Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՂՏԻԿ, ԼՈՒՍԻԿ, ՆԱԶԼՈՒ

ՊԱՂՏԻԿ (Յոգնած, սրտնեղ) Էօ՛ֆ, էօ՛ֆ։ Ջուր մը, աղջի՛կ (կռնակը բարձին վրայ ձգած՝ ֆէսը վար կ’առնէ, քրտինքը կը սրբէ։ Աղջիկը գաւաթով ջուր տալէ ետքը, դիմացը կը կայնի ու նոր հրամաններու կը սպասէ)։

Գուլպաներս (ոտքերը կ’երկնցնէ, որ աղջիկը գուլպան քաշէ)։

Վար անցնի ասանկ գործն ալ, վաստակն ալ, էօ՜ֆ։

ԼՈՒՍԻԿ (Զգուշաւոր մերձեցում դէպի էրիկը) Նեղուա՞ծ ես։ (Աղջիկը աս պահուն հօրը ոտքէն գուլպան քաշելու տեղ անոր գօտին քակելու շուարքի մը մէջ կ’իյնայ)։

ՊԱՂՏԻԿ Գուլպաս ըսի, չի՛ք (դաժան երես)։

ԼՈՒՍԻԿ Քը, խելքդ վրադ ըրէ, աղջի՛կ։

ՆԱԶԼՈՒ Ես գօտին հասկցայ, ի՞նչ գիտնամ (դէպի մայրը)։

ՊԱՂՏԻԿ Քաղաքը փիճ մը թէօրէմիշ եղեր է, մայր, աղջիկ չըլտուրմիշ ըրեր են։ (Բոլորտիքը դիտելէ ետքը) Աս ի՞նչ գաւաթ, աս ի՞նչ փոլատ, ո՞վ եկած էր։ (Նազլուն հօրը ոտքերը շփելու վիճակի մէջ)։ Նոր գուլպայ մը, հա՛յտէ։ Ո՞վ եկած էր, կ’ըսեմ, ձայն չելլար։

ԼՈՒՍԻԿ Տէր պապան, տէրտէրը։

ՊԱՂՏԻԿ Ես թող փուշ երթամ, կամնիմ, դուք հոս տունը շաքար ցանեցէք ճանճերուն առջեւ։ Ի՞նչ կ’ըսէր տէրտէրը։

ԼՈՒՍԻԿ Հի՛չ։

ՊԱՂՏԻԿ Հէլպէթ։

ԼՈՒՍԻԿ Եկեր, կը հասկցնէր որ փեսին քնթին հովը էջեր է։

ՊԱՂՏԻԿ (Գուլպան բերուած՝ ոտքը անցնելու ջանքեր)։ Փեսա՞ն ով է (կրքոտ)։

ԼՈՒՍԻԿ Հիմա դուն ալ աճայիպ եղար։

ՆԱԶԼՈՒ (Հայրը ակնարկելով) Նեղուած է մա՛յր։

ԼՈՒՍԻԿ Քը ես, ի՜նչ ըսի որ, աղջի՛կ։

ՊԱՂՏԻԿ Աներես շունէն ալ ցած ես։

ԼՈՒՍԻԿ Զհար ցած ըլլելուս համար է, որ ամէն օր, ամէն օր կը կոխկռտես։ Չեմ ալ սատկիր որ խալըսիմ։

ՊԱՂՏԻԿ Չըսի՞, չե՞մ ըսած քեզի որ ես ատ տղին աղջիկ տուող չեմ, չե՛մ, չե՛մ (ձեռքերը ծունկին կը զարնէ), չըսի՞, չի լսեցի՞ր։ Ամերիկայի մէջ չըրածը չէ մնացեր, պարտք բերեր է, հազար տեսակ աղտոտ պատմութիւններ բերեր է։ Աս մէկ (մատով կնկան գլխուն զարնելով). մտիկ ըրէ։

Միտքդ չէ՞ որ, աս գործին սկիզբներն ալ սխալ մը եղաւ ըսի, Շահինին տունը աղջիկ չպիտի տայի։ Ա՛ս երկուք (մատով երկրորդ հարուած մը կնկանը քունքին)։ Բայց դուն անամօթ մը, դուն սատանայ մը. ցորեկը չի կրցար նը, գիշերը բարձիս վրայէն գողցար խելքս ու տունս աւրեցիր։

Ըսէ (անգամ մըն ալ բութովն հարուած մը կնկանը քունքին), չի խոստովանեցա՞յ այսպէս, ու դեռ ինչե՜ր…

ՆԱԶԼՈՒ Ելիր քովէն, մա՛յր, ինչո՞ւ սիրտը կը հատցնես։

ԼՈՒՍԻԿ Ուրիշէն լեցուեր է, «իմ գլոխս կը հանէ»։

ՊԱՂՏԻԿ Դուն եթէ շնորհքով կնիկ ըլլէիր, բաները ասանկ չպիտի երթային։ Ամէնէն վերջը, շատ ետքը, աղջիկը տամ ըսի նը, ա՛լ բան չեմ տար։ Դուն չես գիտեր թէ՝ իմ գործերս մէկ օրէն միւսը ինչ փոփոխութիւններ կ’առնեն, քեզի կրնա՞մ նոր ցաւ պատմել։ Սրիկայ մըն ալ հոն Իզմիր ունինք, որ ալ բան չի թողուց ձեռքս։ Աղքատ, աղքատ, վաղը շլլիքէս կախուելիք տոպրակը դուն ինքդ պիտի կարես։ Հասկցա՞ր, հասկցա՞ր։

ԼՈՒՍԻԿ Հէլպէթ, տանը աւելն ալ տղիդ պոչը կապեցիր, տունդ դուն քու ձեռքովդ աւրեցիր, կնիկդ ի՞նչ ընէր, աղջիկդ ի՞նչ ընէր։

ՊԱՂՏԻԿ Չէ՜, խօսքը եթէ մար ու աղջիկ պիտի կտրեն-կապեն, անգամ մըն ալ ըսեմ՝ թէ ես գիտեմ ընելիքս, գիտեմ թէ՝ առաջ ո՛ր գլուխը պիտի կոտրտեմ։

ԼՈՒՍԻԿ Տէրտէրը երդումով կ’ըսէր որ տղան հիմա աղջիկը միայն կ’ուզէ։

ՊԱՂՏԻԿ Կ’ուզէ եա…

ԼՈՒՍԻԿ Երդումով կ’ըսէր։

ՊԱՂՏԻԿ (Հանդարտած) Ինքնիրե՞ն եկեր էր թէ՝ խրկեր էին։

ԼՈՒՍԻԿ Խրկեր էին, ինքնիրենը՝ ի՞նտոր։

ՊԱՂՏԻԿ Հարսնի՞քը։

ԼՈՒՍԻԿ Բան չ’ըսաւ (Խոնարհ պատասխաններ)։

ՊԱՂՏԻԿ Էֆէնտին շատ հարսնաւոր-մարսնաւորի գլոխ չունի ըսէիր։

ԼՈՒՍԻԿ Փեսին կնքահայրը, փեսին ազգականները միայն։

ՊԱՂՏԻԿ Հա՛…  այդչափ։ Դուն չես գիտեր գործերուս վիճակը (ոտքի ելած երթալու վրայ)։

ԼՈՒՍԻԿ Ո՞ւր հիմա։

ՊԱՂՏԻԿ Երթամ։ Հողեցի մը տեսայ, հաշիւ ունիմ, տեսնեմ ի՞նչ կ’ըսէ։

ԼՈՒՍԻԿ (Ետեւէն) Շուտ դարձիր, Նազլուն ասօր ուզած կերակուրդ եփեր է։

ՊԱՂՏԻԿ Աֆէրիմ, աֆէրիմ։ Շուն-շանորդիներուն տես, որ իմ վաստակս ինծի միւննէթ կը ծախեն։