սո՛ւս եղիր, նոր բան մ՚աւելցներ, բերանդ խբէ՛, մէկ կողմ անցիր:

ԶԱՔԱՐ Գոնէ մայրս քովն ըլլէր, սիրտ տար իրեն:

(Վերարկուին օձիքը շլլիքին քաշած, մէկ կողմ):

ՇԱՐՈԻՐ Առէք ասիկա (նոր նամակ մը հանելով մախաղէն), աս նամակն ալ ձերը պիտի ըլլայ, Մրջնկուլ-Սահակ կը կարդացուի հասցէն (վրան նայելէ յետոյ):

Սահակ Տ. Ղեւիին տղան՝ Մրջնկուլ-Սահակը ես եմ, չի ծնէի բարով:

ՇԱՐՈՒՐ Շիտակ է, աս թղթի կտորն ալ քուկդ պիտի ըլլայ, բայց շուտ կարդա:

ՍԱՀԱԿ (Նամակը ձեռքին մէջ դարձնելէ ու վրան աչք մը ձգելէն ետք) Իմս է աս, իրա՛ւ, բայց իմ Տ. Հայրս գրել չէր գիտեր, ծառայ եմ:

ՇԱՐՈՒՐ Բոլոր աս թղթերը հնամենի աբեղայի մը՝ Կաղ Արիստակէսին ձեռքէն կ՚անցնէին, բարեկա՛մ, Խարբերդցի մըն է այն: Բայց անգամ մըն ալ կը խնդրէի որ ետեւէ ետեւ դուք ձեր նամակները կարդաք, ես ալ խօսք ունիմ, ես ալ այս բոլորէն վերջը, կարգի մը կ՚սպասեմ:

ՍԱՀԱԿ (Նամակին պահարանը խզտելու ատեն քթին տակէն) Վա՜յ ինծի, վա՜յ մեզի պէս սատանուն ծառային, որ Էնդիէն հոս մեր անունը տուող ալ կ՚ըլլայ:

«Օրհնեալ սիրելիս Սահակ. Եթէ գիտնայիր, որ գերեզմանէն ասդին ի՞նչ հալ ունի Տ. Հայրդ, դուն հոդ հող մոխիր կ՚ըլլէիր: Հոս չի հասած տակաւին, կայարանը իմ անունով լեցուած գտայ: Անոնք որ առաջ եկեր տեղ առեր են, զիս տեսան թէ չէ, վրաս ուժով յարձակում մը տուին, ամէնքն ալ իմ ծուխերս, իմ ճանչւորներս: Առաջ լեզուս փրցուցին՝ ըսելով, հոդ իրենց բարին, չարը չեմ բացատրած, գլուխս տաքցուած կաթսայ մը անցուցին, յայտնելով որ ժողովուրդէն ինկած, ցած դէմք մը, ես զիս քահանայ ծախելու յաւակնութեան մէջ դրեր եմ: Խռչափողիս մէջ վառած մարդակ մը կախեցին, երեսիս զարնելով թէ՝ ձայնիս հրապոյրովը իմ ժողովուրդիս ականջին տակ, շաղփաղփ ագռաւի մը դերն եմ կատարեր միայն: Աղքատը չեմ այցելած, այրիները չեմ մխիթարեր, ունեւոր դռուընին բացեր գոցեր եմ, ո՞րը ըսեմ: Սիրելի՛ս, ես որ աղօթասէրի համբաւովս անապատական մը կը ճանչցուէի, հոս այնպէս չեն ճանչնար: Երկինքին շէմքին վրայ քարերն ալ երեսիս նետուելու շարժունութեան մէջ տեսայ, մեղդրուեցայ, որպէս թէ՝ խոստովանանքներ հրապարակող ըլլամ, նախատինք՝ թէ ժողովուրդը իրարու դէմ հաներ ու ծուխերս կիսկռտելով, մէկմէկու դէմ յովազի ճանկերով զիներ եմ: Պարտաճանաչ չեմ եղեր, եկեղեցին խանութի պէս շահագործեր եմ, ձեռքս դպրատան պատին քսուելու ատենը, ձեռքս յետոյ ջրով, սապօնով լուացեր եմ: Ա՜խ, տղաս, եթէ գիտնայիր տէր պապուկիդ քարն ու քաշանքը, որուն մանկութեան մեղքերն ալ արձանագրուած են եղեր, գիտեմ, դուն հոդ ձեռքովդ կը բանայիր գերեզմանդ ու ինծի պիտի վազէիր: Ես ու երէցկինը խորունկ բղողի (կարաս) մը մէջ թխմուած ենք, ա՛յնքան նեղ է տեղերնիս, որ քիթս երէցկինի բերնին մէջ մխուած՝ շունչ անգամ չենք կրնար առնել: Հոս ասանկ կ՚ըսեն թէ՝ սըկէ օձիք ազատելու միջոցն ան է, որ աջահամբոյրով, կողոպուտով առնուած բաները տէրերուն տայիր, ծախէիր ինչ որ թողի հոդ ու միայն հէք հօրդ փրկանաւորումը դնէիր միտքդ: Իրիցկինին հետ յատուկ բարեւներ ունինք ձեզի ու ամէն անոնց, որ մեզի պէս անարժանին յիշատակը կը պահեն: Մի՛ գաք, մի՛ գաք մեր ետեւէն, կամ եթէ անկարելի էր ատ, հետերնիդ անպատճառ պէտք եղածները ունենաք: Ատոնց տեսակներն էին իրենց անուններովը՝ ՀԱՒԱՏՔ ԲԱՐԻԻՆ, ՍԷՐ ԴԷՊԻ ՃՇՄԱՐԻՏԸ, ԱԶՆՈՒՈՒԹԻՒՆ ու ՎԵՀՈԳԻ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆ ըսուած տեսակէն մասնաւորապէս շատ շատ բերէիք: Ո՛ղջ լեր ի խնամս Բարձրելոյն, ամէն»:

ՍԱՀԱԿ (Ինքնիրեն) Մարդիկ, չամչցողներ, չտեսիկներ, որ գերեզմանէն անդին ալ տակաւին քահանային բոլորտիքը կը կաղկանձեն, դատաւոր կ՚ըլլան ու միեւնոյն ատեն վկայի դեր կ՚ստանձնե՜ն: Վա՜խ, վա՜խ, (ձեռքը գլխուն զարնելով):

ԴԱՒԻԹ Կը վախնամ, որ իմ «վճկահանս» ալ լացընող էջ մը ըլլայ, ծերո՛ւկ: Ես ալ կրնայի՞ հարցնել. ի՞նչ կ՚ընեն իմիններս, մեծ եղբայրս, որուն հետ հօրմէս աւելի մտերիմ ընտանութիւն ունէի: Աղաճան Հըրպօն իմ մեծ աղբարս էր, բարի խապրիկ մը, ու իրմէն ըլլար:

ՇԱՐՈԻՐ Ա՛ռ, սա մէկն ալ դուն կարդա, եթէ իրաւ է, որ դուն անոր պզտիկն էիր:

«Իմ հարազատ աղբարս Դաւի՛թ. Ճիշտ հիմա երեք դատապարտուածներ կռնակս առած՝ վերջին նկուղը կը փոխադրեմ, ուր եօթը անկով մեծ մեծ սաներու մէջ խայծղան ու կուպր կը շոգիացնեն: Մէկը զաւալլի հայրս էր, գենկեզ գերեկ եղաւ որ տարի մըն ալ իրեն օր տան, չեղաւ լսող: Իմ վիճակս եթէ կը հարցնէք, հինին նայելով, բաւական թեթեւցած կ՚երեւայ: Ասկէ առաջ տարի մը միօրինակ պաշտօն տրուած էր ինծի, որ 10-15 հարուստ վարդապետներու եւ ժողովուրդին քէն ընող դասալիք եպիսկոպոսներու մազերը համրեմ զատ զատ ու համագումար մը պահեմ ձեռքս: Ասոնք իրենց մազերուն թիւին չափովը մեղք ու մեղքի տեսակներ գործողներն են: Մէկ քանի օր առաջ ալ գեղեցիկ կնկան մը աչքերը քննելու գործը վերջացուցի: Ատ կնկան, ալ աչքերը, որոնց մազ մնաց հոս քննելու պահուս, ես ալ զոհ երթայի հոդ ձեր արեւին տակ, հինգ-վեց հոգի գլխէ հաներ, այն խեղճերուն համար անել խրամատ մը բացեր են, ուսկէ ազատիլը հրաշք պիտի ըլլար: Ինչպէս կ՚ըսէի, բաւական աղէկ էր գործս, սակայն հիմա չեմ գիտեր ի՞նչն էր մոռցուածը, որ՝ անգամ մըն ալ անոր համար բեռ դրին կռնակս: Մէկը ականջիս փսփսաց որ գինով վիճակիս մէջ, իբր թէ՝ օր մը հարսիս երեսը պագեր եմ: Յոյսս ահա քու վրայ կը մնայ, աղբա՛ր, դուն պիտի ըլլաս իմացնողը թէ՝ անանկ դէպք պատահած չէ ամենեւին, թէեւ իրաւ է, որ գինովութիւնը իմ մէկ գէշ մոլութիւնս էր: Բարեւս տուր զիս հարցնողներուն, ըսէ որ երբ աղօթեն, ինծի համար ալ աղօթեն: Երանի՜ թէ պզտիկ ատենս օր մը ընկոյզ մը գլուաւ կոկորդս, ան օրը մեռած ըլլայի ու քիչ մը բեռը թեթեւ զգայի կռնակիս վրայ, երանի՜ երբեք ծնած չըլլայի:

Եղբայրդ

 

ԴԱՒԻԹ Խի՛պ, ամօթ ալ չզգար, ետեւը կը նայի, որ աղբարն ալ իրեն օգնող ձեռք մը կարկառէ: Ատ յիմարն ալ ես պիտի ըլլայի:

(Դաւիթը նստելով մէկ կողմ, բերնին մէջ աղօթք մը կը մրմնջէ, աչքը միշտ գետինը):

ՇԱՐՈԻՐ (Շարուր ձեռքը ճակտին՝ խորունկ մտմտուքներու մէջ, նոր թուղթ մը կ՚երկնցնէ մէկուն) Ո՞վ էր Թթռկիչ-Մարգարը:

ՄԱՐԳԱՐ Ես էի, ծերուկ, եթէ սխալ չէք կարդար, այդ մէկ գրութիւնն ալ ինծի տուէք:

(Կուտայ նամակը, որ Մարգարէն կարդացուելու ատենը, Շարուր ինքը ծանր մտածութիւններէ ընկճուած մրափողի ձեւ մը կ՚առնէ, Մակար ու միւսներն ալ ձեռուընին խաչակնքած՝ պահ մը աչքերնին գետինը կը պահեն, մերթ լուրջ ունկնդրութեամբ նամակը կարդացողին բերանը կը նային, կը նստին յանկարծ ու անգամ մըն ալ խենթի մը պէս ոտքի կ՚ելլեն ու անդին կ՚երթան, Շարուրի երեսն ի վեր ապուշի նայուածքներ կը պտտցնեն):

ՄԱՐԳԱՐ (Ոտքի կեցած իր նամակը կը կարդայ).

«Մարգար, տղա՛ս. Աս կողմէն քեզի շատ ապսպրանքներ պիտի ընէի, բայց չի կրցայ ժմնցնել: Գալու ատենդ մեր ձեռատետրը հետդ բերես, առնելիքի խնդրով մէկուն հետ օձիք օձիքի եկած՝ մեր ձեռքովը գրուած տոմարին անհրաժեշտ պէտքը կայ: Դուն եթէ պիտի ուշանայիր, մէկուն հետ խրկէ: Քեզ տեսնեմ, տղա՛ս, հակառակ պարագային, «բանն որ Աստուծոյ մնաց» մարեցաւ ճրագնիս: Խնդիրը երկուքուկէս փարայի վրայ կը դառնայ, չնչին հաշիւ մը թէեւ, բայց աստեղ, մազի ծանրութիւնն ալ ահագին վէճ կը ծնցնէ: Աշխատիր, որ գիրդ գրիս նմանցնես, հաշիւը անանկ մէջտեղ բերես: Երբ ես ալ երեսի ճերմակութիւնով աս խնդիրը փակեմ, յոյս ունիմ թէ տեղի ու վիճակի փոփոխութիւն ունենամ, ու վերջին օրուան, դատաստանին օրուան սպասեմ: Հօրքրոջ տղան, Ղուկասը, անցածները քովս եկած էր, ինք Մայրիկ Աստուածածնի առջեւ շնորհք գտնող մը, ինծի համար ալ միջնորդեր է եղեր որ հիմակուհիմա եղած տեղս մնամ, քիչ մըն ալ քաւեմ, «վերջը Աստուած ողորմած է»: Չենք գիտեր թէ ե՞րբ է վերջին օրը, տար Աստուած որ վաղը ըլլար: Ինծի ըսաւ, որ դուն պիտի ըլլաս Գաբրիէլի փողարներէն մէկը, ու ապահովցուց ալ թէ՝ մեր քաղքըցիներ Յովսափաթի ձորը քշելու գործը ինծի վիճակուեր է: Ան ատեն, Մարգա՛ր, հոդ ըլլայիր մէյ մը ու հօրդ փառքը տեսնէիր: Առջեւս խառնէի սա բլուր-փոր Գոգորակն ու լընկ լընկը հանելով, մէյ մը սըվոր հասկցնէի թէ՝ ի՞նչ ըսել է երկակենցաղի թեւ ու թաթ գործածելը. ժամը խաչ հանել եւ ուրիշ տեղ մը աչք խբել ու կեղծաւորելը, որբ, որբեւարի աղճատել, անդին առաքինի մարդու հովեր առնելը: Ու քանի՜ անոր պէս կասկածելի ծպտանքներով կեղծաւորութիւնը, մարդկային կատարելութեան եւ նկարագրին վերջին բանաձեւը, հաւնուած վերջին դրութիւնը քարոզողներ, որոնք մէկ մտրակի հարուածով մը Մաստառի գագաթը պիտի թռցնէի: Մէյ մը ան օրը գար ու հօրդ փառքը տեսնէիր: Գալով քեզի, սիրելի Թթռկիչս, քեզի ալ աս ըլլար պատուէրս, որ փեշերդ ժողվես, ու դոր ճանբան քալես: Մարդավարի կեանքը չսիրածդ է եղեր, կը լսեմ: Բարի խորհուրդ մը լսելու ատենդ, մորթիդ վրայ պալար կը թափես: Հասարակային գործերուն համար աշխատողներուն ետեւէն կը պոռաս, կ՚ըսեն «Էշե՛ր, յիմարնե՛ր, որ դուք ձեր տանը ճրագը կը մոռնաք, ու էլին ճրագը կը շէնցնէք»: Դուն ինքդ ես եղեր, որ քովէդ երբ տասնոց մը պակսեցնելու հարկին տակ կը գտնուիս, այդ տասնոցը շաբաթ մը ու աւելի բերանդ առած կը ծծուըռտաս, յետոյ հնհնուքը սըրտիդ զարկած՝ անգամ մըն ալ նորէն քսակդ կը նետես: Երբեք չի խորհեցա՞ր կամ մէկը ըսող չեղա՞ւ քեզի թէ վաղը կօշիկդ ալ հոդ ձգելով, բոպիկ, գլխիբաց աս կողմը պիտի հերտըկիս: Այս վիճակիդ մէջ ահա քեզի առ այժմ ոչ բարեւ, ոչ Աստծու բարին»:

ՄԱՐԳԱՐ Իրա՞ւ էին ասոնք, ալեւո՛ր, ինչպէս գիտէիր հայրս:

ՇԱՐՈԻՐ Հին կայարանաբնակ մըն է հայրդ, գործը եթէ կը հարցնես, շաբաթը անգամ մը «մազէ կամուրջ»ը նորոգողներու լաթերը կը լուայ, գիշերն ալ՝ այնքան բարձր ձողի մը վրայ շուլլուելով, չորս հովերը կը չափէ:

ՄԱՐԳԱՐ Ըսել է, պահ պահ կը յիշէր ալ զիս:

ՇԱՐՈՒՐ Չեմ գիտեր:

ՄԱՐԳԱՐ Անգամ մը էրզիս մէջ տեսայ, որ երեսս կը պագնէր, բայց ամենեւին չի խօսեցաւ հետս, կ՚երեւայ իրաւ իրաւ քէն է ըրեր ինձմէ:

ՇԱՐՈՒՐ Ատոնք ալ հարկաւ դուն պիտի գիտնաս:

(Մարգար մէկ կողմ)

ՀԱՄԲԻԿ Պիտակ-Համբիկն ալ պատիւ չէ՞ր ունենար, ծերո՛ւկ:

ՇԱՐՈԻՐ Քեզի ի՞նչ ըսէի, բարեկա՛մ, հանգստուկ օթեակ մը կը մնար հայրդ, շատ սիրածս էր սկզբէն:

ՀԱՄԲԻԿ Հրամեր ես, շա՛տ խաթրլի մարդ մը:

ՇԱՐՈԻՐ Ի՛նքն է, ի՛նքն է, անանկ կ՚ըսէին թէ՝ աժան ազատեց օձիքը, շաբաթէ մը կը լմննար պայմանաժամը, արդարներուն կայքը պիտի փոխադրուէր: Ներուեցաւ անոր, երբ վկայուեցաւ, որ իր քաղքին մէջ, մէկ-երկու ինկած ընտանիքներ ապրեցնելու անպայման պարտք մը կատարեր է: Բայց ասոր հետ մէկտեղ, զարմանալի էր, որ՝ ներումի արժանանալէն երկու ամիս առաջ, վերի ու վարի շրթունքներուն վրայ վիրաբուժական գործողութիւն մը կատարուեցաւ, աս ալ անոր համար, որ խաթրլի է եղեր: Որովհետեւ, տղա՛ս, խաթրլի կեղծաւոր ըսել է, ու կեղծաւոր մը որ հոս կուռք կը ճանչնաք, հոն անանկ չեն գնահատեր, ու իր ներկայացուցած տեսակին համեմատ, պատիժին տեսակն ալ չէր բացատրուեր: Կեղծաւոր՝ բարեկամութեան մէջ, կեղծաւոր՝ պարտաճանաչի տարազով, կեղծաւոր՝ կրօնասէրի լրջութեամբ, կեղծաւոր մը՝ մանաւանդ իր հասարակութեան շահերը վեր առնելու ճանբուն վրայ, ամէնքն ալ ճակատագրուած՝ որ զատ զատ իրենց դատապարտութեան տեսակները քաւեն: Որքան կը յիշեմ, երբ քու վրայ խօսք բացուէր, ուշացած կ՚ըսէր, բայց կը վախնար նաեւ որ հոն իրեն համար նոր նոր մտահոգութիւններ ստեղծես:

ՀԱՄԲԻԿ Տէ՛յկիտի, պապա ծերուկ, ինտո՛ր ալ առատ կը բրդէք: Եթէ փէշս լեցուն ոսկի ըլլար հիմա, հաւատա, որ աղբանոցը պիտի նետէի: Գնա՛, ըսէ՛, ատ միամիտ մարդուն թէ՝ տղադ մինչեւ որ իր գործը չեղանակաւորէ, ո՛չ աշխրքէն կը զատուի, ոչ ալ իր ապսպրածները կը լսէ: Արտի հաշիւ, խանութի գործ, ժառանգութեան դատեր, ո՞ր մէկն ըսեմ, ո՞ր մէկը անկարեւոր: Աղէկ ըրա՞ւ, որ հոս իր ունեցածին կէսէն աւելին երկրորդ կնկանէն ցկնած տղուն վրայ փոխանցեց, Պիտակ-Համբիկը կրնա՞ր համբերել: Եթէ դառնաս, երբ զինք տեսնես, բերան բերնի, ըսէ իրեն, որ տղադ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ հազիւ պիտի կրնայ իր աղտոտած գետինը մաքրել:

ՇԱՐՈԻՐ Բայց երկար ըրիր:

ՀԱՄԲԻԿ Ո՛չ, ո՛չ, դեռ կարճն է աս, իր մեկնելէն վերջը, երեք-չորս տարի աշխատեցայ, որ ես ինքս իր տղան ըլլալս հաստատեմ, երկու տարի՝ անուն մը շիտկելու ջանքն ըրի, չորս տարի միօրինակ հոգ տարի, ու դեռ անցած շաբթուն գտայ իրեն պէս խաթրլի մը հռչակուելու գաղտնիքը: (Կ՚անցնի մէկ կողմ):

ՇԱՐՈԻՐ Վերջին թուղթը ահա, ո՞վ պիտի ըլլար Հէքիմ-Նռնօն:

ՆՌՆՕ Հրամեցէք, եղբա՛յր, այդ մէկ գրութիւնն ալ իմս պիտի ըլլայ, գրողն ալ մայրս:

ՇԱՐՈԻՐ Բայց ուշացայ, շատ սպասցուցիք զիս, եթէ ուշ դառնամ, աւելի գէշ տեղ մը պիտի դառնամ, շուտ ըրէք, կարգ մըն ալ ես ձեզմէ պիտի ուզեմ:

«Իր կաթովը մեծցնող մօրմէն բարեւ. Նամակս ձեռքդ հասնելու վայրկեանին, կ՚երեւակայեմ, թէ տարիքդ առած պիտի ըլլաս արդէն ու աս կողմը ճանբորդելու օրին մօտեցած: Եկողներէն կ՚իմանամ թէ՝ մօրուքէդ ետքը պեխերդ ու ունքերդ ալ մօրդ մազերուն ճերմակին տակ կը հովոտին, երեսներդ սմքեր ու շրթունքներդ բերանդ ծածկող մազերուն մէջէն դուրս կախուած՝ հոն հայողը կը կասկածի թէ ճերմակ աքաղաղի մը գլուխը կտրեր ու բերանդ ես դրեր: Է՜հ, Նռնօ, ծնած օրդ ալ արդէն աս տեսակ տգեղութիւններ մը նշմարեցի վրադ ու կը զարմանաս հիմա, երբ ըսեմ թէ՝ սոսկումով մը մէկդի փախայ այն վայրկեանին, որ աշխարհ եկար: Փախայ, ինտոր կը փախի վայրկենապէս մատակ գոմէշը, երբ իր սրունքներուն մէջ, իր ձագը տգեղուկ խոճկոր մը կը տեսնէ: Այս մասին բնական էր, որ յանցանքը իմս սեպէի, իսկ ինչ որ քուկդ է, ան է որ երկու աւուր աշխարհքին համար, դուն քեզ քարէ քար զարնող յիմար մը համբաւեր ես: Ահա թէ ինչո՞ւ համար շատ կը նեղուի մայրդ, մայրդ, որ իր կսկծալի պատճառն ունի հավատալու թէ՝ դուն քո ճակատագրուածէդ էվէլ մարդ չպիտի ըլլայիր: Շողգամէն շողգամ կը բուսնի, կաղնիին հունտէն ալ ա՛յն, որուն բարձրութիւնը արծիւները գիտեն չափել: Բայց դուն չի կրնալով կշռել կեանքի այս աստիճան պարզ պայմանները, վերջին անգամ բժիշկ ըլլալու ձեռնարկն ալ ըրիր ու ասով այնքան օճաղ մրեղեր ես: Անոնք որ հոդ քու դեղովդ աչքերնին խբեր ու հոս եկեր աչքերնին բացեր են զիս տեսնալու համար, անոնց գանգատը ամէն օր հին նոր կայարանաբնակներուն սիրտը կտոր կտոր կ՚ընէ եւ որոնք ամէն օր ալ երեսիս կուգան մէյ մը որ քեզ ծներ եմ, մէյ մըն ալ քեզ ատ աշխարհքը մոռցած: Աս ըրածներդ կերպով մը սրբագրած ըլլալու համար, կ՚երեւայ, ինքզինքդ անձնատուր ընելով հովերուն, մօրդ սիրած եկեղեցիէն փախեր ու հիմա դէպի ատ եկեղեցիին սրբութիւնը՝ շողոտ բերան մը կը գործածես: Քիթդ կը բռնես, որ խունկին հոտը չառնես, ականջդ կը խծկես, որ սրբազան երգերուն ձայնը չի լսես։ «Կը գանիս եղեր, կը զզուիս եղեր, կը թքնես եղեր»: Անամօ՜թ… երանի՜ թէ, ուր ինկեր ես հիմա, ու ծառայութեան գործ մը կ՚ընես, անոնց այն որբուհիներուն շրջանակը, խիղճդ առաջնորդ պահելով, մօրդ բարոյական վիշտերուն մեղմացուցիչներ մը խրկէիր: Գիտնայիր թէ՝ Աստուած է տէրը որբին եւ որբեւայրիին: Ինչ որ կ՚ընես այդ պզտիկներուն շուրջը, վայրկեանին կ՚արձանագրուին քու պահապան հրեշտակներէդ ու վայրկեանին, անոնց միջոցով, Աստուծոյ առջեւ կը հանուին: Անցածներն ալ քու որբանոցէդ անմեղ աղջնակ մը մեր օթեակներուն վերեւներէն սաւառնելով շողուն հետքով մը մեծ երկինքին ճամբուն վրայ երեւցած էր, ու հանդիպողաբար, իր ճանչուորէն մէկուն, շատ շատ ցաւեր բացած քեզի նկատմամբ: Դուն ու քու կնիկդ այն փոքրերուն գլխուն մղձաւանջի խեղդող ծանրութիւնը կը մնաք: Անոնց կրօնական զգացումներուն հետ, անոնց մայրենի գգուանքին ու հօր անկեղծ խնամքին յուշքերովը էրող կուրծքերուն վրայ պաղ եղեամ մը կ՚ուզէք մշտնջենաւորել, որ ամենեւին պատիւ չպիտի բերէր ձեզի: Որբուհիներուն պնակէն չէք ուտեր, անոնց հետ մարդավայել խանդաղատանքով չէք վերաբերիր, ձեր թեթեւ կշտամբանքը զանոնք որբանոցէն վռնտելը կ՚ըլլայ: Ու ըսեմ տակաւին, կաթին սերը, շիճուկը դուք կ՚ուտէք, անոնց առջեւ լոկ թանջուր մը կը նետէք: Պտոյտի ելած ատեննիդ, հովանոցը ձեր գլխուն վրայ այն պզտիկներուն բռնել կուտաք, քնանալու ատեննիդ ինչպէս առտուն ձեր արթննալու պահուն՝ կը ստիպէք անոնց, որ ձեր մահճակալին քովերը անուշ-անուշ քներգներ մրմնջէն: Գանգատին մէկ տեսակն ալ ա՛ն, որ մտացին, ճշմարտախօսը, որբանոցին մէջ, իբր անպէտ ապուշներ, էվէլի ծանրութիւններ ներկայացնելով բարի միսիոնարին, անանկները դուրս տալու վատ գաղտնամոլութիւնը կը գործէք: Աս ալ վերջին պատմութիւնը, որ արին լճացուց մօրդ սիրտը, Նռնօ, տղա՛ս, գիտցիր թէ՝ Աստուած է անտէրին պաշտպանը: Վաղը ես քեզի չպիտի կրնայի օգնել, երբ քեզ ամբաստանողները քու իսկ որբանոցիդ մէջ պատսպարուած աղջիկներն ըլլային:

ՆՌՆՕ Գիտեմ թէ շատ բարի կին մըն էր մայրս, բայց հիմակուան արթնութեան հոգին չունէր բնաւ. այո՛ պիտի կարծեմ եւ կամ իրաւունք ունիմ հաւատալու թէ՝ բաւական սխալած պիտի ըլլայ ինքը, երբ պատեհութիւնը ներկայանայ ու ճշմարիտ քրիստոնէի մը բերնովը համոզուելու ըլլայ թէ՝ բոլորովին սխալ տեղեկութիւններ առած է իր զաւկին վրայով: (Մէկ կողմ):

ՇԱՐՈԻՐ Գացէ՛ք, գացէ՛ք, հեռացէք պահ մը, եթէ գիտնայի որ այս նամակներուն մէջ ո՛րեւէ նպաստաւոր ակնարկութիւն չկայ ինծի նկատմամբ, ես այսչափ ալ չպիտի սպասէի, իմ ցաւերս ինծի համար շատ են արդէն, ձերը թող ձեզի վերաբերէր:

ՆՌՆՕ Ձեզի բան մը ըսե՞մ, ծերո՛ւկ, ես երբեք հաճոյք մը չի քաղեցի քու ներկայութենէդ…

ՇԱՐՈԻՐ— Է՜հ… (Վարագոյրը կը ձգուի, ներսը բեմէն՝ տխուր նուագածութիւններ):