ՓԱՌԷՆ,
ԼՈՒՍԻԿ,
ՆԱԶԼՈՒ
(Նազլու
փոլատ
մը
ձեռքը
հիւրանոց
կուգայ,
մօրը
առաջնորդութիւնով։
Փոլատը
որուն
վրայ
շարուած
կ’երեւան
անուշեղէններով
լեցուն
պնակիկներ,
աթոռակի
մը
վրայ
կը
դնէ
ու
ետքը
նշանածին
դարձած՝
ձեռք-պագը
ընելու
վայրկեանին,
նշանածը
ընդոստ
ոտքի
կ’ելլայ
կ’արգիլէ
տեղական
բարեւի
կերպը,
ու
ինք
ամերիկեան
շէյքհէնտ
մը
ընելով,
կը
սկսի
կակազել,
քան
խօսիլ)։
ՓԱՌԷՆ
—
Բարի
տեսանք,
բար…րի,
բայց…
ուշ։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Նոր
լմնցուց
բաները,
ելեր
էր
կուգար։
ՓԱՌԷՆ
—
(Կը
նստի)
Հը՛,
հը՛,
հը՛,
հը՛։
Շնորհակալ
եմ։
(Օժիտին
ծրարներէն
հանուած՝
Նազլու
ծանրագին
շրջազգեստ
մը
կը
կրէ,
կուրծքին
վրայ
շարոց
մը
աւստրիական
գրեմից,
մեծ
շարոց
մը
տաճկական
ղազի,
մէջքը
Վանի
կամար,
կռնակն
ի
վեր
կը
շվշվան
ղազի
ծամկալներ։
Գըլխուն
վրայ
վարդագոյն
շղարշ,
ոտքը
եւրոպական
կօշիկ։
Նազլու
աս
հագուստներով
սպասաւորելու
մէջ,
չի
խօսիր,
կամ
ըսենք՝
իր
բերանը
մայրը
եղած
է)։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Առաջ
խահուէ
մը,
Նազլո՛ւ։
ՓԱՌԷՆ
—
Շնորհակալ
եմ,
տիկի՛ն։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Ա՛տ
ի՛նչ
խօսք
Փառէն,
ատէթն
ինտո՛ր
է։
ՓԱՌԷՆ
—
(Թաշկինակով
ճակտին
քրտինքը
կը
սրբէ)
Ես
կը
կարծեմ
թէ՝
շատ
կը
նեղէք
օրիորդը։
Ինչո՞ւ
չի
նստիր
(դէպի
նշանածը)։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Անանկ
է
նը,
թող
անուշ
մը
հրամցնէ…
չէ՛,
առաջ
ես
տամ
(փոլատէն
բան
մը
կ’առնէ
ու
փեսին
կը
հրամցնէ)։
ՓԱՌԷՆ
—
(Բռնազբօս)
Հը՛,
հը՛,
հը՛,
հը՛։
Շատ
շնորհակալ,
շատ
ուրախ
եմ։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Ա՛ռ,
կեր
որ
մենք
ալ…
թող
ֆիշնէով
շռուպ
մը
բերէ։
ՓԱՌԷՆ
—
Վա՛յ…
ես
կ’ուզեմ
որ
բան
մըն
ալ
չի
բերէ,
թող
նստի,
եթէ
կը
հաճի։
Կարօտցեր
եմ։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Ենիշտէն
ինտոր
որ
կ’ըսէ,
աղջի՛կ,
ալ
իմս
չէ
խօսքը։
(Նազլու
կը
նստի
ամչկոտ
ու
ամփոփ
փէշերով.
դէպի
նշանածը
կարօտի
խուսափուկ
նայուածքներ)։
ՓԱՌԷՆ
—
Ի՞նչպէս
էք,
օրիորդ
(կեղծ
ժպիտ)։
(Նազլու
միայն
նայուածք
մը)։
Իմ
վրայ
շատ
էրզեր
էք
եղեր։
Անանկ
լսեցի։
(Օրիորդը
այդ
խօսքէն
խպնած՝
չիշխեր
խօսիլ)։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Քու
վրայ
չի
տեսնէր,
ա՛լ
որո՞ւ…
Դեռ
երէկ
կը
պատմէր
հատ
մը,
որ
զարմացայ։
Հէմ
աս
օր
ալ
կատարուաւ։
ՓԱՌԷՆ
—
Հը՛,
հը՛,
հը՛,
հը։
Հոն
իր
պատկերը
մեծցնել
տուի
վարպետ
արթիստի
մը,
սրիկային
մէկը
գողցաւ
ետեւէս։
Միտք
ըրի
որ
ֆոնոկրաֆ
մը
առնեմ,
խրկեմ,
Նազլուին
ձայնը
առնէիք
մէջը,
ինծի
դարձնէիք,
բայց…
ԼՈՒՍԻԿ
—
(Դժուար
զարմանք)
Մըյեա՜…
ՓԱՌԷՆ
—
(Նշանածին)
Քիչ
մը
նիհարցեր
է,
ինծի
խրկուած
պատկերին
մէջ
գէր
կ’երեւնար։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Է՜հ,
երկաթն
ալ
կը
մաշի։
ՓԱՌԷՆ
—
Օրհնած
երկիր
(Ամերիկա),
դրախտի
երկիր։
Գէշը
ան,
որ
աշխարհի
էն
հեռուն
ծայրը
ինկեր
է։
Երթալը
ի՛նչ
դժուար,
այնքան
անկէ
զատուիլը
դժուար։
Դուք
ալ
զհար
հոս
աշխարհք
կը
վայելէք։
Խեղճե՜ր…
ԼՈՒՍԻԿ
—
(Փոլատին
վրայէն
պահ-պահ
զոքանչին
կողմէն
մատուցումներ)
Վար
անցնէր
ան,
որ
չի
ճանչնային
մեր
տղաքը։
ՓԱՌԷՆ
—
Չէ՛,
երբեք
չէ,
տիկին։
Ես
վեց
տարի
կեցայ,
վեց
օրուան
պէս
անցաւ
վրայէս։
Նշանուած
չըլլէի՜,
Նազլուին
սէրը
չի
քաշէր,
չի
բերէր,
էտի՞ս
կը
նայէի։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Անանկ
որ
մինակ
Նազլուն
էր
պակասը։
ՓԱՌԷՆ
—
Պակասը
Նազլուն,
այո՛,
բայց
ես
ինծի
հետ
չի
համաձայնեցայ։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Տուո՞ղ…
ՓԱՌԷՆ
—
Իրաւ
է
որ
ասկէ
հոն
աղջիկ
չի
փոխադրուիր,
ինչպէս
գաւաթով
կաթ
չի
փոխադրուիր։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Ես
ատոր
համար
ըսի։
ՓԱՌԷՆ
—
Աղջիկներն
ալ
հոս
սրիկայ
կառապաններուն
կը
յանձնեն։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Կը
հասկնամ
ըսածդ։
ՓԱՌԷՆ
—
Միայն,
իմ
ցաւս,
որ
խօսքով
չեմ
կրնար
յայտնել,
ան
է
որ…
ԼՈՒՍԻԿ
—
Ի՞նչ…
ՓԱՌԷՆ
—
Դրախտի
պէս
երկիր
մը…
ԼՈՒՍԻԿ
—
Դժոխքէն
ազատած
ըլլիլը
չըսեր
(դէպի
աղջիկը)։
ՓԱՌԷՆ
—
Ա՜խ,
տիկին,
ինչո՞ւ
չէք
հաւատար։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Դժոխք
մը,
որ
թոսունի
պէս
կէնճերնիս
կերաւ։
ՓԱՌԷՆ
—
Ամերիկան
տեսնողը
թող
ըսէ
թէ՝
հոն
ի՞նչ
է
կեանքը։
Աղջիկ,
միշտ
աղջիկ,
բայց
աղջի՜կ…
մինչեւ
ոտքերնուն
ըղունգն
ալ
աղջիկ։
Ցատկտուն,
միամիտ,
խնդկոտ։
ԼՈՒՍԻԿ
—
(Հեգնոտ)
Երնէ՜կ
քեզի։
ՓԱՌԷՆ
—
Ձեռքդ
երկնցնես,
երեսդ
կ’ուզեն,
երեսդ
տաս,
լեզուդ
կ’ուզեն…
ԼՈՒՍԻԿ
—
Բոզե՛րը…
(Նազլու
շանթահար՝
ուսերու
թօթուըռտուքով
ինքզինք
դուրս
կը
նետէ)։
ՓԱՌԷՆ
—
Մի՛
ցաւիք,
կ’աղաչեմ։
Սա
կայ
որ
անանկները
հայ
տղոց
չեն
յարմարիր։
Անոնք
խնծորի
պէս
հոտուըտաս
ու
անցնիս
միայն։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Աղէկ
որ
մէկ-երկուքը
գրպանդ
չես
դրեր։
ՓԱՌԷՆ
—
Ես
հատ
մը
Պոսթըն,
Լայսըմ
թէաթրի
մէջ
տեսայ,
ուրիշ
մը՝
Լիլի
անունով,
Փրովիտէնսի
մէջ։
Ուսթրի
մէջ
ալ
Քէտի,
Մէկկի
երկու
քոյրեր
են։
ԼՈՒՍԻԿ
—
Մեր
աղջիկն
ալ
թող
հիմա
զոյգ
ցատկէ։
Աֆէրի՜մ։
Բերանս
բանալ
մի
տար,
Փառէն։
ՓԱՌԷՆ
—
Պառաւ
իրիցկինի
մը
խօսքերը։
ԼՈՒՍԻԿ
—
(Բարկութեամբ
դուրս
կ’ելլայ,
որ
Նազլուն
բերէ,
ու
եթէ
հնար
է,
աղջիկը
տղուն
հետ
առանձին
թողու,
որ
ատեն
ինքն
ալ
վայրկեան
մը
դրան
ետեւէն
բաներ
մը
սերտէ
գաղտնօրէն)։
Հիմա
ալ
իրիցկին
անուննիս։
Աֆէրիմ,
աֆէրիմ
(կ’երթայ)։