Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՓԱՌԷՆ, ՆԱԶԼՈՒ (առանձին)

ԼՈՒՍԻԿ (ետքը)

(Աղջիկը մօրը զօրաւոր ստիպումովը՝ նշանածին քով կը դառնայ։ Պահ մը երկու կողմէն խպնոտ լռութիւն։ Աս ատեն Լուսիկ դրան ետեւը անոնց խօսուըռտուքը մտիկ ընելու վիճակի մէջ)։

ՓԱՌԷՆ Մայրդ ո՞ւր…  (Անխօս, ամչցողի կեցուածք)։

Հո՞ս է գնաց…

Տիկին Լուսիա ինչո՞ւ հեռացաւ, օրիորդ։

ՆԱԶԼՈՒ (Ակնկոր, մեղմ ձայն) Չեմ գիտեր։

ՓԱՌԷՆ Չէ՛ք գիտեր։

ՆԱԶԼՈՒ Ըսաւ որ համբերէք (շատ փափկանկատ)։

ՓԱՌԷՆ Է՛, ինչո՞ւ գնաց, ի՞նչ…

ՆԱԶԼՈՒ Չեմ գիտեր…  կուգայ հիմա։

ԼՈՒՍԻԿ (Դրան ետեւէն) Խեղճ մէսըմիս, պիլպուլ լեզուն պուկն [1] է կպեր։

ՓԱՌԷՆ Ի՞նչ է քու գիտցածդ հապա, Նազլո՛ւ (քովը մօտենալով ձեռքովը շոյանք մը նշանածին երեսին)։

ՆԱԶԼՈՒ (Նազոտ) Ես բան մը չեմ գիտեր, ես ո՞վ եմ որ…

ՓԱՌԷՆ (Քծինք) Քեզի համր կը կարծէի։

ՆԱԶԼՈՒ Համր չեմ, ինչո՞ւ։ Լեզու ունիմ, սիրտ ունիմ, բախտ չունիմ։

ՓԱՌԷՆ Աղէ՛կ, աղէ՛կ։ Աղուոր կը խօսիս։

ՆԱԶԼՈՒ Հերիք է որ հոգիս է զիս խօսեցնողը (ախ մը). ես ինծի վարժութիւն ըրեր եմ որ աղուոր խօսիլ գիտնամ… Դուն նորէն «էնկայ աջխները [2] » կ’ուզես։

ՓԱՌԷՆ (Բիրտ խնդուք մը) Ես քեզի ալ կ’ուզեմ։

ԼՈՒՍԻԿ (Դրան ետեւէն) Հա՛, եա, Ասլըխանին քածն ալ կ’ուզէիր, բան մըլ Ասլըխանը…  ան ալ կ’ուզէիր։

ՆԱԶԼՈՒ (Մօրը վերջին խօսքը ականջն հասած) Ասլըխանին աղջիկն ալ կ’ուզես։

ՓԱՌԷՆ Կ’ուզեմ, միշտ կ’ուզեմ։ Խե՜ղճ աղջիկ։ Ամերիկա ըլլէիր որ գիտնայիր թէ՝ ի՛նչ է աղջիկը, ի՛նչ է տղան, ի՛նչ է ուզելը ի՛նչ է չուզելը։ Աղջիկի մը հետ կը կապուիս, մարդ բան չըսեր, ծնողքն ալ իրաւունք չունին ըսելու։ Վերջն ալ, է՜հ, չեկաւ գործիդ կամ փողոցդ փոխէ, կամ քաղաքդ։

ՆԱԶԼՈՒ (Նազոտ) Զհար ատոր համար էր որ ասքան տարի քաղաքդ էիր փոխեր։

ՓԱՌԷՆ Հը՛, հը՛, հը՛։

ՆԱԶԼՈՒ (Սրտոտ յուզմունք) Երկիրը ոտք դնելէդ ասդին ալ դեռ աս օր կը նայիս էտիդ։ Ի՞նչ էի ըրեր քեզի, ի՞նչ էր իմ մեղքս։

ՓԱՌԷՆ Ինծի նայիր, Նազլո՛ւ, զիս լսէ։

ՆԱԶԼՈՒ Ես քեզի համար, երկինք չի հայեցայ որ արեւ չի տեսնամ, գետին չի հայեցայ որ էլին կոխած-անցած ճանբան չի տեսնամ։

ՓԱՌԷՆ Դուն չե՞ս հաւտար որ քեզի հետ է իմ հոգիս։

ՆԱԶԼՈՒ Իմ հոգիս հապա՜։ Քու ձայնդ հովերուն բերնէն լսեցի, քու տեսքդ ջրերուն երեսը բնտռեցի, իրկունը ճրագը մարեցաւ, բոլոր գիշերը քեզ բնտռեցի, երազներս քու վրայ, սիրտս քու վրայ, հոգիս հաւատքս քու վրայ։ Գիշերնե՜րը… ու քանի՞ տարի այսպէս։

ՓԱՌԷՆ Բայց… չէ… կրնամ վստահացնել որ… (կափկափում)։

ՆԱԶԼՈՒ Ըսէ՛, ըսէ՛։ Ալ չպիտի ամչնամ, ալ չպիտի պահեմ։ Ես ի՞նչ ըրեր եմ քեզի, յանցանքս ի՞նչ, ո՞ր ատեն, ի՞նչ կերպով։ Ըսի՞ր որ չի հասկցայ թէ՝ հենց միտքէդ անցուցիր որ չի կռահեցի, զալըմ տղա՛ (փըղձկում)։

ՓԱՌԷՆ Դուն, ճշմարիտ կ’ըսեմ որ զիս չես հասկցեր, աղջիկ (ձայնը ընկճած տրորիչ ազդեցութեան տակ)։ Ի՞նչ ըսել կ’ուզես։

ՆԱԶԼՈՒ Ես իմ ճակտիս գրին դէմ է որ կը գանկտիմ. ես իմ հօրս ըրածին վրայ է որ կ’ըսեմ։

ՓԱՌԷՆ Աղէկ որ գիտցեր ես ահա։ Երդում կ’ընեմ որ ատ ցածմիտ մարդուն, ատ հօրդ ըրածէն է որ ցաւցեր եմ։ Քեզ՝ դուն կը մտածե՞ս թէ՝ ի՞նչ վիճակի մէջ անպատուած մը, որբ մը ձգեց։ Հողը, ջուրը տղային, հարստութիւնը տղային, ամէն բան ու միայն տղային։ Ասո՞ր ինչ կ’ըսէիր։

Հա՞յր մըն է թէ՞ գէշ կովռծուծ մը ան։

Այդքան ալ մի՛ մեղդրեր զիս, սիրելի՛ս, ես ալ մարդ եմ, ես ալ սրտի տէր, զգացումի տէր մարդ մը։

ՆԱԶԼՈՒ Ատոր մէջ ես ի՞նչ ունէի…

ՓԱՌԷՆ Դուն շատ բան ունէիր, որ ալ հիմա անունն ալ չպիտի գիտնաս։

ՆԱԶԼՈՒ Ան ալ ատ հօրս առջեւ…

ՓԱՌԷՆ Ատ հօրդ առջեւ, այո՛, իրաւունքդ էր։

ՆԱԶԼՈՒ Մայրս շատ բաներ ըրաւ… է՜հ, ալ ի՛նչ գիտնամ։

ՓԱՌԷՆ Հըմ՜մ՜մ՜… Չէ նը ես ալ մարդ եմ, ես ալ… Բայց դուն ինծի մոռցիր որ երթայ ըսէ. «Անցածը յիշողը մատը ծամեր է»։ Շիտակ չէ՞։ (Լռութիւն պահ մը)։ Գրածներս չե՞ս կորսնցուցեր։

ՆԱԶԼՈՒ Բարձիս մէջ բոլորն ալ։

ՓԱՌԷՆ Ես ալ քուկիններդ պահեր էի, բայց ջուրը ինկան։

ՆԱԶԼՈՒ Ողջ գալդ ինծի…

ՓԱՌԷՆ Կը սպասէի՞ր…  շա՞տ։ (Նազլու կը լռէ) Կը սիրես ալ կը յուսամ։

ՆԱԶԼՈՒ Ծծկե՞ր մը կը խտխտցնես (կիսատ ժպիտ)։

ՓԱՌԷՆ (Լիրբ ծիծաղ մը) Հա՛, հա՛, հա՛, հա։ Շնորհակալ եմ։ Բայց ամէնքը չես ըսեր։ (Նազլուէն լռութիւն)։ Կը սիրես, գիտեմ, օլրայթ։

ՆԱԶԼՈՒ (Գլուխը մեղմով մը նշանածին կուրծքին մօտեցնելով, կը մնայ այսպէս վայրկեան մը, երկու կողմէն անխօս սիրուըտուք, երկուքն ալ ոտքի վրայ)։ Աս ալ իմ ձեռքէս ընդունէ (Նշանածին ձեռքը նախշուն քսակ մը կը թխմէ, մէջ բաներ մը)։

ՓԱՌԷՆ Պէտք ալ չիկայ ատոր, բայց կ’ընես… Ամէն օր ալ չէ նը, շաբաթը անգամ մը անպատճառ պիտի գամ։

Հայրդ չեմ սիրեր։

ՆԱԶԼՈՒ Ան հոս չէ միշտ։

ՓԱՌԷՆ Թող կ’ուզէ ըլլի ալ, ես վարդը առեր, փուշը նետեր եմ։ Ի՞նչ ըսիր։

ՆԱԶԼՈՒ Ինծի՞ կը հարցնես։

ՓԱՌԷՆ Քեզի հետս պիտի տանեմ (լռութիւն)։

Չե՞ս գար (լռութիւն)։

Աշխարհ, երկիր տեսնես, մարդ տեսնես։

Քեզի հո՞ս ձգեմ անկարելի է…

ՆԱԶԼՈՒ Աս տարի շատ գացին (դէպի Ամերիկա)։

ՓԱՌԷՆ Մենք ալ, մենք ալ։

ՆԱԶԼՈՒ Մար-խաթո՞ւնն ալ, Շահին աղա՞ն ալ։

ՓԱՌԷՆ Կուգան նէ, անոնք ալ… բայց քեզ անպատճառ։

ՆԱԶԼՈՒ Իմ խօսքս չէ, ո՞վ գիտէ։

ՓԱՌԷՆ (Նշանածին մազերը շփելով) Օր մը գամ սըվոնց ձեւը փոխեմ, աս ի՞նչ պոչ, աս ի՞նչ տգեղութիւն։ Հոն օղ ալ չեն գործածեր։

Աս ասեղը, տե՛ս, ի՛նչ աղուոր կը վայլէ (Նշանածին կուրծքը զարդասեղ մը կը կպցնէ ձեռքովը. համբոյրներ Նազլուի երեսներէն. կամչնայ աղջիկը, քիչ մը ետ քաշուելու ձեւ մը կ’ընէ, բայց չի փախիր)։

Սքանչելի՛, հիանալի՛… (Զարդասեղին յարմարութիւնը կ’ակնարկէ)։

Հոն սովորութիւն է որ շրթունք կը ծծուըռտան։ Երթամ, Նազլո՛ւ, երթամ, քանի կենամ քովդ կարօտս կ’արթննայ, հնհնուքը սրտիս կը զարնէ։ Հերիք չէ՞ ասօրուան համար։

ՆԱԶԼՈՒ Կ’երթաս նը, կամաց…

ՓԱՌԷՆ Ի՞նչպէս (լռութիւն)։

ՆԱԶԼՈՒ Թող մայրս գայ։

(Աս խօսքին վրայ, մայրը ներս կը մտնէ, ձեռքը քանի մը խնձոր բռնած)։

ԼՈՒՍԻԿ Աս մէկը Մար-խաթունին բարեւ, մէկն ալ Շահին աղային. Փառէն ինչո՞ւ կ’արտօրաս, ես գացի թէյ մը բերեմ (Խնձոր մըն ալ կը հանէ գօտիէն ու կուտայ փեսին)։ Աս մէկն ալ Մար-խաթունին, ըսէ որ հարսնցուդ ձեռքդ կը պագնէ, աչքերդ կը լուսէ։ Ասանկ չի պիտի ըլլէր, ամմա, է՛հ, աս ալ կ’անցնի։ Էֆէնտիին հետ իշալլա մենք ալ…

ՓԱՌԷՆ (Քրքիջ) Շատ աղէկ, բարի, հազար բարի։

ԼՈՒՍԻԿ Չի նստար որ թէյ մը…

ՓԱՌԷՆ Կ’ուզէք որ ամէն բան աս օր վերջանայ։

ԼՈՒՍԻԿ Ֆայիզն ալ կար, չէ՞ (Քրքիջներ)։

ՓԱՌԷՆ Շնորհակալ եմ, ժամադրութիւն ունիմ։

ԼՈՒՍԻԿ Ալ տունը ճանչցար ա։

ՓԱՌԷՆ Միշտ ամչցուցիք, տիկին, մնաք բարի, մնաք բարի (Նախ նշանածին, յետոյ զոքանչին ձեռքերը թօթուելով)։

ԼՈՒՍԻԿ Բարի եկաք, բարեւ ըրէք, հատ-հատ բարեւ ըրէք։



[1]            Կոկորդ:

[2]            Այնտեղի աղջիկները Ամերիկայի աղջիկները: