Անցեալները
սպասուհի
մը
եկաւ
մեզի
գեղէն.
իմ
այցելութենէս
ի
վեր
երկու
տարի
անցած
էր։
Շատ
մը
հարց
ու
փորձեր
ըրի
իրեն։
Ի՞նչ
կ՚ընէին
գեղացիները,
խոզակը
շահ
կը
ձգէ՞ր
առաջուան
պէս.
գեղին
աղաները
իմ
ճանչցած
անձե՞րս
էին,
Հաճի
Կարապետը,
Օհանճան
աղան,
ուրիշները։
Այս
վերջին
անունին՝
սպասուհին
ժպտեցաւ.
—
Օհանճան
աղան
կարգուկ
է
հիմա,
պատասխանեց
ինծի,
որբեւարի
մը
առաւ
ամիս
մը
առաջ։
—
Ի՞նչ,
որբեւարի՞,
հարցուցի։
—
Վարժապետին
կնիկը,
Զարուկը։
Իր
առջի
ուզածը
առաւ.
տեսա՞ր
էֆէնտիս,
խըսմէթը
ինչ
է՝
ան
կ՚ըլլայ։
Երկու
բառով
ամեն
բան
հասկցուց
ինծի.
ասիկա
ամենուն
գիտցածն
էր
գեղին
մէջ։
—
Առաջ՝
փոթուրլու
ըլլալուն՝
չուզեց
Օհանճան
աղան.
անիկա
ալլըման
տէլիխանլը
մըն
էր,
ըմա
հիմակին
պէս
հարուստ
ալ
չէր
շտտակը։
Աղջիկը
կարդալ
կիտէր,
դպրոց
գացեր
ու
կիտնական
էր.
չհաւնեցաւ
անոր.
առջի
էրիկը
վարժապետ
էր.
աղէկ
օր
մը
չցուցուց
կնկանը։
Հիմա
Օհանճան
աղան
առաւ
նորէն։
Առաջ
ալ
աղուոր
էր
Զարուկը,
չունեւորութենէն
չէր
ցուցներ։
Թէ
որ
հիմա
տեսնես,
պօյ,
պօս,
ծովի
պէս
մազեր,
լուսնի
պէս
երես
մը.
հրեշտակ
կըլմանի։
Ու
բարոյականը
հանելով
այս
բոլոր
պատմութեանը,
իր
պարզամիտ՝
բայց
խելացի
գեղջուկի
բարոյականը՝
—
Նայէ,
էֆէնտիս,
մեր
գեղը
Պոլիս
չէ,
հոն
շալվար
կը
հագնինք
մենք,
մեր
էրիկ
մարդիկ
ալ
փոթուր
պիտի
հագնին։