Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հիմա կը պարէին. այրերը իրենց պահանջումներուն անհամբերութիւնը բերելով հոս ալ, կիները իրենց անձնամատոյց մեղկութիւնը. խօլական գիրկընդխառնումներու, վէտվէտումներու անընդհատ շարք մըն էր այս ամենը:

Վալսին՝ Տիկինն ալ ելաւ այն երիտասարդին հետ որ իր խօսակիցը եղած էր գրեթէ շարունակ, եւ պարողներուն մէջ այս եղաւ էն շնորհալի զոյգը: Զմայլած կը դիտէինք զիրենք. պար մը չէր այս, այլ շլացուցիչ բան մը, եթերային ու ցնորական սլացում մը, յափշտակութիւն մը, քերթուած մը ամբողջ:

Միւս պարողները իրենք ալ կանգ առեր էին այս զոյգին շուրջը հիացած, հիացում որուն մէջ նախանձը իր արդար բաժինը ունէր:

Յանկարծ, սայթաքումի պէս բան մը պատահեցաւ, կինը իր բոլոր ծանրութեամբը վար իյնալու պէս եղաւ. երիտասարդը մեծ ճիգով յաջողեցաւ իր գիրկին մէջ բռնել զայն:

Ոտքը սահեցաւ, կ՚ըսէին:

Ոչ, աւելի բան մըն էր, նուաղում մը ունեցեր էր:

Հասէ՛ք, Տօքթօր, պոռաց երիտասարդը:

Իսկոյն քովը վազեցի ու երկուքնիս բազմոցին վրայ տեղաւորեցինք զինքը. հազիւ կրցաւ աչքերը բանալ. անմիջապէս տեսայ սրտի կաթուածի բոլոր նշանները:

Ընդհանուր տակնուվրայութեան մէջ՝ դեղ մը ապսպրելն անգամ անկարելի կը դառնար. օտարականները հեռացուցինք. հիւրերը մէկիկ մէկիկ մեկնեցան. բայց դեռ սանդուխներուն վրայ անոնց ոտնաձայնը չմարած, անիկա իր հոգին աւանդեց, գլուխը իր սիրած տղուն գիրկին մէջ, նոյն իսկ իր բոյնին մէջ նետահար սպաննուած թռչունի մը պէս, ժամանակ չձգելով որ դեղ կամ դարման մը ընեմ:

Այս եղաւ ահա իր վախճանը. կեանքին բոլոր երանութիւնները միացած խտացած էին այն երկվայրկեանին մէջ ուր կեանքը կը թողուր. ասկէ աւելի երջանիկ մահ մը կրնա՞ք երեւակայել, պատրաստել, շինել ձեզի համար:

Հիւանդութիւններու, ցաւերու մէջ չտառապեցաւ. ծերութիւնը չփճացուց իր շնորհները. պաշտելի ու պաշտուած կինը մնաց մինչեւ վերջի վայրկեանին ու ընդհանուր զմայլումով մը ողջունուած, իր սիրած տղուն թեւին վրայէն գնաց հեռացաւ անիկա: Բաժակի մը պէս որ կոչունքի մը սեղանին վրայ, ցնծութեան մաղթանքներու, բաղխումներու մէջ կը փշրուի, փոխանակ դուրսը սպասաւորներու ձեռքով, լուացքի աղտոտ ջուրին մէջ օր մը կոտրելու անհետանալու, այս կինն ալ էն շնորհագեղ պատկերի մը մէջ գերագոյն երջանկութիւնը զգացած ու պարգեւած ժամուն անհետացաւ: