Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Պասմայի ջոջերը կը քալէին տոտիկ տոտիկ, ճամբուն վրայ խօսելով, իրենց ծախելիք ապրանքներուն հոգերովը բեռնաւորուած ամենքն ալ: Պարսիկ վաճառականները, գլխաւոր յաճախորդները, աչքերնին կ՚սկսէին բանալ. թահացած ու գունաթափ կերպասներու, կշիռէն ու չափէն պակաս ամերիքաններու վրայ առջի շահերը չէին մնացած ա՛լ. եւ վաճառականները խնայողութեան նոր միջոցներ կը խորհէին. մաքսէն ետքը, գրասենեակի ծախքէն վերջը, միջնորդչէքները ծանր կը թուէին իրենց: Ի՜նչ հարկ միջնորդի, անձամբ չէի՞ն կրնար առնել կամ ծախել ապրանքները. այնուհետեւ, ուրիշ պատճառներ կուգային զօրացնել այս որոշումը. միջնորդը միջնորդ մըն է վերջապէս եւ ոչ ապրանքին տէրը. ոչ անոր արժէքը կրնայ բացատրել տիրոջը չափ եւ ոչ անոր հոգը տանիլ միշտ, ու Յուսէփ աղան որ ետեւնուն կուգար, իր սեւցած պայուսակը ձեռքը, կը դողար հիմա:

Յուսէփ աղա, քեզի համար չենք, կ՚աւելցնէին վաճառականները, դուն մեր մարդն ես:

Շունչ կ՚առնէր խեղճ մարդը. բայց գործերը կը պակսէին, աւուրչէքը շահիլը տաժանելի տառապանք մը կ՚ըլլար ու պարտքերը կը դիզուէին շուրջը, գիւղը, չարշին, ամեն կողմ: Հագուստը տակաւին մաքուր կոկիկ էր ու իր արտաքին տեսքէն ոչ ոք պիտի գուշակէր իր զարհուրելի անկումը:

Ու պայուսակը կը շարունակէր կրել ձեռքը, անօգուտ տարուբեր մը հիմա, բայց ամչնալով թողուլ, մէկդի նետել զայն, յուսահատութիւնը խոստովանիլ աշխարհքի առջեւ, վասն զի ի՞նչ պիտի ըսէր աշխարհք ձեռնունայն տեսնելով զինքը այսուհետեւ:

Յետոյ՝ ճարահատած՝ այն վաճառականէն որուն արբանեակն էր, երկու ոսկի փոխ ուզեց ու մերժողական պատասխան ստացաւ. հինգ ոսկի պարտք ունէր. պէտք էր նախ այդ պարտքը վճարել: Այն իրիկունը իր պղինձէ փոքրիկ ժամացոյցը ծախեց երեսուն ղրուշի ու պայուսակը մասամբ գոնէ կրցաւ լեցուիլ նորէն: