Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇԱՀԻՆ, ՓԱՌԷՆ

ՇԱՀԻՆ (Անտարբեր դիրք). Յիսնակն [1] ալ կ’անցնի, մենք դեռ իրարու երես կը հայինք։

ՓԱՌԷՆ Ի՞նչ կար, հօրեղբար, (նոյնչափ անտարբեր)։

ՇԱՀԻՆ (Կը յօրանջէ). Թմբուկ մըն ալ մենք զարնէինք։

ՓԱՌԷՆ (Միայն ուսերը կը թօթուէ. լռութիւն)։

ՇԱՀԻՆ Գինին հաս է, կ’ըսէր մեր փեսայ Ծովիկը, տղան ալ հասուկ է։ (Երկու կողմէն պաղ երես. լռութիւն)։ Կը մտմտա՞ս։

ՓԱՌԷՆ (Գլուխը առջեւը միշտ, մատներովը տափատին երեսը ցցուած թել մը կը ձեռնէ). Է՜հ…  

ՇԱՀԻՆ Ամանաթը տուն բերէինք, հերիք էր։

ՓԱՌԷՆ Չեմ հասկնար։ (Աչքերը ձեղունին, դարձեկները (գերան) չափչփելու ձեւ մ’առած)։

ՇԱՀԻՆ Չե՞ս հասկնար։

ՓԱՌԷՆ Անանկ կը հասկնամ թէ՝ աս ձեղունը շինող վարպետը՝ ժամանակին կամ գինով է եղեր կամ խեղճը ձրի աշխատցուած։

ՇԱՀԻՆ (Ինքն ալ դէպի ձեղունը). Աղբարս, ողորմած հոգին բոլոր տանը մէջ միայն աս սենեակը կը սիրէր։

ՓԱՌԷՆ Հոն՝ (Ամերիկա) ի՛նչ շէնք, ի՛նչ վարպետ…

ՇԱՀԻՆ Անոնց դրամը, անոնց խելքը, Փառէ՛ն։

ՓԱՌԷՆ Ելլալու շաբթուս էր, Ուստրի մէջ տուն մը կը շինէին, բայց, տո՜ւն…  սխալ ըսի, տուն չէր, կարծեմ, նոր գործարան մը։

ՇԱՀԻՆ Ինչո՞ւ չընեն, ինչո՛ւ չի շինեն, երկիր մը ուր պուտ մը քրտինք բուռ մը ոսկի կ’արժէ։ Բայց աս չէր մեր ըսելիքը։

ՓԱՌԷՆ Ես քու կտրած ձմերուկիդ տեսակէն չեմ հասկնար, հօրաղբա՛ր [2] ։

ՇԱՀԻՆ Հարսնացուն տուն բերենք. ալ հերիք, (լուրջ)։

ՓԱՌԷՆ Ատչափ մը խօսքի համար, անչափ թուք կլլելու ինչ պէտք, հրաման մը, ու որսի շունը իր թաթերուն վրայ կ’ըլլայ (ինքն իր վրայ հեգնութիւն մը)։

ՇԱՀԻՆ Ըսել կ’ուզեմ, աղջկան ալ մեղք էր։

ՓԱՌԷՆ Հա, հու՜՜՜…  (անտարբեր բացագանչութիւն)։

ՇԱՀԻՆ Փառէն։

ՓԱՌԷՆ Հրամէ։

ՇԱՀԻՆ Տարիքս տարիքիդ երկու անգամն է, տղա՛ս, քառսունը անցուկ, քառսունը հինգին վրայ ալ պատուհան մը կը բանամ [3] ահա։

ՓԱՌԷՆ (Լուրջ նայուածք հօրեղբօրը երեսին). Հաւտայի՞ թէ՝ չէք գիտեր։

ՇԱՀԻՆ Ի՞նչ…  (շփոթած)։

ՓԱՌԷՆ Չէ՞ք յիշեր գրածնիդ։

ՇԱՀԻՆ Ո՛ր գրուածքդ, ի՛նչ է փնտռածդ։

ՓԱՌԷՆ Փառէ՛ն, աչքերդ լոյս, Փառէն, երկիր դարձիր, Փառէն, որ ա՛լ ի՞նչ գիտնամ…

ՇԱՀԻՆ Զարմանալի՜։

ՓԱՌԷՆ Ես խօշ ատ երկիրը արմատ բռնած ծառ չէի, հօրաղբա՛ր։

ՇԱՀԻՆ Ծառ չէիր, գիտեմ, բայց կ’երեւայ դուն ալ մեզի գրածներդ չես յիշեր։ Ի՞նչ…  դուն աղջիկ կը գրէիր մենք կո՞վ կը կարդայինք։

«Ձեր ուզածը իմ ուզածս, ձեր հաւնածը իմ հաւնածս»։

ՓԱՌԷՆ Հաւանութի՜ւն…

ՇԱՀԻՆ Բոլոր գրերդ ալ այդպէս, այո՛, միա՛յն, միա՛յն, Պաղտիկին աղջիկը, անունով ալ այսպէս, մականունով ալ այսպէս։ Ու դեռ չեմ յիշեր, ո՛ր ատեն, անգամ մը՝ մօրդ՝ անոր վրայ տեսած երազներդ գրեր էիր, ուրիշ անգամներ, հագած ֆիստընին ու չգիտեմ ինչին կտորուանքները։ Ասոնք ալ թղթատարով ուզած։

ՓԱՌԷՆ (Մտմտուքներու մէջ). Կրնայ ըլլալ (հեգնոտ)։

ՇԱՀԻՆ Հա՛, էն առաջ պատկերը ուզած էիր։

ՓԱՌԷՆ Անապատ, Աղթամար կ’երթամ, ատ աղջիկը չեմ առներ։

ՇԱՀԻՆ Պատճա՞ռ։

ՓԱՌԷՆ Չեմ գիտեր։

ՇԱՀԻՆ Չէ՞ որ աշխարհին առջեւ մեր անունն ալ մարդ գրեր են։

ՓԱՌԷՆ Համբաւ մըն է, որ քու հաշւուտ գրեր են, ինծի ի՛նչ։

ՇԱՀԻՆ Աղջի՞կն է չուզածդ։

ՓԱՌԷՆ Չես ձանձրանար նէ…

ՇԱՀԻՆ Բան մը լսե՞ր ես, ի՞նչպէս։

ՓԱՌԷՆ Լսեր եմ, ի՞նչպէս չէ։

ՇԱՀԻՆ Մօրդ հետ շատերն ալ տեսեր են, գիտեն, թէ՝ մարդուն աղջիկը նուշը կոտրեր, մէջէն հաներ են։

ՓԱՌԷՆ Ատքանն ալ իրաւ ըլլայ։

ՇԱՀԻՆ Ո՞րը սուտ, շատ ալ պարկեշտ։

ՓԱՌԷՆ Աղէկ ա՛։

ՇԱՀԻՆ Կարդալ գրելէ կը հասկնայ, շատ հիւներլի, քալելու ատեն, տանը սոները կը դողան [4] ։

ՓԱՌԷՆ Դեւերուն ձագտիքն ալ լեռը կը դողացնեն, (հեգնութիւն)։

ՇԱՀԻՆ Իրա՞ւ է որ մարդ ինքնիրենը սանկ Ադամորդու պիտի տիրանար։ Արեւուն նայէ, Փառէ՛ն, վեց տարի է։

ՓԱՌԷՆ Շաքար է կերածդ [5] գիտեմ, բայց չեմ առներ, հայերէն չե՞ս հասկնար ես անգղիերէն ալ գիտեմ։ (Հայելիին առաջքը փողկապը շիտկռտելէ ետքը հիւրանոցին ձախ դուռնէն կ’անցնի անդին)։



[1]            Տեղական հարսանիքներու շաբաթը։

[2]            Ես քու խօսքերէդ բան մը չեմ ըմբռներ։

[3]            Ըսել է քառասունը հինգ տարեկան կ’ըլլամ։

[4]            Առոյգին գաղափարը բացատրելու կերպ մը։

[5]            Անուշ կը խօսիս։