(Վարդուկ
իր
տունը)
ՎԱՐԴՈՒԿ,
ԳՈՀԱՐ
ԳՈՀԱՐ
—
Միշտ
ուշ,
միշտ
ուշ
(նազանք)։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Խօսք
մը
որ
շատ
կարճ
կը
կապես,
Գոհար
(տքալ,
փքալ
ու
անձկութիւն)։
ԳՈՀԱՐ
—
Ի՞նչ
հապա,
ա՛լ
ի՞նչ
ըսէի,
մարդն
ան
դուրսը
կորուսած
սիրականին
ալ
հանդիպի
նէ
մէյ
մը
ետին,
տունը
կը
հայի։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Սիրակա՜ն…
բերանդ
ալ
կը
բացուի,
բայց…
կնիկ
էք
ախըրըր։
(Բռնազբօս
զուարթութիւն)
Եթէ
քեզնէ
պաղած
ըլլելուս
կը
կասկածէիր,
անգամ
մըն
ալ
տէրտէրը
բերէինք։
ԳՈՀԱՐ
—
Ի՛նչ
ալ
ըսեմ,
վրաս
կը
խնդաս։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Դուն
ալ
իմ
հէննէքներս
սխալ
կը
հասկնաս,
Գոհար,
գործիս
կուգա՞ր
որ
վրադ
լայի։
ԳՈՀԱՐ
—
Չի
հասկցար
միտքս…
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Հասկցայ,
ինտո՛ր
չէ,
խնդալէ
առաջ,
ետեւէս
խնձոր
մը
խած
կ’ըսես.
բայց…
ԳՈՀԱՐ
—
Ճար
ճամբայ
ալ
կ’ընէ
(Էրկանը
աչքին
մէջ
սիրավառ
նայուածք
մը)։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Չէ՛
անուշի՛կս,
հիմա,
իրաւ
որ,
ի՛նչ
ալ
ըսէ
բերանս,
այն
չէ
սիրտս։
ԳՈՀԱՐ
—
(Ժպտուն)
Միայն
թէ
երդումդ
կը
պակսի։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Ճմարիտ
կ’ըսեմ,
որ
ասօր
սիրտ
չունիմ
երբեք։
ԳՈՀԱՐ
—
Ի՞նչ…
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Երէկ
ալ,
ասօր
ալ
սիրտս
մէջէս
հաներ՝
եւ
տեղը
փշոտ
ոզնի
մըն
են
դրեր։
ԳՈՀԱՐ
—
Անցածներն
ալ
օձի,
կարիճի
վրայ
կ’ըսէիր։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Աս
օրերը
շա՛տ
գէշ,
շա՛տ
քայքայուած։
ԳՈՀԱՐ
—
Օր
մ’ալ
ուրիշ
բան
չըսիր։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Քանի
ան
գրողը
ողջ
էր,
ի՞նչ
կը
յուսայիր։
ԳՈՀԱՐ
—
Բերանը
համ
առաւ,
ինչո՞ւ
չէ,
թոյլ
մարդուն
հետ
ինտո՞ր
կը
վարուէին։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Թոյլ
մա՜րդ…
մէյ
մը
երեսիս
նայէ։
(Երեսին
դաժան
ծամածռութիւն
մը
կուտայ)
Հը՜մ՜մ…
(Գլխի
յոխորտ
երերումներ)։
ԳՈՀԱՐ
—
Անանկ
բաներ
կ’ըսես
որ…
(Էրկանը
թոյլ
հոգիէն
հասկցող
կնոջ
մը
յուրահատութիւնով)։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Իմ
ըսածներս
մէկ
կնիկ
չի
հասկնար,
ալ
երկուքը
չեմ
գիտեր։
Դուն
մէյ
մը
ան
շիշն
ու
գաւաթը…
ԳՈՀԱՐ
—
Չի
կա՛յ,
չի
կա՛յ։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Ամեն
օր
ատ
խաղերը
կ’ընես
(քծինք)։
ԳՈՀԱՐ
—
Հիմա
ջուրին
տեղն
ալ
կը
խմես
(տրտունջ)։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Պուտ
մը,
կաթ
մը,
դուն
մէյ
մը
շիշը։
Բայց…
Գոհա՛ր,
դուռը
(ցնցումներ)
սո՛ւս…
(դուռը
կը
զարնուի,
եկողը
Պաղտիկն
է)։
ԳՈՀԱՐ
—
(Պատուհանէն
նայելով,
աճապարանքներ
քրթմնջիւն)
Ա՛ն
է,
ան
շուտիկը։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Դուռը
երեսին
հերտկցուր,
հոս
չէ
ըսէ.
աս
ալ
այսօրուան
տեսնելիքնիս։
Ու
շա՜տ,
շատ
տակաւի՜ն։
ԳՈՀԱՐ
—
(Դուռը
անգամ
մըն
ալ
կը
զարնուի,
թա՛ք,
թա՛ք,
թա՛ք.
Գոհար
տագնապի
մէջ)
Չեմ
կրնար,
երեսս
չի
բռներ,
դուն
գնա,
դուն
բաց
(դուռը
անգամ
մըն
ալ
կը
զարնուի)։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Ամօթ
է,
Գոհա՛ր,
մարդը
ի՞նչ
պիտի
ըսէ
(Շփոթած՝
Վարդուկ,
սենեակին
մէջ
ինքզինք
պահելու
տեղ
մը
կը
բնտռէ)։
ԳՈՀԱՐ
—
Սիրտս,
սիրտս…
(ցաւատանջ
դէմք)։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
Հիմա
կը
խոստովանի՞ս,
թէ
ինքդ
ես
թոյլը։
ԳՈՀԱՐ
—
Իրիկուընով
ի՞նչ
ունի,
գիշե՞րն
ալ
չեն
թողուր։
ՎԱՐԴՈՒԿ
—
(Ընկճուած)
Բա՛ց,
բա՛ց,
թող
կ’ուզէ
ոստիկան
ալ
բերէ,
զիս
է
բնտռածը։
Անամօթ
մարդէն
փախիլն
ալ
խոհեմութիւն
է,
Գոհա՛ր
(Վարդուկ
անմիջապէս
սենեակին
մէկ
կողմը,
անկողնարանին
[1]
վարագոյրին
ետեւը
կը
պահուի։
Դուռը
բացուած
է
ու
Պաղտիկ
սենեակին
դռանը
շէմքին
վրայ)։
[1]
Անկողնարան
–
Միւսէնտէրէ:
Սենեակին
պատին
մէջ
մեծկակ
պատուհանի
ձեւով
տեղ
մը,
ուր
առտու
իրիկուն
անկողինները
կը
ծալլուին,
կը
տեղաւորուին:
Աս
անկողնարանը
առջեւէն
վարագուրով
մը
ծածկուած
կը
մնայ: