Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՂՏԻԿ, ԼՈՒՍԻԿ, ՆԱԶԼՈՒ

(Վայրկեան մը լռութիւն էրիկ կնիկ ինքզինքնին մէյ-մէկ կողմ կծկտցուցած՝ միայն առջեւնին կը հային)։

ԼՈՒՍԻԿ Ի՛նչ սայղըսըզ մարդ, մըյեա՜։ Հապա թէ ամէն օր գար, երթար, ան ատեն ըսել է, լեռը վրան մը պիտի քաշուէինք։ (Պաղտիկ չի պատասխաներ)։ Հիւանդի քով ասչափ առնել նստի՜լ։ Եկեր էր որ հոգի առնէր։ Հոգի առնող ճիշտ։ Գէշ մա՛րդ։ (Լուսիկ կը սպասէ պահ մը, ու միայն ինք կ’ելլայ խօսողը)։ Ատ ի՜նչ խօսքեր, ատ ի՛նչ քարոզ։ Վերջն ալ ի՛նչ էր ան որ դրդրաց։ Շատն ալ չէր հասկցուեր ա։ (Լռութիւն)։ Ճշմարիտ որ գինով էր ատ մարդը։ Եկաւ թէ չէ, ա՛լ չի թողուց որ բերան բացուէր։ Մեռած կէսարս ալ եթէ գար, ատ խօսքերը ա՛տ լեզուով երեսիս զարնէր, ես չպիտի ներէի։ Ի՜նչ որ է, աղէկ որ չի պատասխանեցինք։ Մէյ մը չոճուխին, մէյ մը խենթին, մէյ մըն ալ գինովին հետ իյնալ չըլլիր, փորձանք է։

ՊԱՂՏԻԿ (Խորունկ, առիւծի մռունչ մը) Հը՜մմ…

ԼՈՒՍԻԿ Գիտցող չգիտցողը գլխնուս աւետրան մը կը կարդայ ու կը հերտըկի։

ՊԱՂՏԻԿ Անանկ է, եա, խօսքեր՝ որ եկողը հիմա ափաշկարա երեսնուս նետելու համարձակութիւնն ալ ունի։

ԼՈՒՍԻԿ Մեզ մեր ցաւերուն հետ թողէին։

ՊԱՂՏԻԿ Է՛, Լուսի՜կ, խաթուն Լուսի՛կ, մենք նորէն մեր բնաբանին դառնանք։ Եկողը գնաց, գիշեր էր նը, լուսցաւ, համբերել էր նը, համբերեցինք։ Հիմա կրնայ ուրիշ մըն ալ գալ, եկողին դէմ ալ դուռ չի գոցուիր, ե՛լ դուն, սա սնտուկիդ ամանաթները բեր, անգամ մը ես ինծի ֆալ մը պիտի բանամ։ Դեռ ես կը կարծեմ թէ՝ սնտուկին յատակը եթէ աւլենք, ստըկենք, հարիր յիսունէն մօտ երկու հարիր ոսկիի չափ թթխմոր պիտի գտնենք։ Ատ գրաւները իրենց տէրերուն կը յանձնենք մենք ալ գլխու վրայ [1] անոնց առնելիքնիս կը փըրցընենք, կը վերջանար։ Աս անգամ, է՛հ, թող ըլլէր որ բարիկենդանէն ետքը, ատեն մըն ալ մեծ պահքին աղհացովը ապրէինք։ Աշխարհք է, կը պատահի եղեր։ «Մի՛ ըլլիր ուլիկ, կ’ըսէ, որ չուտես խոտիկ»։ Անդին մեր աղա տղին, Գրիգորին հացը կը մնար։ Աստուած մեծ է։ (Լռութիւն, Լուսիկ հիւանդին հետ)։ Ատ հիւանդն ալ խօշ մինչեւ վերջը, ատ վիճակին մէջ չէր մնար։ Ե՛լ, շուտ ըրէ։

ԼՈՒՍԻԿ (Ականջը հիւանդին բերնին տարած՝ անկէ բան մը լսելէ ետքը) Տամ, աղջի՛կս, տամ։ Հոգիս ուզէ, կեանքս ուզէ, ուզէ որ կրակը նետուիմ. ուզէ, միայն ուզելու եղիր, որ ես զիս աս պահուն ջուրը նետեմ։ (Մէկ կողմ) Աղբօրը պատկերը կ’ուզէ որ կարօտը առնէ (Փղձկում)։ Ի՞նչ ընեմ, Աստուած, չի լամ, չցաւիմ, եթէ մայր կ’ըլլիմ, չպիտի՞ պատժես։ Կը մեռնի զաւակս, պէմուրատ կը մեռնի, ուզածը աղբօրը պատկե՞րը միայն թէ՝ ան տղուն՝ նշանծինն ալ կ’ուզէր։ Տամ, տամ…  ինչո՞ւ չի տամ, ո՞վ է արգիլողը վերջին անգամ, թող աղբարն ալ, նշանածն ալ մէկտեղ տեսնէր։ (Պատին վրայէն զոյգ մը պատկեր կ’իջեցնէ որքան կարելի է էրկան աչքէն վրիպեցնելու ջանքով, կամացուկ մը աղջկան ձեռքը կուտայ։ Նազլու աս պատկերները աչքին դէմ բռնելէ յետոյ կը ձգէ վերմակին վրայ)։

ՊԱՂՏԻԿ Անգամ մըն ալ ըսե՞մ, կնի՛կ։ Սնտուկիդ բալլի՛ն։

ԼՈՒՍԻԿ Աղբօրը պատկերը տուի որ վերջին կարօտը առնէ (յուզմունք, քմտուուք)։ Կոխած գետինս չեմ տեսներ, նստիմ՝ նստած տեղս կը քարանամ, քալեմ՝ ճամբաս կը կորսցնեմ։

ՊԱՂՏԻԿ Մէյ մը ե՛ս երթամ, ես հայիմ, խօշ ատ սնտուկ ըսուածն ալ երկաթ քացայ մը չէր ա (Ներս կ’երթայ ընդոստ ու վայրկեան մը վերջը խոշորկեկ սնտուկ մը քաշքշելով՝ հիւանդին կեցած տեղը կը բերէ)։ Տէ՛հ, կնի՛կ, սըվի սնտուկը ահա։ Դուն ալ ասանկ չէի՞ր ուզեր, չէ՞ որ կ’ըսես թէ՝ նստիս, կը քարանաս, քալես նէ, ճանբադ կը կորսնցնես։ Հրամմէ…  բալլին։

ԼՈՒՍԻԿ Ըրէ՛, ըրէ՛։ Ալ ի՛նչ որ կայ, ինչ որ կ’անցնի մտքէդ…  ուզես հիմա խոհանոցին բաներն ալ դուրս կը թափես։

ՊԱՂՏԻԿ Կ’ընեմ ա, պիտի ընեմ ա։ Դուն միտքդ դրեր ես որ էն ետքը զիս խենթցնես ալ…  խենթցուցեր ես արդէն…  խենթ մը ի՞նչ կ’ընէ…  կամ՝ էրիկ մը ինչո՞վ կը յիմարանայ, քանի որ քեզի պէս անհոգի քածի մը կին անունը կուտայ։

ԼՈՒՍԻԿ Անհոգի՜, ե՞ս, թէ՞ դուն, որ հիւանդն աս հալին մէջ, քովը քնճիկն ալ չուզեցիր մօտենալ։ Խօսքդ ճանչցի՛ր, խօ՛սքդ, խօ՛սքդ…  Տեսա՞ր, հիմա տեսա՞ր որ սնտուկը սնտուկ է, տեղն է եղեր. գող չէ տարեր։

ՊԱՂՏԻԿ Բալլի՞ն…

ԼՈՒՍԻԿ Չիկայ, կորսուեր է։

ՊԱՂՏԻԿ Բեր մէյ մը, ես հայիմ քովերդ։

ԼՈՒՍԻԿ Հայիր, հասկցիր (թող կուտայ որ հայի)։

ՊԱՂՏԻԿ Եթէ ոչ պահեր ես։

ԼՈՒՍԻԿ Ինչո՞ւ, ի՞նչ պատճառ… Սնտուկէս սիրակա՞նս պիտի ելլար։

ՊԱՂՏԻԿ Ատ մէկը սնտուկդ չես պահեր, գիտեմ…

ԼՈՒՍԻԿ Խօսքդ ճանչցիր, խօ՛սքդ, խօ՛սքդ։ Դուն սիրտ չունի՞ս, դուն Աստուած չունի՞ս, հոգին բերանը հիւանդի մը գլխուն վերեւ լսուած, տեսնուած բա՞ն է աս անօրէնութիւնները։

ՊԱՂՏԻԿ Բալլին, Լուսիկ։

ԼՈՒՍԻԿ Սնտուկն ատ է, բալլին ալ դուն ճարէ, չի հաւտըցի՞ր որ կորսուեր է ըսի։

  ՊԱՂՏԻԿ (Ոտքը գետինը կը զարնէ) Բալլին, եթէ ոչ հիմա ցրեղ ցրեղ կ’ընեմ (մէկ-երկուք աքացելով սնտուկին կողքին)։ Տախտակներն ալ մէկ մէկ աչքդ կը կոխեմ։

ԼՈՒՍԻԿ (Հիւանդը ցնցուած այն ձայներէն ընդոստ ցաւագին աւաչ մը կը լսցնէ, Լուսիկ շուտով մը անոր մօտը կ’ամփոփէ ինքզինք) Սնտուկը կոտրելուդ՝ եկուր առաջ աղջկանդ փորուն վրայ տրորէ, կը խալըսիս։ Արընտէ՛ր, արընտէ՛ր. կը մեռնի ահա վո՛ւյ, տունս աւրաւ, բան մի եղաւ չոճուխս, վո՛ւյ. Նազլո՜ւ, Նազլո՜ւ… (Աղջիկը աւանդեր է հոգին, լաց, վայնասուն)։

ՊԱՂՏԻԿ (Յիմարացածի ջղաձգութեան մէջ բարկացած՝ չուզելով իսկ այն կողմը ուշադիր ըլլալ, ոտքովը բաթ-բաթ սնտուկին կը զարնէ, կը փրցնէ վրայի կափարիչը, ծրարները մէկիկ մէկիկ հանելով դուրս կը տանէ) Կեցիր որ հասկցնեմ քեզի, անամօթ լկտի՛… հիւանդ է… բալլին չիկայ… սուտմեռ կըլլին, լաց կը փրցնեն, կեցի՛ր… դուն լալու եղիր։ (Թուղթ մը կը գտնէ ան դուրսը նետածներուն մէջէն, պահարանը կը պատռէ ու աչքին դէմ կը բռնէ) Անանկ է եա՜, ալ թող չի խենթնայ Պաղտիկ, ալ թող չի բզքտէ ինքզինք։ «Անուշիկ Փառէնս. երկու օր է որ մօրս հետ կը կռուիմ, մօրս մազերը վար կը բերեմ, կը պահանջեմ որ վերջին եկողներուն հետ քեզի աստեղէն ադամանդ մատնի մը խրկենք»։ Կը խրկես, ինչո՞ւ չէ, ո՞վ պիտի արգիլէր, որ մատնի՝ ու ադամանդ մատնի՜… է, ալ ի՞նչ։ «Եկողները չսպասեցին ախըրը հազիւ կրցանք տոպրով նուշ ու զոյգ մըն ալ բուրդ գուլպայ իմ ձեռքովս շինուած ճանբայ հանել»։ Էօյլէ եա, նուշ ալ, շաքար ալ, տահա, տահա։ «Ատ գուլպային ամէն մէկ կութը պատմութիւն ունի, անուշիկս, վերջին բերանը խծպելուս կուշտ մըն ալ լացեր եմ»։ Սըվոր նայէ, սըվոր, աս ջլդիկին նայէ, դպրոց խրկեցանք, գիր, կարդալ սորվեցուցինք որ տունս տեղս սրիկայի մը, փիճի մը տէվր ու թէսլիմ ընելու տէֆթէրներ գրեն ետեւէս։ Աֆէրի՛մ, բայց աս չէր բնտռածս (Նամակը կը խզտէ, կը ճմռթկէ, կը նետէ ու կը շարունակէ միեւնոյն կատաղութիւնով սնտուկին մէջ բնտռտուքներ ընել)։

ԼՈՒՍԻԿ (Աս միեւնոյն ատեն մայրը աղջկան մարմինին վրայ իր կսկծանքներուն մէջ)։ Վա՜խ, ձագո՛ւկս, ես մեռնէի, քու տեղդ ես մեռնէի, պէմուրադ մեռար, անէճէլ մեռար։ Նազլո՜ւ, Նազլո՜ւ, նազերդ սիրեմ, աղջիկս, մազերդ սիրեմ. աղուոր պօյըդ, աղուոր աչքունքդ սիրեմ։ Ձագ չեղած փիճիկիդ մէջ խեղդուար, եաւրո՜ւմ. արեւ չի տեսած կոկոնիդ մէջ չորցար։ Ա՜խ, սիրտս անցաւ, ակռաս կը կղպուի հիմա։ Աղբօրն ու նշանածին պատկերներն ուզեց, որ վերջին պահուն աչքին բռնէ։ Ան ի՜նչ նայուածք, ան ի՜նչ կարօտ, ան ի՜նչ հեկռտուք։ Ի՜նչ խորհեցար արդեօք, ի՜նչ անցուցիր մտքէդ, հոգիս, երբ արցունքներուդ մէջէն կը հայէիր։ Լռիկ իրենց հետ, իրենց դիմացը, ու դուն չի տեսար անգամ թէ՝ անոնք քեզի պատասխանելու համար շրթունք շարժէին։ Պատկերները՝ թոյլ, դողդղացող մատուըներով բռնած, մէկիկ-մէկիկ վար ընկան ձեռքէդ, ա՛լ չի կրցար հայիլ, ու տեսայ թէ՝ արցունքներդ արնով խառնուած՝ կարկտհատի պէս կը թափէին երեսներէդ վար։ Աղուոր Նազլուս, անուշիկս։ (Վարդուկ ու Պօղոս իրենց կնիկներուն հետ ներս կը մտնեն ու տրտում սոսկանքներու մէջ ականատես կ’ըլլան մորմոքիչ տեսարանի մը, որ մէկ կողմէն մայրը աղջկան վրայ ընկած՝ անոր ձեռքերը, երեսները ու հանդիպած տեղը համբոյրներով կ’ողողէ ու կուլայ մեծ ձայնով մը միւս կողմէն ալ Պաղտիկ միեւնոյն թօնով իր պահանջները կ’ընէ իր կնիկէն)։

ՊԱՂՏԻԿ (Սնտուկին վերջին ծրարը քակռտելով մէկ կողմ նետելէ յետոյ) Ո՜ւր են, վերջապէս ո՞ւր պահուած, ի՞նչ եղան բաները, ոսկի, արծաթ, ադամանդ, թանկագին իրեղէններու ամբողջութիւն մը, որուն մէկ մասը հնչուն դրամ, կեանքիս, պատուիս վերջին փրկագինը, ի՞նչ եղաւ, ո՞վ գողցաւ, Լուսի՛կ։ Հոս բան չիկայ ահա (Ոտքովը միշտ հարուածներ սնտուկին), ըսէ՛, ի՞նչ ըրիր։

ԼՈՒՍԻԿ Ա՛խ, ա՛խ, ա՛խ, ա՛խ, ամա՛ն, ամա՛ն, ամա՛ն, ե՛ս ալ, ե՛ս ալ…  ա՛լ թող ինծի հարամ ըլլի աս արեւը, աս աշխարհքը (Վայանք անընդհատ, սիրտը կը ծեծէ, մազերը կը փետտէ)։

ՊԱՂՏԻԿ Ախը, ամանը ականջս չեն մտներ, սնտուկին մէջ պահուածնե՞րը։ Հիմա կը հասկնամ թէ՝ ինչու կը փախփխէր, ինչու չէր տար բալլին։

ՊՕՂՈՍ Պաղտի՛կ, Պաղտի՛կ, մեռելին խնայէ։

ՊԱՂՏԻԿ Չէ՛, դրացի, չէ՛ մեռած չէ ան, անոնք՝ մայր, աղջիկ ամէն օր ալ այնպէս սուտ-մեռ, սուտ-սատկիլ կ’ընեն։ Մեռեր է՜, բայց եթէ մեռեր է, իրաւ է, ինծի ի՞նչ, իմ ինչս էր ան. կ’աղաչեմ մի՛ խօսեցնէք, զիս իմ ցաւերուս, իմ անխոստովանելի, անդարմանելի ցաւերուս ձգեցէք։ Ձգեցէք, ձգեցէք։ Հողը միայն կը պարտկէ աս տէրտը, քարին տակ պիտի լռեմ։

ՎԱՐԴՈՒԿ Եթէ չէ փախուցեր աս մարդը ես թող շուն դառնամ, Պօղո՛ս։

ՊԱՂՏԻԿ Մեռեր է՜…

ՎԱՐԴՈՒԿ Չե՞ս հաւտար։ Քովը անցիր ու հասկնալ փորձէ։ Լերան գազանն անգամ իր սատկած ձագը հոտուըտալու սիրտ կ’ընէ։ Ըսէ՛, եթէ խենթ մըն ես, ես լաւ կապել գիտեմ, աս ալ թող երկուք ըլլար։ Ուժէս ալ տեղեկութիւն ունի, ա։

ՊԱՂՏԻԿ Մեռեր է…  Պաղտի՞կն հապա ո՞ղջ մնաց, ո՞ղջ ի՞նչպէս։ Թող ըսէր ձեզի, թող խոստովանէր թէ՝ ինչ եղան սնտուկին իրեղէնները։ Դաշտին հարստութիւնը տղաս փճացուց, տունինը ան աղջիկը հալեց, սնտուկինը ո՞վ։

ԳՈՀԱՐ, ՎԱՐԴՈՒԿ (Անդիէն լսելի ձայնով մը) Մեղա՜յ, Տէ՛ր, մեղա՜յ, Տէ՛ր։

ԳՈՀԱՐ Աս գէշ մարդուն պէս չիկա՛յ, չիկա՛յ, Հեղին դուն չես գիտեր։ Մըյեա՜… աշխարհքը ասանկ բա՞ն ալ կայ։

ԼՈՒՍԻԿ Ըսէ՛ք ատ մարդուն թէ՝ սնտուկին եղածները նորէն իրեն համար, իր պատիւին համար խարճուեր է։ Փեսան աղջիկը չէր առներ, մայրի՛կ, շան տղին բերանը անուշցնելու համար ելայ, իմ խելքովս բան մը ընեմ ըսի, խէլէթ տուի, հէտիյէ տուի որ խաղքութիւն մը փակուի։ Կնկայ խելք. ի՞նչ գիտնամ։ Ես իմ ըրածիս չի հաւնեցայ ամմա, ալ անգամ մը ատչափ մեղք, ատչափ յանցանք գործած գտնուեցայ։ Ելաւ ձեռքէս, ու հիմա ձեռքս ալ, գիրկս ալ ի՞նչ մնաց որ, ցաւուս ո՞ր մէկը ասկէ (մեռելը ցոյց տալով) պզտիկ, ո՞րը տարուելիք տէրտ ու խշխիշ։ Ըսէ՛ք, ըսէք ատ մարդուն, եթէ ատոր համար զիս սպաննէր պիտի, թող արինս հալալ ըլլի, հերիք որ մէկ ատեն, մէկ մահով զաւկիս հետ մէկտեղ նոյն գերեզմանը պիտի դրուիմ։ Փեսին խէլէթ տուի։

ՊԱՂՏԻԿ Կը լսէ՞ք հիմա, դրացներ, լսեցի՞ք նըվոր բացատրութիւնը։ Պատիւս Շահինի մը ծախելէ ետքը հարստութիւնս ալ վերջին տասնոցն ալ անո՜ր…  ու հիմա դո՞ւք էք պահանջողը որ Պաղտիկ մոռնայ ինքզինք ու սատկած քածին վրայ արցուէ [2] ։ Ան՝ չէ՛ իմս, ինծի չի վերաբերիր։

ԳՈՀԱՐ, ՎԱՐԴՈՒԿ Ամօ՜թ, ամօ՜թ (երկուքն ալ կը թքնեն երեսը) թո՛ւ, թո՛ւ։

ՊԱՂՏԻԿ Աշխարհքը շատ բան լսեր է, աս մէկն ալ ահա ինծի վիճակ ձգեցին որ ես խոստովանիմ։ Թքացէք, ապտակեցէ՛ք ալ, բայց՝ այնպէս է։ (Լուսիկ աղջկան վրայ ընկած՝ նուաղուն, քովի կնիկները անոր երեսին ջուր կը սրսկեն, քթին ալ բան մը կը ծխեն, որ սթափի, բայց)…

ՎԱՐԴՈՒԿ Բայց դուն ալ կը տեսնես թէ՝ հիմա այն մէկն ալ կը լմննայ, խեղճ մայրն ալ։

ՊՕՂՈՍ Գնա՛, Վարդուկ, գնա՛, շուտ ըրէ, ժամկոչը, տէրտէրը… մենք չենք կրնար, ու կը վախցուի որ հիմա ուրիշ նոր դէպքի մը վկայ հրաւիրէին մեզ։

ՎԱՐԴՈՒԿ Բռնենք, դուրս հանենք մէյ մը վերջը…

ՊԱՂՏԻԿ Դո՜ւրս… զիս իմ տունէս դուրս ալ պիտի քշէք եւ ո՞ւր։

ՎԱՐԴՈՒԿ Դժոխքին ճիշտ մէջտեղը, քեզի համար անկէ աւելի տեղ չեմ ճանչնար։ (Պաղտիկ կը բռնուի աս երկուքէն, բռնի դուրս կը քաշքշուի. մռունչներ, հայհոյութիւններ եւայլն։ Ճիշտ աս պահուն կը լսուի զանգակի ձայն մը, որ աս մահը կը գուժէ)։



[1]            Անմիջապէս:

[2]            Արցուել արտասուել