Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱԶԼՈՒ (մինակ)

Երնէ՜կ քեզի, Նազլու, մայրդ գընաց որ Ասլըխանին մացառուտներուն մէջ պահուըտող խաղտուտը թակրդէ։ Ելաւ գնաց որ դէմի սարերէն փախ տուող հովը բռնէ, ամպերուն ծոցէն լուսունկան խլէ։

Մա՛յր, մա՛յր, եթէ իրաւ բան մըն էր ընելիքդ, ան թռչունը ետ դարձնելու համար, մարին առնէիր հետդ, հովն իր վազքէն արգիլելու համար, անոր դէմ աղջկանդ գոգնոցը բռնէիր, լուսնկան ձեռքիդ մէջ տեսնելու համար, արցունքս լեցնէիր տանէիր ափիդ մէջ։ Մայրս ահա ասչափ դժուար ճամբորդութեան ելաւ, ա՛լ ի՞նչ ցաւ ունիմ։ Դեռ եթէ ուզէր, տունէն դուրս ելլելու ատենը կրնար պատուիրել. «Նազլո՛ւ, աղջի՛կս, փէշերդ առած բոցերը դուն քեզի մարելու եղիր մէյ մը, ես դուրս երթամ ու գամ կրակդ մարիմ»։

Մայրս կրնար զիս այս յիմար սպասանքին մէջ ալ դնել։

Տարիներով համբերելէ ետքը, դեռ քիչ մըն ալ ձեռքս գօտիիս պիտի պահեմ որ Շահինին աղբրորդին «էտին դառնայ ու կրունկին հայի»։

Ինչո՞ւ հաւտայի այսպէս։ Հաւկիթին մէջ մազ փնտռող տղայ մը, ինչո՞ւ սպասէի։

Մայրս կ’ըսէ որ խելացի տղայ մը եղեր է ան, հը՜մմ։ Խելացին ա՞ն՝ որ՝ ձեռքին մարգրիտը կը ձգէ, չ’աժած [1] հլունին կը ծռի։

Ու նորէն բան մը չեմ ըսեր քեզի, Փառէն, քեզի բան մը չեմ ըսեր։ Գրած գիրերուդ հմայքը, հատ հատած ապսպրանքներուդ շարքը զիս յիմար մը ըրեր են արդէն։

Իմ սէրս առջի օրուանն է տակաւին, գայիր, ցոյց տայի քեզի թէ՝ կը նմանի՞ ան առտուան բացուած վարդին։ Գայիր աչքովդ տեսնէիր, մաքո՞ւր է ան, ինչպէս կաթը, ինչպէս ձիւնը։ Պզտիկ փոշեհատն ալ սեւ մը չերեւցներ։

Եթէ չպիտի գայիր, տղա՛յ, որ գոնէ դէմքդ, պատկերդ տեսնայի, դուն մէկ կողմ կենայիր որ ըսէի թէ՝ «ընողին չի մնայ, աս կրակը՝ ընողին բամպակին մէջ իյնայ, աս օձը՝ իր քածին, իր որձին ոտքը փաթթուի»։

(Կը ձգուի վարագոյրը)



[1]            Անարժէք: