—
Կը
սիրե՞ս
զիս:
—
Այն
ատեն
միայն
կրնամ
ըսել
երբոր
դիմակդ
վար
առնես:
—
Անկարելի
է
այդ:
—
Գնա՛
քովէս
ուրեմն:
Կը
վռնտէր.
առանց
քաղաքավար
դարձուածներ
փնտռելու,
Արշակ
կը
վռնտէր
այս
կինը,
որ
իր
ցանկազարթոյց
ընկերութեամբ
եկած
էր
ընդմիջելու
իր
գաղափարի,
խոկումի
մարդու
պտոյտը
պարասրահին
մէջ:
Ինքը
կը
սոսկար
այն
կիներէն,
որ
մունջ
ու
անխօսիկ
մատուցում
մը
կը
կրեն
կարծես
հրապուրիչ
եւ
ուշադրութիւն
հրաւիրող
շարժումներուն
մէջ:
Կը
վախնար
անոնցմէ.
ինքը,
լուրջ
ու
պարկեշտ
տղայ,
սիրոյ
հաճոյքն
ալ
անոր
պարկեշտ,
գրեթէ
առաքինի
հանգամանքին
մէջ
կը
փնտռէր:
Այնպէս
կը
հաւտար
թէ
այն
կինը
միայն
կարող
պիտի
ըլլար
սիրել
որ
զինքը
մերժէր
մինչեւ
վերջը.
այս
տօմինօյին
պէս
իր
գիրկը
նետուող
կիներէն
խորշած
էր
միշտ.
զինքը
չսիրող
կինն
էր,
որ
իր
իտէալ
սիրուհին
պիտի
ըլլար:
Սէրը`
իր
աչքին`
տառապանքի
մէջ
էր
միայն,
այնպէս
որ
դժբաղդ
ըլլալով
կարծես
երջանիկ
պիտի
ըլլար:
Իրօք
ալ
այնպէս
էր
այս
երիտասարդ
երազատեսը.
այն
հազար
ու
մէկ
կիներէն
որոնց
կրնար
սիրտը
շահիլ,
եւ
ոչ
մէկին
կապուած
էր.
իր
բարեկեցիկ
վիճակովը
երբեք
չէր
խորհած
ամուսնութեան,
եւ
ոչ
ալ
այն
վաղանցիկ
հաճոյքի
ժամերուն,
որոնցմէ
իր
տարեկիցները
չէին
կրնար
անցնիլ.
ողորմելի
մարդիկ`
որոնք
կազմ
ու
պատրաստ
երանութիւններով
կը
բաւականանային:
Ինքը
կը
շրջէր
փողոցները,
դժուարահաճ
արուեստագէտի
մը
պէս
Որ
աչքն
ի
դարան
եւ
քիթն
ի
քամի,
ինչպէս
կ՚ըսէր
Ռուսինեան,
կամ
որսորդի
մը
պէս,
որ
արիւնարբու
վագրի
մը
հանդիպելու
երազովը
երջանիկ
կ՚ըլլայ:
Այսպէս
կոյս
ու
մաքուր
մնացած
էր
իր
սիրտը,
սպասելով
հազուագիւտ
կերպով
հրապուրիչ
ու
նոյնքան
անմատչելի
կնոջ
մը
երեւումին:
Թէեւ
ճիշտ
քսանըմէկ
տարու
էր
հիմա,
կապոյտ,
անուշ
աչքերով,
երկուքի
ճեղքուած
երկար,
շագանակագոյն
մազերով
ու
ազնուական
երեւոյթով
երիտասարդ
մը: