Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

(Պաղտիկին տունը, պատերէն կախուած ընտանեկան պատկերներ, ասոնց կարգին վեղարաւորներու պատկերներ ալ, հայելի, լամբար եւայլն։ Գետինը գունագեղ կապերտներ. բարձերուն երեսներն ալ գորգապատ ու շքեղ։

Պաղտիկ փոքր գրասեղանի մը առջեւ, տոմար ու թղթեղէններ թափած՝ հաշիւներով կը զբաղի։ Քթին վրայ կայ հնուկ ակնոց մը։ Քովը նստած գուլպայ կը հիւսէ կնիկը էրիկէն բան մը լսել ուզողի սպասող դիրք)։

 

ՊԱՂՏԻԿ, ԼՈՒՍԻԿ

ՊԱՂՏԻԿ (Լաթերը փոխած, ֆէսը ճակտին վրայ, լուրջ) փեսան եկեր է կնի՛կ։ Քեզի մտմտուք մըն ալ։

ԼՈՒՍԻԿ (Պաղարիւն) Եկեր է, լսեր եմ։

ՊԱՂՏԻԿ Ի՞նչ կայ, ինչո՞ւ մրրկեր ես [1] ։

ԼՈՒՍԻԿ Ի՞նչ գիտնամ…  (հառաչք)։

ՊԱՂՏԻԿ Հէմ նազ, հէմ ճիլվէ։

ԼՈՒՍԻԿ (Աչքը գուլպային ասեղներուն վրայ) Չեմ գիտեր, ըսի, չեմ գիտեր։ Խեղճ մէսըմըս [2] …։

ՊԱՂՏԻԿ Նոր դէ՞պք մը…

ԼՈՒՍԻԿ Դուն զահար չես լսեր, զիս կը խօսեցնես, իրիկուն էր, Հեղինին աղջկան հետ ժամէն կը դառնայի, ծունկերս տակս ծալուաւ։

ՊԱՂՏԻԿ Փեսան եկեր է, ա՛լ ի՞նչ։

ԼՈՒՍԻԿ Եկեր է, սէլամէթ դարձեր է (տրտում)։

ՊԱՂՏԻԿ Է՛, է՛, (միշտ հեգնոտ)։

ԼՈՒՍԻԿ Կառքէն էջեր չէ էջեր, տուտը լարեր [3], տնեցոց գլխուն կրակ կը վառէ եղեր։ Ասանկ կ’ըսէր Հեղինին աղջիկը։

ՊԱՂՏԻԿ Ինտո՞ր։

ԼՈՒՍԻԿ Ես ալ շատ տիպը, տիպէճէկը չեմ հասկցեր, միայն լսածս՝ այնքան թէ՝ Մարան խաթուն, կրակ-կրակ տէրտեր պատմեր է։ Տղան աղջիկը չառներ, խնամի Շահինին դէմ տուեր, մօրը հետ ալ քէն պահեր է։

ՊԱՂՏԻԿ (Թղթեղէնները ժողվելու ամփոփում մը) Ճահիլ է, շատ մի՛ տեսներ։

ԼՈՒՍԻԿ Դուն անանկ ըսէ… (Մեղդրտուքի նայուածքներ)։

ՊԱՂՏԻԿ Իմս անանկ… քո՞ւկդ ինչ։

ԼՈՒՍԻԿ Չառներ, կ’ըսեն։

ՊԱՂՏԻԿ Տէ՛ր ողորմեա (սրտնեղ զարմացում)։

ԼՈՒՍԻԿ Դուն գիտե՞ս ա։

ՊԱՂՏԻԿ Ես ի՞նչ գիտնայի, կնի՛կ, եկեր է, դէմ չենք վազեր զահար, ատկէ գժուած տ’ըլլի։

ԼՈՒՍԻԿ Մէկս ալ չի գացինք։

ՊԱՂՏԻԿ Զոքանչն էիր, դուն փէշերդ ժողվէիր։

ԼՈՒՍԻԿ Առաջ քու մընէ վախցայ, վերջն ալ…

ՊԱՂՏԻԿ Վերջն ալ ի՞նչ։

ԼՈՒՍԻԿ Հող եղայ, գերեկցայ, մի՛ ըներ ըսի, ամանաթը մէյ մը տիրուն խրկենք։

ՊԱՂՏԻԿ Դո՛ր ըսէ, դո՛ր, դո՛ր [4] ։

ԼՈՒՍԻԿ Միտքդ չէ՞ որ Նազլուն ալ լաց լացեց, մղմղաց, դուն քու տամպուրադ զարկիր։ Հապուսնայ հողէն ափ մը հող ալ խեղճ աղջկան փէշը կրնար լեցուիլ։ Ան ալ զաւակ, ան ալ ճիկէր։

ՊԱՂՏԻԿ Փէշն ալ լեցուր, աչքն ալ լեցուր, կ’ուզես քիթն ու բերանն ալ, հողէն ի՞նչ շատ…

ԼՈՒՍԻԿ Ածելի մը, աւելի հեշտ պիտի բզքտեր սիրտս։

ՊԱՂՏԻԿ Ես քեզ չեմ հասկցեր, ըսեմ նէ, ատ ալ սուտ կ’ըլլի։

ԼՈՒՍԻԿ Մայր մըն եմ ես ալ, օրան օրեր իմ, գիշեր լուսցուցեր։

ՊԱՂՏԻԿ Ատ տանը, ատ տղին, ատ ճընսին հաւերս ալ աղջիկ ըլլին, չպիտի տամ, ըսեր իմ, դուն ինչո՞ւ ականջիս նոր կոնք կը ծեծես։

ԼՈՒՍԻԿ Նազլուն ալ օր աւուր բան մը կ’ըլլի. երեսին ոսկորները շուք կը ձգեն թուշին վրայ։

ՊԱՂՏԻԿ Մօրը աղջիկն է…  հէլպէթ։

ԼՈՒՍԻԿ Մօրը աղջիկը, հօրն ալ…

ՊԱՂՏԻԿ Չիթդ գլուխդ, տեղդ նիստ (լուրջ հրամայական)։

ԼՈՒՍԻԿ Չեմ հասկնար, չեմ հասկնար, սիսեռ ալ ձգեմ [5], չեմ հասկնար։ Ա՛լ հերիք ատ փուշ-փուշ խօսքերդ։

ՊԱՂՏԻԿ Շահինը տունս մտնար թէ չէ՝ «ըշըղ քէփէնէկի պէս» չորս կողմը կը դառնայիր։

ԼՈՒՍԻԿ Խնամին ինտո՞ր կը պատուեն, մա՛րդ, ի՞նչ է տեղիդ սովորութիւնը։

ՊԱՂՏԻԿ (Վերյիշումներու մէջ) Հը՜ն՜ն՜ն։

ԼՈՒՍԻԿ Ճակատս բաց է՜…

ՊԱՂՏԻԿ Մինակ ճակա՜տդ, քա՛ծ։ Ես զիս որ «առէս նամուսէս» իշու տեղ դրեր եմ նէ, ալ դուն ալ նոր փուշ մ’աւելցներ ագետակս [6] ։

ԼՈՒՍԻԿ Խիղճ ըրէ, հացս կ’ուտես, բարձս կիսեր ես [7] ։ Վա՛ր դիր ձէնդ, վա՛ր, վա՛ր (աղաչաւոր ձայն, քունքերուն մազերը փետտելու կերպեր)։

ՊԱՂՏԻԿ Սրիկայ խնամի մը, աղուէս փեսայ մը, ալ քու անունդ դուն գիտցիր։

ԼՈՒՍԻԿ Աստուա՜ծ, Աստուած (ձեռքերը ծունկերուն զարնելով)։

ՊԱՂՏԻԿ Դուն կ’երեւայ ատ Աստուածը խոճիկ Տօնօն հասկցեր ես։

ԼՈՒՍԻԿ Ատքան անխիղճ, անխելք մի՛ հաւատար կնիկդ, արի՛ մարդ (էրիկ մարդ), կը զղջաս։ Զատիկն անցնելէ ետքը հաւկիթ չեն կարմրցներ։

Հիչ որ չէնը ճիհէզը էւել մէկ-երկու կտոր։

ՊԱՂՏԻԿ Ամերիկայով մը չի կշտացող սրիկան մարագիս էրդովը պիտի կշտանայ։

ԼՈՒՍԻԿ Հիմիկուան փիճերը մինակ հացի չեն պտտիր. ի՞նչ ընենք, խօշ դուն աչքովդ կը տեսնաս եղածները։

ՊԱՂՏԻԿ Ես բան չեմ տեսներ, ես կոյր մըն եմ, ես կնկայ մազով հոր չեմ էջնար։ Ոտքի՛, դուռը կը շարժեն, ո՞վ է ան (Կը պոռայ)։

ԼՈՒՍԻԿ (Դուռը կը բանայ, աղջիկն է ներս մտնողը, տրտում, լացէն նոր դադրածի երեւոյթ, գլխիկոր) Աւելը բեր աղջի՛կս, աւելը բեր, բարձերը դուրէ, ան գաւաթը, ան վրձինը, ամէնն ալ իրենց տեղերը… ու մէյ մըն ալ փէշերդ ժողվէ որ ոտքերդ չի պլլուին։

(Աղջիկը փէշերու շնորհալի հանգրիճում մը բումբերը կ’երեւան)։

ՊԱՂՏԻԿ (Քթին տակ) Գործը հիմա լացի ձգեր են, կ’ուզէ աչուընուն թարթիչներն ալ փեճկռտեն, Պաղտիկ գիտէ թէ՝ ո՞րն է խաղողը, ո՞րն է մորմը (Նազլու կարկամ շարժումներով հաւքտուքները ընելու մէջ, կը լսէ հօրը անտանելի դրդրանքները)։ Աւլէ՛, ժողվէ՛, ըստըկցո՛ւր. Պատին ցիցերն ալ քաշէ՛, որ հետդ հերտկցնես։ Մայրդ ալ անանկ կ’ուզէ։

ԼՈՒՍԻԿ (Նազլու ձայն չի հաներ, իր զբաղումին կը հետեւի). Գործիդ նայէ ըսի, Նազլու, հոգի՛ս, «բանիդ մժղլիր [8] »։ Աս մարդը ցնդած ըսեմ, ցնդած չէ, անխելք ըսեմ՝ անխելք չէ։ Աստուած մեզի համբերանք տայ (Աղջիկը կը լմնցնէ գործը ու կ’երթայ)։

ՊԱՂՏԻԿ Համբերանքէն առաջ խելք տայ, ըսէ, խե՛լք, խե՛լք… կնիկ մը փլցնելու չէ… հէնց կրնայ հովով ալ փլցնել։

ԼՈՒՍԻԿ Ե՞ս։

ՊԱՂՏԻԿ Դո՛ւն, հա՛, դո՛ւն։ Այսչափ խօսքերէ վերջը չես թողուր որ քիչ մըն ալ սա չոր գլուխը խորհի (Ինքն իր գլխուն զարնելով ձեռքովը)։

ԼՈՒՍԻԿ Ես աղջիկս կը մտմտամ։

ՊԱՂՏԻԿ Անոր տղայ չի պակսիր։

ԼՈՒՍԻԿ Ըսէ՛ թէ խաղքութիւն չի պակսիր։

ՊԱՂՏԻԿ Ջդիկս [9] շարժեմ թէ չէ, հարիր հատը մէկտեղ կը ժողվեմ, հէմ տան վրայ պիտի բերեմ։

ԼՈՒՍԻԿ Որ տունը տորպակով տէրտ բերես։

ՊԱՂՏԻԿ Որբ տղայ մը, որ աչքը տունս բանայ։ Տունփեսան ամբողջ տունը պիտի արժէ։ Եթէ ես եմ որձը, աս տանը գլխաւորը, ես ասանկ կը խորհիմ։

ԼՈՒՍԻԿ Առա՞ջ ուր էր խելքդ։

ՊԱՂՏԻԿ Առաջ ալ հոս (մատով գլուխը ցուցնելով). բայց ա՜խ, կնի՛կ, նորէն մի՛ խառներ վէրքերս։

ԼՈՒՍԻԿ Աղջիկը ձեռքէ կը հանենք, դուն ֆարղին չես գացեր։

ՊԱՂՏԻԿ Ատի ան ատեն պիտի ըլլայ, երբ ես քու ըսածիդ հետեւիմ։

Տէրտէրը կը կանչեմ, ետ կը ղրկեմ նշանը, կը խալըսինք։ Առաջ ես իրեն պոչը կը հանկուրծեմ որ բանը դոր գայ։

ԼՈՒՍԻԿ Ես ատանկ չեմ մտածեր։

ՊԱՂՏԻԿ Ի՞նչպէս։

ԼՈՒՍԻԿ Տղան կրնայ ըլլիլ որ ետքը-ետքը իր մալին տէր գայ ըլլի։

ՊԱՂՏԻԿ Ալ ինչո՞ւդ պէտք որ թոնիրէն հաց մը հանելու համար ձեռքդ վառես։

Ես ալ, հակառակը, չառնելը կ’ուզեմ։ Շիտակն ալ աս էր։ Աղջկան քէֆը բերելու համար ես իմ վրանիս ցիցերը չեմ քաշեր։

ԼՈՒՍԻԿ Դո՛ւն գիտես (կեղծ հաւանութիւն)։

ՊԱՂՏԻԿ Աս օր ալ , վաղն ալ գիտցածս ահա։

ԼՈՒՍԻԿ (Յուսահատի թափթփունութիւն) Դո՛ւն գիտես, ըսի եա։

ՊԱՂՏԻԿ Հէմ տան-փեսայ ըսածդ քիչ մըն ալ ապուշ ըլլի նէ, աւելի աղէկ։

ԼՈՒՍԻԿ Էշ մը, հա՞։

ՊԱՂՏԻԿ Վերջապէս ես չեմ ուզեր որ տան մը փեսան տան մը տղէն էւէլ չափուի։ Աշխարհի վրայ ես ալ մէկ մը ունիմ։

ԼՈՒՍԻԿ Աղէկ որ աղջիկներդ ալ մատներէդ չեն կախուիր։ Երջանիկ ես։

ՊԱՂՏԻԿ Տէ՛հ, Լուսի՛կ, ես գործ ունիմ։ Քեզի հետ խօսողը պէտք է ճիշտ նոյն ատենը գետափը հասած ըլլի։

(Փութկոտ կը մեկնի դուրս)


[1]            Տրտմեր ես:

[2]            Աղջիկը կ’ակնարկէ:

[3]            Երեսին վրայ դաժանութիւն մը հագեր:

[4]            Իստակ, համարձակ խօսիր:

[5]            Սիսեռ շարելով բաղդ հայիլ, դէպքեր լուսաբանել:

[6]            Ագիիս տակը. ժողովրդական բառ:

[7]            Կինս ես ըսել է, բարձիս կէսը գրաւեր ես։

[8]            Գործիդ զբաղիր:

[9]            Ճկոյթ մատ: