Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

(Բեմին ներսերէն խմբերգ մը որ տխուր վերջով մը կը մարի երթալով)։

ԼՈՒՍԻԿ, ՓԱՌԷՆ, ԱՍԼԸԽԱՆ, ՀՐԱՆՈՒՇ

ԼՈՒՍԻԿ (Կամաց մը սենեակին դուռը կը բանայ, ներս կը մտնէ, կը գոցէ դուռը իր ձեռքովը, կը մոռնայ բարեւել, կամ չուզեր։ Սենեակին ճակատը բազմեր է փեսան՝ Փառէնը, աջ ձեռքը պզտիկ շղթայ մը։ Զուարթ կեցուածք։ Դիմացը նստեր է տանը այրի կնիկը՝ Ասլըխան. ասոր ձեռքը կայ ասեղ, թել, գոգնոցի մը եզերքը կը խծպէ, ականջն ալ աղջիկտես եկող Փառէնին տրամադրած։ Լուսիկ ներս մտնելու ատեն, Ասլըխան տհաճ դէմք մը կը ցուցնէ, ոտքի չելլեր, ու միշտ դէպի անոր, որ ինքնիրեն բազմոցին մէկ կողմը տեղ ըրեր, նստեր է աչքին տակէն լրտեսի թափանցող աչքով մը կը նայի). Պահէ՛, պահէ՛, հիմայ ալ պահէ երեսդ, խըյանէ՛թ։

ՓԱՌԷՆ (Իր զոքանչը չը ճանչնալ կը կեղծէ, դէպի Ասլըխան). Who is this? Տիկին ո՞վ է։

ԱՍԼԸԽԱՆ Քը, իրա՞ւ չի ճանչցար, էֆէնտի։

ՓԱՌԷՆ Բայց…  հա՛…  է՛, ո՛չ, քիչ մը կարծես (ծաղրելի ծեքծեքում)։

ԱՍԼԸԽԱՆ (Փառէնին ականջին տակ լսելի փսփսուկներ) Պաղտիկին հոտոտ ռահանը, Շահին աղային ալ «Ապրիմ մեռնիմը»։

ՓԱՌԷՆ Որոշ… Խնդրեմ (Կեղծիքը խորունկցնելու ջանքեր։ Լուսիկն ալ ամօթէն կծկուած առջեւը կը նայի, մատներուն հետ կը խաղայ, պահ մըն ալ իր քովը եկող տանը կատուն գիրկն առած, անոր կռնակը կը շփտէ)։

ԱՍԼԸԽԱՆ Զոքանչդ, մըյեա՜, զոքանչդ, կ’ըսեմ չես ալ ճանչնար։

ՓԱՌԷՆ (Թեթեւ ցատկումով մը զոքանչին կը մօտենայ վայրկենապէս, ձեռքը կը թօթուէ)։ Վա՛յ… հա՜ (իր ճակատը շփելով)։ Բայց, կը ներէք, կը յուսամ։ Ի՞նչպէս էք. տիկին… աղէ՞կ էք։

ԼՈՒՍԻԿ (Պաղ-պաղ), Ի՞նչ աղէկ ըլլէինք, Փառէն, քեզ հարցնէինք, աղէ՞կ ես։

ԱՍԼԸԽԱՆ (Քթին տակ ու մէկ կողմ). Շուտիկս ինքնիրենը շաքար ալ կը հալցնէ։

ԼՈՒՍԻԿ Անցածները ըրի, ըրի [1], չի կրցայ գալ, աներոջդ սրտին ցաւը բռներ էր, վերջն ալ չեմ գիտեր, ի՞նչ էր արգելքը։ Տնուընիս ալ վանք եղեր է, մէկը ելլայ նէ, տասն ալ կը մտնայ։

ՓԱՌԷՆ Հոգ չէ, տիկին, հոգ չէ, շնորհակալ եմ. ես ալ աս օր հազիւ րէնտըր րիվիզիթի ելայ։

ԼՈՒՍԻԿ Քը, լեզուդ ալ փոխեր ես…  Հիւա՞նդ էիր։

ՓԱՌԷՆ Ո՛չ, ո՛չ։ Ամիսէն աւելի է գալս, աս օր կ’այցելեմ։

ԱՍԼԸԽԱՆ Խե՛ր բաց բերանդ, ինչո՞ւ հիւանդ ըլլի։

ԼՈՒՍԻԿ Ըսել է, մենք որ չենք եկեր, մեզի չպիտի գայիր։

ՓԱՌԷՆ (Պատասխանի փնտռտուք). Կարելի է, կը յուսամ թէ… (համրիչի տեղ շղթայ մը կը դարձնէ օդին մէջ)։

ԼՈՒՍԻԿ Նազլուն տես, աներդ տես, ալ զիս չեմ ըսեր։

ԱՍԼԸԽԱՆ (Առանձին). Մուրս ի գլխո՛ւդ…

ԼՈՒՍԻԿ Շահին աղան, մար-խաթունը ի՞նչպէս են, գամ մէյ մը աչուընին լուսիմ։

Մեր տղայէն ալ որչա՛փ ատեն է, խէր, խապար չինք առներ։ Գէշ-գէշ երազներ կը տեսնենք։

ՓԱՌԷՆ Օլրա՜յդ…

(Ասլըխանին աղջիկը հագած կապած ու կոտրտուելէն ներս կուգայ. ձեռք-պագով բարի գալուստ կ’ըսէ ու կ’երթայ)։

ԼՈՒՍԻԿ Ճամբան շատ նեղութիւն չի քաշեցիր, զահար։ Քը, աս երազն ալ (դէպի տանտիրուհին) ինտո՛ր սուտ չ’ըլլիր։ Գալէն շաբաթ մը առաջ Նազլուին կը պատմէի թէ՝ գունտ մը չուան կծկեցի, փեսան անպատճառ ճամբան է, ըսի։

ԱՍԼԸԽԱՆ (Հեգնութիւն). Ես քու տեղդ ըլլէի, Ս. Վառվառ զոգ մը աղուընիկ կը խրկէի։

ՓԱՌԷՆ (Բռնազբօս անհամ քրքիջ). Հոս հասայ չի հասայ, միշտ գիշեր, միշտ երազ։

ԼՈՒՍԻԿ (Անվրդով՝ տանտիրուհիին ակնարկներէն). Աներ, զոքանչ ալ չէ նը, Նազլուն կը տեսնայիր։

ԱՍԼԸԽԱՆ (Անզսպութիւն). Ալ արթըխ դուն ալ տատը կը տանիս, խաթո՛ւն։

ԼՈՒՍԻԿ (Միշտ ինկած հոգեբանութեան մը մէջ) Ինչո՞ւ կը նեղուիս, քուրո՛ւկ, մեր ատենն էր, որ փեսան աներանցը չէր երթար։ Վեց տարի է։

ԱՍԼԸԽԱՆ Ալ ես չէի… (դէպի Փառէն) ի՞նչ ըսիր էֆէնտի, տունը մերն է նը, խօսքն ալ աս խաթունին ըլլի։ (Դէպի ներս՝ աղջկան ձայն կը հասցնէ) Հրանո՛ւշ, Հրանուշ. (դէպի Լուսիկ) հրամէ, խօսքը խաթունինը ըլլի, ըսի։

ԼՈՒՍԻԿ Չե՞մ գիտեր, կը կարծես, շէնլիք չե՞մ տեսեր։

ԱՍԼԸԽԱՆ Հա՛, եա՛, աս քաղքին մէջ մէյ մը Օհանճանենց Եղսօն, մէյ մըն ալ էֆէնտիին Լուսիկը, ալ կնիկ կա՞ր որ…

(Երկու կնկան այս լեզուապայքարին ատենը Հրանուշ անգամ մըն ալ դուրս եկած էֆէնտիին սիկառի մատուցում մը կ’ընէ ու նորէն կ’երթայ։

Էֆէնտին ալ իր բոլոր ուշադրութիւնը Հրանուշին շարժուձեւերուն վրայ պահելով, ժամանակ չի գտներ քովիններուն շաղակրատութիւնները լսելու. երբեմն պեխին ծայրերը կը սրէ, պահ-պահ ալ ծածուկ մրմունջ մը կը դարձնէ իր բերանը, ճակատը կը շփէ։ Փառէն իր ճակատը շփելու պահուն) (Նորէն ինքը). Վախնամ գլուխդ կը ցաւի, էֆէնտի։

ՓԱՌԷՆ Պզտիկ հէտէյք մը, բայց է՜հ…

ԱՍԼԸԽԱՆ Թէ՞յը առաջ, թե՞ խահուէն։

ՓԱՌԷՆ Եւ ոչ մէկը, տիկին (ժամացոյցը կը նայի, մոռցուած բան մը մէկէն միտքը ինկած)։ Շնորհակալ եմ։ Ճիշտ հիմա քըզընիս պիտի այցելեմ։ (Ասլըխանին) Կուտ պայ, տիկին (ոտքի)։

ԱՍԼԸԽԱՆ Եղա՞ւ մի ասանկ, էֆէնտի։ Աս մէկը չեմ սեպեր։

ՓԱՌԷՆ Նորէն կը տեսնուինք։

ԱՍԼԸԽԱՆ Միշտ միշտ հրամեցէք. տունը ձերն է։

ԼՈՒՍԻԿ (Փառէն երթալու վրայ, Լուսիկ տագնապի մէջ). Կեցիր, ըսեմ, փեսա՛յ, ըսեմ, նորէն գնա (կը ցատկէ Փառէնին ականջին տակ)։ Նազլուն բարեւ ըրաւ, ըսաւ որ անգամ մըն ալ մերը գաս։

ՓԱՌԷՆ Օլրա՛յդ, օլրա՛յդ։

ԼՈՒՍԻԿ (Աճապարանքով). Աս թաշկինակն ալ ծոցդ դիր։

ՓԱՌԷՆ Շնորհակալ եմ… (քրքիջ) հը՛, հը՛, հը՛։        

ԱՍԼԸԽԱՆ (Փեսայի ու զոքանչի այն սիրուըտուքին ատենը ճաթելու աստիճան նեղուած). Ուզէիր նը, քիչ մըն ալ կրնայիր նստիլ, էֆէնտի։

ՓԱՌԷՆ (Տանտիրուհիին ալ սիրտը չի ցաւցնելու համար). Քիչ մըն ալ ահա (կը նստի)։

ԼՈՒՍԻԿ (Դուրս ելլալու համար ոտքը առաջ չերթար կարծես, ոտքը կը քաշքշէ). Հա՛, միտքս բան մը ընկաւ, աս ալ ըսիմ տէ, երթամ։

ՓԱՌԷՆ Հը՛, հը՛, հը՛, հը՛։ Բաւական կը նեղէք մեզի, կը յուսամ (շփոթուած քիչ մըն ալ)։

ԼՈՒՍԻԿ Ոտքի ելլայիր, քիչ մը ասդին, մէկ խօսք մը…

ՓԱՌԷՆ (Դժուարութիւնով մը դէպի զոքանչը). Քիչ մը ասդին, քիչ մը անդին, կամ կկոց մը կամ գնդակ։ Հը՛, հը՛, հը՛, հը՛։

(Փառէն բոլոր իր կնահան քաղաքավարութիւնը անհամ, կեղծ խնդուքի մը մէջ շրջանակած կ’երեւայ)։

ԼՈՒՍԻԿ (Փեսին ականջին). Աս է ըսելիքս որ չի խաբուէիր։ Շվոտ կնիկ մըն է ատիկա, տնմնայ աղջիկը… բերանը կը հոտի, շալակդ չի հանէ։ Ասչափ։

ՓԱՌԷՆ (Ցած ձայն). Շնորհակալ եմ, տիկին, բայց վստահ եղէք, ես հոս ատ նպատակով չեմ եկած։ (Սենեակին դրան մօտը աս առանձին խօսուըռտուքը ընելու ատեննին, Ասլըխան չուզելով մօտերնէն երթալ, պատին վրայ կախուած պատկերները վար կ’առնէ, մէկ-երկուքին շրջանակը կը մաքրէ, թաշկինակով, նորէն տեղերնին կը կախէ, յետոյ պատուհանէն փողոցը դիտելու ձեւեր։

Ասլըխան աղէկ կը հասկնայ թէ՝ իր հաշիւին նպաստաւոր երեւոյթ մը չէ ան եղածը)։

ԼՈՒՍԻԿ Հա՛, աս ալ (մէկ երկու քայլ առնելէ յետոյ) վաղը աս ատենը աչուընիս դուռնէն չենք զատեր։ Մնաս բարի։ (Ձայն մըն ալ տանը կնկան Ասլըխանին երկընցնելով). Դուն ալ մնաս բարով, քուրո՛ւկ, ի՞նչ ընենք, Ասլըխան (փաղաքուշ արտասանութիւն) մի՛ մեղդրեր, փեսայ ըսածդ ալ զաւկի պէս է, գլխուդ գայ որ հասկնաս։ Մնաք բարի (երեսը դարձուցած կը մեկնի)։

ՓԱՌԷՆ (Ոտքի վրայ աս ու Ասլըխան). Բարի երթաք…   (ծանր բեռ մը ուսէն վար ձգողի շունչ)։

ԱՍԼԸԽԱՆ (Չոր, ցուրտ շեշտ). Բարի եկաք, բարի երթաք [2] ։



[1]            Շատ աշխատեցայ ըսել է:

[2]            Բարի երթաք ըսել է: