Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ ասը տարի կայ անկէ ի վեր. Բարեկենդանի գիշեր մը իմ դրացիներէս մէկուն տանը մէջ երեկոյթ մը կար. Տիկին... անունը պէտք չէ ձեզի, այնպէս չէ՞, քառասունը հազիւ թեւակոխեր էր, բայց երեսունըհինգ տարու չէր ցուցներ վրայէն. այն շատ հաւնուած ու շատ սիրուած կնիկներէն մէկն էր որոնց սերունդը հետզհետէ պակսելու, անհետանալու վրայ է մեր մէջ. իր մասին պատմուած առասպելներու վրայ ամենէն առաջ եւ ամենէն շատ խնդացողը ինքն էր: Սուտ պարկեշտութիւններու, կեղծաւոր կարմրութիւններու կինը չէր այն կինը. գլխէն մինչեւ ոտքը ամեն բան խիզախ ու համարձակ էր վրան:

Աղուոր կուրծք մը չունեցողները միայն décolletéին [1] թշնամի են, կ՚ըսէր խնդալով, եւ յօժարակամ կը պարզէր իր լանջքին կոհակները քօռսէին բացուածքէն:

Էրիկը, ծերունի մը, հայր մը գրեթէ տարիքով, հօր մը թոյլտուութիւնները, ազատութիւնները թողած էր անոր: Էն աղուոր երիտասարդները, էն շնորհքով մարդիկը իր շուրջն էին, թիթեռնիկներու պէս դառնալով, երբեմն էրելով մրկելով, իր ջերմ ու կիզիչ մթնոլորտին մէջ:

Բոլոր կիները չէին քաշեր զինքը, կը նախանձէին, կը չարախօսէին իր վրայ. անոր համարձակ վարմունքը իրենց պարտկուած մեղքերուն, իրենց շինծու ամօթխածութեանը դէմ պայծառ արեւի մը հալածիչ լոյսին կը նմանէր՝ խպնոտ ստուերներու վրայ սփռուած:

Ասոր հետ մէկտեղ, երբեք չէին պակսեր անոր տունէն, անոր երեկոյթներէն, ուր էն աղուոր, էն զուարթ, էն նրբամիտ ընկերութիւնը գտնելնուն ապահով էին:

Ատեն ատեն կը կանչէին զիս այս տունէն, տիկնոջ համար որ մարելիքի պէս տագնապներ կ՚ունենար երբեմն: Առջի քննութենէս՝ սրտի հիւանդութեան մը հաստատ նշանները գտեր էի վրան, բայց զինքը չխռովելու համար բաւականացեր էի ըսելով.

Բան մը չեն ասոնք, պարզ ջղային անհանգստութիւններ:

Գլխաւոր բանը քիչ մը հանդարտ կեանք վարելու պէտքն էր. այս եղաւ իմ պատուէրս ալ. բայց ո՞վ մտիկ կ՚ընէր ինծի:

Օր մը նեղացայ:

Տիկի՛ն, ըսի, պարապ տեղ երթալ գալէն չեմ ախորժիր. քանի որ իմ պատուիրած բանս չէք ըներ, պէտք չկայ որ զիս կանչէք ուրիշ անգամ. աւելի հաճոյակատար բժիշկի մը դիմեցէք, խնդրեմ: Հիւանդս հասկցաւ, եւ որովհետեւ մտքի ու սրտի տէր կին մըն էր, իսկոյն ներում խնդրեց այնպիսի քաղցր ու անուշ ձայնով մը որուն դէմ կենալու էն քարսիրտ մարդն անգամ կարող չէր:

Ձեր աղէկութեան համար է իմ պահանջումս. չեմ կրնար առողջապահութեան բոլոր կանոններուն հակառակ ձեր վարած կենցաղին աւերումները տեսնել եւ լուռ կենալ, չեմ կրնար ձեզ չարգիլել այս կեանքը շարունակելէ:

Օր մը աւելի՞ ապրելու համար, Տօքթօ՛րս, պատասխանեց ինծի ժպտելով, օր մը աւելի՞ տառապելու համար. եւ բռնելով ձեռքս, ստիպելով զիս որ քովը նստիմ, երբ ես մեկնելու կը պատրաստուէի արդէն, շարունակեց.

Դուք, բժիշկներ, կեանքը երկարցնելու աշխատող մարդիկ, կիներուն՝ այս հէք էակներուն կեանքը պահպանելու մի՛ աշխատիք, քանի որ չէք կրնար այդ կեանքը իր թարմութեան, իր գեղեցկութեան մէջ անայլայլ ու հաստատ պահել. ճերմկած թափած մազերու, փոթփոթած երեսի, թուլցած միսի մը աւելի կամ նուազ տեւողութիւնը նշանակութիւն չունի. կինը իր երիտասարդութեան, իր հրապոյրներուն մէջ կրնա՞ք վար դնել, կեցնել: Չե՞ք կրնար, թող տուէք ուրեմն որ երթայ հոսկէ. իր պաշտօնը, իր կոչումը աւարտած է ան. ի՜նչ, կը պահանջես ձայնը մարած երգիչէն՝ որ սրահին վրա՞յ կենայ, մինչեւ որ սուլեն, ծաղրեն ու նախատեն զինքը. կինը ծիծաղ մըն է, պէտք չէ որ լացի փոխուի:

Հիւանդութիւնը կը սաստկանար, հեղձումները կը յաճախէին ու միշտ խուլ կը մնար անիկա իմ խրատներուս, եւ իր զբօսանքի, հաճոյքի կեանքը անխափան կը շարունակէր: Տարօրինակ, բայց թերեւս ամենէն ուղիղ ըմբռնումն էր իրենը՝ աշխարհիս մէջ կնոջ մը դերին եւ կոչումին վրայ: Յոյսը եւ Ուրախութիւնն էր ինքը եւ անձնուրաց արիութեամբ մը կը բաշխէր իր կենդանութիւնը, իր շնորհը, իր հրապոյրը, երբոր ինքը պէտք ունէր ատոնց, Քօբէի մանիշակ ծախող աղջիկին պէս,

Elle mourait de l’hiver, en vendant le printemps. [2]



[1]            Լանջաբաց (զգեստ)։

[2]            Ձմեռը կը մեռնէր՝ գարուն ծախելով։