Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

(Վարդուկ իր տունը)

ՎԱՐԴՈՒԿ, ԳՈՀԱՐ

ԳՈՀԱՐ — Միշտ ուշ, միշտ ուշ (նազանք)։

ՎԱՐԴՈՒԿ — Խօսք մը որ շատ կարճ կը կապես, Գոհար (տքալ, փքալ ու անձկութիւն)։

ԳՈՀԱՐ — Ի՞նչ հապա, ա՛լ ի՞նչ ըսէի, մարդն ան դուրսը կորուսած սիրականին ալ հանդիպի նէ մէյ մը ետին, տունը կը հայի։

ՎԱՐԴՈՒԿ — Սիրակա՜ն… բերանդ ալ կը բացուի, բայց… կնիկ էք ախըրըր։ (Բռնազբօս զուարթութիւն) Եթէ քեզնէ պաղած ըլլելուս կը կասկածէիր, անգամ մըն ալ տէրտէրը բերէինք։

ԳՈՀԱՐ — Ի՛նչ ալ ըսեմ, վրաս կը խնդաս։

ՎԱՐԴՈՒԿ — Դուն ալ իմ հէննէքներս սխալ կը հասկնաս, Գոհար, գործիս կուգա՞ր որ վրադ լայի։

ԳՈՀԱՐ — Չի հասկցար միտքս…

ՎԱՐԴՈՒԿ — Հասկցայ, ինտո՛ր չէ, խնդալէ առաջ, ետեւէս խնձոր մը խած կ’ըսես. բայց…

ԳՈՀԱՐ — Ճար ճամբայ ալ կ’ընէ (Էրկանը աչքին մէջ սիրավառ նայուածք մը)։

ՎԱՐԴՈՒԿ — Չէ՛ անուշի՛կս, հիմա, իրաւ որ, ի՛նչ ալ ըսէ բերանս, այն չէ սիրտս։

ԳՈՀԱՐ — (Ժպտուն) Միայն թէ երդումդ կը պակսի։

ՎԱՐԴՈՒԿ — Ճմարիտ կ’ըսեմ, որ ասօր սիրտ չունիմ երբեք։

ԳՈՀԱՐ — Ի՞նչ…

ՎԱՐԴՈՒԿ — Երէկ ալ, ասօր ալ սիրտս մէջէս հաներ՝ եւ տեղը փշոտ ոզնի մըն են դրեր։

ԳՈՀԱՐ — Անցածներն ալ օձի, կարիճի վրայ կ’ըսէիր։

ՎԱՐԴՈՒԿ — Աս օրերը շա՛տ գէշ, շա՛տ քայքայուած։

ԳՈՀԱՐ — Օր մ’ալ ուրիշ բան չըսիր։

ՎԱՐԴՈՒԿ — Քանի ան գրողը ողջ էր, ի՞նչ կը յուսայիր։

ԳՈՀԱՐ — Բերանը համ առաւ, ինչո՞ւ չէ, թոյլ մարդուն հետ ինտո՞ր կը վարուէին։

ՎԱՐԴՈՒԿ — Թոյլ մա՜րդ… մէյ մը երեսիս նայէ։ (Երեսին դաժան ծամածռութիւն մը կուտայ) Հը՜մ՜մ… (Գլխի յոխորտ երերումներ)։

ԳՈՀԱՐ — Անանկ բաներ կ’ըսես որ…   (Էրկանը թոյլ հոգիէն հասկցող կնոջ մը յուրահատութիւնով)։

ՎԱՐԴՈՒԿ — Իմ ըսածներս մէկ կնիկ չի հասկնար, ալ երկուքը չեմ գիտեր։ Դուն մէյ մը ան շիշն ու գաւաթը…

ԳՈՀԱՐ — Չի կա՛յ, չի կա՛յ։

ՎԱՐԴՈՒԿ — Ամեն օր ատ խաղերը կ’ընես (քծինք)։

ԳՈՀԱՐ — Հիմա ջուրին տեղն ալ կը խմես (տրտունջ)։

ՎԱՐԴՈՒԿ — Պուտ մը, կաթ մը, դուն մէյ մը շիշը։ Բայց…  Գոհա՛ր, դուռը (ցնցումներ) սո՛ւս… (դուռը կը զարնուի, եկողը Պաղտիկն է)։

ԳՈՀԱՐ — (Պատուհանէն նայելով, աճապարանքներ քրթմնջիւն) Ա՛ն է, ան շուտիկը։

ՎԱՐԴՈՒԿ — Դուռը երեսին հերտկցուր, հոս չէ ըսէ. աս ալ այսօրուան տեսնելիքնիս։

Ու շա՜տ, շատ տակաւի՜ն։

ԳՈՀԱՐ — (Դուռը անգամ մըն ալ կը զարնուի, թա՛ք, թա՛ք, թա՛ք. Գոհար տագնապի մէջ) Չեմ կրնար, երեսս չի բռներ, դուն գնա, դուն բաց (դուռը անգամ մըն ալ կը զարնուի)։

ՎԱՐԴՈՒԿ — Ամօթ է, Գոհա՛ր, մարդը ի՞նչ պիտի ըսէ (Շփոթած՝ Վարդուկ, սենեակին մէջ ինքզինք պահելու տեղ մը կը բնտռէ)։

ԳՈՀԱՐ — Սիրտս, սիրտս… (ցաւատանջ դէմք)։

ՎԱՐԴՈՒԿ — Հիմա կը խոստովանի՞ս, թէ ինքդ ես թոյլը։

ԳՈՀԱՐ — Իրիկուընով ի՞նչ ունի, գիշե՞րն ալ չեն թողուր։

ՎԱՐԴՈՒԿ — (Ընկճուած) Բա՛ց, բա՛ց, թող կ’ուզէ ոստիկան ալ բերէ, զիս է բնտռածը։ Անամօթ մարդէն փախիլն ալ խոհեմութիւն է, Գոհա՛ր (Վարդուկ անմիջապէս սենեակին մէկ կողմը, անկողնարանին [1] վարագոյրին ետեւը կը պահուի։ Դուռը բացուած է ու Պաղտիկ սենեակին դռանը շէմքին վրայ)։


[1]            Անկողնարան – Միւսէնտէրէ: Սենեակին պատին մէջ մեծկակ պատուհանի ձեւով տեղ մը, ուր առտու իրիկուն անկողինները կը ծալլուին, կը տեղաւորուին: Աս անկողնարանը առջեւէն վարագուրով մը ծածկուած կը մնայ: