ՆՈՅՆԵՐԸ,
ԱՆԳԱՄ
ՄԸՆ
ԱԼ
ԾԵՐՈՒԿԻ
ՄՕՏ
ՇԱՐՈԻՐ
—
Կարգն
իմս
էր
հիմա,
տղա՛քս,
դուք
ալ
իմ
խնդիրս
լսեցէք:
ՄԱԿԱՐ
—
Այսչափ
խօսքերէ
ետք,
դեռ
մենք
իստակ
բան
մը
չի
հասկցանք
քու
մտադրածներէն,
ի՞նչ
կ՚ուզէիր:
ՇԱՐՈԻՐ
—
Ինծի
համար
մէյմէկ
ձեռնտու
վկայութիւն
կ՚ուզէի,
ես
ասոր
համար
եկայ
միայն:
Հոս
խրկուելու
շնորհքը
գերագոյն
բարին
ըրաւ
ինծի,
դուք
ալ
ձերը,
ձեր
թանկագին
շնորհքը
այլապէս
ցոյց
տուէք:
ԵՓՐԻԿ
—
Բայց
ի՞նչ
կար,
որ
մէյ
մը
նախ
քեզ,
քու
անունդ
չըսիր
մեզի,
թող
մենք
ալ
քեզ
ճանչնայինք:
ՇԱՐՈԻՐ
—
Շարուր-Աւագ
կ՚ըսէին
ինծի,
չըսի՞
ձեզի:
Շարուր
աս
քաղքին
մեծաւորը՝
ձեր
հայրերուն
ու
հաւերուն
ժամանակակից
դէմքը
երբեմն:
ԶԱՔԱՐ
—
Իրա՞ւ
այնպէս:
ՇԱՐՈԻՐ
—
Իրաւ
այնպէս,
ինչո՞ւ
կը
ցնցուիք:
ԶԱՔԱՐ
—
Հոս
ձեր
սերունդէն
մէկն
ալ
չապրիր:
ՇԱՐՈԻՐ
—
Չապրիր,
գիտեմ:
ԶԱՔԱՐ
—
Շա՛տ
լաւ,
ես
ի՞նչ
վկայութիւն
տայի
քու
մասին:
ՇԱՐՈՒՐ
—
Թէ
Շարուր-Աւագ
առաքինի
մարդու,
պարկեշտ
քաղքցիի,
ճշմարիտ
քրիստոնեայի
կեանքը
ապրեր
է:
Ինչ
որ
ըսէիք,
իմ
պահապան
հրեշտակներս
հոս
ուսերուս
վրայ,
բառ
բառ
ձեր
ըսածները
պիտի
օրինակէին:
ԱԱՀԱԿ
—
Եթէ
իրա՜ւ
է
որ
Շարուր
ես
դուն,
պարկեշտ
քաղքցի՜ն…
(հեգնութիւն):
ԴԱՒԻԹ
—
Այն
չե՞ս
հրամանքդ,
որ
կ՚ըսէին,
15-20
տարի
շարունակ
վանքերն
ու
վանական
կալուածները
շահագործեր
ես:
ՄԱՐԳԱՐ
—
Ատ
անունն
իմ
ականջս
ալ
հասեր
է:
ՇԱՐՈՒՐ
—
Բայց
ի՞նչ,
բայց
ի՞նչ։
(այլայլած):
ՀԱՄԲԻԿ
—
Մենք
ալ
շատ
շատ
աղտոտ
պատմութիւններ
գիտէինք
ատ
անունին
շուրջը:
Շարուր,
կ՚ըսէին,
իր
ապրած
օրերուն,
գիշերը
դեւ
մըն
է
եղեր,
ցորեկն
ալ
հանդիպածին
ականջին
վարք
սրբոց
կախեր
է:
ՇԱՐՈՒՐ
—
Գո՜ւթ,
կարեկցութի՜ւն,
տղա՛ք,
ձեր
մեռածներուն
յիշատակին
ըլլար:
ՍԱՀԱԿ
—
Այս
ծերուկը
չէ՞
եղեր,
որ
իր
մէկ
դրացի
կինը
մեռցուցեր
է:
ՇԱՐՈԻՐ
—
(Տենդոտ
շարժումներ)
Վա՜յ
ինծի,
վա՜յ
ինծի,
վա՜յ
ինծի:
ՍԱՀԱԿ
—
Մոռցայ
ըսելու
թէ՝
դէպի
իրենները
վայրագ
բռնաւոր
մըն
է
եղեր,
աս
ալ
հօրմէս
լսածս:
ՀԱՄԲԻԿ
—
Ո՞ր
մէկը
պզտիկ.
ժամանակին
վանահայր
վարդապետի
մը
հետ
խօսք
կապած՝
բռնի
պսակներ
ընել
տուողը
աս
իսկ
ծերն
է
եղեր,
ասոր
պատմութիւնը
«որդոց
որդի»
մեր
ականջն
ալ
հասեր
է:
ՄԱԿԱՐ
—
Ո՞վ
մեռցուց
իր
աղբրորդին,
ի՞նչ
ունէր
խեղճը:
ՇԱՐՈԻՐ—
(Առանձին)
Մեղա՜յ
Տէր,
մեղա՜յ
Տէր,
դեռ
ոչինչ
մոռցուեր
է,
դեռ
նոյն
պատմութիւնը
ամէն
բերնի
մէջ,
գերեզմանէն
անդին,
գերեզմանէն
ասդին,
նոյն
անողոք,
անփոփոխ
վիճակը
ինծի
համար,
ո՞ւր
երթայի,
ալ
ո՞ւր
կրնայի
դիմել:
Թո՛ղ
ժայռերը
գլխուս
վրայ
գան,
ոչինչ
մը
դարձնեն
զիս,
կորսուիմ,
մոռցուիմ,
ինչպէս
հիւսիսէ
հարաւ
փչող
հովերու
հետ
մժեղին
շունչը
կը
կորսուի:
ՄԱԿԱՐ
—
Հեռո՜ւ
մեզմէ,
ո՛վ
դու,
հեռո՜ւ
մեր
սահմաններէն,
եթէ
եկած
տեղէդ
փախստական
մը
չես,
քեզի
համար
հոս
երեւնալու
թոյլտուութիւնը
շնորհաց
վրիպում
մը
կը
խորհինք:
Հեռո՜ւ
մեզմէ,
հոնկէ
հոս
հասած
ապսպրանքները
ճիշտ
հիմա
քու
ձեռքովդ
ու
քու
լեզուիդ
վրայ
կարդացինք:
«Մենք
արդարութիւնը
չենք
ընդոտներ,
մենք
արեւը
չենք
վարագուրեր,
մենք
Աստուած
չենք
խաբեր»:
(Կը
մեկնին
ամէնքը:
Շարուր
իր
գերագոյն
յուսահատութեան
մէջ
մինակ
մնացած,
դէպի
կայարան
անգամ
մըն
ալ
վերադարձը
կ՚ընէ,
աղօթքներ
բերնին
մէջ
ու
պահ
պահ
ճանբուն
մէջ
կեցած
կը
մռմռայ.
—
Ալ
ի՞նչ
կը
մնար
ինծի
ընելու,
Տէ՛ր
Աստուած):