ԱՍԼԸԽԱՆ,
ՓԱՌԷՆ
ԱՍԼԸԽԱՆ
—
(Խորհրդաւոր
լռութիւն
մը
խզելէ
յետոյ).
Աղջիկն
ալ
հետը
բերէր
որ,
մայր
ու
աղջիկ
մէկտեղ
տեսնէիք։
Աստուած
սէրերնիդ
էւելցնէ։
ՓԱՌԷՆ
—
(Շփոթուած,
միայն
խնդուք).
Հը՛,
հը՛,
հը՛,
հը՛։
ԱՍԼԸԽԱՆ
—
Ես
ալ
յիմար
մը
որ
հաւտցեր
էի
թէ՝
նշանածդ
ետ
կ’ընես։
ՓԱՌԷՆ
—
Բայց…
կարելի
է,
սխալ
մը…
ԱՍԼԸԽԱՆ
—
Լսեր
էի,
հրամեր
ես,
կերպով
մը
ձեզի
ալ
իրաւունք
տուած։
Ցաւագար
աղջիկ
մը…
ՓԱՌԷՆ
—
Ցաւագա՜ր…
ԱՍԼԸԽԱՆ
—
Կասկած
տուած
չըլլիմ
ձեզի,
աղջիկը,
է՜հ,
կրնայ
աղւոր
հարս
մը
ըլլիլ,
բայց,
տարի
մըն
է
որ
արին
կը
թքնէ։
ՓԱՌԷՆ
—
Ի՞նչ
կ’ըսեք,
տիկի՛ն
(ապշութիւն)։
ԱՍԼԸԽԱՆ
—
Ինչո՞ւ,
մար-խաթունը
չի՞
գիտեր։
Օր
մը
ոտքի
վրայ
է
նէ,
տասն
օր
ալ
գետինը
կպուկ
է։
Տարիքով
ալ
դայ
աղջիկ
մը։
ՓԱՌԷՆ
—
Յետո՞յ…
ԱՍԼԸԽԱՆ
—
Ալ
արթըխ
ձեր
գիտնալիքն
է,
իմ
ինչո՞ւս
պէտք։
ՓԱՌԷՆ
—
Բոլորովին
նոր
յայտնութիւններ,
տիկին,
շնորհակալ
եմ,
շա՜տ…
ԱՍԼԸԽԱՆ
—
Մեր
Հրանուշը
գիրկս
ծիծ
կ’ուտէր,
ան
աղջիկն
ալ
մազ
կը
հիւսէր
[1]
։
ՓԱՌԷՆ
—
Ես
շատ
առողջ
կ’ըմբռնէի։
ԱՍԼԸԽԱՆ
—
Աս
խօսքերն
ալ
ինծմէ
մի՛
լսեր։
Պաղտիկին
շուքէն
ճիները
կը
վախնան։
ՓԱՌԷՆ
—
Ապահով
եղէք,
շնորհակալ
եմ,
սակայն…
(Անհանգիստ
ոտքի
կը
կայնի,
ծխատուփը
կը
փնտռէ
գրպանները.
կը
գտնէ
վերջապէս,
վայրկեան
մը
մտմտուք.
սիկառը
վառելէ
յետոյ,
մեկնելու
պատրաստութիւն)։
ԱՍԼԸԽԱՆ
—
(Կը
հասկնայ
դիմացինին
տագնապը,
զայն
իր
տեղը
նստած
պահելու
նոր
կերպ
մը՝
դարակէն
գիրք
մը
կ’իջեցնէ,
Փառէնին
կուտայ).
Վայրկեան
մը
ասով
զբաղուեցէք,
ներս
երթամ,
խահուէն
ձեռքովս
պատրաստեմ
(ոտքի
ելած
երթալու
վրայ)։
ՓԱՌԷՆ
—
Բան
չուզեր,
տիկին,
խնդրեմ
(գիրքը
որ
Աստուածաշունչ
[2]
մըն
է,
գիրկը
դրուած,
ուրկէ
Փառէն
քիչ
մըն
ալ
զարմացած
կ’երեւայ,
բանալու
խառնշտկելու
կարկամ
ձեռք
մը
կը
շարժէ)։
ԱՍԼԸԽԱՆ
—
(Դեռ
կայնուկ,
անուշ
խօսքեր).
Խօշ
շատ
չէիր
եկեր
մերը,
ղուրպան.
մեր
ողորմած
հոգին
այնքան
մտերիմ
էր
հօրդ
հետ,
որ
ան
ատեն
քեզ
ու
Հրանուշս
պէշիկ-քէսմէ
[3]
պիտի
ընէին,
ես
արգիլեցի։
Դուն
Հրանուշէս
շատ
մեծ
էիր։
ՓԱՌԷՆ
—
Բաղդի
խնդիր
մըն
է
ատիկա,
որ
մենք
չենք
հասկնար։
Շնորհակալ
եմ
(մեկնիլ
պատրաստուողի
ձեւեր)։
ԱՍԼԸԽԱՆ
—
Քիչ
մը
համբերեցէք…
ՓԱՌԷՆ
—
(Ժամացոյցը
կը
նայի).
Բայց…
շատ…
ուշացայ…
Եւ…
ը՜…
ԱՍԼԸԽԱՆ
—
Վարկեան
մը
ու
կրունկիս
վրայ
պիտի
դառնամ.
(խոհանոց
կ’երթայ
արագ
ոտքով
մը
որ
խահուէն
բերէ)։
(Փառէն
վայրկեան
մը
առանձին
կը
մնայ,
Լուսիկէն
տրուած
թաշկինակը
կը
հանէ,
իր
քրտինքը
կը
սրբէ,
թաշկինակին
մէկ
ծայրը
երկու
ոսկի
ու
քիչ
մըն
ալ
շաքար
հանկուրցուած
գտնելով,
կը
կորսցնէ
մտքին
հաւասարակշռութիւնը
ու
մեքենաբար
ձեռքը
անգամ
մըն
ալ
կը
պտտցնէ
առջեւը
եղած
գրքին
վրայ,
կը
թղթատէ
զայն
աննպատակ
ուր
լուսանցքի
մը
վրայ,
ձեռագիր
մը
կը
նշմարէ,
կը
կենայ
անոր
դէմը,
կը
կարդայ
լռին
հետեւեալ
ընտանեկան
դէպքերու
վրայ
խաչխչուած
տողերը)։
«Ծնաւ
Կարապետ
Փրկչական
թիւ
188…-ին։
Ծնաւ
Հրանուշ
188…
-ին։
Մեռաւ
Գրիգոր
աղան
նոյն
տարին
ապրիլին։
(Թերթերը
կը
շրջշրջէ,
ուրիշ
լուսանցքի
մը
վրայ).
Հրանուշին
բերնին
ցաւին
համար
եղած
ծախքը.
35
դհկան
սափրիչ
Թումասին,
56
դհկան
բժիշկ
Սագօին,
66
դհկան
դեղագործ
Յակոբին,
բոլոր
ասոնք
պարապ
ծախքեր
եղան,
զիրա.
հիչ
մէկն
ալ
օգուտ
մը
չըրաւ
խեղճ
աղջկան։
Տէրը
այցելէ»։
ՓԱՌԷՆ
—
(Առանձին).
Աս
աղջիկը
20-22
տարեկան
բերանը
հոտած,
վկայողն
ալ
Աստուածաշունչ
ս.
գիրը,
չի
հաւտալ
կ’ըլլէ՞ր։
Ու
ի՜նչ
խորհրդաւոր
հանդիպում,
Տէր
Աստուած,
աս
տեղէն
դուրս
սողոսկելու
համար
ալ
ի՞նչ
յարմար
միջոց,
քանի
ան
կնիկն
ալ
ներս
անցաւ
գնաց։
(Աղջիկտեսի
եկող
աս
երիտասարդը
մէկ
կողմէն
իր
բուն
զոքանչին
կողմէն
ցոյց
տրուած
համակրութենէն
շփոթած,
միւս
կողմն
ալ
գիրքին
այս
ձեռագիր
լուսանցագրութիւնը
իր
մտքին
վրայ
կասկածելի
բաներ
մը
նետելով,
աս
տեղէն
գաղտուկ
մը
հեռանալու
որոշում
կ’ընէ։
Այդ
գիրքը
նոյն
բացուած
երեսին
մէջ
ձգելով
նստած
տեղը,
կամացուկ
մը
մատներուն
ծայրին
վրայ
ոտքի
կ’ելլէ
ու
ոչ
իսկ
շշուկ
մը
ձգելով
ետեւէն՝
կ’անյայտանայ)։
[1]
Մազերը
հիւսող
աղջիկը
ալ
մեծ
կը
սեպուէր:
[2]
Աշխարհաբար
Աստուածաշունչ
մը,
որ
Ասլըխան
տարին
մէկ
քանի
անգամ
ձեռք
կ’առնէ,
կը
կարդայ:
Աղջիկը
ամերիկեան
դպրոցը
ձրիավարժ
մը
քշելու
համար
բողոք
ընդունող
կին
մըն
է:
[3]
Տղայ,
աղջիկ
օրրանին
մէջ
տակաւին,
իրարու
հետ
նշանելու
սովորոյթ
մը: