Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՂՏԻԿ, ԳՈՀԱՐ

ՊԱՂՏԻԿ (Խոժոռած ու վէս) Դռուընիդ զարնելէ առաջ հաղորդ առնելու է։

ԳՈՀԱՐ (Սենեակին դուռը բացած՝ Պաղտիկը ներս հրամցնելու յարգանքի մը մէջ) Ուշ լսեցինք, էֆէնտի։

ՊԱՂՏԻԿ Աղքատին հարցուցեր եմ. «Ի՞նչ կ’ընես որ տարին վրայէդ կ’ելլայ». «Ցորեկը գիշերի կը փոխեմ» ըսեր է… չամչածնե՛ր, (շեշտ) ո՞ւր է խլէզը (Վարդուկը ակնարկելով)։

ԳՈՀԱՐ (Մեղմ) Չեմ գիտեր։

ՊԱՂՏԻԿ Ցորեկ կը պահուի, գիշեր կը պահուի, օր մըն ալ վերջապէս ես զինքը պիտի պահեմ…

ԳՈՀԱՐ Հրամեցէք ներս, էֆէնտի, ասօր ալ մեր շէմքը ըլլի ձեր շուքին տակ (փաղաքշանքներ)։

ՊԱՂՏԻԿ Ատ լեզուընիդ, ա՛խ, ատ գլխէ հանող լեզուընիդ։ (Ներս կ’անցնի, կը նստի անկիւն մը, լիրբ ընկողմանում, ծառային տունը տէր մը կարծես, ուր միայն աղախինը գտնէ)։

(Գոհար լաչակը կէս մը երեսին քաշած՝ Պաղտիկին խոնարհ ձեռքապագով մը բարի գալուստի յարգանքը կը յայտնէ, մարդը աս քաղաքավարութեան չի պատասխաներ)։

Ե՞րբ ելած է տունէն։

ԳՈՀԱՐ Երէկ ալ, այսօր ալ տուն չէր մտեր։

ՊԱՂՏԻԿ Դուրսը ի՞նչ…

ԳՈՀԱՐ Քիչ մը ցորեն գտնեմ, կ’ըսէր, աղօրիք խրկեմ։

ՊԱՂՏԻԿ Կ’ըլլի եա, անանկ գորեխին անանկ աղբանոց։

ԳՈՀԱՐ Աս մէկ-երկու տարին էր որ ետեւէ ետեւ «սեւ հաւու ձէն լսեցինք», էֆէնտի։ Աղբարը մեռաւ, ինք մինակ մնաց, ձեռքն անցուցածն ալ մէկը երկուք չէր ըլլիր։

Քիչուոր ալ չենք վերջապէս։

ՊԱՂՏԻԿ Հայրն ալ իրեն քիչ չէր որ ձգեց։ Մարդ թող ըլլէր (յոխորտ)։

ԳՈՀԱՐ Ատի իր ձե՞ռքն էր, կը կարծէք։ Դժբախտութիւն ըսածդ դուրսէն ներսը տասը տեղէ կը մտնայ, վերջը անգամ մըն ալ դուրս ելլալու համար ասեղին ծակն ալ չի գտնար։

ՊԱՂՏԻԿ Խօսք շա՛տ ունիք քովերնիդ, խօ՛սք՝ որ ալ ի՛նչ ըսեմ։

ԳՈՀԱՐ Աղբիրը երթաս… աղբիրը ցամքած կը գտնես, ձեռքդ կը նայիս, ձեռքիդ կուժը կոտրած է, տունը՝ հոն ալ կրակ ընկած։

ՊԱՂՏԻԿ Ըսել է՝ զիս ձեզի Աստուած է եղեր խրկողը։

ԳՈՀԱՐ Շնորհակալ ենք, Աստուած կեանք տայ։

ՊԱՂՏԻԿ Բայց չէ՞ որ անանկ բան մըն ալ ես զգալու էի իմ մէջս։ Մարդավարութիւնը մէկ կողմէն չըլլիր։ Ես դեռ բան մըն ալ ան մեռածի հաշուէն կ’ուզիմ։

ԳՈՀԱՐ Չեմ գիտեր, էֆէնտի, ես ատ հաշիւներէն չեմ հասկնար, միայն ան է միտքս մնացածը, որ՝ պարտքերնիս անցածները փակեցինք կ’ըսէր, շատ ալ քէֆով կ’երեւար։

ՊԱՂՏԻԿ Խաբեր է, խաբեր է, կամ հէնց կարելի է քու կուրծքդ նախշեր է, որ դուն ալ իրեն…

(Հարսը ամնչած կը լռէ ու կը դառնայ մէկ կողմ՝ օրանին պզտիկը ծծցնել։ Կռնակը Պաղտիկին, քովնտի նայուածք)։

Չե՞ս խօսիր (պզտիկին մայրը աս նստելու դիրքով աչքը անթարթ անկողնարանին դին կը պահէ ու կը վախնայ թէ՝ մի գուցէ այն կողմէն գէշ անակնկալ մը դուրս գայ)։

ԳՈՀԱՐ (Խեղդուկ ախ մը միայն, լռութիւն)։

ՊԱՂՏԻԿ (ձայնին կասկածելի կերկերում մը տուած) Մա՞նչ է, աղջի՞կ է, պզտիկդ, քանի՞ տարուան։

ԳՈՀԱՐ Վարագայ Խաչին տասն ամսու կ’ըլլի. մանչ, մանչ։

ՊԱՂՏԻԿ Ասդին մէյ մը, երեսը տեսնեմ։ Քիչ մը առաջ գործ, վաստակ չըներ կ’ըսէիր։

(Կնիկը աս կոշտ ակնարկութիւններէն սաստկապէս վրդոված ու ահաբեկ, լուռ, անշարժ դեռ նոյն դիրքին վրայ նստած կը մնայ)։

Հոս բեր, ըսի, աղուոր տղեկ մը կ’երեւայ։

(Գոհար՝ դժգոհանքով, վեր կ’առնէ պզտիկը ու Պաղտիկին դէմ կը տանի)։

ԳՈՀԱՐ Երկու օր է որ հիւանդ է պզտիկս։

ՊԱՂՏԻԿ (Պզտիկին երեսները մեղմով կը սեղմէ)։

Աղուո՛ր է, աղուո՛ր է, աչքերը մօրը, քինթն ու ճակատն ալ հօրը։ Անո՞ւնը։

ԳՈՀԱՐ Յովսէփ։

ՊԱՂՏԻԿ Հօրդ անունը (մտերիմ ձեւեր)։

ԳՈՀԱՐ Հրամեր ես, ըսի հօրս անունովը կանչենք։

ՊԱՂՏԻԿ Մահտէսի Յովսէ՜փ, ի՜նչ շնորհքով մարդ։ Երուսաղէմ երթալուն զիս հետը տարած էր, այնքան հաւնեցաւ բնաւորութեանս, որ մէկ հատիկ աղջիկ մը ունիմ, կ’ըսէր, «քեզ տան վրայ բերեմ [1] »։ Աշխարհքն ի՜նչ զարմանալի։

Հիմա ինչո՞ւ աս գխտորին տէրտը քաշէիր։ (Գոհարին տղեկը անգամ մըն ալ իր գիրկը կ’առնէ ու կը պագտռտէ զայն։ Գոհար ատ ատեն անգիտակից հառաչանք մը կը վրիպեցնէ հոգիէն)։

Մեծցիր, տղա՛ս, չէ նէ, վաղը պարտատէրը կուգայ, կամ քեզ կը փախցնէ կամ մայրիկը։

ԳՈՀԱՐ (Յովսէփիկը Պաղտիկին ձեռքէն իր գիրկը կ’առնէ ու ջանք մը կ’ընէ որ դիմացինին վերաբերուելու կերպը փոխէ) Ի՞նչպէս է, Լուսիա հանըմը, էֆէնտի, ա՛լ առջի պէս շատ ժամ չերեւնար։

ՊԱՂՏԻԿ Լուսիկն ինտո՞ր պիտի ըլլէր. եղ կ’ուտէ, արին կը փսխէ։ Ասանկ երթայ, կամ պիտի թողում ազատիմ, կամ ուրիշ մըն ալ, թող երկուք ըլլէին, հա՞ց չի կար ուտելու, թէ՞ջուր չի կար խմելու։

ԳՈՀԱՐ Հիւանդ չէ Աստուծով։

ՊԱՂՏԻԿ Անոր ոչ հիւանդ ըլլալը յայտնի է, ոչ ողջութիւնը, միայն, գիտեմ՝ թէ հոգին հաւատքը աղջկան տուեր, զիս ալ վարի դռնէն կը դարձնէ։

ԳՈՀԱՐ Փեսան եկեր է, ըսին, աչքերնիդ լոյս, Նազլուին ալ օրը լմնցեր է արթըխ։

ՊԱՂՏԻԿ (Չոր-չոր) Եկե՛ր է, լմնցեր է՛…

ԳՈՀԱՐ Հանըմն ալ մի՛ մեղդրեր, էֆէնտի՛, մայրերը իրենց կարգելիք աղջիկները, վերջին օրերով, ա՛լ միսաֆիր կը ճանչնան։

ՊԱՂՏԻԿ (Դէմինին երկար հետաքրքրութենէն նեղուած) Կ’ըլլի Աստուծով, կ’ըլլի, կ’ըլլի։ Փեսին ալ խերն անիծեմ, մօրն ալ, աղջկան ալ։

ԳՈՀԱՐ Անանկ կ’ըսէք որ հարսնիք չի կանչէք։

ՊԱՂՏԻԿ Հարսնի՜ք…  կուգայի՞ր ըսել է։

ԳՈՀԱՐ Ինչո՞ւ չէ։

ՊԱՂՏԻԿ (Սիկառ մը փաթթելու մէջ) Թող ան օրը գայ, տեսնենք։ Բաղդ ունենայիր նէ, աղջիկ, չէր դառնար իշուկդ, ագին կը տնկէր, ան ատեն երկու հարսնիքը մէտեղ կ’ընէինք։

Մեղքս կուգաս, աս խեղճ պատին տակը, այծն ալ չի լուսցներ [2] ։

ԳՈՀԱՐ (Սոսկալի հոգեբանութեան մէջ տապլտկելու վիճակով, պզտիկին օրանին շուրջը կ’ուզէ զբաղում մը գտնել, բան մը չունենալով, ճարը կը հատնի, պզտիկին երեսը կը ծածկէ, որ քնանայ) Մեղա՜յ, մեղա՜յ… (կոկորդէն ցած ձայն)։

ՊԱՂՏԻԿ Սա Օսէփիկդ անգամ մըն ալ…  ողորմած հոգի տէտէին խաթրն ալ [3] տեղը դնենք։

ԳՈՀԱՐ (Համարձակութեամբ լարուած) Քնանայ պիտի, չէ՞։

ՊԱՂՏԻԿ Քիչ մը… թող նորէն…

ԳՈՀԱՐ Հիւանդ է, չարչրկելու չիգար։ (Մէկ կողմ) Ի՞նչ քէնց [4] մարդ, ի՛նչ աներես։

ՊԱՂՏԻԿ (Իր հրամանները Գոհարին քամակէն կը լսցնէ, որը արդէն իր կռնակը ան մարդուն կողմը կը պահէ)։

Չի լսեցի՞ր, խաթո՛ւն… Գոհար խաթո՛ւն, չէ նը, ես հոդ գամ (Ոտքի ելած դէպի օրանը շարժում մը, առանց հաւանութեան երեխային մօրը, անգամ մըն ալ կը համբուրէ պզտիկը։ Մայրը ինքզինք մէկ կողմ կը պահէ, նստած։ Մարդը անոր գլխուն վերեւ կեցած, ոտքի վրայ կը խորհի, կրնա՞յ ան մօրմէն ալ համբոյր մը խլել։

Պատեհութիւնը անստգիւտ թէեւ, բայց Գոհարի տրամադրութեան վրայ կը կասկածի։ Բոլորտիքը նայուածքներ։ Բոլոր այս ժամանակը Վարդուկ վարագոյրին ետեւէն կը տեսնէ աս մարդուն շարժուկացքը, վարագոյրին մէկ խզտած ծակէն)։

Ձեր տունը եկողին սուրճ մը…  հրամցնելու…  ես ատոր համար ոտքս կը քաշքշեմ…  (երկչոտ ձայն որ կը թրթռայ)։

ԳՈՀԱՐ Մինակ ատ էր պակասը (միշտ առջեւը նայելով)։

ՊԱՂՏԻԿ Քիչ մ’ալ սպասէի՞արդեօք…

ԳՈՀԱՐ Վա՛ղը, վա՛ղը (սուր կշտամբանք)։

ՊԱՂՏԻԿ Երթա՞մ (կը դողայ մինչեւ շրթունքը)։

ԳՈՀԱՐ Դո՛ւք գիտէք։

ՊԱՂՏԻԿ Պզտիկը շուտ կը քնանայ, խելօք է…

ԳՈՀԱՐ Չի քնանայ որ հօրը հաշի՞ւը ըստկէ։

ՊԱՂՏԻԿ Հա՛, միտքդ մնար որ ատ հաշիւներուն վրայ դուն խօսիս էրկանդ։

Ըսէիր, որ էֆէնտին մինչեւ տունը եկաւ քե՛զ բընտռեց, ա՛լ չի համբերեր։

ԳՈՀԱՐ Աղէ՛կ։

ՊԱՂՏԻԿ Եթէ ոչ՝ բա՜նտ… վէսսէլամ, ա՛լ մէկը զիս չպիտի մեղդրէր։

ԳՈՀԱՐ (Արագ ու սուր) Պահ մ’ալ թող բանտը ըլլի տեղը, անոր համար աս տունն ու ան բանտը ի՛նչ տարբերութիւն…

(Պաղտիկ ինքնիրեն համարձակութիւն կուտայ յուսահատ աս խօսակցութեան ելքէն հարսին գլուխը մէկէն թեւերուն մէջ կը սեղմէ, համբուրելու ճիգեր մը, էրիկը յանկարծ վարագոյրին ետեւէն դուրս կը խոյանայ ուժով ոստիւնով մը ու կը սեղմէ պինդ մը ան սրիկային շլլիքէն, որը աս անակնկալին ահագնութեանը անձնատուր կը պոռայ միայն)։

ՊԱՂՏԻԿ Վարդո՛ւկ, Վարդո՛ւկ (խորունկ հոր մը ինկողի ձայնով, վրայինէն գրութեան կոչ կ’ընէ։ Վարդուկ չուզեր լսել ու միշտ հարուածներ։ Կինը ձեռնպահ կը մնայ, Վարդուկ վայրկեան մը կնկանը անտարբերութեանը համար կը փրփրի։ Պաղտիկ երեսին վրայ ձգուած՝ շարժում մը ընել չի կրնար։)։

ՎԱՐԴՈՒԿ Թակը բեր (դէպի կինը), սակրը, շամփուրը օր   (բա՛թ, բա՛թ, բա՛թ)։

ՊԱՂՏԻԿ Վարդո՜ւկ… (Վրայինին թեւերէն ճողոպրելու ջանքեր, թօթուըռտուք, երբեմն ձեռքն ազատելով ապտակներ վրայինին)։

ՎԱՐԴՈՒԿ Վարդուկ չի կայ հոս, Պաղտի՛կ, Վարդուկ վաղը պիտի գայ… (Հեւքեր։ Անգամ մըն ալ Պաղտիկը կռնակին վրայ փռելով գետինը, Վարդուկ անոր կուրծքին վրայ կը նստի, ձեռքերը անոր վիզին վրայ խեղդողի փորձեր) կը լսե՞ս, վաղը պիտի գայ, թո՜ւ… (երեսը կը թքնէ)։

ՊԱՂՏԻԿ Անխղճութիւն է, պէպախտութիւն է, թո՛ղ տուր…

ՎԱՐԴՈՒԿ Ի՞մս (երեսին շաչող ապտակներ). ըսէ՛ ի՞մս անխղճութիւն (հարուած մըն ալ)։

ՊԱՂՏԻԿ (Շունչը կտրելու աստիճան) Ա՛լ հերիք է, վեր ել, իշութիւն չուզեր (տքտքալ)։

ՎԱՐԴՈՒԿ Ի՞նչ, քո՞ւկդ, քու կնի՞կդ հասկցար, որ «ձեռքովդ թէսլիմ ըրեր ես»։

ՊԱՂՏԻԿ Հա՛, տղա՛ս, եա՜, եա՜ (յուսահատ աւաչ)։

ՎԱՐԴՈՒԿ Ու հիմա ալ դուն ինքդ ուրիշին պատիւը թալլե՜ս…  Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզ հիմա կառավարութեան պիտի յանձնեմ. Գոհա՛ր, հաստ պարան մը, ամէն բան պիտի լմնցնեմ։

ԳՈՀԱՐ (Կարեկցողի շունչով էրկանը) Ալ հերի՜ք, մա՛րդ, խե՞նթ ես։

ՎԱՐԴՈՒԿ (Դաժան նայուածք կնկանը) Հերի՜ք։

ՊԱՂՏԻԿ Գթութիւն…  Վարդո՛ւկ կո…ղերս։ Բանը գէշ կ’երթայ…  կը մեռնիմ։

ՎԱՐԴՈՒԿ Քեզի հիմա աղբօրս քով պիտի ղրկեմ, անոր հետ տեսնես հաշիւդ։ Մեռելը մեռելին հետ, ողջը ողջին հետ։

ՊԱՂՏԻԿ Հաշի՞ւ չունի՜մ , չունի՜մ (Պաղտիկ իր աջ ձեռքը կ’ազատէ ու գրպանէն թուղթ մը կը հանէ, Վարդուկի առաջքը կը նետէ) Ատ է մուրհակդ, վերցո՛ւր ձեռքովդ պատռէ, հաշիւ երբե՜ք։

ԳՈՀԱՐ Քը թող կ’ըսեմ մարդը, ալ ի՞նչ է ուզածդ, փորձութիւնը մի՛ մեծցներ։

ՊԱՂՏԻԿ (Վարդուկ կամաց-կամաց վրայէն վեր կ’ելլայ. Պաղտիկ իր ինկած դիրքին մէջ անշարժ կը մնայ վայրկեան մը, յետոյ սթափած իբր թէ՝ կը շիտկռտուի, աչքը գետինը թղթի կտորին վրայ կը հայի։ Թուղթը առնէ՞ թէ չառնէ)։ Հաշիւ՝ երբե՞ք… միայն թէ մէ՛կ խնդիրք ունիմ…

(Լռութիւն. պատասխան տուող չըլլիր)։ Գիտէ՞ք ի՛նչ է…   (Առանց տան տիրոջ երեսը նայելու։ Էրիկ կնիկ ոտքի վրայ մարդուն ըրածն ու ընելիքները կը դիտեն պաղարիւն կեցուածքով. լռութիւն. նորէն չեն պատասխաներ) Մարդ չիմանայ աս եղածները։

(Ամչցողի շուարքներ)։

ԳՈՀԱՐ Մենք մարդու չենք ըսեր։

ՊԱՂՏԻԿ Մեծ քարերն ալ, է՜հ, ձորն ի վար կը գլուին…

ՎԱՐԴՈՒԿ Մենք մա՛րդ ենք, մա՛րդ, աղքատ, բայց ոչ անպատիւ (մուրհակը գետնէն վեր առնելով Պաղտիկին երեսին կը նետէ). ա՛ռ, վեր առ մուրհակդ ու դուրս ելիր. մեր խնդիրքն ալ աս ըլլայ որ աս օրուան աս վճարը թէսլիմ գրես։

(Պաղտիկ մուրհակը դարձեալ գետնէն վեր կ’առնէ), գրպանը կը դնէ, ու կորագլուխ դուրս կը սողոսկի. աս պահուն Վարդուկին աղբօր կնիկը ու տանը պզտիկները վրայ եկած, գետնին քճքճուածները կը յարդարեն… )

Բայց, մի՛ մոռնար, էֆէնտի, թէսլիմ գրես։

(Գացողին ետեւէն որ կը լսէ ու չի լսեր) Հը հը՜ն՜ն… (դէպի կինը) Հասկցա՞ր աղադ։



[1]            Իբր փեսայ տունս գաս բնակիս:

[2]            Ըսել է այծն ալ հոս գիշեր չի կրնալով անցընել` կը մեռնի:

[3]            Անգամ մըն ալ անոր հաւին (մեծ հօրը) յիշատակին համար համբուրենք:

[4]            Քէնց կ’ըսեն ան հաւերուն կամ թռչուններուն, որ մարդոց շատ ընտանի, կը քշես ալ` չեն երթար, կամ կ’երթան ու նորէն կը դառնան աներեսութեամբ մը: