Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԾԵՐՈՒԿԸ Արե՛ւը, արե՛ւը, արե՛ւը (Լռութիւն):

ՄԱԿԱՐ Բարի լոյս, բարի լոյս:

ԾԵՐՈՒԿԸ Չէ՛, սխալ չեմ եկած, նոյն լեռը, նոյն քաղաքը, նոյն լեռան քաղքին արեւն ու արեւմարը ահա, (հեւք, ընդհատում): Միայն թէ պատկերին տարօրինակ փոփոխութիւնը հոգիիս ոլորքը քակեց: Ի՞նչ անցած ըլլար, սա գեղեցիկ հովտին վրայէն ի՛նչ հովեր փչած ըլլային:

ՄԱԿԱՐ Բարի լոյս, ծերո՛ւկ, ո՞վ էք, ո՞ր սահմաններէն:

ԾԵՐՈՒԿԸ (Մարմնի ցաւատանջ գալարիքներ, գլուխը ճոկանին կռթնցուցած՝ կը նստի, մտախոհ վիճակ միշտ, լռութիւն): Ոտքերուս տակ, արօրի ու մանգաղի կոտրտած շերտեր տեսայ, տեղ տեղ, գետինը խառնտեղն ու պոզ խոտը կը ծածկէին, ցամքած առուակներու եզերքը ոսկորներ ամէն կողմ, լքուած սպանդարան մը յիշեցնող: Ճանբուն վրայ Եզեկիէլեան դաշտ մը տեսայ…

ՄԱԿԱՐ Մեզի նայեցէք, ծերո՛ւկ, ո՞վ էք, ի՞նչ կ՚ըսէիք, ի՞նչ էր բնտռածնիդ:

ԾԵՐՈՒԿԸ (Դեռ իր խօսքին թելը չի կտրելով). Մոլորուածի շեղում մը ճամբուս վրայէն, աչքս ալ խբէի, միշտ միեւնոյնը, ամէն կողմ շրջուած գերեզմաննոցի մը պատկերը կ՚ըլլայ տեսածս: Ի՞նչ ուրական անցած ըլլար ան սքանչելի հովտէն:

ՄԱԿԱՐ Ուսկէ՞ կուգայիք, մա՛րդ, չէ՞ք լսեր (ուժգին ձայն):

ԾԵՐՈՒԿԸ Մեռածներու աշխարհքէն կուգամ, տղա՛ս, շատ տարիներէ ի վեր հեռացող մը աս տեղէն, պատահում մըն էր այս, եկայ, որ շնորհք մը խնդրեմ: Ձեր պապերուն վերջին կայքէն Կայարանէն կուգամ:

ՄԱԿԱՐ Խեւ մը չէ ասիկա, ի՞նչ ըսել, (մէկ կողմ):

ԾԵՐՈԻԿԸ Կայարանին մէկ տմոյն խորշը ինծի ալ բաժին հանուած՝ անտանելի վիճակ մը կար հոն, ա՛լ չէի կրնար դիմանալ:

ՄԱԿԱՐ Տէր ողորմեա՜… (զարմանք ու վախ):

ԾԵՐՈՒԿԸ Հոն ինծի պէս շատեր ալ կային, մեծ բազմութիւն աշխարհքէն հեռացողներու, անոնց ստուերը միայն, անվերջ գիշերի մը մռայլը կը խտացնէր:

ՄԱԿԱՐ Ձեզի սիրով մտիկ պիտի ընենք, եթէ պատմութեան յետին մանրամասնութիւնն ալ չուզէք մոռնալ:

ԾԵՐՈՒԿԸ Ցորեկը արեւ չկար, գիշերն ալ լուսնկայ ու աստղեր չկային, միայն ատեն ատեն, խուսափուկ բոց փայլակ մը մեր գլխին վերեւէն, ահաբեկ՝ երբեմն՝ ատ երեւոյթը կը դիտէինք:

ՄԱԿԱՐ Այն երեւոյթը ճիշտ, որ հոս մեր ամպերուն վրայ կը տեսնենք, չէ՞:

ԾԵՐՈՒԿԸ Ո՛չ, ո՛չ, բոլորովին տարբեր ու սահմռկելի երեւոյթ մը: Արնգոն ու շառայլ փայլակներ երբ յանկարծ օձիկ օձիկ ու անծիր արահետներ կը բանային անհուն հեռաւորութեան մը վրայ ու կը վերջանային չես գիտեր ո՛ւր, այն պահուն, ինծի հետ եղողները կայարանին մէջ, «Աստուած է, կ՚ըսէին, որ իր հրեղէն կառքը նստած՝ մեծ երկինքին պարապութիւնը շէնցնող լուսահոգի արդարներուն աչք լոյսի այցելութեան կ՚երթայ»:

ՄԱԿԱՐ (Սարսռացում) Խոստովանիմ եւ հաւատամ, խոստովանիմ եւ հաւատամ, էրնէ՜կ քեզի ու աչքերուդ, բարի՛ ծերուկ:

ԾԵՐՈԻԿԸ Ատանկ ալ մի՛ ըսեր, տղա՛ս, կար ժամանակ, որ ասկէ բաժնուողները կիրակմուտքի մթնշաղերուն, ետեւնին դարձած՝ կուգային իրենց երդիքներուն վրայ, վարը արծարծող խնկածուխ մը կը հոտուըտային, կարօտի ողջագուրումներով իրարու մընէ փափաքնին կ՚առնէին, ատ առիթով մեռնողին ու մնացողին մէջ անուշ մխիթարութիւն մը կը խաղար, հիմա սակայն, դուք աղէք կը հասկնայիք եղածը:

ՄԱԿԱՐ (Գլխի տատանումով) Հը՜մ… (խորունկէն):

ԾԵՐՈՒԿԸ Ան ատենէն ի վեր, որ անտեսուած է աս սովորութիւնը, ու շատ մը աս տեսակ աղւոր սովորոյթներ, անդէնին ասդէնին առնչութիւնն ալ մոռցուած է: Աս հետեւանքով եւրեւակայել յուսահատ դրութիւնը այն ողորմելիներուն, որ գերեզմանէն անդին երկինքը իրենց անմատչելի կը մնայ, երկրի վրայ ալ իրենցինները տեսնելու ակնկալիքը չիկայ: Այս զրկումն ահա անոնց բուն իսկ մահը, էն ահաւոր մահը եղած է:

ՄԱԿԱՐ (Լուրջ, գլխիկոր) Շա՛տ ստոյգ, շատ իրաւացի, մեր ողորմած հոգի Տ. Մինասն ալ ատանկ կ՚ըսէր, բայց դեռ չըսիք թէ՝ ի՞նչ կ՚ըսէին ձեզի հոս, քանի՞ տարի ապրեցաք, շատը ետքի պատմութիւն կը թողուք:

ԾԵՐՈԻԿԸ Շարուր-Աւագ կ՚ըսէին ինծի, տղա՛ս, շատ հետաքրքրասէր կ՚երեւաս, 90-95 տարիի արեւ մը ապրեցայ, կ՚ուզէի դեռ քիչ մըն ալ ապրիլ, որովհետեւ աս արեւէն ու կապոյտէն մարդ չի ձանձրանար, աս ձեր թռչուններու երգէն ու կանանչին թովանքէն, մարդ՝ ըլլայ մահամերձ մը՝ երբեք չի կշտանար: Քիչ մըն ալ կը փափաքէի ապրիլ, բայց ալ ցամքեր էր պատրոյգը, գարունին կեանքոտ շունչին հետ, մօրս ծիծն ալ քմէի հետեւանք չէր ունենար:

ՄԱԿԱՐ Կրնայի՞ք քիչ մը բան ըսել ձեր աս տեղէն մեկնելու պարագաներուն վրայ:

ԾԵՐՈՒԿԸ Երկու տարատեսիլ ոգիներ, գիշերի դէմքով, որոնք խօսելու ատեննին, վիրաւոր աղուէսի մը հիւանդ կեղերջը կը հանէին, շունի ցռուկով, ու թեւերնին ալ անգղի փետուրներով ծածկուած, անմիջական անձնատուութիւն պահանջեցին, կ՚ըլլա՞ր, որ չի համակերպէի, քայքայուած ծեր մը՝ որ թռչունի շունչով իր վայրկեանները կը համրէր:

ՄԱԿԱՐ Լացողներու ձա՞յն, կո՞ծ:

ԾԵՐՈՒԿԸ Իմ մահս, իմ ետեւէս, ո՞վ լար:

ՄԱԿԱՐ Ազգականի պէս, բարեկամ դէմքեր գոնէ՛:

ԾԵՐՈՒԿԸ Ընտանիքէս սեպուածներուն շատը ինէ առաջ հեռացեր էին, մնացածներուն ալ օտար կը ճանչցուէի, լսեցի ձայն մը, այո՛, դրացի կնկան մը ճիչն էր ան:

ՄԱԿԱՐ Այդ կինը ի՞նչ ունէր, սխալ չէ՞ք ըսեր:

ԾԵՐՈԻԿԸ Այդ կինը, այդ անսիրտ քածին ոռնումը, ա՜խ:

ՄԱԿԱՐ Շատ կը հետաքրքրէք, Հա՛յր Շարուր:

ԾԵՐՈԻԿԸ Վայգուժ ատ կնկան գէշ ձայնը, որ կրակէ անէծք մըն էր, հրաշէ՛կ գամի մը թափովը անցաւ հոգիէս ու գնաց գերեզմանէս ալ անդին նոյնքան սոսկալի հնոց մը ստեղծեց:

ՄԱԿԱՐ Բայց դուք նախ Կայարանին մէջ ըլլալնիդ կ՚ըսէիք:

ԾԵՐՈԻԿԸ Կեանքիս մէջ, որովհետեւ, օր մը, մոլորուած ճամբորդ մը հիւրընկալելու պատեհութիւնն էի ունեցեր, ամենակարճ ժամանակի մը համար, կայարան մնալու շնորհքը եղաւ ինծի, որ ան կնկան անէծքը չէզոքացնող արդարացում մը գտնեմ, պահանջ նոյնպէս որ՝ աստեղէն բարի վկայութիւններ բերել տամ ու ճակտիս լուսապսակ մը ընեմ:

ՄԱԿԱՐ Ետքը ի՞նչ:

ԾԵՐՈՒԿԸ Քսանըհինգ-երեսուն տարի համբերանքով ո՛րեւէ նպաստաւոր ակնարկ չի հասաւ ետեւէս. բանի չի դրուեցան իմ խոստովանածներս, աս կողմէն ալ ստէպ սպասածիս հակառակը կը հասնէր:

ՄԱԿԱՐ Տեղին վրայ, մա՞րդ մը գոնէ…

ԾԵՐՈՒԿԸ Կը հասկնամ, կը հասկնամ ըսածդ, բայց անոնք բոլորն ալ «Շարուր, սեւերես դատապարտուա՜ծ մը» կը պոռային: Ի՞նչ էր բնտռածդ, ա՛ տղաս, երբ գիտնայիր որ հոն առաջ իմ հայրս էր ինծի դէմ ակռայ կոտրտողը, բայց հիմա ժամանակս կարճ է, ոտքերս կը դողան, զիս երկար մի՛ խօսեցներ:

ՄԱԿԱՐ Երկու խօսք ան դրացի կնկան վրայ միայն:

ԾԵՐՈԻԿԸ Մի՛ տար անոր անունը, ցաւերս մի՛ քրքրեր, յոգներ եմ, քունն աչքերէս կը թափի:

ՄԱԿԱՐ Կա՛րճ, կա՛րճ, երկու խօսք միայն:

ԾԵՐՈԻԿԸ Դրացի կինը, անունն ի՞նչ պէտք աղջկութեան ատենը սէր ձգեր է աղբրորդիիս, աղբրորդիս ինքն ալ ատ տեսակ բան մը աղջկան համար կը պահէր։

ՄԱԿԱՐ Է՜:

ԾԵՐՈՒԿԸ Շարուր-Աւագ՝ քաղքի մը տանտէրը, կրնա՞ր իր ընտանիքին պատիւը արատաւորող դէպք մը մարսել: Աղբօրս տղան Ատանա ղրկեցի, մեռաւ հոն, աղջիկն ալ հրաման ըրի հօրը, որ գեղ մը քշէ, կարգէ հոն ու փակուի խնդիրը, ըսի ու եղաւ ըսածիս պէս, վերջը իմ ուզածս չէր որ եղաւ:

ՄԱԿԱՐ Ի՞նչպէս:

ԾԵՐՈԻԿԸ Գեղ քշուած քածը, մէկ-երկու տարիէն քաղաք կը դառնայ, մեռած էր էրիկը, ըսին որ՝ կնիկէն մեռցուէր է, հայրը զինք տուն չընդունեց, դռուընին մնաց, մուրացիկ մը, որ ձեռքն անցուցածը փողոցին մէջ կ՚ուտէր ու կը կերցնէր իր երկու որբերուն: Ատ այրին էր, որ զիս տեսնելուն փրփուր բերնով, վրաս կը յարձակէր, ու շատ հեղ կատաղութենէն գլխուն մազերը ծուիկ-ծուիկ գետին կը բերէր: Վերջին անգամ անոր անէծքն էր, որ ականջս այրեց:

ՄԱԿԱՐ Այսչա՞փ:

ԾԵՐՈԻԿԸ Այսչափ, այո՛, ու ասիկա սակայն, երկրի վրայ իմ գործածներուս ահռելին հռչակուեցաւ, բայց իմ վայրկեաններս հաշուուած են ըսի, եթէ ուշ դառնամ, կարելի է աւելի գէշ տեղ մը դառնամ:

ՄԱԿԱՐ Զարմանալի յայտարարութիւններ կ՚ընէք, մա՛րդ, բայց տակաւին անծանօթ կը թողուք այն պարագան, որ ձեզ հոս խրկեր է:

ԾԵՐՈԻԿԸ Մնային ատոնք առայժմ, սիրելի՛ս, բարի եղէք ու ինծի քանի մը ուրիշներ կանչեցէք:

ՄԱԿԱՐ Ո՞վ, ո՞վ կը ճանչնայիք, եթէ ուրիշ ըսելիք ունիք, ու իրաւ որ կարեւոր էր, ինծի ըսէք նախ, ես ալ տեղացի մըն եմ:

ԾԵՐՈԻԿԸ Գնա՛, կանչէ՛, որոնք որ կը պատահին, դիմացդ կարելի է ծանօթներ ալ պիտի ելլեն, վերջը հարկաւ քեզ ալ… (Դուրս կ՚ելլեն):

ՄԱԿԱՐ Երթամ, երթամ, վերջը կարելի է, պիտի իմանանք եղածը: