Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹՈՐԻԿ, ԼՈՒՍԻԿ

ԹՈՐԻԿ (Շնչասպառ)։ Ո՜ւր է էֆէնտին, Հանը՛մ։

ԼՈՒՍԻԿ Նոր դուրս ելաւ, Թորի՛կ խէ՞ր է։

ԹՈՐԻԿ Ասօր էֆէնտիին քէսէն բանալ պիտի տամ, հանը՛մ, փոխեցի միտքս։ Ամերիկա ի՞նչ ունիմ։ Հարս մըն է։

ԼՈՒՍԻԿ Էֆէնտիին դիմելու ատենդ չես կրցեր որոշել, Թորի՛կ։

ԹՈՐԻԿ Նոր հարս մը, էրկանը մեռնիլը երկու տարի չըներ։ Շատ մալ ունի։

ԼՈՒՍԻԿ Չի փախցնէիր։ Աղկէ՞կ է։

ԹՈՐԻԿ Աղկէկ է, շա՛տ աղկէկ։ Քսան ոսկի պէտք էր, հինգը հարսին, չորսը մօրը, մնացածը հարսնիքին։

ԼՈՒՍԻԿ Մեծ պահք էր, չէ՞։

ԹՈՐԻԿ Ատ է մինակ, որ մէջքս կը կոտրէ, միայն ատ արգելքը։ Բայց էֆէնտիին սայայէն ատոր ալ ճարը կը գտնէինք։ Կամ ան է որ հարսը տուն կը բերեմ, պսակը առաջին պսակին կը մնար, կամ չէ նը, պատուելիին թէմէննա մը, կը լմննար։ Պսակը ժողովարանը, մկրտութիւնը ժամը։

ԼՈՒՍԻԿ Մեղք չէ՞ր։

ԹՈՐԻԿ Մեղքը տէրտէրուն ճիտը, էւէլցածն ալ վարդապետին։ Մեծ պահքին ինչո՞ւ պսակ չըլլուիր։

ԼՈՒՍԻԿ Անանկ է նը, դուն մէյ մը էֆէնտին տես, ան աղէկ է վարդապետին հետ։

ԹՈՐԻԿ Մնաց որ էֆէնտին առաջ-առաջ դրամը կարգադրէր։

ԼՈՒՍԻԿ Աս օրերը նեղութիւն ունի, կը վախնամ։

ԹՈՐԻԿ Աստուած էօմիւր տայ, ան ուզէ նը քարը կը ծլցնէ։

ԼՈՒՍԻԿ Է՛հ, տես մէյ մը։ Առնելիք կնիկդ զաւակ-մաւա՞կ։

ԹՈՐԻԿ Բան չունի։

ԼՈՒՍԻԿ Զհար մեզի ալ հարսնիք տի կանչե՞ս։

ԹՈՐԻԿ Դուք մեր տո՞ւնը կը մտնէք։

ԼՈՒՍԻԿ Փորձէ՛, հասկցիր։

ԹՈՐԻԿ Գլխուս վրայ, հանը՛մ. բայց դուք ալ իմ մուրազս փորս թողիք։

ԼՈՒՍԻԿ Ինտո՛ր։

ԹՈՐԻԿ Պատրաստուեր էի որ ես ալ ձեր հարսնիքին գամ, դուք կարծեմ «ջրոտ պոռացիք» [1] ։ Փառէն անցագրի ետեւ կը պտտի։

ԼՈՒՍԻԿ Ո՞ւր երթալու (ցնցում)։

ԹՈՐԻԿ Կամ Ամերիկա կամ Եգիպտոս։

ԼՈՒՍԻԿ Ուսկէ՞ հասկցար (այլայլած)։

ԹՈՐԻԿ Շահին աղայէն զատուեր է, ըսին, մօրը հետ պիտի երթայ։ Խաթրդ չի մնայ, հանը՛մ, խլլոտ խխունջի մը հանդիպեր էիք։

ԼՈՒՍԻԿ Սո՛ւս, սո՛ւս, սո՛ւս (մատը բերնին)։

ԹՈՐԻԿ Աստուած խըսմէթ չէ ըրեր ըսել է, մտմտալու ալ չի գար։ Աս է շատերուն զարմանքը թէ՝ մեծ շէնլիքի մը մէջ դուք ալ մէկ տուն մը, մէկ տղայ մը առիք ճանչցաք։ Ասչափ տարի ինչո՞ւ սպասէիք։

ԼՈՒՍԻԿ Խապարը քովդ է եղե՜ր, աֆէրի՜մ։

ԹՈՐԻԿ Բերանս մի՛ բնտռեր, հանը՛մ։

ԼՈՒՍԻԿ Դուն մեր հացով-ջրով մեծցեր ես մեր տղան ես։

ԹՈՐԻԿ Գիտեմ թէ՝ այնպէս է։ Վեց-եօթը ամիսէն Աստուծով վերջին մանղըրն ալ տեղը չեմ թողուր, կը ստկեմ պարտքս։ Հարսը շատ մալով է։

ԼՈՒՍԻԿ Ատ աղէկ, ուրի՞շ։

ԹՈՐԻԿ Գէշ լեզու, գէշ բերաններ, մտիկ մի՛ ըներ։

ԼՈՒՍԻԿ Երկու խօսք գոնէ։

ԹՈՐԻԿ Կ’ամչցնես, խաթո՛ւն, խօսք տուր որ դուն ալ էֆէնտիին իմ խնդիրքս լսցնես։

ԼՈՒՍԻԿ Աւելորդ չէ՞ ըսածդ։

ԹՈՐԻԿ Բայց միշտ հաւտա որ կը խպնիմ, ի՞նչպէս պատմեմ։ Անանկ խօսքեր, անանկ բաներ կը պտուտքին օդին մէջ, որ արեւը կը բռնեն։ Մէկը ես եմ նը, չեմ հաւտար։

ԼՈՒՍԻԿ Ես ալ քիչ մը իմացեր եմ արդէն։

ԹՈՐԻԿ Կա որ փեսան կը ցնծխտեն [2], ուրիշներ Շահին աղային ու քեզի համար կ’ըսեն։ Ալ էֆէնտին ալ խաչը…

ԼՈՒՍԻԿ Շահինին վրա՛յ ինչ։

ԹՈՐԻԿ Մառցի՛ր, հանըմ, մառցի՛ր, մառցի՛ր, մեծերուն պատմութեան կէսը ջուր է, կէսն ալ հով, ա՛լ մնացածը չեմ գիտեր։ Ինծի ու ուրիշին համա՞ր ինչու լեզու չեն սրեր (Թորիկ կը շիտկուի երթալ)։

ԼՈՒՍԻԿ Սպասէ վայրկեան մը, տղա՛յ, դուն տան զաւակ ես ըսի, ան Շահին աղան կամ մեր փեսան տեսնաս նէ, շուտով մը հոս խրկէ. չպիտի մառնաս։

Բեր սա թելը մատդ կապեմ որ միտքդ մնայ (թել մը անոր ցուցամատը կը փաթթէ որ չի մոռնայ պատուիրուածը)։

ԹՈՐԻԿ Բայց դուն ալ իմ խնդիրքս։ Ըսէ էֆէնտիին թէ՝ վեց ամիս ալ չպիտի քշէ։

ԼՈՒՍԻԿ Աղէ՛կ, աղէ՛կ, բարի երթաս։



[1]            Ոճ մը կարգ, կանոնը մոռցաք ըսել է:

[2]            Քաշքշել, քննադատել: