Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

(Պաղտիկ յիմարութիւնը ծայր աստիճան հասուցած՝ ինքզինք կը կախէ վերջապէս իր տանը ձեղունէն։ Վարդուկ հանդիպաբար անոր տունը այցելելու առիթով, սոսկալի անակնկալի մը դէմը կը գտնուի)։

ՎԱՐԴՈՒԿ (Աջ ձեռքը դէպի ան կախուողին երեսին վերցնելով)։ Մինչեւ հոդ կրնայիր մագլցիլ ու կենալ արդէն, ո՜վ անօրինակ վատութիւն, ատկէ անդին, վերը՝ գիտէիր թէ՝ քու տեղդ չպիտի ըլլար ապահովապէս։ Վերը՝ արեւին ու աստղերուն բարձրութիւնը, ու դեռ անկէ ալ վեր, շուշան անմեղութեան ու պսակուած արդարներուն հայրենիքը, քեզի հիւրընկալ ապաստանարանը չպիտի ըլլար։ Գիտէիր։ Դուն հոդ ատ դերբուկ դիրքին վրայ նպատակով մը կեցար ու կապեցիր ինքզինքդ որ ոտքիդ տակ արարքներդ մոռցող՝ մօտէն դէմքեր մը նշմարես, բայց՝ չէ՜…  աշխարհք ներէ քեզի, ես չեմ ներեր, Աստուած ներէ, քեզի աղջիկդ չպիտի ներէր։

 

Մուրճ, 1904