Թատրերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՔ ԱՆԴԱՄՆԵՐ, Ատենապետ, Ատենադպիր եւ սոսկական անդամ։

(Հիւանդը անկողնին մէջ, չորս կողմը դեղի սրուակներ, այսօր երէկուընէ աւելի յուսահատական եւ ճգնաժամային, կը տքայ, կը տքայ, կը տքայ։ Մերթ երկու ձեռքը վերմակէն դուրս նետելով կտրատ հառաչանքներ կը պոռթկացնէ։ Կինը դեռ մանկամարդ, ասիկա ու երկու մեծ ու պզտիկ տղաքները, հիւանդին շուրջ, իրենց տրտմութեան մէջ խբուած՝ սպասանքներ մը ունին կարծես, սրտատրոփ ակնկալիքի մը մէջ, կ’սպասեն տեսնալ թէ ինչպէս պիտի ուզէ կտակել իր հարստութիւնը այս մնացորդ ժառանգներուն)։

ՀԻՒԱՆԴԸ Օ՜ֆ, օ՜ֆ, օ՜ֆ, օ՜ֆ… Փառք քեզ Աստուած, փառք քեզ, յաղագս ամենայնի տէր, փառք քեզ։ Վա՜յ, վա՜յ վա՜յ… հո՜վը հո՜վը։ Այսօր սի կռնակիս տակէն երկաթ շիշեր կը կոխուին… հով կայ, ձօն կայ. է՛ս ձօնը վո՞վ վրաս կը թափէ. վրաս եօրղան մ’ըլ…

(Ինքզինքը պլլել ջանալու շարժումներ)։

ՍԱՐԳԻՍ (Մեծ տղան, մօրը ուղղելով խօսքը). Եօրղան մը կ’ըսէ նը չե՞ս լսեր։

ԿԻՆԸ (Տրտնջկոտ քրթմնջիւններով ոտքի). Կը լսիմ, կը լսիմ, հէ՛մ երկու անկաճներովս կը լսիմ, գիշերն ըլ կը լսիմ, ցորեկն ըլ կը լսիմ։

ՍԱՐԳԻՍ (Մօրը ետեւէն). Քիրէմիտ մ’ըլ տաքցուր բեր։

ԿԻՆԸ Հա եա, խալաեխնուդ հինգ ամսականը մէկտեղ տուեր էք, ըսէք, տահա՞ ինչ բերիմ։ (Կը մեկնի)։

ՀԱՄԲԱՐՁ (Պզտիկ տղան). Քիչ մ’ըլ էլլիտի քէօռը բեր… այս կնիկը ինչո՞ւ ամպոտեր է այսօր. (եղբօրը դառնալով) Կինէ՞ ի՛նչ ճանճ մտեր է քիթը, որո՛ւ դէմ է, ի՛նչ ըսել կ’ուզէ…

ՍԱՐԳԻՍ Մէրանցը գնաց էկաւ զահար, կատղաւ հիմա։

ՀԱՄԲԱՐՁ Չէնը բան ման մը լսեր է։

ՍԱՐԳԻՍ Եղբայրը եղեր ըսած պիտի ըլլի թէ՝ տանը մէջ բանար, դատար, խալաեխութիւն ըրիր որ ի՞նչ, շնծեր էրիկդ քեզի աւելի կոթ մը պիլէ հէսէ չի հանէ, բոլոր ունեցածը տղոցը միայն…

ՀԱՄԲԱՐՁ (Կինը վերմակ մը առած կուգայ). Սուս կեցիր, եկաւ կարծես։

ԿԻՆԸ (Անկողինը բրտօրէն էրկան վրայ փռելով). Մնացածն ըլ դուք ըրէք…  ուրիշ օր ըլ էտքան հոգ տարէք ա՛լ, հէմ վերի կողմը կըլորուէր, հէմ ըլ բարձին վրայ միշտ… ի՛նչ է, հոգին դուք տ’առնէք նը բարէ ձգեցէք որ ըս տեղ ըլ ես նստիմ տէ, ագին ըլ ինծի հէսէ ըյնի. (կը նստի ոտքին տակը, ձեռքը ասեղ մը, կարկտուք կը բանի)։

ՀԻՒԱՆԴԸ (Անգամ մ’ալ կողմը շրջելով). Կը մսիմ… կը մսիմ… այսօր աւելի գէշ… կը մեռնիմ, Սարգիս, իմտատ մի, օղուլ… քիչ մը սը թեւերս շփէ կնիկ, ո՞ւր ես, ինչո՞ւ հեռուն կը նստիս, էտ ի՛նչ ժանիք է, քո՞ւ որ տեղդ կը ցաւի։

ԿԻՆԸ Ցաւած տեղն ըսիմ օր ի՞նչ։

ՀԱՄԲԱՐՁ Հոգին կը ցաւի եղեր, հայր. բան չ’ըլլիր, դուն քեզ հոգա։

ԿԻՆԸ Աւելի շիտակը որ պապերնիդ ըլ ձեզ ու քուրվըտինքդ հոգայ, աֆէրիմ, ես իմ ճակտիս եազին գիտէի զաթի, զաթի խեղճ էքսուկէթէկ մի։

ՍԱՐԳԻՍ (Դէպի մայրը). Տաք սալը մոռցար հա՞, աֆէրիմ։

ԿԻՆԸ Քիչ մ’ըլ ձեր կնտոց ըրէք էտ նազերը։

ՀԱՄԲԱՐՁ Շիտա՞կ է որ հիւանդին գլխուն վերեւ է՛տ չէշիտներդ ընես։

ԿԻՆԸ Եա էնի՞ շիտակ էր որ պապերնուդ օլանճա վարիէթը ձեր վրայ մինակ ընել տայիք։

ՀԱՄԲԱՐՁ Քեզի քի՞չ բաժին հաներ է եղեր, անամօթ, ի՞նչ ըսել կ’ուզէիր։

ՍԱՐԳԻՍ Խանին դէմի պէրպէրնոցը մեզի՞ թէ քեզի կտակեց բոլորը, ալ ի՞նչ է ուզածդ։

ԿԻՆԸ Եա էն տուները որ տուած է. երեք հատ տուն, չորս հատ խանութ, երկու էգի, Մրզին արսան, Եղէգուայ տէյիրմանը։

ՀԱՄԲԱՐՁ Ըսել է տէֆթէր բռներ ես հա՞… բայց բաներ կայ որ մոռցեր ես եղեր։

ԿԻՆԸ Չիմ մառցեր, չիմ մառցեր ամմա ձեռքէս ի՞նչ կուգայ։ Կը լսե՞ս տղոցդ մարիֆէթը, ասի դեռ չի մեռած այս չէշիտները, արիմարդ, վաղը օր եա հէչ չըլլիս նը գլխուս ի՛նչ ջուր պիտի բերեն։

ՀԻՒԱՆԴԸ Սարգի՛ս, Համբա՛րձ, վար դրէք ձէնէրնիդ, ա՛յ օղուլ, ա՜խ, գերեզմանս չի փորած՝ դժոխքը կը բանաք էռջիս։

ՍԱՐԳԻՍ Սըւոր ըսածները զահար դուն ըլ կը լսես, քանի՞ տարուան կնիկ եղաւ որ այսչափ նազ տիւզ կ’ընէ, ինք չի յիշե՞ր որ դուռն էր մնացեր, զօռով ինկաւ հոս։

ԿԻՆԸ (Միշտ զբաղում ձեռքը). Բոլորս էք օլըրուեր, ե՞րբ դուռն էի մնացեր։

ՍԱՐԳԻՍ Զահար գիտես թէ մառցեր իմ հա՞, հէմ մէկ չիվիտ ֆիստանով էր աս օճաղը ինկար. կ’ուզես դրացներն ըլ կանչինք անոնցմընէ ըլ հասկցիր։

ԿԻՆԸ Կը լսե՞ս, արիմարդ, կը լսե՞ս ի՞նչ կ’ընեն տղաքդ գլխուս… իշտէ հիմա եա վերջին ըսելիքդ կ’ըսես, եա ալ տախխայ մ’ըլ չիմ կենար հոս, չի՛մ կենար, չի՛մ կենար։

ՀԻՒԱՆԴԸ Հըլէ քիչ մը դէմս էկօ, երեսդ տեսնամ կնի՛կ, ա՜խ Եղսօ ճանս, պապա եաւրուճուղըմ։

ԿԻՆԸ Կէչտի օ՛ պազարլար կէչտի, հիմա ի՛նչ տ’ըսես նը, ինծի ի՛նչ բաժին տը հանես նը անի ըսէ, չէ նը չիմ կենար, եա չէ նը սը բտերուդ բերանը բռնէ. (ոտքի ելած մեկնելու վրայ)։

ՀԻՒԱՆԴԸ Նստիր, մի՛ նեղուիր, տղէքս մի անիծեր, դուն ճահիլ ես նը անոնք ըլ ճահիլ են, «պու տէ կէչէր, պէն տէ կէչէր կիտէրիըմ»… դուն անշուշտ գիտես թէ ես քեզ ըլ մահրում չի հանեցի, ալ ի՞նչ էր ուզածդ։

ԿԻՆԸ Բարձիդ վրայ քեզի հետ մէկտեղ պառկողը հէլպէթտէ օր էն բարձիդ ըլ օրթախ պիտի ըլլի, մաս բաժին տ’ունենայ, թէք մէկ խանութ մի, դառձէկնին ա՞չքս տի կոխէի։

(Այս պահուն յանկարծ ուժգին երկրաշարժ մը։ Հիւանդին տղաքը ընդոստ մէյմէկ կողմ կը փախին, բերաննին ունենալով սա խօսքը) Սարգի՛ս, ժա՛ժը, Համբարձ, ժաժ է՛, ժաժ է՛, տունը փլաւ, առիքը փլաւ, Տէր օղորմիա, Տէր օղորմիա, սօնն Երուսաղմա…

ՀԻՒԱՆԴԸ Աս ի՞նչ եղաւ կնի՛կ. ո՞ւր փախան տղէքը։

ԿԻՆԸ Գան նը իրենց հարցուր թէ ո՞ւր փախաք. ժաժ ելաւ նը դուրս փախան։

ՀԻՒԱՆԴԸ Ժա՞ժ ելաւ… Տէր օղորմիա, Տէր օղորմիա, Աստուած ըլ վրանիս բարկացեր է… քիչ մը վեր առ գլուխս կնի՛կ, քիչ մը ես զիս շիտկեմ. (Կինը շուտ մը էրկան գլուխը վեր առնելով ետեւը կը նստի)։

ԿԻՆԸ Դեղդ կը խմե՞ս նը հէմըլ տայի։

ՀԻՒԱՆԴԸ Տուր հէմըլ խըմիմ տեսնանք ի՛նչ տ’ըլլի. խօշ էս տէրտիս դեղ իլաճ ֆայտա չընէր ամա, նէ իսէ ըսէ։ Ա՛լ թող ըսեն օր էն հէքիմն ըլ չիգայ… թող չիգայ, ի՞նչ տ’էնիմ, ես զաթէ արդէն առեր իմ թէսքերէս, (դեղը կը խմէ ու շիշը կնկան տալով). Եաստուղ մի դիր էտիս… սանկ քիչ մը առջիս նստիր…։ Տղէքըս դուրս փախան, գացին, ըըն… աղէ՛կ, աղէ՛կ, աֆէրիմ, աղէկ պապերնին կը հոգան։

ԿԻՆԸ Դուն հասկըցիր օր սերը անոնց կերցուցիր թանջուրն ըլ ինծի հէսէ թողիր։

ՀԻՒԱՆԴԸ (Կը տքայ, կը տքայ ու կը տքայ). Հըլէ տի սաղ ձեռքդ հուսայ դիր քիչ մը. (կուրծքը ցուցնելով)։

ԿԻՆԸ (Անմիջապէս կը համակերպի)։

ՀԻՒԱՆԴԸ Օ՛ֆ, օ՛ֆ, օ՛ֆ, օ՛ֆ, սանկ քիչ մը ֆէրահութիւն եկաւ վրաս, պահ մը էսպէս կեցիր, մի վերցուներ. (շեշտ կնկանը աչքերուն կը նայի)։

ԿԻՆԸ Տղէքդ փախան որ հոգեստանը խալըսցընեն, ես ըլ կեցայ օր քեզի հետ մեռնիմ, հիմա հասկցա՞ր մի կնկանդ ու տղոցդ ֆարղը, իմս թող Աստուած գիտնայ մինակ։

ՀԻՒԱՆԴԸ Գիտե՛մ, գիտե՛մ, սրտիս մըջինը չես տեսնար օր էն վախթը հասկնաս, ֆախա՜թ, ինչ ընինք, ա՛յ օղուլ, էնոնք ըլ միսէս օսկըրէս, էնոնք ըլ ճիկէր։

ԿԻՆԸ Կնիկդ ըլ ըսել է ճիւերուդ թարաֆէն քովդ կը պահես, աղէ՛կ ա՛ ատէթն ինտոր է, տղոցդ հանեցիր, աջխըներուդ հանեցիր, մօրերնուն սնտուկը ինչ կար չիկար էնոնց սընտկըները լեցուցիր, բարէ սը բարձիդ մէջիններն ալ, քանի հոս մարդ չի կայ, ատքանն ալ ինծի հանէ օր իմ ըլ սրտիս դոր գայ։

ՀԻՒԱՆԴԸ Մատէմ քի էտքան մը մէրախ էս ըրեր, կնիկ, թող քու սիրտդ ըլ շինուի ա՛ ճանըմ, միայն թէ՝ տես ի՛նչ ըսել կ’ուզեմ, մարդ մուրդ չգիտնայ, ու թէզ մը ոտքի ելիր տէ սը էտեւի բարձս տար պահէ, ուրիշ բարձ մի բեր, գիտես թէ, հոս 150 ոսկի 8 հատ ըլ պէշի պիրլիկ կայ, տար պահէ, թէզ արդիք անցուր։ Քեզի աս բարձս փոխել կուտամ օր, վաղը երբ մեռնիմ նը, ալ ուրիշ բարձ մարձ չի փոխես ամենեւին։

ԿԻՆԸ (Շուտ մը քաշելով ետեւի բարձը, նոյն ձեւով ուրիշ բարձ մը կը տեղաւորէ հոն). Ես մարդու կաթ իմ կերեր, մարդու կաթ, մարդու կաթ, շան կաթ չիմ լակեր, ես չէ թէ մինակ բարձ չպիտի փոխիմ, վաղը երբ մեռնիմ վէսիյէթ տ’էնիմ օր քու քովդ թաղուիմ, քեզի հետ մէկ գերեզման պառկիմ… հէմ րազի ըլլիս նը իրաւ Աստուած չէնէ օր մեռնիս, օր մեռնիս նը քեզի հետ սաղ սաղ տի մտնիմ գերեզմանը։

ՀԻՒԱՆԴԸ Իշտէ էտ չափն ըլ իմ քեզմէ րիճաս. տղոցս հետ ըլ աղէկ վարըմիշ եղիր։

ԿԻՆԸ Անոնք քուկդ չեն. խելքդ տուն կանչէ ասըլ օր իմ տղաքս, իմ ճիկէրներս ըսել են, մենծը զաթի շիտակ իմ մեռած տղաս կըլմանի, պըզտիկն ըլ զաթի կրակ վառէ գլխուս նը, երեսին չիմ եկած ու չպիտի գամ, ես շնորհքով մարդու կաթ կերեր իմ։

ՀԻՒԱՆԴԸ Է՛հ, սանկ կամաց մը պառկեցուր տէ դուն գնա գործիդ հայիր։ Վա՛յ, վա՛յ, վա՛յ, գլխուս վրայ թաց լաթ մի՝ ու բանդ գնա։