Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ճօ՞կօ. ինչո՞ւ համար Ճօկօ. իմ անունս Սարգիս Ուղուրլեան է. կարելի չէ ինծի, որքան ալ մեծ ըլլայ ձեզի հաճելի ըլլալու փափաքս, այդ անունը ձգել. հօրս, Կարապետ Ուղուրլեանի, հարուստ վաճառականին զաւակն եմ եւ չեմ կրնար վերջին պահուն անոր զաւակը ըլլալէ դադրիլ. մանաւանդ թէ մեծ ժառանգութեան մը ակնկալութիւնը ունիմ:

«Ի՞նչ պէտք ունիք այդպէս ուշադիր նայելու երեսս եւ զիս շիկնեցնելու. այո՛, շիկնեցնելու, վասն զի այդ գեղեցիկ կապոյտ աչքերուն առջեւ անսովոր ջերմութիւն մը կ՚զգամ այտերուս վրայ, մի՛ խնդաք, կ՚աղաչեմ. շա՞տ ծաղրելի եմ արդեօք ձեր աչքին: Ճօկօ, դարձեա՞լ»:

Միշտ, ըսաւ աղջիկը, ժպտելով:

Կ՚երեւայ թէ կատակը կը սիրէք. ձեզ նեղացնել չեմ ուզեր, դրե՛ք ինչ անուն որ կ՚ուզէք ինծի. կը բաւէ որ այդ անուշ նայուածքնիդ չհեռացնէք ինձմէ։

Ճօկօն, Ճօկօն է, կ՚ըսէր աղջիկը, ինքնիրեն խօսելով: