Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱԶԼՈՒ մինակ, յետոյ ԼՈՒՍԻԿ

ՆԱԶԼՈՒ (Փոքրիկ հայլի մը ձեռքը՝ ինքզինք կը դիտէ։ Հիւանդ է, թափթփուն վիճակ մը, շունչը կը բռնուի պահ-պահ, նոր արդէն քիչ մը ոտքի ելած կը պտտի վեր-վար ու նորէն կ’երթայ լռիկ իր անկիւնը գտնել)։

Օր մը այնքան միս կար երեսս ու կլոր էր, որ ծոծրակէս հայողը դէմքս ետեւէս կը տեսնէր։

Հալեցայ, հալեցայ, խոտի պէս չորցայ։ Հայրս տերեւներս փետտեց, մայրս ծիղս տրորեց, ան անօրէն տղուն, զալըմ տղուն հովն ալ հիւթս, հոգիս ցամքեցուց։

Հիմա անանկներուն կը հաւասիմ, որ մատ մը չոր հացով կուշտ բարկենդանք կ’ընեն։ Ա ՜խ, ա՜խ։

Օր մը, «հազարն էտիս, հազարն էռջիս», չորս բոլորտիքս՝ մեղուի թեւերով կը թռչկոտէին։ Ես մոռցայ անոնք ու ան տղան ուզեցի [1] ։ Անոր տուի սէրս ան օրէն, որ հօրաղբօրը հետ մեր տունը կ’երեւնար։ Որբ մնացեր էր կ’ըսէին, հօրաղբարը զինք հօր գորովանքով կը փայփայէր ու փէշը փէշէն չէր զատեր։ Մեր տունը կուգար, դպրոցէն փախիլը կ’ըսէր, ես ալ ասեղը շուք կ’ընէի, իր հետ կ’ապրէի։ Տանիքին վրայ քարուկը, գըլուկը, ծրտուկը, բոն-բոնը [2] մեր խաղերն էին։ Իրկունը ինքը իմ քարուկներս կ’ափէր կը փախէր, ես ալ իր թռուըռուկ չուան գնդակը կը պահէի քովս, որ առտուն իրենը իրեն տամ, իմս ինծի առնեմ։

Այսպէս ուզեցի ան տղան, սիրուս առաջին ծիլը երկու տերեւով, այսպէս էր որ դուրս եկաւ։

Ետքը, օր մը, գլան գլան ոսկիներ բերին կախեցին կուրծքէս։ Նոր լաթ վրաս, նոր կօշիկ ոտքս։

Նշանուեր էի։ Ինք Ամերիկա, ես հոս, նշանուեր էինք։ Լեռները վկայ, ջրերն ու աղբիւրները վկայ, արեւ-աշխարհ ու Աստուած վկայ, նշանուեր էինք։

ԼՈՒՍԻԿ (Ներս կ’երեւնայ, կ’ընդմիջէ աղջկան աս հին յուշքերու շարքը)։ Ատ ի՞նչ հայլի, Նազլու, ատ ի՞նչ, ատ ի՞նչ։

ՆԱԶԼՈՒ (Ծանր շնչառութիւն, հեւք, հազ եւայլն) Ասօր երէկուընէ ալ գէշ, մա՛յր։

ԼՈՒՍԻԿ Ու նորէն սիւսիդ կը հայիս։

ՆԱԶԼՈՒ Աբելենց աղջիկն ըսաւ որ աս օր շատ դեղներ ես։

ԼՈՒՍԻԿ Ել, շիտկուիր մէյ մը։

ՆԱԶԼՈՒ Պիտի պառկիմ, մա՛յր։

ԼՈՒՍԻԿ Սիրտս նեղ է արդէն, աղջիկ, դանակ զարնես, արին չելլար։

ՆԱԶԼՈՒ Մեռնէի որ ետքը հասկնայիր։

ԼՈՒՍԻԿ Ես ալ, ես ալ։ Ան շանորդին, ա՛ն նշանածդ։

ՆԱԶԼՈՒ Նոր՝ ի՞նչ։

ԼՈՒՍԻԿ Ամերիկա պիտի հերտըկի եղեր։

ՆԱԶԼՈՒ Ո՞վ գիտէ, անգամ մը կ’ըսէր որ քեզ ալ հետս պիտի տանիմ։

ԼՈՒՍԻԿ Չէ, օղո՛ւլ, չէ՛, ասչափ խաբել-խաղցնելէն վե՜րջը, ասանկ ալ խաղքութի՜ւն…

ՆԱԶԼՈՒ Մեռցնէր նէ, ի՞նչ կրնայինք ընել, մայր։ Ետեւդ հայիր, դուռը կը զարնեն։ Ես ալ երթամ, անկողինս գտնեմ։

ԼՈՒՍԻԿ Խելք մը չե՞ս տար, ի՞նչ ընենք…

ՆԱԶԼՈՒ Ծունկերս, ծունկերս։ Ինծի մի՛ հարցներ։

ԼՈՒՍԻԿ Ի՞նչ աղէկ կ’ըլլէր որ անգամ մը մենք ալ թուղթ մը հայիլ տայինք։ Սըվի հէչ չինկաւ միտքերնիս։

ՆԱԶԼՈՒ Ձգէ՛, ձգէ՛։ Կրակը ինկած տեղը պիտի էրէ։



[1]            Ուզել կնկայ ու աղջկայ բերանը «սիրել»-ին մէկ պարկեշտ հոմանիշը:

[2]            Տեղական մանկական խաղեր: