Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

 

ՓԱՌԷՆ (մինակ վայրկեան մը)

(Զոքանչին տուածները գրպանէն կը հանէ, հարեւանցի մը ձեռքին մէջ շրջմրջելէ յետոյ, կը պահէ զոքանչն երեւնալէ առաջ)։

Սքանչելի՜… (Մատնին անգամ մըն ալ հետաքրքիր դիտելու վիճակի մէջ) Բայց ուսկէ՞, ի՞նչ հանելուկ։ Լսուած էր որ զոքանչին ձեռքը փեսին ծոցը կը շէնցնէ, բայց աս կերպը, ասանկ…  խելքի չի պառկիր։ Էրիկը գիտէ՞ր, կամ թէ՝ յիմարը ե՞ս եղայ, որ հօրաղբօրս նամակը քովս պահեցի։ Ըսել է, ան նամակն ալ կարդար նէ, հիմա «տունը կռնակս պիտի կապէր»։ Հանելո՛ւկ, հանելո՛ւկ։ Բայց…  ուրիշ կասկած մը չըլլա՞յ որ աս ինծի տուածները հօրաղբօրմէս ապշոպածներէն…  ը՛ն…  հոգիս ալ անանկ կը վկայէ, հէմ ճշմարիտ որ կրնայ ըլլալ։ Բայց աղուոր է։ Մայրս կ’ըսէր թէ՝ տունը բան չի թողուց, Լուսիկին փէշը լեցուց։

Արդարութիւն չկայ կ’ըսեն ինտո՛ր չէ։ Անկէ խլուածը, աս կերպով ինքնին իմ ձեռքս կ’իյնայ։ Շիտակն ալ աս չէ՞ր մի։ «Մրջիւնին ամբարածը, կ’ըսեն, շատ հեղ մուկը կ’աղայ»։

Նազլուն ալ կ’առնեմ…  (Վայրկեան մը մտահոգ) կ’առնեմ, ինչո՞ւ չէ։ Թող գայ տեսնենք։