Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

(Պաղտիկին տունը, անշուք խցիկ մը Նազլու անկողնին մէջ, ճգնաժամային վիճակ։ Պատերէն կախուեր են հիւանդ աղջկան սովորական հագուստները. գլխուն վերեւ սափոր մը, պարապ սկահակներ։

Հայրը սենեակին վերի կողմը, ծալապատիկ նստած կը մտմտայ. հիւանդին մօտը հսկողը մայրն է միայն)։

ԼՈՒՍԻԿ, ՊԱՂՏԻԿ, ՆԱԶԼՈՒ

(Նազլու անհանգիստ, բարձր-բարձր տքուկներ)

ԼՈՒՍԻԿ Ի՞նչ, հոգիս, ի՞նչ կ’ուզէիր. (լռութիւն) ոտքի ելլար նէ, օղերս ծախէի, Ս. Նշան զոգ մը խոռոզ տանէի։

ՆԱԶԼՈՒ Շունչս… մայր, շունչս։

ԼՈՒՍԻԿ Կոտրտիմ, կոտրտիմ։ Ատ ի՞նչ էր կպաւ ու չի թողուր խեղճ մէսըմըս, ալ չի թողուց որ շիտկուէր (Ինքնիրենը միշտ, ոչ իսկ էրկան կողմը նայելու սիրտն ընելով)։

ՆԱԶԼՈՒ Պատուհանը…  բա… կը խեղդուիմ։

(Մայրը աղջկանը գլուխը կամացուկ մը վեր կ’առնէ, կը նստեցնէ, ինքն ալ անոր ետեւը նստելով, պահ մը բարձի պէս յենակ մը կ’ըլլայ, պուտ մը ջուր կը խմցնէ ու նոյն դիրքով յետոյ կռնակի վրայ կը պառկեցնէ)։

ԼՈՒՍԻԿ Պառկի՛ր, ձագուկս, պառկի՛ր։ Ըսէ՛, ո՞րտեղդ է ցաւդ, ես առնեմ, ես դնեմ ծոցս։

(Դէպի էրիկը) Ախ, դուն ալ զըհար հայր եղար նէ, ճիկէր ունիմ ըսիր։ Բժիշկ-բժիշկ ըսի, իմ ձայնս ես լսեցի։ Եկո՛, տես թէ՝ ինտոր բերանը ճնճղկայ պէս կը բանայ, կը խփէ։

ՊԱՂՏԻԿ (Քունէն արթնցողի գժուած երես) Հիչ ալ բան չի կայ կ’ըսեմ նէ, դուն չես հասկնար։ Պաղ առեր է անգամ մը, քիչ մը պիտի պառկի։

ԼՈՒՍԻԿ (Նազլու նուաղած վիճակի մէջ) Պաղիմազի չլմանիր աս, չես գիտեր։

ՊԱՂՏԻԿ Պաղ ըսածդ լրերով կը մտնայ, տրէմտրէմ դուրս կ’ելլայ։

ԼՈՒՍԻԿ Հիմա նորէն կորսնցուց, բժիշկ մի։

ՊԱՂՏԻԿ Հը՜ն…  զըհար գիտէք թէ՝ բժիշկ գայ նէ հոգի պիտի տայ։

ԼՈՒՍԻԿ (Ինքնիրեն) Երէկ չէ առջի օր, տուր տուրում [1], էճէլէ ծամկալը կ’ուզէր որ բարձին տակը դնէ։

ՊԱՂՏԻԿ Ասըլ հէքիմը՝ Աստուած։

ԼՈՒՍԻԿ Ուրիշները հէնց որ քնթերնին կը ծռի, դեղ-դարման կը հասցնեն, դրամ կը խարճեն։

ՊԱՂՏԻԿ Թող տան, թող խարճեն։ Աստծու գործին խառնուիլ չըլլիր։ Դուն չես գիտեր։

ԼՈՒՍԻԿ Ես ատոնք չի հարցուցի քեզի։

ՊԱՂՏԻԿ Ես ալ որ էւէլի կող ունիմ, քու վրայ քիչ մը էւէլ ալ խելք ունիմ։ Ինչերէ՜ անցանք, յիմա՛ր, ու հիմա ի՞նչն է որ կը պռճըգտես [2] ։

ԼՈՒՍԻԿ Խեղճ մէսըմըս կը վախնամ քի անէճէլ… անկէ ալ կ’անցնենք։

ՊԱՂՏԻԿ Վախդը որ լմնցեր է, ե՞ս ինչ ընեմ, դո՞ւն ինչ ընես։ (Նազլու վայրկեան մը շարժնութեան նշաններ կը ցուցնէ, հատ-հատ կը հազայ. հեւք, տագնապ)։

ԼՈՒՍԻԿ Ձեռքերն ալ միշտ անկողնէն դուրս կը նետէ։ Նազլո՛ւ, ի՞նչ կ’ըսէիր, աղջիկս, աչքդ բա՛ց մէյ մը. (ձեռքը հիւանդի ճակտին ու կուրծքին տանելով) կ’էրի, ձագուկս կ’էրի, կ’էրի, ետեւէն ալ պաղ քրտինք մը կը…

ՊԱՂՏԻԿ Հիմա կը հասկնա՞ս թէ՝ պաղ առեր է։ Մէյ մը տէրտէրը բերել տայիր, թող աւետարան մի թօթուէր (ոտքի վրայ կը պտտի, պաղարիւն միշտ դէպի հիւանդը). աղէկ է ասօր, աղէկ է։ Ես առջի օրուընէ աղէկ կը տեսնեմ։

ԼՈՒՍԻԿ Անանկ ըսէ…

ՊԱՂՏԻԿ Խելքիս պառկածը պիտի ըսեմ ա։ Ե՛լ դուն մէյ մը քանի մարդ-մուրդ չէ եկեր սնտուկդ բաց։

ԼՈՒՍԻԿ Չեմ հասկնար, խելք չիկայ գլոխս, չի կա՛յ, չի կա՛յ (սրտադող վիճակ)։

ՊԱՂՏԻԿ Սնտուկիդ մէջ դրուած մատնի, ժամացոյց, խաթար, ինչ որ կար։ Հասկցա՞ր։

ՆԱԶԼՈՒ Քիչ մը… կողմս… դարձուր մայր։

ԼՈՒՍԻԿ (Հիմա քիչ մը աւելի անձնատուր հիւանդին ծառայութեան) Ա՛խ, եաւրում, քիչ մը աչքդ բաց, ինծի հայիր, քիչ մը հոն լոյսին հայիր։ (Նազլու չի խօսիր)։ Հայկանոյշը [3] բարեւ խրկեր է, Նազլու, խնձոր մը խրկեր է, տե՛ս, աչքդ բաց։ (Մայրը խնձորը աղջկան կը ցուցնէ, աղջիկը նուաղուն, ոչ կը տեսնէ, ոչ կը խօսի։ Մայրը ինքնիրեն անիմաստ բաներ մը կը մրմնջէ։ Տրտում, միշտ տրտում)։

ՊԱՂՏԻԿ Չի լսեցի՞ր, Լուսի՛կ։

ԼՈՒՍԻԿ Ի՛նչ սիրտ, ի՛նչ հոգի։

ՊԱՂՏԻԿ Եթէ ո՛չ սնտուկիդ բալլին ինծի, ես ելլամ։

ԼՈՒՍԻԿ Իմ կրակս, իմ խշխիշս. իրեն ալ հիմա սնտուկ քրքրելը կը բռնէ։

ՊԱՂՏԻԿ Առտուն փէշ մը փարայ պիտի համրեմ, կնի՛կ, ատ ի՞նչ անմտութիւն, ի՞նչ ծանր բան է որ իմ ըսելս բռներ է նը, քու ալ ինատութիւնդ կը բռնէ։ Չէ՛, եթէ կը պահես որ աղջկանդ ճիհէզ տաս օր մը, ան ըսէ, որ մենք ալ վազ անցնինք։ Ինչերէ՜ չանցանք, ինչե՜ր չի կորուսինք։ Վազ կ’անցնինք որ վաղը անկողին մըն ալ մենք փռենք հոն։ Վե՛ր ել, ոտքի ել, սանկ բան չըլլիր (Պաղտիկ ուժը համրիչին տուած՝ պահ-պահ ալ սիկառին, կը քաշէ, կը մտածէ ու կը սպասէ)։

ԼՈՒՍԻԿ (Դիտմամբ հիւանդով կ’զբաղի, որ էրկանը պահանջածը մոռցնել տայ) Աղջկանս հոգին առնողը դուն ես եղեր, հիմա ալ դուն կ’ըլլիս։ Երթալով կը խնկուի [4] երեսը։

ՊԱՂՏԻԿ Հասկցանք, էֆէնտիմ, հասկցանք. ասօր խնկուէր է նը, վաղն ալ կը խնձորուի զըհար։ Իմ ցաւս, իմ տէրտս, իրեն ալ խունկն ու խնձորը։ «Հէր քէս» ոտքի վրայ եկեր կը սպասեն որ տուած ռէհէննին առնեն, իրենք ալ իրենց ստորագրած սէնէդնին ազատեն։ Ել սնտուկդ բաց, սէնէդներուն ծրարն ալ մէկտեղ բեր, որ մէյ մը տէֆթէրիս հետ թաթպիք ընեմ, բան մը հասկնամ։ Խօշ մենք սըկէ-նըկէ առնուած գրաւները մեզի մալ չպիտի ընէինք։ Ինչերնուս պէտք, ուրիշն ալ մարդ է ու նէֆս ունի, մենք ալ տարին անգամ մը գոնէ աս խիղճ ըսուածը բանի տեղ դնելու մարդավարութիւնը ունենանք։ Մինչեւ հիմա ի՞նչ չըրի, ի՞նչեր չըրի արդիւ՞նք կ’երուայ ահա հալերնիս։ Ու աս բոլոր խօսքերը քեզի մէկ բան մը հասկցնելու համար միայն բալլին, սնտուկիդ բալլին։

ԼՈՒՍԻԿ (Վախ, վարանում, անճրկանք) Չիկա՛յ, չիկա՛յ։ Չեմ գիտեր ո՛ւր դրեր եմ, ո՛ւր կը մնայ։ Կ’ուզես, եկուր վրաս գլոխս դուն հայիր, դուն հասկցիր մէյ մը, գտար նէ, աչքս կոխէ։ Մեղա՜յ, Տէ՛ր, մեղա՜յ, Աստուած։ (Նորէն հիւանդին վրայ կը գճկի, իբր թէ՝ անկէ նոր բաներ մը կը հասնի ականջին) Ի՜նչ, հոգիս, ի՜նչ կուգար ձեռքէս, ի՜նչ կրնայի ընել։ Քովն եկուր (դէպի էրիկը), տե՛ս, ի՛նչ կ’ըսէ չօճուխս բժիշկ չիկայ, եաւրում, եաւրում, ատ անունով, ատ տեսակ մարդ չիկայ աշխարհիս վրայ։ Հոս եկուր, ականջովդ լսէ թող բժշկի մը երես տեսնամ, վերջը մեռնիմ կ’ըսէ։ (Յաւէտ հիւանդին կառչած, փղձկում, ոտքի կ’ելլայ անգամ մը պատէն կախուած աղջկան լուսանկարը կը դիտէ ու ձեռքն ալ գօտիին մէջ, կուգայ նորէն հիւանդին սնարը կը կծկտի։ Անբացատրելի տագնապ)։

ՊԱՂՏԻԿ (Աս ալ մէյ մը նստելով, մէյ մը կայնելով) Ա՜խ, Տեր Աստուած, իրաւ է եղեր որ դժբախտութիւնը մարդուն բրշակը մտնալու հազար ճեղք, հազար ծերպ կը գտնայ, ետքը անկէ դուրս ելլալու համար ասեղի ծակն ալ չի գտնուիր։ Սըվի ուսկէ՞ ալ միտքս մնաց։ (Պաղտիկ երբեմն գրպանէն մատիտի ծայր մը կը հանէ, թղթի կտորի մը վրայ թիւ, թուանշան կը շարէ, հաշիւներ կ՚ընէ, ատեն-ատեն հիւանդին կը մօտենայ, սեւեռուն նայուածք մը անոր ու կը հեռանայ մէկդի անգիտակից քայլերով դարակ մը կը բանայ, մէկ-երկու գաւաթ ետեւէ ետեւ բերանը կը լեցնէ ու յետոյ խոշոր, քճքճուած տոմար մը ձեռքն առնելով՝ արագ-արագ թերթերը կը շրջշրջէ։ Աս վիճակին մէջ հիւանդտեսի եկող դրացի ընտանիքի մը ներկայութիւնը Լուսիկին ուզածը աս անակնկալը ու էրկան համար ալ կատղեցնող դէպք մը)։


[1]            Փութկոտ:

[2]            Քրքրես:

[3]            Աղջկան մտերմուհիներէն:

[4]            Կը տժգունի, կը դալկանայ: