Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զո՜ւր ջանքեր, անօգուտ պայքար, զոր միտքս սրտիս դէմ կը մղէ, չվերարծարծելու համար սէր մը զոր յաւիտեան մարած կը կարծէի: Իրմէ փախչիլ հեռանալ ուզելով իր շուրջը կը թափառիմ, ընկղմելու մօտ նաւի մը` յորձանքին մէջ պտուտկելուն պէս. հետզհետէ կ՚զգամ, որ կեանքը ու լոյսը իրմէն միայն կրնան գալ ինծի. կ՚զգամ, որ դիմադրութեանս ոյժը կը նուազի տակաւ, բայց ինքն ալ յանցաւոր է ինծի չափ այն պզտիկ ու լուռ պչրանքներուն համար, որոնցմով զիս կը պաշարէ:

Հիմակուան սէրս այն նիւթապաշտ սէրը չէ ալ որ մարմնական հրապոյրներ կը հետապնդէ միայն. անցեալ տարիներու բովէն զտուելով` մաքրուած ու ազնուացած է հիմակ:

Մեր երիտասարդութեան սկիզբը, մաս մը տեղ միասին քալելէ վերջը ճամբանիս յանկարծ ճիւղաւորուեր էր առջեւնիս ու ճակատագիրը զիս մէկ կողմ եւ զինքը ուրիշ կողմ մը նետեր էր. ու շատ մը տարիներէ ետքը բաղդը ահաւասիկ նորէն միացուցեր, դէմ առ դէմ բերեր էր մեզ: Երկուքնիս ալ կարօտով ու զղջումով կը յիշէինք մեր անցեալը ու վաղափուլ երջանկութիւնը: Աշխարհիս երկու ծայրէն եկած անծանօթներու պէս որոնք` երկուքնուն ալ սիրելին եղող բացակայի մը վրայ խօսելով իրարու կը մօտենան, այսպէս ալ մենք` մեր հին օրերու յիշատակովը` նոր մտերմութեամբ մը կը կապուէինք:

Այս մունջ համակրութիւնը, իր լուռ զգուշաւորութեամբը, յայտնի ու համարձակ սիրոյ յայտարարութենէ մը շատ աւելի քաղցր էր ինծի:

Գրեթէ երջանիկ էի այսչափով:

Իր ամեն մէկ խօսքը, շարժմունքը նոյնքան մեկնութեան նիւթ էին ինծի երբոր առանձնանայի. ամեն մէկ բառին մէջ իր անեղծ մնացած սիրոյն խոստովանութիւնը կը գտնէի ես:

Բնաւ չեմ զարմանար որ պզտիկ գրքոյկի մը վրայ հատորներով մեկնութիւններ գրուին, թէ որ ատիկա սիրուած գիրք մըն է: Մեկնելը վայելել մըն է, ծոյլ ու յամեցող վայելում ինքն իր գլխուդ, ուզածիդ պէս: Բայց այս վայելքը կատարեալ ըլլալու համար, տուած մեկնութիւնդ ամեն տարակոյսէ վեր ըլլալու է. ապա թէ ոչ ատիկա շուտով ամենէն անհանդուրժելի տուայտանքը կ՚ըլլայ: Ատեն մը կուգայ որ դիմացինէդ որոշ վաւերացում մը, այո՛ մը, գլխու հաստատական շարժում մը կ՚սպասես: Եւ այն լուռ ու անհատնում հարցումներուն փոխարէն, զորս կ՚ուղղես իրեն, այդ «այո»ն ուշանալուն` բոլոր մեկնութիւններդ եւ այն աղուոր վստահութիւնդ իր համակրութեանը վրայ, իսկոյն կ՚անհետանան: Քու բացատրութիւններդ յիմարական ու ծիծաղելի քաշքշուքներ կ՚ըլլան մէկէն. ամեն բան կ՚երերայ շուրջդ ու ամենէն դժբաղդը կ՚ըլլաս:

Էն չնչին պատեհութենէն օգուտ կը քաղէի մինակ տեսնուելու հետը. այդ վայրկեանները սուղ ու անգին էին ինծի համար, էրկնէն գաղտուկ տեսակ մը մաքսախուսութիւն, որով զիս տառապեցնող այս անստուգութիւնս կը հասկցնէի իրեն ու երբեմն ալ իր հին խոստումները կը յիշեցնէի:

Պատասխան տալէ կը խուսափէր անիկա. բայց որքա՜ն յստակ ու մեկին էր իր տրտում նայուածքը: Ամեն ինծի դպելուն` դաշոյնի մը ծայրին պէս մինչեւ սիրտս կը մխուի ու հոն կը կենայ, կը դառնայ իր սուր ծայրին վրայ, հաճոյք մը զգալով հոդ կենալուն ու մանրակրկիտ պրպտելով` բացած վէրքին բոլորտիքը ու խորունկութիւնը: Վարժ մարդասպանները չեն բաւականանար դանակ մը խոթելով հակառակորդի մը կուրծքը, այլ այդ վէրքին մէջ կը դարձնեն զէնքը, անբուժելի ու անդարմանելի ընելու համար զայն. Մաքրիկին նայուածքը այս նրբութիւնները ունի իր քաղցրութեանը մէջ:

 

Առտու մը կանուխ ճերմակ շրջազգեստով մը տեսայ զինքը իր դրան առջեւ. բանուած ճուրքով շրջազգեստ մըն էր, ծաղկասփիւռ պատմուճանի մը պէս որ իր քանդակածոյ մարմնին կը փակչէր, լանջքին բարձրակոհակ թաւալումներէն մէջքին կ՚իջնէր ու աւելի վար, զիստերուն, մինչեւ ծունկուըներուն կը փաթթուէր:

Աղջիկ ատենին պէս երկուքի ճեղքած էր իր առատ ու ճոխ մազերը, գլխուն ետեւը ժողվելով զանոնք. անցեալ տարիները ինծի յիշեցնելու յայտնի ճիգը կը տեսնեմ իր քովը, եւ դիտաւորութիւնը` անդիմադրելի ընելու իր սիրոյն կալանքը:

Քիչ մը վերջը էրիկն ալ եկաւ քովը ու այն առտուն երեքնիս մէկտեղ ըրինք սովորական պտոյտը:

Իրիկուան` շատ մը ընտանիքներու պէս` Քօրուպաշի ըրինք ճաշերնիս, վարի գիւղին մօտիկ պզտիկ սարաւանդ մը, որ Դաշտելէնի անտառին կը կռթնի: Որոշուած է, որ ամենքնիս մէկտեղ վերադառնանք:

 

Այս վերադարձը վարի ճամբէն եղաւ. ամբողջ կարաւանը մեր կովի կառքերուն, երաժշտութեան, երգի, խնդալներու խլացուցիչ ժխորով մը ու չորս դիէն արձակուած հրթիռներու մէջէն, ծանր ծանր կը քալէ խորտուբորդ ուղիին համեմատ ելեւէջելով:

  Անտառին մէջ կը մխուինք նորէն` վրդովելով անոր հանգիստը մեր խօլ ուրախութեան աղաղակներովը որոնց արձագանգը կ՚երկարի, կը կրկնուի հեռուն: Մութ է չորսդինիս. հսկայ ծառերուն շուքը վերահաս գիշերին սեւութեամբը կը թանձրանայ, տեղ տեղ մեղմացած մեր կառքերը զարդարող թուղթէ լապտերներուն վարանող ու տարտամ լոյսերէն: Այս մութի զանգուածին մէջ ուր դէմքերը չեն որոշուիր, ձայները կը բարձրանան սակայն, իրարու կը հանդիպին:

Ես Մաքրիկին քովն եմ ու կառքէն իջած` հետիոտն կ՚երթանք երկուքնիս քիչ մը առջեւէն ու ետեւնուս կը լսեմ էրկանը ձայնը, որ այդ միջոցին իր առեւտրական մէկ ճարտարութիւնը կը բացատրէ քովի մարդուն: Հազիւ միջոց ունիմ կամաց մը երկու խօսք զուրցելու Մաքրիկին.

Ըսէ՛ ինծի որ զիս կը սիրես տակաւին:

Չի պատասխաներ անիկա, ձեռքս կը բռնէ միայն ու երկու քայլ անդիէն, մութին մէջէն յանկարծ էրկանը ձայնը կուգայ մեզի, իր կինը վկայ բռնելու սովորական կոչումը իր խօսակցին դէմ.

Չըսե՞ս, Մաքրի՛կ:

Ու անտառին մէջ այս ձայնը, որ իմ հարցումիս կրկնութիւնն է, կը տարածուի ծառէ ծառ, ճիւղէ ճիւղ, ճամբան կորսնցուցած թռչունի մը պէս հոս հոն կը զարնուի նուաղելու մօտ եւ զոր արձագանգը էն վերջը մեզի կը վերադարձնէ.

Չըսե՞ս, Մաքրի՛կ:

Քիչ քիչ գեղին կը մօտենանք. վայրկեան մըն ալ ու անտառէն դուրս պիտի ելլենք. տերեւներուն մէջէն գեղին վառուած ճրագներուն բիծերը կ՚երեւան լուսազարդ երկինքի մը պէս, որ կարծես գետնին վրայ փռուած ըլլար: Վերջին փորձ մը կը փորձեմ՝ խզել տալու համար իր սփինքսի լռութիւնը. իմ հէք սիրոյս պատրանքովը` մշտնջենապէս վերապահուած կը կարծեմ զինքը վերստանալու իրաւունքս, համոզուած` որ էրիկը քանի մը տարի հետը ապրած ըլլալուն համար չէր կրնար այս աղուոր կինը յամայրամել:

Այս պահուս ոչ ոք ուշադրութիւն կ՚ընէ մեզի կամ գէթ ես այնպէս կը կարծեմ, ու գրեթէ կը բռնադատեմ զինքը պատասխանելու ինծի:

Խաւարին մէջ իր ճերմակ շրջազգեստը ճառագայթող բան մը ունի ու այս մութ անտառին դիցուհին կը թուի անիկա աչքիս:

Յոյս մը տուր, սիրոյ բա՛ռ մը ըսէ գոնէ:

Աւելի ույժով կը սեղմէ ձեռքս, բայց դարձեալ չի պատասխանէր:

Ու էրկանը ձայնը յանկարծ օգնութեան կը հասնի ինծի կարծես, հեռուէն, խորունկէն եկող ձայն մը, անտառին արձագանգովը խոշորցած ու մութին մէջ իր նշանակութիւնը փոխած ձայնը.

Չըսե՞ս, Մաքրի՛կ: