Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

(Մակար քաղաք դառնալով, իր «հանդէպքին» վրայ բաներ մը ըսելու համար, իր տունը խորհրդի կը հրաւիրէ ճանչցածներէն մէկ քանին):

Կարկուտ-Եփրիկ, Ձմերուկ-Զաքար, Մրջնկուլ-Սահակ, Սսռկէս-Դաւիթ, Թթռկիչ-Մարգար, Պիտակ-Համբիկ, Հեքիմ-Նռնօ: (Մէկտեղ խորհուրդի մէջ):

Մակար Բաներնիս բուրդ է, Եփրի՛կ:

ԵՓՐԻԿ Ի՞նչ:

ՄԱԿԱՐ Աս օրուան տեսածս, ինտո՛ր ըսէի:

ԱԱՀԱԿ Մակարն ալ բան տեսեր է եղեր տէ՛, մենք ալ անկճուընիս պիտի սրենք, դուն ան ըսէ թէ՝ ձմեռ եկաւ, ո՞ր տուն փլցնես պիտի, որ կտոր մը չոր վառելիք ճարես:

ԵՓՐԻԿ Ասոր բոպիկ զրպարտութիւն կ՚ըսեն, Մրջնկո՛ւլ, իրա՞ւ չես լսեր, Մակար մեծ պաքէն ի վեր երդում ըրեր է, որ ա՛լ կրիային վրայ ալ թօզ չպիտի թափէ, Դաւի՛թ, դուն ալ անանկ չե՞ս լսեր:

ԴԱՒԻԹ Իմ գիտցածս ան է որ, մարդը բերանը բացեց թէ չէ՝ պեխերէն մուկ կը կախէք:

ՍԱՀԱԿ Հա՛, եա՛, Սսռկէ՛ս, Մակար երէկ դոլ մը գինի թափեր է եղեր կոկորդէն վար, հիմա տէմլէմիշ կ՚ըլիս:

ԴԱՒԻԹ Ես շիտակ կ՚ըսեմ:

ՍԱՀԱԿ Շիտակ խօսո՜ղ, ան ալ Սսռկէս Դաւիթը:

ԴԱՒԻԹ Չէի՞ր հաւներ:

ՍԱՀԱԿ Անցած Հինգշաբթի օրուան շիտակ խօսողն ա՞լ դուն էիր, դուն չէի՞ր վկայողը թէ՝ կաղնի Մարգարը աս քաղքին պարկեշտ, պատուաւոր վաճառականներէն է, մինչդեռ բոլորին գիտցածն է, կոյրերն ալ կը վկայէն թէ՝ քաղաք մը ապականելու համար, այն մարդուն ըղունկին ծայրն ալ շատ պիտի ըլլէր:

ՄԱԿԱՐ Ըսել է, ձեզ հոս կռուելո՞ւ կանչեցինք:

ՍԱՀԱԿ Չէ՛, էշ ըլլելուն ու գէշ ըլլելուն մէջ լեռայ չափ տարբերութիւն կայ:

ԴԱՒԻԹ Ես բերանս չի բանամ՝ կ՚ըսեմ:

ՀԱՄԲԻԿ Զէվզէկութիւն չուզէր, Դաւի՛թ, դուք կատակը իրաւի դարձուցիք:

ԴԱՒԻԹ Դուն գիտես ա, Սահակ, շաբթուն մէջ օր մը ալ աղա կ՚ըսեն մեզի, գիտես ա, ինծի հետ խեղկտացողը, ամբողջ ամիս հացէ ջուրէ կը կըյրի:

ՍԱՀԱԿ Սըվոր տես, սա շվոտին հալը տես, անանկ կ՚ուռի, անանկ կը պարպուի, իբր թէ՝ զիս գող մը կը բռնէ, իբր թէ՝ տունս գողերու եաթաղ մը շիտկելու համար իրեն հետ դաշինք դրած ըլլիմ:

ՄԱԿԱՐ Ճշմարիտ կ՚ըսեմ որ երկուքդ ալ գինով՝ հէմ եաման գինովցեր էք:

ՀԱՄԲԻԿ Ես ալ ճիշտ հրամանքիդ կարծիքը ունիմ, Մակար աղա, աս ըրածները իրաւ որ փողոցի անվարտիներն ալ չեն ըներ:

ԶԱՔԱՐ Ի՛նչ, ի՛նչ, ի՛նչ, դուն ալ Մակար աղային հետ մէկտեղ կ՚ըլլիս տէ, կարծիք կը յայտնես, Համբի՛կ:

ՀԱՄԲԻԿ Ինծի մի՛ շտկուիր, բարեկամ, իմ պոչս արդէն այնքան խածեր փրցուցեր են, որ ալ քեզի ծիւ մը բաժին չելլեր:

ԶԱՔԱՐ Հա՛, մարդ եղիր անանկ ու արեւուն ալ նայելու ատենդ աչքիդ դէմ սեւ ապակի մը բռնէ:

ԴԱՒԻԹ Կը համբերէի՞ք, որ ձեզի թօաֆ պատմութիւն մը ընէի:

ՄԱԿԱՐ Բայց ես ձեզ հոս կարեւոր խորհուրդի մը համար կանչեր էի, աղբա՛ր:

ԴԱՒԻԹ Պատմութեան ամբողջը չպիտի ընեմ:

ԶԱՔԱՐ Միայն ծայրն ըսէ ու խբէ, Դաւի՛թ, թող անոնք կ՚ուզեն, մտիկ ալ չընէին:

ԴԱՒԻԹ Աս մեր աղա Համբիկին տունը սպասուհի աղջիկ մը կար նէ, կը յիշէ՛ք ա, մենք ալ պահ պահ անոր պօյը կը հայէինք, ատ աղջիկը կ՚արգուելէն երկու ամիս առաջ հիւանդ ընկաւ:

ԶԱՔԱՐ Հիւանդ էր, գիտենք, աղջկան մայրը ան ատեն աս մեր ժողովին գիր մը տուաւ, որ հատուցումի պէս բան մը քակենք դէմինէն:

ԴԱՒԻԹ Ճի՛շդ, ճի՛շդ, ատ աղջիկը ահա, ի՛նչ ըրին, ի՛նչ չըրին աղէկցուցին վերջապէս, վրայ գլխոց գեղացի տղի մը շալակը հանեցին: Հարսնիքին մէսարիֆն ալ տրուած էր, հարկ կա՞յ ըսել թէ ուսկէ՛. բայց տղան առագաստին երկրորդ օրը, դեռ քիթն ու փինջը չի լուացած՝ թողուց կնկուկն ու թռաւ, ո՛ւր գնաց, ո՛ւր մնաց, մարդ չգիտցաւ:

ՀԱՄԲԻԿ Է՛, լմնցուցիր, ըսել է:

ԴԱՒԻԹ Ուզեմ ճոթը թա Պաղտատ կ՚երկնցնեմ:

ՀԱՄԲԻԿ Որ ի՞նչ ըլլայ:

ԴԱՒԻԹ Որ ան ըլլայ քի, մէյ մը հիմա ան խեղճ էկսուկէթէկը շահիս, մէյ մըն ալ անոր էրկանը թողած պագաեէնները տաս:

ԶԱՔԱՐ Բերանդ պագնեմ, Դաւիթ:

ՀԱՄԲԻԿ Ես եթէ սատանին խորհուրդներուն յարմարէի նը, հիմա գիտեմ ի՛նչ կ՚ընէի:

ԶԱՔԱՐ— Դաւիթ քնթիդ ոսկորէն բռնեց ա, ա՛լ կ՚ուզես նը ոտքերովդ կաղնին արմատէն հանէ:

ՄԱՐԳԱՐ Մարդ եղէք, պապա՛մ, մարդ եղէք, ինչո՞ւ իրարու խաթըրի կը դպնաք, ինչո՞ւ պարապը իրարու երես կը ճանկռտէք, ո՞վ արդար էր մէջերնիս։ Ան ի՛նտոր մօր բերած տղայ է, որ ճանբան, ոտքերուն տակ ոսկի մը կը տեսնէ ու վրան չի հայիր, մարդ ըսածիդ նէֆսը ինչո՞վ կը կշտանայ: Շիտակը որ պիտի ըսեմ, ամէն մէկերնիս ալ ունինք տակերնիս մէյմէկ բան, Աստուած մեղքերնիս երեսնիս չի բերէր:

ՄԱԿԱՐ Հիմա լմնցուցի՞ք ըսել է, աղաներ, տունս եկեր էք վրաս ձէթ ալ լեցնէք, ես նորէն ձեզի մէյմէկ խնձոր պիտի տամ:

ՀԱՄԲԻԿ Անուննիս ալ գիտե՞ս ինչ էր:

ՄԱԿԱՐ Թաղականի գործ չէ աս, վար դիր ձայնդ:

ՀԱՄԲԻԿ Թող ըլլի դրամի գործ:

ՄԱԿԱՐ Ատ ալ չէ:

ԶԱՔԱՐ Հասկցայ, հասկցայ:

ՄԱԿԱՐ Ի՞նչ, ձագար բերան:

ՆՌՆՕ Ես շատ կը ցաւիմ, որ ձեր մէջը երեւցայ, կը ցաւիմ, շա՛տ:

ԵՓՐԻԿ Ա՛լ խապէրի զուռնատան:

ՆՌՆՕ Ես հոս ի՞նչ գործ ունէի:

ՄԱԿԱՐ Աղէկ ա, էֆէնտիմ, օր մ՚ալ գործ չունեցած տեղդ երեւցիր, մենք ալ կարծեմ քրիստոնեայ ըսել ենք:

ՆՌՆՕ Ես չեմ հաւտար, որ այս ժողովքը քրիստոնեայի ժողովք ըլլայ:

ԵՓՐԻԿ Մերն ասանկ է միշտ, պա՛տուելի, մերը միշտ ասանկ՝ կ՚սկսի, ասանկ կը վերջանայ, մի՛ վախնար, մենք իրարու վրայ գանգատի չենք վազեր:

ՆՌՆՕ Բայց շատ կը ցաւիմ:

ՍԱՀԱԿ Էօ՜ֆ…

ՆՌՆՕ Ես զաթի արդէն որոշեր էի, որ տարբեր յարանուանութիւններու հետ բն՜ն՜նա՜ւ չընեմ յարաբերութիւն, աս ալ դժբաղդ պատահում մը եղաւ:

ԵՓՐԻԿ Ինչո՞ւ, պատուելի՛, մենք ինտո՛ր մարդ էինք:

ՆՌՆՕ Բան մը չեմ ըսեր, եղբա՛յր:

ՀԱՄԲԻԿ Ճիշտ, հիմա ահա փորուս խոստուկը անցաւ, խելք ըսէ, ան Դաւիթին գնա, փորդ ալ կը ցաւի նը, սա մեր Հէքիմին քինթը քաշէ քովդ, Մակա՛ր, աղա՛ս, դուն ալ անանկ չե՞ս ըսեր:

ՄԱԿԱՐ Չպիտի խօսիմ, երդում ըրի:

ՀԱՄԲԻԿ Իրաւունք ունիք, ի՛նչ ըսեմ:

ՍԱՀԱԿ Ա՛լ ես ահա ֆէսս քնթիս վրայ քաշեցի:

ՄԱԿԱՐ Պիտի լռէ՞ք վերջապէս:

ՄԱՐԳԱՐ Բան մը ըսե՞մ քեզի, փարա մի՛ ուզեր, ի՛նչ կ՚ուզես ըսէ:

ԵՓՐԻԿ Ես փարայի խօսք չընողին առջեւ, քառսուն ծունկ ժամ կ՚էնէի:

ՄԱԿԱՐ Ճշմարիտ կ՚ըսեմ որ ոսկի, արծաթ չէր ուզածս:

ՄԱՐԳԱՐ Բերնիդ առիքը պագնիմ:

ՄԱԿԱՐ Տեսէ՛ք, ի՛նչ պիտի ըսէի:

ԴԱՒԻԹ Դուն ալ շատ երկնցուցիր, հա՜:

ԶԱՔԱՐ Ո՞րչափ ամմա:

ՄԱԿԱՐ Մտիկ ըրէք, որ ըսեմ ըսելիքս: Աս առտու, գեղ երթալու ճամբուս վրայ, եթէ ըսեմ, հրաշքի հանդիպեցայ, չպիտի հաւտաք, բայց առաջ իմ ըսածիս հետեւելու խօսք մը տայիք: Էնդի Դէմէն եկող ծերի մը պատահեցայ, ես քիչ մը առի տուի հետը, բայց շատ չհաւտացի ո՛չ իրեն, ոչ իր ըսածներուն: Մարդը պատուիրեց ինծի որ մէկ քանիներ հետս առած իրեն երթայինք, շատ կարեւոր ըսելիքներ ունիմ, կ՚ըսէր, եթէ չուզէք հետեւիլ, ես խօսք տուի, որ առանձին երթամ, բայց մարդը անպատճառ ձեզի ալ կ՚սպասէր:

ՍԱՀԱԿ Տեսա՞ք հիմա Մակարին ածած հաւկիթը:

ՄԱԿԱՐ Երբ սուտ ելլեմ, զիս հոն հոր մը նետեցէք:

ՍԱՀԱԿ Ի՞նչ կ՚ըսէք, աղանե՛ր, հա՞ս է, չհաս է ատ տանձը:

ՆՌՆՕ Բայց ձեզի ի՞նչ վնաս պիտի ըլլար, կարելի է իրաւ որ հրաշալիի յայտնութիւն մը եղած ըլլայ:

ԶԱՔԱՐ Մեզմէ զահար, հաց, ջուր չէր ուզեր, ինծի մնար, ես երթանք պիտի ըսէի, աս Հէքիմ-Նռնօն ալ անպատճառ թող հետերնիս գար, մարդը կարելի է սուրբ մարդու մըն ալ պէտք ունենայ:

ԲՈԼՈՐԸ ՄԷԿՏԵՂ Երթանք, երթանք: (Կը մեկնին):