Տօմինօն
կը
բռնանար:
Ամբողջ
մարմինէն`
մանիշակի
զգլխիչ
բուրում
մը
կը
ծաւալէր,
չնչին
կանխավճար
այն
ամեն
թաքուն
հրապոյրներուն
զորս
այս
հսկայ
վարդի
թերթը
կը
պահէր
իր
ծոցին
մէջ:
Պզտիկ
խուցի
մը
մէջ
նստեր
էին
քով
քովի,
ու
տօմինօն`
վաստակաբեկ
կը
յենուր
իրեն,
մինչդեռ
վերը`
պարասրահը
կը
գոռար,
կը
թնդար
ցնծութեան
թափերով,
որպէս
թէ
քաջալերէր
վերէն
իրենց
վարանող
երիտասարդութիւնը:
Ջերմութիւնը`
անոր
թեւին
դպած
տեղը
կ՚աւելնար,
այրուցի
մը
կը
փոխուէր
հոն,
երիտասարդին
շնչառութիւնը
կը
դժուարացնէր,
անոր
անտարբերութիւնը
կը
վրդովէր:
Գօնեաքի
փոքրիկ
բաժակները
կը
պարպէին
մեղմիւ,
քամելով
վերջին
կաթիլը
ու
չուզելով
կարծես
բաժակը
զատել
բերաննուն.
ամեն
մէկ
ումպին`
մտածումներ
կուգային
իրենց
միտքը,
զորս
կուլ
կուտային
անոր
մէջի
հեղուկին
պէս:
Ու
երկուքն
ալ
արբած
այս
լռին
առանձնութենէն,
տաքէն,
մանիշակի
հոտէն,
չէին
խօսեր`
ա՛լ
հեղգացած,
առջի
ընդհարումին
իյնալու,
կործանելու
պատրաստ
կաւէ
արձաններու
նման,
կորսնցնելով
դիմադրութեան
ոյժը:
Վերը`
աղմուկը
կ՚աւելնար,
կը
սաստկանար,
ոտքերու
տրոփիւնը`
թատրոնին
երկաթէ
ձեղունը
կը
ցնցէր
տեղէն,
երաժշտութեան
ձայները
պատերէն
կ՚անցնէին,
խուլցած,
անհասկնալի
եղանակներով,
որ
իրենց
ականջին
մէջ
կը
բզզային:
—
Դիմակդ
վար
առ,
կ՚ըսէր
Արշակ:
—
Երբեք:
Մի՛
գուցէ
տգեղ
ու
տարիքոտ
կին
մը
ըլլար
որ
ամչնար
երեսը
ցոյց
տալու,
յուսախաբ
չընելու
համար
զինքը.
բայց
ամեն
ինչ
կը
հերքէր
այս
ենթադրութիւնը:
Աթոռին
մէջ
ընկողմանած
էր
բազկարձակ
ու
վայելչապանծ,
ու
հեւքոտ
կուրծքէն
երկար,
խուլ
հառաչանք
մը
դուրս
կը
թռէր:
Ո՞վ
էր
այս
կինը:
Երեսը
տեսնելու
յուսահատ
փորձ
մը
ըրաւ,
բռնի
վար
առնել
ուզելով
դիմակը:
Տօմինօն
ցատքեց
ոտքի
ելաւ,
ուղիղ,
գրեթէ
սպառնալից.
—
Երբե՛ք,
հասկցա՞ր:
Խրոխտ
ու
կտրուկ
կերպով
կը
խօսէր
միշտ,
փոխելով,
սքօղելով
իր
ձայնը.
ու
տեսնելով
որ
երիտասարդը
կը
տառապէր,
անուշութեամբ
աւելցուց.
—
Պիտի
զղջաս,
գիտեմ
որ
պիտի
զղջաս
զիս
ճանչնալուդ:
Ենթադրէ
որ
սիրած
կինդ
եմ
ես:
Արդեօ՞ք:
Վերը`
երաժշտութիւնը,
աղմուկը,
պարերը
կը
շարունակէին: