Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թաղեցին մարդը շքեղ թաղումով: Հապճեպով նորոգուած զանգակատունին ճակատը անոր անունը սրտառուչ տողերով արձանագրուեցաւ, զոր մտնողը դուռնէն ներս իսկոյն կը տեսնէ. «Նորոգուեցաւ զանգակատունս արդեամբ բարերար... »:

Մարմարէ զանգուած մը այս մարդը ծածկող փոսին վրայ կը բարձրանայ, իր պաղ ցոլացումը պտըտցնելով պզտիկ շրջափակին մէջ ու բարեպաշտներուն ուշադրութիւնը հայցելով կարծես:

Տարին մէյ մըն ալ հոգեհանգիստի պաշտօն կը մատուցուի մեծ հանդիսաւորութեամբ: Այդ օրը տօնի օրուան պէս բան մը կ՚ըլլայ. ազգականները կուգան նորէն, ամենքն ալ տիրոջ ձեւերով ու աղքատներուն հաց ու դրամ բաշխել կուտան. եւ յաջորդ առտուն կանուխ լրագիրները կը հաղորդեն մանրամասնութիւնները, փղձկելով այս մարդոց մեծվայելուչ բարեպաշտութեան վրայ:

Միայն Տէր Աբրահամ կը պահէ իր շուարումը. քիչ մը աւելի ուսերը կքած, քիչ մը աւելի յամր քայլերով կը քալէ փողոցը, աւելի ոյժով կռթնած իր մշտնջենական հովանոցին` կարծես գլուխը վեր չառնելու ու մարդոց երեսը չնայելու մտադրութեամբ: Ուշ կուգայ առտուները եկեղեցին ու այնպէս մը կ՚ընէ, որ չտեսնէ ամբարտաւան քարէ շիրիմը, որ կը խրոխտայ եւ զանգակատունին ճակատը փալփլող ոսկի տառերը:

 

Քիչ ետքը անանուն հիւանդութիւն մը, որ հիւծում մըն էր աւելի քան թէ մարմնաւոր ախտ մը, անկողին ձգեց զինքը:

Աւագերէցը մինչեւ իր վերջին ժամը ալ եկեղեցին ոտք չկոխեց:

Ասիկա իր ցաւը ու սփոփանքը եղաւ միանգամայն: