Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գիւղացի կնկուկ մը, դեռ ոչ այնքան առաջացած տարիքով, վերջին մըն ալ, դուրս եկած իր բնակարանէն, գեղի ծերուկ վարժապետին կը դիմէ խնդրելու համար, որ այս վերջինը անգամ մըն ալ բարութիւնը ընէ իր խարիպ տղուն հասցէին նամակ մը գրելով: Վարժապետը ամէն բան ու նաեւ քարտուղարը բոլոր գեղին, իր այս կարգի ծառայութիւններուն փոխարէն կ՚ընդունի երբեմն իրեն դիմողներէն շիշ մը օղի, թարմ հաւկիթ, ծխախոտ կամ ինչ որ իր պահանջին տեսակը կ՚ըլլայ:

Դպրոցին մէջ, առջեւը փոքրիկ գզրոց մը, ասոր վրայ հինձեւ կաղամար մը (տիվիթ) ու թղթեղէններ: Իրիկնապահ, դպրոցը արձակուած՝ վարժապետէն ու աս կնիկէն զատ ա՛լ ուրիշ չերեւնար:

Բարեւներու ու կարգ մը նախաբան խօսուըռտուքներու փոխանակութենէն յետոյ:

Կուլ[իկ]. Ալ թուղթէն բարեւէն ալ վազ անցանք տէ, պազի եկողներուն հետ է՛ն տեսակ փուշ ու տատաշ ապսպրանքներ կ՚ընէ որ թա՛ հոգուս տակը կարիճի խէթուածք կ՚իմնամ: Ես կարիճ կ՚ըսեմ, դուն տահա էւելը հասկցիր: Բայց ես նորէն կ՚ըսեմ օր Աստուած շնորհք տայ իրեն, ի՛նչ ընել, էլ էլէմը ինտոր կը խորհէր որ, անիծել վո՞վ, ի՛նչ բան, մարդ կուզէ՞ որ ինք իր ճիկէրը փրցնէ, տեղէն հանէ ու ակռային տակ ձգէ, չէ, ես նորէն կ՚ըսիմ թէ Աստուած շնորհք տայ իրեն, թող ողջ մնայ, թող անունս ըլ չիտայ կ՚ուզէ: Ես ամէն ժամ մտնալուս է՛ն առջի աղօթքս իրեն համար կ՚ընիմ, ես մինչեւ հիմա իմ տղիս համար մէր ապրեր իմ մորմ չիմ ապրեր: Դուն գրէ հիմա…։

Վարժ[ապետ]. (Աչքը ակնոց, մտիկ ընողի դիրք ու ծունկին վրայ ալ գրելիքը բռնած): Գրիմ, ա խուզում, գրիմ ամմա… քիչ մը դուն ալ իմ ըսածս լսէ որ միշտ կրկներ իմ, միշտ ես նոյն մտքին վրայ կը մնամ թէ՝ քարին վրայ էջած արզեւները շատ շատ հոն միայն մամուռ կը բուսցնեն, ես շատոնց արդէն հասկցեր իմ, որ քու տղուդ սիրտը քարէն ալ ժիր է, ի՛նչ պարապ յոգնութիւն… թէեւ ես կը գրիմ՝ ըսի, չիմ մերժեր, ինչպէս մինչեւ օրս չիմ մերժեր, բայց չէ՞ որ հետեւանքն ալ խորհելու է: Հրամմէ հիմա, իշտէ գիր, իշտէ գրիչ…։

Կուլ[իկ]. (Գոգնոցին տակէն շիշ մը օղի հանելով վարժապետին մէկ կողմը կը տեղաւորէ): Էս անգամ է՛ն տեսակ խէլէմ մի խաղցուր, որ թա՛ ճիկէրը բանի:

Վարժ[ապետ]. Թա պէօկրէկը տի բանեցնեմ. (գլուխը թուղթին պատրաստ գրելու բռնած):

Կուլ[իկ]. Հրամանքէդ էս ըլ իրիճա կ՚էնիմ որ թպխի իմ ըսածներս գրես:

Վարժ[ապետ]. Էտոր ի՞նչ շիւպհէ (գրիչը թուղթին վրայ շարժման մէջ) թըպխի է՛ս անգամ հոգուդ ֆօթօկրաֆը տի քաշիմ. դուն սանկ շուտ մը ըսելիքդ պատրաստ բերնիդ քնճիկը բռնէ:

Կուլ[իկ]. Գրէ, վարժապետ, առաջ առաջ սըւի գրէ թէ…

Վարժ[ապետ]. Ըսէ՛, քորս, ըսէ՛, ըսէ՛, մի պահեր, մի պահուիր, հէմ սանկ քիչ մըն ալ տինճ բռնէ ինքզինքդ:

Կուլ[իկ]. (Թաշկինակ մը աչքին բան մը կը սրբէ). Է՛ն առաջ սըւի գրէ թէ Կարապետ, եավրուս, դուռ դրացի մօրդ ու բոլոր աշխրքին ցաւերը զատ զատ կշիռքի առին տէ՝ մօրդ ցաւերը, լեռ մի էւել գտան: Ըսէ՛, ինտո՛ր, ինչպէս, չիմ կրնար ըսիլ, ուզիմ ըսել, լեզուս չի կրնար…

Դադար, դէմինը արագ արագ գրիչը խօսեցնելու մէջ:

Վարժ[ապետ]. Դուն շարունակելու եղիր:

Կուլ[իկ]. Ո՞ւր մնաց խօսքդ, ըսէ, տղաս, ի՛նտոր կը մոռնաս, որ երթալու տարիիդ էն առջի օրերը, ես է՛ս աւուր պէս կը յիշեմ թէ Թամարենց էգիին պիլպիլը էօթմիշ կ՚ըլլէիր, դեռ պիտի ըսեմ թէ էնկէ ըլ էւել աղկեկ բաներ կախեցիր անկճիս: Գիր գրի վրայ, էն ի՜նչ խօսքեր, Կարապետս, է՛ն ի՜նչ մեղր ու շէքէր խօսքեր «Մէր, անուշիկ մէր, կը գրէիր, աշխրքին վրայ մէկ օր ալ ունենամ նը ումէտ Աստուած, ումէտ եղիր, որ էն մէկ օրը անպատճառ քու գլխուդ լուսնայ պիտի ու քու ոտքերուդ ալ իրիկուն պիտի ըլլի»։

Էն ատենը էսպէս կը գրէր իմ տղաս:

Վարժ[ապետ]. Գրեցի, շուտով ուրիշ մը դուն… (Առանց գաւաթի նա կողմի շիշը վեր առած բերանին մէյ մը): Աս քուկդ շատ եաման է, Կուլիկ թամ քաղքի կ՚ըսեն սըւոր, պրաւօ… (Ետեւէն սիկար մըն ալ արծարծելով):

Կուլ[իկ]. Խմողաց անուշ ըլլի, անուշ հրամմեցիր, մեր լուսահոգուն խմածէն է, մախսուս հրամանքիդ համար կը պահիմ քիչ մը:

Վարժ[ապետ]. Աֆէրիմ, էվալլա, դուն խօսքիդ դարձիր:

Կուլ[իկ]. Ինք դեռ հոս եղած ատենը մեզի կը հաւտցնէր, թէ հոն հասնիմ թէ չէ, է՛ն առջի գործս կէնիշկէկ խաշլըխ մը հօրս որ մէկ կողմէն պարտկնտէրերուն գերութենէն ազատի կ՚ըսէր, մէկալ կողմէն ըլ մէկ քանի արտ ու էգի ձեռք բերուի որ խեղճ հայրը իր վերջի օրերուն, էլին դուռը մաշած թի ու բայ չըլլի: Դուն ըլ գիտես թէ, վարժապետ, էլին դուռը չարչարուողը անճախ օր էլին ճրագն է շէնցուցեր, մեր ողորմած հոգին ըլ զաթի ամէն օր էս տէրտովը կ՚աղնծուէր, դուն ախըր աղէկ կը հասկնաս մտքիսը…

Վարժ[ապետ]. Կը հասկնամ, Կուլիկ, իրաւ են էդ խօսքերդ տէ, բայց այդ բոլորը ուրիշ ատեններ գրուած պիտի ըլլան կարծեմ, դուն նոր մը ըսէ: Գրեցի, խօսելու եղիր:

Կուլ[իկ]. Նորն ըլ գիտես զաթի, հոգիս, դուն ըլ չե՞ս գիտեր, որ հօրը մեռնիլը դեռ մինչեւ օրս չենք գրեր իրեն, հրամանքդ էլմով մի՝ էս անգամ սը սեւ խապարն ըլ իմացուր իրեն որ սեւ մտմտուքը տեսակ մը վերնայ մէջտեղէն. թող տղաս ինքն ըլ գիտնայ թէ մենք հոս ամէն օր միշտ, ամէն օր սեւ հաւուն կանչն ունինք անկըճնուս մէջ, միայն՝ ինտոր ըսի, էն չէշիտ շուրութով մի գրէ որ՝ հէմ մէկ կողմէն լալու ըլլի, հէմ ըլ անպատճառ խորհիլը բռնէ թէ՝ ալ պունտան պէօյլէ տուն մի տեղով իր ումէտին մնացանք, զիս ըլ չի խորհիր նը թող բարէ իր կնկան ու չօճուխին խորհի ու շահելու ըլլի:

Իմ տալս փրթաւ ահա. ես գետինը ընկայ, թող զիս ալ մեռած հասկնայ:

Գրէ՛, վարժապետ, նոր կ՚ուզէիր նը էս նորն ալ գրէ:

Վարժ[ապետ]. (Օղիին շիշը հեղ մըն ալ բերանին). Քանի՞ ամիս կ՚ընէ որ նամակ մամակ չի գրեր:

Կուլ[իկ]. Էս Վարդավառն որ գայ, լման տարի մը կ՚ընէ. եօթ-ութը տարի կայ որ միշտ զաթի էս կէտիշովը կ՚երթայ, է՛ն ըլ կը լսիմ թէ քրորդուս զօրովը կը գրէ եղեր: Ա՜խ, պատուելի, Կուլիկ ի՜նչ տէրտ որ չունի…

Վարժ[ապետ]. Գրիմ, խուզո՛ւմ, գրիմ, իրաւ որ քու տէրտդ աշխարհքը չունի:

Կուլ[իկ]. Ինչե՜ր, ինչե՜ր ուրիշ: Օր մը հօրը զատ ինծի զատ՝ կը գրէր, թէ դուք միայն աղօթելու եղէք, որ նը չար գազանը սատկի, մէկ օր առաջ սատկի, որ հեշտ երկիր դառնանք: Երկիրն ըլ սանկ քիչ շատ մարդու յարմար, մարդու բնակուելիք խաղաղ բոն բրշակներ գտնանք: Ո՞ւր է հապա, իմ տղաս ինք ըլ չի գիտեր, որ էն գազանը հիմա դժողքին օռթա տիպը, ինք զէտ դժողք մի կ՚ապրի: Գազանը ալ չիկայ մէջտեղը, բայց նորէն առջի օրուան լացով է, որ մազերնին ծունկերնուն կը փետտեն: Հիմա աւելի շատ կ՚երթան, փեթակէն պարս տուող մեղուներուն պէս կ՚երթան հիմա ալ:

Վարժ[ապետ]. Անցածները ո՞վ էր, կ՚ըսէր, թէ Ծովենց Գոհարը իր մէկ հատիկ տղան, դեռ 16ն ու 17ն ալ չէր լմնցուցեր, դռան դուրս հանելէ վերջ, խենթ դարձեր վրէն գլուխը կը բզքտէ. Տէրն ինք այցելէ:

Կուլ[իկ]. Հապա էն հարսներունը չես ըսեր, վարժապետ, ի՞նչ վիճակ էնոնք ըլ, ինչ անասում ցաւերու մէջ:

Կայ որ եօթը տարի, կայ որ տասը տարի, տասնհինգ տարի կղպուած դուռներուն էտին կծկտած կը հալին, կը հատնին ինտոր որ քամգոլ [1] հովերուն տակ տէնէրին ձոնը կը հալի: Ու զարմանքն հոն, որ տուն չիկայ առանց էս վիճակին, կամ ալ չի մնաց մէկը, որ իր փէշն ու գոգնոցը սը կրակներէն բռնուած չի տեսնայ: Ես օր գիտեմ բոլոր գեղն է էս բոցերուն մէջ:

Ես մէկը կը ճանչնամ, որ ամէն ախ քաշելուն, թոնրի պէս հաց կ՚եփի բերնին մէջ. թոնիր, հացի փուռ, ամէն կուրծք, ամէն բերան:

Վարժ[ապետ]. Ախըր որ բերան յիշեցիր, մէյ մըն ալ թող իմ բերանս կրակեմ, Կուլիկ (շիշը հեղ մըն ալ բերանին): Ես ալ ունիմ էտ բոցէն, իմ ներսս ալ կրակ, ինտոր ըսէի որ… (դէպի քովինը քծնող նայուածքներ կարծես):

Կուլ[իկ]. Էտպէս մի ըսեր, էտպէս մի ըսեր, էն տինճ մարդը կայ նը, դուն ես էս գեղին մէջ, հէմ դուն պէտք է ամէն օր երկու ծունկ էւէլ աղօթես, որ զաւակ չունիս, հոգու կտոր ու հոգու ցաւ չունիս:

Վարժ[ապետ]. Ինչո՞ւ կը մոռնաս ըսել, թէ կնիկ ալ չունիս (սիկար մը պլլելու սկսած):

Կուլ[իկ]. Ալ էտ տարիքիդ մէջ… մեղա՜յ… ալ ունքերդ պիլէ խաչի [2] խճէճի են փոխուեր:

Վարժ[ապետ]. Քու ողորմած հոգուտ վրայ քանի՞ տարի էւէլ կարծես:

Կուլ[իկ]. Մոռցիր, մեղա՛յ ըսէ, ըսի:

Վարժ[ապետ]. Ամմա տէ խալթ կ՚ընես հա՛… Տարիքը առած, թթենին, ընկոզի ծառը ա՛լ պտուղ չե՞ն տար ըսել է. գեղին աղբիրը քանի՞ տարուան ծեր է, որ դեռ նորէն առջի օրուան պէս ջուր կուտայ, գուզիս, բայց դուն գիտեմ, չես հասկնար էսոնք, հէմ էս ըսելէս ալ փիւշման եղայ, դուն, հայտէ, քու խօսքդ գուտ նորէն:

Ըսէ՛, երկար եղաւ արդէն, ուրիշ մըն ալ որ անով փակենք:

Կուլ[իկ]. Դուն էս անգամ գրէ թէ՝ ալ հերիք առնես կենաս, կօշիկ թոթուէ ու մէկ սէթ առէնջ երկիր դարձիր, հայրդ՝ կարօտէն երբ կը մեռնէր, է՛ն ետքի պահուն պատկերիդ վրայ հայեցաւ ու աւանդեց, աւանդելէ առաջ ալ լացաւ ու աղաչեց որ պատկերդ հետը՝ աչքերուն վրայ, էնպէս իջեցնենք հողը: Ճիշտ էսպէս գրէ:

Վարժ[ապետ]. Գրեցի, ուրիշ մը պատրաստ…

Կուլ[իկ]. Վերջին խօսքն ալ սըւի եղաւ թէ՝ էմէկս էն ատեն հէլալ կ՚ընեմ տղիս, թէ որ երկիր դառնայ ու օճախէս մուխ հանէ, թէ որ իր մէրը հոգայ ու իրեններով պարտակ պատուաւոր մարդ ապրի, թէ որ Հայ ապրի ու հայ կրօնքով ապրի: Ողորմած հոգուն է՛ն ետքի խօսքերը էսոնք դուն մէ՛կ, մէ՛կ, էսոնք ալ գրէ:

Վարժ[ապետ]. Պէլի՛հ, պէլի՛հ, ատոնք ալ եղաւ:

Կուլ[իկ]. Հա՛, խէլէմ մըլ սըւոր համար զարկ թէ պարտկընտէրերուն մէկը դռնէն ելլայ նը, մէկն ըլ երդիքէն կ՚էջնայ, ու ամէն ատեն քարէ կարկուտ կ՚էջնայ գլուխնուս, ա՛լ չի դիմացուիր:

Վարժ[ապետ]. Կայ ութը ամիս որ տնուիս միս չէ մտեր, բանճարէն զատ ալ ուրիշ ծամ ծամելիք չի մտաւ բերուընիս, թոռս, շատ անգամ, երբ ուրիշ պիսեկներուն [3] ձեռքը պանիրի շերտ մը կը տեսնայ ու կուգայ դէմս էն տղին կերածը կը պատմէ, հոգիիս ոլորքը կը քակուի: Գիտեմ ի՛նչ կ՚ըլլի պզտիկիս հասկցուցածը, ու ես յուսահատ չի հասկնալ կը ձեւացնեմ:

Վարժ[ապետ]. Գրեցի հէմ քու ըսածէտ ալ շատ աղուոր ահա:

Կուլ[իկ]. Երեք տարի կայ, որ հարսը սայքի բոպիկ կ’ոլրտի, մէկ հատ կօշիկ ունինք, որ հարս ու կեսուր փոխնիփոխ ոտքերնիս կ՚անցընենք, կօշիկ որ ալ մատներուս ծէրերը կը բռնէ չի բռներ: Եկո տես, որ առջի օրը ինտոր եղաւ երբ տեսանք որ քընծ իշու ըղունկը շատ ծռեր չորցեր է, քիչ մը ձէթ քսեցանք տակը վրան, մէկ ըլ ի՛նչ տեսնայ աչուիս Նազարին շունը բերնին մէջ առեր ճիկէրի պէս կը կրծէր, հիմա երկուքս ալ տէվէի ոտքով կ՚ոլրտինք:

Խեղճ, ամէն բանով ալ խեղճ, իշտէ Աշուն, ահա էռղէս կը կղպուի երբ կը տեսնեմ թէ մրջունն օր մրջուն է, շէն բոն մի կը շենցընէ, գրէ՛, վարժապետ, դուն շիփ շիտակ իմ ըսածներս գրէ:

Վարժ[ապետ]. (Քիթը միշտ կախ թուղթին վրայ, արագ արագ գրելու մէջ): Լմնցաւ, ուրիշ մը շարունակէ:

Կուլ[իկ]. Չարտախին [4] ետեւի պատը վերէն վար ճեղքեր՝ առաջքն օր չառնուի անպատճառ մենծ փորձանք մը գլխնուս, կրակ տան առիքին մէջտեղի գերանն ըլ պիսպիթիւն վար կախուեր է, հիմա վրայէն կատու պիլէ չի կրնար անցնիլ։

Վարժ[ապետ]. Գրեցի:

Կուլ[իկ]. Իրէք օր էռէնջ աղային մեծ տղան՝ Ալին՝ գիշերանց տնուիս մտաւ, հարսին սնտուկին մէջ քուրջ պիլէ չի թողուց սրբեց տարաւ, հարսին օլսուն խաթ մը լաթցու ճամբէ, իմ ըլ իշտէ կ՚երուայ հալս, ալ աչքերս առանց կէօզլիկի չեն տեսնար:

Վարժ[ապետ]. Գրեցի, թող կէօզլիկ մըն ալ ինծի խրկէ:

Կուլ[իկ]. Էճէլէ էճէլէ մէջքիս ճիպար մի խրկէ, չօճուխին ըլ զոյգ մը փոթին ժմնցնէ, ա՛լ մենք մերն ըլ հոս կ’ույտուրմիշենք: Հա՛, սըւի հէչ չի մոռնաս օր Հաճի Պէկը սիկառի քէհրիպալ թախըմ մի կ՚ուզէ, չի խրկէ նը, ինք գիտէ, կ՚ըսէ: Տէրտէրն ըլ իրենը կ’ուզէ, չօճուխին մկրտութեան փարան հէչ չի մառնար, չէ մառցեր, կ’ուզէ ու կ’ուզէ: Մնացածն ալ զաթի հրամանքդ գիտէիր, վարժապետ, է՛ս անգամ թող սը մէկն ըլ հասկցնես օր ինքն ալ ճար ճամբայ մի գտնայ, հարսը սկսեր է գլուխը պատէ պատ կը զենէ, ա՛լ չիմ համբերեր, կ՚ըսէ, տասը տարին կը մօտենայ, տասը տարի, ու ես տասը օր իրարու վրայ չեմ խնտացեր, կ՚ըսէ, էրիկ ունիմ նը էն չէշիտ խորիմ, չունիմ թէ որ, էնոր կէօրէյի ապրիմ:

Եա չէ նը ջրհոր մը երթամ նետուիմ, գրէ, հոգիս, ուրուրը զաթի հաւ ու հաւձագ կը բնտռէ, է՛ն օր գէլ է, էն ըլ գիշեր թէ ցորեկ իր աւը կը բնտռէ, է՛ս կէտը յատուկ դուն քու ուզածիդ պէս գրէ, մենծունաց խօսք է, որ ըսեր են թէ դէմ չի կեցուիր ոչ է՛ն քարին, որ լեռն ի վար կը գլտորուի, ոչ է՛ն կնկան, որ տունէն դուրս կը փախի:

(Վարժապետը թող այս մէկն ալ իր գրածին վերջամաս ընելու ճիգին մէջ գտնուի):

Օրեր վերջը, արտասահմանեան այս պարոնին պատասխանը ահա.

«Տիկի՛ն, Ձեզի հետ եղող նա միւս կնոջ հետ, որ հարս կ՚անուանէք, աշխատեցէք դուք ձեզի համար օգնել ու օգնուիլ: Ինքնօգնութեան դասը այս լուսաւորուած երկրին մէջ, այսպես կ’սկսի, այսպէս կը վերջանայ.

“Help Yourself. (???)

 

«Հայ գրականութիւն», 1913



[1] Հրավառ։

[2]            Խաչի տօնէն բամպակի բացուած խոզակները շատ ճերմակ կ՚ըլլան դեռ վրանին անձրեւ չիջած։

[3]            Պիսէկ հասակակից։ Ականջը խօսի Պ. Սրմաքէշխանլեանին որ մեր բառերը խրթին ու լեզուն ալ անհաւասար կը գտնայ ծանօթ գրական ասուլիսի այն ինչ մէկ վայրկեանին։ Եւ այս, կը կարծեմ, դատաստան մը իբր անոր հետեւանք իբր ես յաճախ թող տուած եմ որ գաւառահայը կամ գիւղացին իր իսկ բառերովը ու ոճովը յայտնուի, ինծի միայն երբեմն խնամք մը պահելով որ պատկերը չի գռեհկանայ շատ։

[4]            Բաց տանիք։