Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՇԱՀԻՆ, ՄԱՐԱՆ, ՓԱՌԷՆ

(Շահին ու Փառէն կրքոտ, բարձր խօսուըռտուքներով փողոցէն տուն կուգան կը մտնեն)

ՇԱՀԻՆ Չե՛մ ճանչնար, չե՛մ ճանչնար։ Գնա՛, գտի՛ր, խօսք առ, խօսք տո՛ւր ի՛նչ կ’ընես, ըրէ։ Աղբարս հողէն ելլայ գայ, չեմ ճանչնար։

ՓԱՌԷՆ Ես ո՞վ եմ որ…  իմ հայրս ո՞վ էր։

ՇԱՀԻՆ Դուն քուկդ ես, քու մօրդ ես, հայրդ աղբարս, դուն քեզ քու մօրդ հարցուր, ո՞վ ես։

ՄԱՐԱՆ (Ոտքի ելած՝ տագր ու տղայ դիմաւորելու վիճակով մը) Ինծի ըսէ, ինծի՛, ինծի՛, ի՛նչ որ ունիս, ինչ որ կ’ըսես պիտի ըսես, ինծի, իմ անունս տուր։

Հիմա ա՛լ տեղ չի գտար… տղուս գլուխը… ճամբուն մէջ կը ցեցկես։

ՓԱՌԷՆ Հօրս բաժինը, մօրս բաժինը, իմ բաժինս խանութին ապրանքէն մինչեւ տանը աւելը՝ մեր իրաւունքը, քնթիդ վերի դիէն պիտի հանեմ։

ՄԱՐԱՆ Խեղճ չօճուխս ոտքը երկիր դրաւ թէ չէ, չի թողիր որ հալալ ջուր անգամ խմէր։

ՓԱՌԷՆ Դեռ ես նշան տարուած ոսկիներն ալ իրմէն պիտի պահանջեմ։

ՇԱՀԻՆ Պահանջէ՜… (հեգնութիւն)։

ՓԱՌԷՆ Պահանջեմ պիտի, անանկ բաներ, որ մտքէդ ալ չեն անցնիր։

ՇԱՀԻՆ Պահանջէ՛… վերջն ալ ճրագ մը, ու գրպանդ բնտռէ։

ՓԱՌԷՆ Կը տեսնես վերջապէս։

ՄԱՐԱՆ Լռէ, Փառէն, լռէ։ Ձայնդ ցած հանէ դրացները կը լսեն։

ՇԱՀԻՆ Ան դրացները առաջ-առաջ իմ հաշիւներս պիտի լսեն, վերջը՝ Աստուած ալ անմեղ արընի մը հաշիւը պիտի լսէ։

ՓԱՌԷՆ Ի՞նչ ըրինք, ո՞վ մեռցուցեր ենք։

ՇԱՀԻՆ Դեռ խօսելու բերա՞ն ալ ունիս։

ՓԱՌԷՆ Բերան, քիթ, աչք, ականջ։ Փա՛ռք Աստծու։

ՇԱՀԻՆ Ատ երկրէն դարձողը, անխիղճ մը եթէ չըսուի, լիրբ՝ անպատճառ, բայց դուն երկուքը երեքը միացուցեր ես մէջդ։ Խեղճ աղջիկը կը մեռնի ահա։

ՄԱՐԱՆ Բարակ ցաւ առեր է կ’ըսեն։ Հէլպէթ։

ՇԱՀԻՆ Ձեզի հանդիպողը ցաւին հաստին բարակին ի՞նչ պէտք ունէր։ Ձեր հովն ալ հերիք չէ՞ր։

ՓԱՌԷՆ Քէ՞ֆդ բերէինք։

ՇԱՀԻՆ Դուք պատիւ ալ չունիք։

ՓԱՌԷՆ Քու ունեցածդ մերն ալ էր չէ՞։

ՇԱՀԻՆ Մարդուն կուշտէն հարիր, հարիր յիսուն ոսկիէն էւէլ դրամ շորթելէդ վերջը, մօտ տարի մը խաբել-խաբխբելէդ վերջը, աղջկան արընին պատճառ ըլլալէդ վերջը, թուք ունիս ու լեզուդ կը թրջես։

ՓԱՌԷՆ Մտիկ ըրէ՛, մտիկ։ Ես քու ձեռքովդ փախցուած դրամն է որ անգամ մըն ալ ետ առնելու կերպը գտայ։ Ի՞նչ ըսել կ’ուզես։ Եթէ պարապը վատնած թուքս էր մեղքցածդ, քու երեսդ կը թրջեմ։ Թո՜ւ… (թուքը մը դիմացինին)։

ՇԱՀԻՆ Սրիկա՛յ (յառաջացում դէպի Փառէն)։

ՓԱՌԷՆ (Լուսիկին հասցէին գրուած թուղթը հօրաղբօր աչքին դէմ բացած դողդղացող մատներով) Հոս կը ճանչնայի՞ր պատկերդ։ Սրիկայ մը ե՞ս, աղա հօրաղբար։ Քու գիրդ, քու թուղթդ, քու ստորագրութիւնդ։ Եւ գիտե՞ս որու հասցէին…

ՇԱՀԻՆ (Այլայլ մը եղած՝ Փառէնին ձեռքէն թուղթը կը խլէ, կը ճմռթկէ ու իր բերանը կը նետէ. կլլելու ջանքեր, խեղդռտւուքներ։ Աղբրորդուն քթին բերնին վրայ ուժգին բռունցքներ։ Մարան կը ճչէ կնկայ սուր ձայնով, դարակներէն ամաններ եւայլն կը թափին վար գէշ շառաչով մը) Պիտի սպաննեմ, պիտի սպան…նեմ, պիտի, դո՛ւրս, դո՛ւրս, տունէն դուրս, ա՛լ մի՛ կենաք, ա՛լ չեմ ուզեր, իմս է տունը, տէրն ես եմ։ Դո՛ւրս, դո՛ւրս…

(Շահին աս խօսքերը ըսելու ատեն կը զարնէ Փառէնին անխնայ ու զայն դուրս հրելու ճիգեր մը կ’ընէ։ Փառէն հարուածներուն կը պատասխանէ թէեւ, բայց վերապահութիւն մը կը ցուցնէ իր շարժնութեան մէջ ու շատ աւելի պոռոտ կերպով մը կը պոռայ միայն)։

ՓԱՌԷՆ Բաժինս… հօրս… բաժինը իմս, մօրս…

(Ապա յուզմունք, անիմաստ խօսքեր)։

ՄԱՐԱՆ Տղաս կ’սպաննեն, սպաննեցին, վա՛յ, Փառէ՜ն, առջիդ կոտրտիմ, Փառէ՛ն, Փառէ՛ն (նուաղում, գետին փռուած)։

ՓԱՌԷՆ Ու հիմա մայրս ալ կը տրորես, ապիրատ դուն։ Հօրս տունը քակել փակելէդ ետքը, մօրս դաւաճանը, աչքիս առջեւ մօրս դահիճը կ’ըլլա՜ս (Յարձակում հօրաղբօր վրայ, հարուածներու փոխանակութիւն երկու կողմէն)։

ՇԱՀԻՆ Այդ բոլորէն ետքը դեռ աս տունն ալ պիտի վառեմ, ձեզ ամէնքդ… ոչինչ ազատ… ոչ մէկդ ողջ… Հասկցիր, աղէկ հասկցիր, Շահին չի վախնար, Շահին ուսկէ՞ պիտի վախնար։

ՓԱՌԷՆ Գիտեմ, կը հաւտամ, չի վախնալուդ համար է որ տարիներու ընթացքին մէջ գաղտնի կեանք մը, պղծութիւն մը ետեւէդ քաշեր ես, չամչնալուդ համար է որ քու աղջիկդ քու աղբրորդուդ ծոցը տալ կ’ուզես։ Ալ ի՞նչ մնաց որ չի հասկցուէր, ի՞նչ մնաց, ո՞վ ունէիր որ մէկ ձեռքը կողքին վրայ ու միւսովն ալ ճակտիդ մուրը երկննար սրբել։

Պատռեցիր թուղթը, անանկ չէ՞, այն նամակը որ քու պատմութեան էն վերջին մասը կ’ամբողջացնէր, պատռելէդ ետքը կերար, կլլեցիր ալ. ի՞նչ… բայց իրողութի՞ւնը բայց իրա՞ւ է որ յայտնի սրիկայութիւն մը ու ասոր կենդանի հետեւանքը կարելի պիտի ըլլար կլլել, մարսել ու բերան սրբել։

Դեռ եթէ կ’ուշանաս ըմբռնել սվոնք, ան ատեն պիտի ապացուցանեմ ալ թէ՝ ամէն բանի հետ յիմար մըն ալ ես։ (Աչքը մօրը վրայ դարձուցած, անոր մօտը) Ե՛լ, մայր, վե՛ր ել, դուրս երթանք, դուրս, ուր որ ալ ըլլայ, թող կ’ուզէ դժոխքը ըլլայ։

(Մայրը սթափեցնելու ճիգեր)։

Մայրս ալ հա՞, անխիղճ վանտալ (Կը խոյանայ անգամ մըն ալ հօրաղբօր վրայ. հարուածներ)։ Մա՜յրս ալ, մայրս ալ։ Երթամ, արդարութեան դիմեմ, երթամ բոլիսը, ոստիկանը…

(Դուրս կը ցատկէ ու կ’երթայ որ կառավարութեան դուռը գանգատի մը ձեռնարկէ)։

ՇԱՀԻՆ Գնա՛, բայց գիտցիր որ Շահին բանէ մըն ալ չի վախնար։