Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

(Տղաքը ներս եկած հօրը հալը կը հարցունեն. մայրերնին ալ սուտ սգաւորի մը ծպտանքով թաշկինակը աչքին բռնած իբր թէ իր ճակատագիրը կ’ողբայ)։

ՍԱՐԳԻՍ (Դէպի մայրը). Ի՞նչ եղաւ հայրը. (ցած ձայնով)։

ՀԱՄԲԱՐՁ Կը քնանա՞յ թէ նորէն տալղուճ ընկեր է։

ԿԻՆԸ (Առանց գլուխը վեր առնելու). Ձեր փախելուն վրայ աւելի գէշ եղաւ, ո՞ւր փախաք, ինչո՞ւ հեռացաք, ձերը հոգի էր նը մերը քա՞ր էր մի. բարէ խիղճ հայրերնուդ վիճակը մտքերնիդ բերէիք։

ՍԱՐԳԻՍ Վախնամ շատ նեղուեցաւ։

ԿԻՆԸ Մինակ նեղուիլ… չէ՞ք տեսնար, ալ հէչ նէֆէսը պիլէ չելլար շիտակ, հէչ Աստուծմընէ փախիլ կ’ըլլի մի եա, Աստուած օր պահէ նը կ’ուզէ երկինքէն կրակ թող թափի։

ՀԱՄԲԱՐՁ Հայրս ֆարղին գնա՞ց թէ ժէժ ելաւ, դուրսերը տուն չի մնաց, փլաւ պիրէտի, թօզը տումանը աշխարհք բռներ է։

ԿԻՆԸ Հոս ըլ կրակտան բաները տակ վրայ եղան, քիչ մը էտ ձէներէն նեղուաւ, ըսի թէ ժէժ ելաւ բայց ինք ալ հէչ վեր առնել չուզեց գլուխը. էնկա վերջ ալ քունէ մի, տուխուլ է մի չի գիտցուիր, ասօր շատ գէշ կ’երւայ։

ՍԱՐԳԻՍ Է վե՞րջը։

ԿԻՆԸ Ալ հէքիմ մէքիմ թող չի բերեն կ’ըսէր, օգուտ չըներ… կ’ուզէք նը անգամ մը աւետարան մ’ըլ բերէք թօթուել տուէք, եա կ’ուզէք նը Կիպրիանոս մը կարդացուցէք, Սիսիօնենց Կիպրիանոսը պիրնէ պիր է կ’ըսեն. միայն, թէ որ Տէր Մինասենց տիրացու Զաքարին կարդալ տրուի, ցորեկը գիշեր չ’ըլլիր, ինչ է նը կ’ըլլի հըմը, եանի իմ ըսածս քի իր հոգուն ըլ մեղք է, եա չէ նը ճար մի ըրէք, հէչ օր չէ նը Շնթիլ մուլլա մի կայ եղեր, գացէք թուղթ մի հայիլ տուէք։

ՀԻՒԱՆԴ (Շարժելու ձեւեր, տենդոտ անձկութեան մը մէջ). Օ՛ֆ, օ՛ֆ, օ՛ֆ, (գլուխը կուրծքին ձգած, դէպի շուրջինները) եկեր էք, հա, տղաքս, (կը տքայ) ը՛հ, ը՛հ, ը՛հ, ալ այս գիշերն ալ չպիտի կրնամ լուսցնել, արեւը աչքերուս դէմ ձէթը հատած ճրագի մը պէս կամաց կամաց մարիլ կ’սկսի, (տքալներ) ը՛հ, ը՛հ, ը՛հ, քիչ մը նորէն վեր առէք գլուխս, տեսնամ որ թարաֆէն տ’ելլա հոգիս։

ՍԱՐԳԻՍ եւ ՀԱՄԲԱՐՁ (Ընդոստ հայրերնին շտկելու խնամք մը, կը շտկեն. կը նստի անուժ կեցուածքով մը, ձեռքերուն կը նայի, եղունգները կը դիտէ)։

ՀԻՒԱՆԴ Հէ՜յ վախ, հէ՜յ, ամսուան մը մեռած մարմին դարձեր է։

ՀԱՄԲԱՐՁ Այդչափ ալ մուխէնէթ մ’ըլլիր, հա՛յր, ես այս գիշեր երազ մը տեսայ որ շատ աղուոր էր, շիտակ աղէկցեր էիր, կարմիր ձիու մ’ըլ նստած վանքը ուխտ կ’երթայիր։

ՀԻՒԱՆԴ Կարմի՜ր ձի… (մտմտալէն) ու վանք կ’երթայի. հը՜մ… աղէկ միւժտէ կուտաք, որ ըսել է ալ վաղը աս ատենը Տէր Պօղոսը իմ գերեզմանիս վրայ իր ոսկերք ծառայինը պիտի կնքէ. վաղը… բայց, է՜հ… Աստծու ըսածը պիտի ըլլի…

ՀԱՄԲԱՐՁ Կ’ուզե՞ս նորէն բժիշկ մը բերել տանք։

ԿԻՆԸ Բժիշկ մըժիշկ պէտք չէ կ’ըսէր, ինչո՞ւ չէք հասկնար. ձգեցէք որ հանգիստ ըլլի, շատ մի խօսեցնէք։

ՀԻՒԱՆԴԸ (Աչքերը լայն լայն բացած. մէկէն ջղապիրկ գալարներ. կռնակին վրայ կ’իյնայ անշարժ, անխօս, յուսահատական վիճակ). Ա՜խ, վա՜խ, ա՜խ, վա՜խ, պուտ մի ջուր հասցուցէք։

ԿԻՆԸ (Ընդոստ շարժումով գաւաթ մը ջուր կը հասցունէ. բերնին կը տանի, չի կրնար խմել. կը թափի). Ալ ջուր ըլ չի կրնար խմել… (հեկեկանքներ եւայլն)։

ՍԱՐԳԻՍ Հա՛յր, հա՛յր, աչքդ բաց, մէյ մը երեսիս հայիր, հա՜յր։

ՀԻՒԱՆԴ Հը՜մմմ…

ՀԱՄԲԱՐՁ Պուտ մը ջուր, պուտ մը ջուր. (վրան ծռած)։

ՀԻՒԱՆԴ Գլխո՜ւս, գլխո՜ւս…

ՀԱՄԲԱՐՁ (Ջուրը գլխին կը լեցնէ, որուն հետեւանքով վայրկեան մ’ալ կը բանայ աչքերը)։

ՀԻՒԱՆԴ (Դժուար ու կարկամ ինքնամփոփումով մը). Է՜հ, ի՞նչ եղայ… բերէք հէմըլ դուք ձեռքերնիդ ձեռուընուս վրայ դրէք, տղա՛քս, ո՞ւր են հարսները, թոռներս ալ ինչո՞ւ աս օր հէչ չ’երվըցին։

ՍԱՐԳԻՍ Կուգան հիմա. դուն հանգիստդ հայիր։

ԿԻՆԸ (Նոյն իր դիրքին վրայ՝ գլխու ու ամբողջ մարմնի միօրինակ տատանքներով իր լուռ ողբը կ’ընէ իբր թէ)։