(Յուղարկաւորներու
անշուք
անցք
մը
—
Նազլուին
մարմինը
պատանքուած՝
առանց
սնտուկի,
գերեզման
կը
փոխադրեն
—
ցուիքներուն
վրայ
ու
փողոցին
երկու
կողմի
պատուհաններէն
բազմութիւն
մը,
շատ
աւելի
կնիկներ)։
—
Վո՛ւշ,
վո՛ւշ,
վո՛ւշ,
վո՛ւշ…
—
Մէրն
ըլ
հետը,
մէրն
ըլ,
մէրն
ըլ։
—
Օղո՛ւլ,
օղո՛ւլ,
օղո՛ւլ։
—
Խեղճ
աղջիկը
պէմուրատ
գնաց…
—
Մի՛
հայիք,
աղջի՛կ,
մի՛
հայիք,
մարդուս
սիրտը…
—
Էնոր
սըֆտայ
պապո՞ւն
—
չէ՞
նը
մօրը։
—
Երկուքն
ըլ,
ի՞նչ
մեղքս
ծածկեմ։
—
Պապը
խենթցեր
է,
կ’ըսեն։
—
Տես,
մըյեա՛,
տե՛ս,
տե՛ս,
տե՛ս,
մեղա՜յ,
Տէ՛ր,
մեղա՜յ,
Տէ՛ր,
նըվ
ըլ
նշանածն
է
ելեր
Ամելըգան
կ’երթայ,
մայրն
ըլ
հետն
է,
կը
տեսնա՞ք
իրարու
ռա՞ստ
ըլ
տի
գային,
մըյեա,
կուլայ
ըլ
գիտես
թէ։
(Փառէն
ու
մայրը
ճանբու
զգեստներ
հագած՝
անանկ
կը
պատահի
որ
ատ
օրը
ելեր,
իրենք
ալ
Ամերիկա
կ’երթան։
Փառէն
կուլայ
կարծես
դագաղին
«ի
տես»,
բայց
ցուիքներէն
իր
վրայ
նետուած
քակորի
ու
քարի
կտորտանքներէն
ազատելու
համար
կը
փոխէ
ճանբան,
ուրիշ
կողմ
մը
կ’անցնի
արագ
քայլերով
մը)։
—
Ճուռըտ
կոտրտէր,
ը՜ն,
շան
փիճ,
հէրիֆին
տունն
աւրեցիր,
աջխնին
արընտէրն
եղար,
ելար
հիմա
ալ
կը
հերտըկիս։
—
Վա՛յ,
շան
ձա՛գ,
վայ,
«զալըմ
տղայ»։
—
Տուշմընիս
ըլ
չի
ցուցնէ
էտ
կրակը։
—
Հիմա
զո՞վ
լաս,
կնտէք։
—
Շիտակն
ըսեմ
նէ,
ես
աղջիկը
կը
մեղքնամ։
Էնոր
մօրը
միսը
քէլփէրթիով
քաշես,
քէլփէրթիո՜վ…