Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼՈՒՍԻԿ, ՆԱԶԼՈՒ

ԼՈՒՍԻԿ Ատքան ուշանալ, Նազլու, գնաց ահա։

ՆԱԶԼՈՒ Կրակը ուշ բռնկեցաւ, ետքը, խահուէն ալ դրացնենց տունէն բերի։

ԼՈՒՍԻԿ Հոն նայէ մէյ մը, մարդ-մուրդ չըլլէր։

ՆԱԶԼՈՒ (Նայելէ ետքը). Մարդ չերեւնար։

ԼՈՒՍԻԿ (Մատը բերնին). Սո՜ւս… 

ՆԱԶԼՈՒ Չիմ ուզեր, մա՛յր, չիմ ուզեր, ինծի հարցնես նը, չիմ ուզեր։

ԼՈՒՍԻԿ Տռտռալու չի գար աս, ի՞նչ պիտի ընէինք որ չես ուզեր։

ՆԱԶԼՈՒ Ես քիչ մը լսեցի դուրսէն, չեմ ուզեր որ իմ երեսովս աշխարհք իրար անցնի. (գլուխը կախ, կեղծ առարկութիւններ)։ Չառներ, թող չառնէ։

ԼՈՒՍԻԿ Քանի աղբարդ ալ հոս չէ, աննման պատեհութիւն կ’ըսեն ասոր։

ՆԱԶԼՈՒ Ի՞նչ պիտի ընես։

ԼՈՒՍԻԿ Բան մըն ալ մայրդ կրնար ընել, Նազլու, գրող էրկան գէշ կնիկ։

ՆԱԶԼՈՒ Ի՞նչ, ի՞նչպէս։

ԼՈՒՍԻԿ Միայն թէ՝ երդիքին անծեղներն ալ չը գիտնային ընելիքնիս։ Դուն մէյ մըն ալ աչք պտտցուր։

ՆԱԶԼՈՒ (Անգամ մըն ալ պատուհանէն չորս դին կը նայի ու կը դառնայ). Մարդ չի կայ, կ’ըսեմ, անդին միայն երկու կատու կը գըզուըտին։

ԼՈՒՍԻԿ Մարդու բան չես ըսեր։

ՆԱԶԼՈՒ Ատքան չըսուելիք է նը, լեզուս կը կտրեմ։

ԼՈՒՍԻԿ Սնտուկիս մէջ գիտես թէ շատ մը բաներ կան, ատ տղան անուշ բերնելու փորձ մը ընենք, ը՞հ։

ՆԱԶԼՈՒ Ի՞նչպէս… (ցնցուած)։

ԼՈՒՍԻԿ Ուղտը լեռն ի վեր հանողը փունջ մը խոտ է, կ’ըսեն։ Փեսին գրպանը քիչ մը բան թխմենք։

ՆԱԶԼՈՒ Ամէն ատեն որ ատ մարդը (Շահինը կ’ակնարկէ) հոս կուգայ, ասկէ կ’երթայ, քու խելքդ ալ, մա՛յր, դուռնէն կը մտնայ, պատուհանէն կ’ելլայ։

ԼՈՒՍԻԿ Ի՞նչ կ’ըսես։

ՆԱԶԼՈՒ Ես ո՛չ որբ մըն եմ, ոչ ալ կաղ մը, անդամալոյծ մը որ դրամով ու չգիտեմ ինչով արդիք [1] անցնէի։ Չի լսեցի՞ կարծես։

ԼՈՒՍԻԿ Աղէկ որ լսեցիր։ Շահին աղան ալ ասանկ կ’ըսէ։

ՆԱԶԼՈՒ Թագաւորի տղայ ալ ըլլի, պէտք չէ ինծի։ Ան՝ որ կը փախի, անոր ետեւէն ի՞նչ չափ բան պիտի խոստանաս որ կայնի։

ԼՈՒՍԻԿ Ատ ալ ահա ես կրնայի լմնցնել։ Նախ ոսկի ժամացոյցը… վերջն ալ հետզհետէ ինչ որ սիրեց։ Երկրորդ գալուն ադամանդ մատնին ու ժամացոյցը։

ՆԱԶԼՈՒ Վո՜ւյ, հիմա սիրտս կ’անցնի. (ապուշ սոսկանքներ)։

ԼՈՒՍԻԿ Տե՛ս, ի՛նչ կ’ըսեմ, ջլդիկ, մի՛թռուըտիր։

ՆԱԶԼՈՒ Լռէ, մա՛յր, դուռը կը զարնեն. (կը ցատկէ դէպի պատուհան, մտիկ կ’ընէ, կը դառնայ)։ Մարդ չկայ, հովն է։ Է՜, է՜ (հետաքրքիր ունկնդրութեամբ)։

ԼՈՒՍԻԿ Փառէնը հոս կը կանչենք, գաղտուկ կը հասկնա՞ս։

ՆԱԶԼՈՒ Կանչեցի՜՜՜ր [2] ։

ԼՈՒՍԻԿ Ատ տղուն գալէն ասդին, քենոտիլ ու հոս չի մտնելը, տանը մէջ ասոր-անոր սրունքին ակռայ նետելը, հօրաղբօրը դէմ երես ելլալը, անդին անամօթ մօրը արին-բերան ապսպրանքները, բոլորը բոլորը, անոր հետեւանք են, որ հայրդ քեզ որբի անտիրութիւնով անժառանգ ձգեց։ Գեղին հողը, քաղքին մէջ ունեցածները, բոլորը աղբօրդ վրայ։ Չըսի՞, չի գերեկցա՞յ կարծես հազար անգամ, ձեռքը ոտքը ինկայ, աղջիկն ալ զաւակ է, ան ալ ճիկէր է, էն ետքը անանկ կրակ մը դրաւ փորս, որ «թա գլխուս չիթը վառաւ»։

ՆԱԶԼՈՒ Փախածին ետեւ պարապ շվոց, մա՛յր։

ԼՈՒՍԻԿ Դուն մի՛ յուսահատիր, կ’ըսեմ։

ՆԱԶԼՈՒ Ես արդէն բան մը չեմ հասկնար։

ԼՈՒՍԻԿ Ալ հերիք է, որ էլը մեզ ծամ մը ձութ ընէ, Նազլո՛ւ։ Ատ ալ հոգս չէր, վաղը աս տունը աս չորս պատերով քու գերեզմանդ պիտի ըլլի, ձագո՛ւկս (խանդակաթ ու գորովոտ)։ Օտարը անունդ տարաւ, հայր ըսուածը իրաւունքդ յափշտակեց, ան նշանածդ՝ ան փիճն ալ աչքիդ լուսը քաղեց։ Չի տեսա՞յ, չե՞մ տեսներ կարծես անցածները թելը ասեղին ծակին քովը պառաւի աչքերով կը մօտեցնէիր, սիրտս կտոր-կտոր եղաւ։ Սնտուկիս մէջ ինչ որ կայ չի կայ փեսիս պիտի տամ, եթէ քիչ մը, քիչ մը ապահով ըլլիմ որ աս կերպով անոր միտքը կը փոխեմ։

ՆԱԶԼՈՒ Է՛, է՛։

ԼՈՒՍԻԿ Շահին աղան ալ աս խորհուրդը տուաւ։

ՆԱԶԼՈՒ (Զարմանք). Մեղա՜յ։

ԼՈՒՍԻԿ Հէմ, ըսաւ, տըլըսում ըրեր, տղին խելքը կապեր են, ատ միջոցով կրնաք քակել։

ՆԱԶԼՈՒ Ես բանի մը չեմ խառնուիր, ըսի, միայն գիտեմ թէ հայրս ողջ-ողջ գերեզման կը գլտորուի։ Մառցիր, մառցիր [3] ։

ԼՈՒՍԻԿ Դուն ան ըսէ թէ՝ ո՞վ խրկենք ետեւը, Նազլու, ո՞ւր ըլլէր հիմա, կուգա՞ր մի, առաջ՝ ինտո՞ր տեսնուինք հետը։ Շատ քիպար տղայ մը եղեր է կ’ըսեն։ Լեզուանի՛, լեզուանի՛…

ՆԱԶԼՈՒ Կ’ուզես, հեղ մը, Ասլըխանենց դին շիտկուիր, քանի օր է որ, կ’ըսեն, ան կողմերը կը հովէ։ Ասլըխանին տնմնան [4] հապա քիչ մնացեր է որ աս օրերը անկողինը ցուիքներուն վրայ փռէ։ (Լուսիկ դուրս կ’ելլայ մտմտուքի մէջ, փեսին, հետամտելու, անոր հետ տեսնուելու գաղափարը զինք խենթ մը դարձուցեր է)։



[1]            Արժէք մը ստանայի:

[2]            Ենթադրելով որ կանչեցի՜ր...

[3]            Մոռցի'ր:

[4]                Տունը մնացող, հասուկ աղջիկ: