ՀԻՒԱՆԴԸ
—
Գացի՞ն
եկողները,
տղաքս.
գացի՞ն
բոլորն
ալ.
էհ,
ալ
չիմ
գիտեր
թէ
դուք
ըլ
հաւնա՞ք
ըրածիս։
ԿԻՆԸ
—
Անոնք
հաւնէին
ըլ
նը
ես
չպիտի
հաւնիմ.
աղէկ
ա,
ես
ըլ
սըչափ
տարուայ
կնիկ
մի,
ես
ըլ
խեղճ
էկսուկէթիկ
մը…
ՀԱՄԲԱՐՁ
—
Ես
հէչ
չի
հաւնայ.
ըսել
է
կ’ուզես
օր
մեռնելէդ
վերջը
սալթ
պաթթալ
ջաղացք
մի
ըլլի
էս
տունը,
աղէկ
ա՛։
ՀԻՒԱՆԴԸ
—
(Դէպի
կինը).
Անոնք
չեն
գիտեր
ըսածնին
կնիկ,
չեն
գիտեր,
դուն
ըլ
չես
գիտեր.
էլի
դուն
էլ
մէկալներն
ըլ
կանչէ
որ
քովս
գան.
կը
մեռնի՜մ
իրաւ
որ
կը
մեռնիմ,
հիմա…
ԿԻՆԸ
—
Վո՞վ
կանչիմ,
ինչո՞ւ
կանչիմ…
ՀԻՒԱՆԴԸ
—
Հարսներս,
թոռներս,
փեսաներս…
մուխէննէթներ
ըսէ,
հէչ
դուք
խիղճ
չունէք
մի,
ինսաֆ
մարդավարութիւն
չունէ՞ք
մի։
ԿԻՆԸ
—
Հարսները
մէրանցնուն
են
հերտըկեր,
մէկալներն
ըլ
վո՞վ
գիտէ
ուր
են։
ՀԱՄԲԱՐՁ
—
Հըլէ
ինչ
որ
տ’ըսես
նը
քովդ
եղողներուն
ըսէ
անգամ
մի։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Իրաւ
է
եա
հա՛յր.
դուն
հէմի
մեզի
ըսէիր
ըսելիքներդ։
ՀԻՒԱՆԴԸ
—
Դուք
իմ
ճան
ճիկէրներս
էք
զաթի
ինչ
ունիմ
չունիմ
ձերն
է
զաթի,
աս
խօսքս
ալ
չի
հասկնալ
մի
ընէք։
Հայրերնիդ
իրաւ
իրաւ
որ
պէմուրատ
կը
մեռցունէք.
ա՜խ,
դուն
ելիր,
կնիկ,
դուն
խօսք
հասկցիր։
ԿԻՆԸ
—
Բան
չես
ըլլիր
չես,
ադչափ
ըլ
հոգուտ
վրայ
մի՛
դողար,
(ըսելէ
վերջ
կը
մեկնի)։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Բա՜րձդ
հայր,
բա՜րձդ։
Ըսէ
բարձիդ
մէջինը…
ՀԱՄԲԱՐՁ
—
Բարձիդ
մէջինը
գոնէ…
ՀԻՒԱՆԴԸ
—
Բարձս
ձեզի
չիյնար
այ
օղո՛ւլ,
յարմար
է
որ
էտ
մէկն
ըլ
մօրերնուդ
մնայ,
ատ
բարձին
վրայ
ան
է
պառկեր
տարիներով։
ՍԱՐԳԻՍ
—
(Բարձը
գլխուն
տակէն
քաշելով,
պահ
մը
վրան
նայելէ
յետոյ).
Ըսել
է
փոխել
ըլ
տուեր
ես
հա՞։
ՀԱՄԲԱՐՁ
—
(Ինքն
ալ
բարձին
տակը
վրան
լաւ
մը
նայելէ
վերջ).
Չե՞ս
տեսնար
օր
փոխուեր
է.
կնկան
տուեր
է
150
օսկի
սըչափ
ըլ
պէշի
պիլլիկ.
կընկա՛ն,
կընկա՛ն,
ես
գիտիմ
օր
հէրիֆը
էփէյի
ատեն
է
սէս
սէտա
չի
հաներ։
(Կինը
այս
ատեն
վրայ
կուգայ)։
ԿԻՆԸ
—
(Խօսքը
ամուսնոյն).
Մարդ
չի
գտայ
տունը։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Աս
բարձը
դո՞ւն
էս
վերցուցեր,
աչին։
ՀԱՄԲԱՐՁ
—
Գողցե՛ր
է,
գողցե՛ր։
ԿԻՆԸ
—
Գողը
ձեր
կընտէքնէն,
հըմ
ըլ
աղէկ
իմ
ըրեր։
ՀԱՄԲԱՐՁ
—
Կ’էլլըմ
քու
պապուտ
օշօշիկը
կ’անիծիմ
գիտե՞ս…
ԿԻՆԸ
—
Պապերնուդ
ըլ,
մօրերնուդ
ըլ…
ՍԱՐԳԻՍ
—
Բարձը
չպիտի՞
օրթա
հանես
ըսել
է.
(զայրոյթով
կը
մեկնի)։
ԿԻՆԸ
—
(Էրկան).
Խօսք
չի
հասկցնե՞ս
սըվոնց,
արիմարդ,
աս
ինչ
կ’ընեն
գլխուս.
ինծի
ըլ
քեզի
հե՞տ
տի
մեռցընեն։
ՀԻՒԱՆԴԸ
—
Վա՜յ,
վա՜յ,
վա՜յ…
կը
մեռնի՜մ,
կը
մեռնիմ.
քովս
էկօ
տէ
իմտատ
մի
ըրէ,
կնի՜կ…
(Կինը
կը
փութայ
քովը,
գլուխը
շտկելու)։
ՍԱՐԳԻՍ
—
(Բարձը
գտած
անութին
տակ
դրած
կուգայ).
Գտա՛յ,
գտա՛յ,
գողցեր
ու
պահեր
է
եղեր.
անամօթ
զքեզ։
ԿԻՆԸ
—
(Թողլով
էրիկը.
կը
խուժէ
վրան.
ձեռքէն
բարձը
առնելու,
կը
քաշքշուի.
չի
յաջողիր,
հիւանդին
վրայ
կ’իյնան.
Համբարձը
կը
խառնուի.
եղբօրը
կ’օգնէ.
վերջապէս
բարձը
տղոց
ձեռքը
կը
մնայ)։
Շան
սուրաթնի,
ատէպսուզներ,
ինծիս
ըլ
կը
մեռցունէք
հա՞.
զաթի
ամէն
օր
կը
մեռցունէք.
սեւ
արեւնի.
դագաղնիդ
բռնեմ.
բօթերնիդ
կարիմ…
(Լաց,
հեկեկանք,
աղմուկ
եւն.
)։
ՀԻՒԱՆԴԸ
—
(Հոգեվարքի
մէջ).
Պուտ
մի
ջո՛ւր,
պուտ
մի
ջուր.
պօղազս
կ’այրի…
(մտիկ
ընող
չըլլար)
(հռնդիւններ,
խռուկներ
եւն.
).
Պէմուրատ
մեռցուցիք,
տէրտով
մեռցուցիք,
պէրխուտար
ըլլիք…
ԿԻՆԸ
—
(Մէկ
կողմ
նստած
կուլայ
միշտ).
Վա՜յ
անօրէններ
վա՜յ,
վաղը
շլլիքս
տոպրակ
մի
պիտի
ձգեմ
օլըրտիմ,
աւուր
հացս
ճարիմ,
վա՜յ
ա՞ս
ըլ
պիտի
տեսնայի։
(Երկու
եղբայրներ
հօրերնուն
իսկական
բարձը
մէյմէկ
կողմէն
բռնած
ձեռքէ
չեն
հաներ)։
ՀԱՄԲԱՐՁ
—
Հալալ
ըրէ
հայր.
հալալ
ըրէ.
սու
կիտէր
խում
գալըր։
(Հիւանդը
իր
ճգնաժամին
մէջ
կը
տառապի)։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Տո՛ւր
ձեռքդ
պագնիմ
հայր,
հալալ
ըրէ,
հալալ
ըրէ։
ԿԻՆԸ
—
Քթերնուդ
փնչերնուդ
գայ.
արին
թարախ
ըլլի,
ձեր
տղաքն
ալ
ձեզի
ընեն
այս
չէշիտը։
ՀԱՄԲԱՐՁ
—
(Հօրը
երեսը
նայելով
շեշտ
մը).
Մեռա՜ւ
ծօ,
մեռա՜ւ,
մեռա՜ւ։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Դուն
սը
բարձը
բռնէ
Համբարձ.
ես
աչքերը
գոցիմ…
ՀԱՄԲԱՐՁ
—
Դուն
ըլ
ծայրէն
բռնէ
օր
ես
ըլ
ձեռքը
պագնիմ.
(կ’իյնան
վրան).
Վա՜խ
հայրիկ,
վա՜խ,
լօս
իջնայ
գերեզմանդ։
ՍԱՐԳԻՍ
—
Լօս
իջնայ,
լուսնկայ
իջնայ,
վա՜խ
անուշիկ
հայրիկս,
վրադ
մէռմէռ
գերեզման
մը
շինել
պիտի
տանք.
(լաց,
կոծ,
նոյն
ատեն
կինն
ալ
իր
լացի
տեսակները.
բարձը
կը
քաշկռտէ)։
ԿԻՆԸ
—
Բարձս
կ’ուզիմ.
բարձս,
էտ
բարձին
վրայ
ես
իմ
պառկեր
տարիներով…
վո՜ւյ,
վո՜ւյ
վո՜ւյ,
Աստուծմընէ
տիլէկ
կ’ընիմ
օր
դուք
ըլ
տակը
պառկէք։
(ՎԱՐԱԳՈՅՐ)
(Անտիպ,
1911)