Տունը՝
ուրախ
ու
զուարթ
էր.
աղջիկները
իր
վիճակին
վրայ
տեղեկութիւններ
կ՚ուզէին
երբեմն.
գուշակութիւններ,
նախազգացումներ
ունէին
իրենց
ներսիդին:
—
Գործերը
ինչպէ՞ս
են,
հայրի՛կ,
կ՚ըսէր
անդրանիկը:
Ու
կրտսերը՝
կապոյտ
աչուի,
շուշանաթոյր
աղջիկ
մը
որ
ճիշդ
մօրը
պատկերն
էր,
—
Այսչափ
ուշ
մի
մնար:
Հայրը
կը
խնդար.
ո՛չ,
գործերը
գէշ
չէին
երթար.
Աստուծով
ասկէ
վերջը
աւելի
պիտի
բացուէին:
—
Վաղը
կանուխ
եկու,
եւ
մեզ
պտըտցնելու
տար:
Ու
ողորմելի
հայրը
կը
խոստանար,
ամեն
բան
կը
խոստանար,
կանուխ
պիտի
գար
ու
պտըտցնելու
պիտի
տանէր
այս
հէք
զրկեալ
որբերը,
որոնց
էն
աղուոր
տարիները
չքաւորութեան
մէջ
կ՚անցնէին.
երեւակայեցէք
ուղեւորութիւն
մը
որուն
էն
գեղեցիկ
տեսարանը
թիւնէլի
մը
անցքը
ըլլայ,
մութ
ու
քարակոփ
պատեր,
եւ
որուն
միւս
ծայրէն
սպասուած
լոյսի
շառաւիղը
չտեսնես
երբեք:
Եւ
առտուն,
կանուխ
կանուխ,
առջի
շոգենաւով
կ՚երթար
Պոլիս,
իր
ոյժաթափ
թեւին
տակ
սեղմելով
իր
պարպուած
պայուսակը,
այս
յաւիտենական
թշնամին
ու
յաւիտենական
անկուշտը
որ
չէր
յագեցած
երբեք
երեսուն
տարիէ
ի
վեր.
ու
հոն,
թեւին
տակը,
խեղդելու
պէս
կը
սեղմէր
զայն,
այդ
պարպուած
փորը
ու
չքացնել
կ՚ուզէր:
Պոլիս
գործ
չկար.
ժամացոյցին
ստակէն
մնացորդը
երթեւեկութեան
ծախքին
մէջ
սպառեցաւ
ու
վայրկեանը
կը
մօտենար
ահաւոր
արագութեամբ
մը
խոյանալով
իր
վրայ,
ուր
վերջին
երեսուն
փարան
Գուզկունճուքէն
Պոլիս
իջնելու,
յոյսի
մը
ետեւէն
վազելու
ծախքը՝
—
վասն
զի
հիմա
յոյսի
ետեւէն
երթալն
ալ
ծախքով
է
—
պիտի
հատնէր:
Այն
ատե՞ն.
այս
հարցումը
զոր
միտքը
կ՚ընէր,
որուն
պատասխանելու
հարկէն
չէր
կրնար
խուսափիլ,
իր
դէմը
կ՚ելլէր,
խոշոր,
հսկայ
տառերով
կը
գրուէր
օդին
մէջ,
ու
իր
առջեւէն
կը
քալէր
իր
նայուածքին
փակչելով
ամեն
տեղ: