Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՐԴՈՒԿ (Մինակ)

  (Տանտէրն ու Սահակ դուրս ելլելէ յետոյ, Վարդուկ մինակ կը նստի պատուհանին առջեւ։

Ան երգը մտիկ ընելու վիճակի մէջ, ոտքի կ’ելլայ պահ-պահ ու դարակ մը բանալով՝ օղիի շիշ մը կը գտնէ, բերնին կը դնէ ու շիշը դարձեալ իր տեղը կը պահէ։

Վարդուկին լսած երգին վերջին մասերն են)։

«Ա՛խ, հայրի՛կ, հայրի՛կ, անօրէն հայրիկ,

Կասկամն [1] աւերէր քու տունն ու տանիք,

Գլուխս ի վըրայ մախիր մաղեցիր,

Ձեռքովդ Նազլուիդ ջուրը տաքցուցիր։

Անուխ եմ, տերեւ չունիմ,

Շատ աղուոր եմ, եար չունիմ,

Ընկեր եմ ծովուց մէջը,

Ճահիլ եմ, խապար չունիմ։

Ա՛լ ի՞նչ ընեմ աշխարհքը,

Ալ ի՞նչ ընեմ արեւը,

Ա՛լ ի՞նչ ընեմ գիշերը,

Ա՛լ ի՞նչ ընեմ արեւը,

Ա՛լ ո՞ւր հայիմ ցորեկը»։

 

(Եղանակը փոխուած նագարաթ)

(Վարդուկ ան հեռուէն լսածներուն հետեւողութեամբ ու քիչ մըն ալ օղիին ազդեցութեան տակ, խեղկատակ շարժումներ մը կը փորձէ առանձին ինքնիրեն հետ, կ’աշխատի սովրիլ զայն զուարթ մրթմրթուկով մը ու կ’ըսէ. )

«Վարդուկն եմ կորեկ չունիմ.

Ես ալ մարդ մը՝ օր չունիմ.

Ընկեր իմ ցեխին մէջը,

Իշուկ մը, խապար չունիմ»։

(Դարակը կը բանայ, մէկ-երկու գաւաթ ետեւէ ետեւ կը պարպէ ու ինքնիրեն)

Անուշներ ըլլի՜, Վարդո՛ւկ… (զուարթ)։

(Ականջը միշտ դուրսէն հասած ձայնին կողմը, որուն հետեւողութեամբ իր կրկնութիւններն են)

«Վարդուկն եմ, հանգիստ չունիմ.

Պաղտիկն ուսիս, բոց [2] չունիմ,

Փռուեր եմ սարդին ոտքը,

Ճանճ մըն եմ, խապար չունիմ»։

(Վարդուկ անգամ մըն ալ ականջը լարելով դէպի պատուհան, երբ դուրսի շէր ըսողները կը վերջացնեն իրենց երգին աս մասը՝ «Ա՛լ ի՞նչ ընեմ աշխարհքը, ա՛լ ի՞նչ ընեմ արեւը», եւայլն եւայլն, ինքն ալ աս վերջին համարին արձագանգ կ’ըլլի հետեւեալ արտասանութեամբ, քմածին եղանակով մը).

Ալ ի՞նչ ընեմ տնակը,

Ալ ի՞նչ ընեմ զաւակը,

Ալ ինչո՞ւս պէտք կնիկը,

Ալ ի՞նչ ընեմ պապիկը,

Ալ ի՞նչ ընեմ Խոխ-Հաւուկ [3],

Ալ ի՞նչ պէտք էր գաւաթը։

(Պատուհանին քովէն մէկ կողմ կը հեռանայ, ձեռքը ետեւը կը կապէ, կը պտտի սենեակին մէջ, խռովածի լուրջ երեւոյթ մը ու ընդվզում մը իր ներքին ցաւերէն)։

Բայց, շիտակ չէ՞ հապա, Վարդուկ, ի՞նչ պիտի ընէիր աս աշխարհքը աս ձեւերուն մէջ։ Ուսկէ՞ պիտի հայէիր անոր, որ վայրկեան մը դու ինքդ ալ բերնիդ մէջ մեղրէն քաղցրը լմէիր, աչքիդ տակ ալ վարդին կարմիրը երեւնար։

Երբ Պաղտիկ ինէ առաջ եկեր, թառեր է հոս [4], ես ինչո՞ւ գայի, զիս ո՞վ նետեց ու փախաւ ասկէ։ Բազէն ու ջրաքլորը կրնայի՞ն մէկ վանդակի մէջ ապրիլ, եթէ նոյն իսկ աս վանդակը, աս աշխարհքը ոսկիով, ադամանդով շինուածք մ’ըլլար։

Պարտական մը անսիրտ պարտատիրոջ մը հետ, անոր շունի թաթերուն տակ, միեւնոյն աշխարհքը ու միեւնոյն քաղքին մէջ, ըսէ՛ք, խնդրեմ, եղա՞ւ մի այսպէս, ա՞ս է ան աղուոր բանը, որ կայ եղեր ան արեւին ու ան կապոյտին տակ։

(Դարակին մօտը գաւաթ մըն ալ բերանը լեցնելէ յետոյ) Ճիշտ հիմա, եթէ ծով մը ըլլէր առջեւս, ես զիս անոր մէջ սատկած դիակի մը պէս պիտի նետէի։ Գինո՞վ մըն էր, խենթեցա՞ծ մըն էր, պիտի ըսէին թող ըսէին։

Պաղտիկ ա՛լ չի համբերեր։ Պաղտիկ, հիմա ալ, կը սպառնայ, կը պահանջէ որ աղբօրս բեռն ալ դնէ ուսիս։

Աղէկ ա, ու ան մեր աղբրտաքն ալ իրաւունք ունի կ’ըսէին, աղէ՛կ ա։ Տուն դառնամ հիմա ու աս աւուր հէքեաթը պատմեմ խեղճ կնկանս (Պեխերը կը յարդարէ, ինքզինք կը շտկրտէ, կ’աշխատի լուրջ երեւոյթ մը տալ դէմքին, դարակը անգամ մըն ալ կը բանայ, գաւաթ մըն ալ… ու կը մեկնի)։


[1]            Բու:

[2]            Ժողովրդական ոճով ոսկի կը նշանակէ:

[3]            Գինիի տեսակներ, գինին արտադրող գեղերուն անուններովը:

[4]            Աշխարհքը: