Կեանքը ինչպէս որ է

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ատկէ երեք օր վերջն էր, որ ամուսնացաւ. մանրերկրորդի մը մէջ վճռուած կատարուած ամուսնութիւն` րոպէական լուսանկարի մը պէս:

Անձնասպաններ կան որոնց անակնկալ մահուան լուրը քեզ ապշեցնելուն հետ միտքդ կը ձգէ քանի մը օր առաջ այդ մեռնողին խօսքերը որոնք զուրցուած պահուն` անիմաստ ու անհասկնալի երեւցեր էին. արտասովոր շարժուձեւերը որոնք զարմացուցեր էին քեզ եւ որոնք հիմա` այդ մահուան քովը բերուելով` իրենց ահաւոր մեկնութիւնը կ’ստանան. եւ կը զարմանաս, որ ան ատեն` այդ խօսքերը լսելուդ փոյթ չունեցար զանոնք վերլուծելու. «յիմար խօսքեր» ըսիր ու անցար. սպրդեցան գացին անոնք առանց սթափեցնելու, եւ հիմա, խղճմտանքդ կը տանջէ քեզ. թէ որ ժամանակին գուշակէիր այդ անիմաստ թուող խօսքերուն, տարօրինակ երեւցող ընթացքին բուն նշանակութիւնը, պիտի յաջողէիր թերեւս այդ յուսահատը իր կտրուկ վճիռէն ետ դարձնելու:

Այսպէս ալ եղաւ Մաքրիկէն զատուելուս. իր վերջին խօսքերուն միտքը անոր ամուսնութեան լուրը առած ժամուս հասկցայ, մութ սենեակի մէջ մտցուած պայծառ լոյսի մը պէս, որուն շնորհիւ որոշ կերպով կը զանազանես հոդ շարուած առարկաները:

Անոր խրոխտ նկարագիրը այն ատեն միայն կատարեալ կերպով ճանչցայ երբոր շատ ուշ էր արդէն կրկին իր սիրոյն կոչում ընելու:

Սուտ զուրցած կ՚ըլլամ թէ որ այս լուրը ինծի ուրախութիւն պատճառեց ըսեմ. այս բաժանումը, որուն բոլոր հոգիովս կը բաղձայի, զրկանք մը կ՚ըլլար ինծի հիմա` որ եղած լմնցած բան մըն էր. Մաքրիկին շնորհալի դէմքը, մտքի ու մարմնի բոլոր ձիրքերը աչքիս առջեւէն անդին չէին երթար. անոր քով պզտիկ մնացած ըլլալու տարտամ տպաւորութիւն մըն ալ կ՚աւելնար վիրաւորուած անձնասիրութեանս վրայ:

Իրօ՞ք այսքան դիւրաւ ձգուելիք բաժնուելիք մէկն էի ես, ես որ անոր յաւէրժական սէր մը ազդած ըլլալու ունայնամտութիւնը ունէի:

Ոչ իսկ բացատրութիւն մը, մնաս բարով մը, բառ մը ինծի: Դանակի հատու հարուած մը երկու տարուան սիրոյ հիւսուածքին վրան, եւ ուրիշ ոչինչ:

Յաջորդ օրը, երբ իր Մանչէսթր մեկնիլը իմացայ էրկանը հետ, որ հոն հաստատուած մէկն էր,

Երթաս բարո՜վ, ըսի մտքովս իրեն, երթաս բարո՜վ, այդ մարդուն քով զոր հարկաւ պիտի խաբես սիրոյ խոստումներով, ինչպէս որ զիս ալ խաբեցիր. բարի վայելում կը մաղթեմ իրեն:

Ու այս մարդուն դէմ, որուն ո՛վ ըլլալը չէի գիտեր, ատելութիւն չէի զգար, այլ արգահատանք մը. կը խնդայի վրան, կը կարեկցէի իրեն. վայրկեան մըն ալ սաստիկ մարմաջ մը կը զգայի երթալ գտնելու զինքը ու ականջն ի վար ըսելու, որ հետը կարգուած աղջիկը իմ սիրուհիս եղած էր. ասով կարծես թէ կը սփոփուէր իմ վիրաւորանքիս ցաւը. բայց կը խոստովանէի իսկոյն որ ասանկ փափագ մը ունենալս անգամ զզուելի բան մըն էր. հիմա իմ բարոյական ստորնացումիս դէմ կը սրտմտէի եւ Մաքրիկին ազնիւ նկարագրին իմինէս շատ աւելի բարձր ըլլալը զայրոյթով կը լեցնէր զիս:

Յետոյ, ատեն անցնելով, այս ամենը ամոքեցաւ, մեղմացաւ, ջնջուեցաւ վերջալոյսի մը բոցավառութեան պէս, որ մեր սիրոյն իրիկնամուտն էր: Իմ յեղյեղուկ ու փութամոռաց երիտասարդի սիրտս բան մը չյիշեց այլեւս:

Անոր մեկնելէն հեռանալէն շատ ետքը կրցայ իր ամուսնութեան պատմութիւնը ստուգել ու ճշդել. շատ լացեր էր ինէ զատուելուն համար. հարուստ էրիկ մը ձեռքէ չփախցնելու վախովը բացատրեցին ոմանք իր տարօրինակ աճապարանքը կարգուելու: Ես, վերահասու ճշմարտութեան, գիտէի որ այս ամուսնութեան շնորհիւ Պոլիսը ձգել երթալու եւ զիս մոռնալու կարելիութիւնը զինքը համոզեր էր ամեն բանէ աւելի. եւ այս վստահութեամբ ինքնիրենս հաշտուեր էի Մաքրիկին հետ. ի՜նչ կ՚ըսեմ, տարիներէ վերջը անզուգական կինը մնացեր էր ան իմ աչքիս:

Ունեւոր ու տարիքոտ մարդ էր էրիկը: Երազուած միութիւնը չէր ասիկա, այլ այն գռեհիկ կապակցութիւններէն մէկը, որ ամուսնութենէ մը աւելի զուգաւորիլ մըն է, եւ զոր պսակին օրհնութիւնը ոչ կրնայ ազնուացնել եւ ոչ իսկ արդարացնել: Ոչ հոգիի եւ ոչ մտքի պատշաճութիւն երկուքին մէջ. ո՛չ կրթութեան եւ ոչ զգացումի ներդաշնակութիւն. ոչ տարիքի եւ ոչ մարմնի յարմարութիւն. այլ բիրտ հպումը, անմեկնելի ու յաւիտենական մերձեցումը, աւելի բիրտ քան այն զոյգ մը եզինը որ արօրի մը կը լծուի եւ ուր գոնէ` գոյնի, տարիքի, ոյժի ներդաշնակութիւն կը փնտռուի:

Մաքրիկ գոհ էր սակայն իր ամուսնութենէն. արտաքին ու ցոյցի գոհունակութիւն զոր ամեն աղջիկ կ՚ունենայ կարգուելէն վերջը որ հակառակ իր պարծանքի հանգամանքին, համակերպութենէ ուրիշ բան չէ, եւ որ, ափսո՜ս, անոր յոյսերուն ու երազներուն նաւաբեկութեանը մէջէն անջատուող ծփացող միակ խլեակն է. ամուսնացած ըլլալու եւ դրամի տէր մէկու մը կնիկը եղած ըլլալու գոհունակութիւնը:

Մարդը, այսպէս կը կոչէի ես էրիկը, Անգլիոյ մէջ հաստատուած հարուստ յանձնակատար մըն էր, Կեսարիայէն հոս եւ հոսկէ Մանչէսթր անցած, որ անգլիական ոստանին վարքը ու բարքը իւրացուցած կը կարծէր, այն պատճառաւ, որ իր ածիլած ծնօտին, գիշակերի հուժկու ու կոպիտ կզակ մը, երկու դիէն երկնցուցած էր մօրուքը, որ իր ամեն ժամ պիֆթէք ուտող ու գինի խմող մարդու կարմրած այտերը կը ծածկէին: Երկար, գլանաձեւ գլխարկովը, ծունկերը գոցող սեւ ռըտէնկոթովը, որ հանդիսաւոր ու պաշտօնական մարդու ծպտումը կուտար այս դրսեցիին, զոյգ մը կարմիրի զարնող դեղին ձեռնոցովը, զոր իր ոսկրուտ ու ոտքերու չափ մեծ ձեռքերուն մէջ կը ճմրթկէր, այս մարդը` Պոլիս գալուն` բոլոր հոստեղի աղջիկները ափ ի բերան ըրած ըլլալու միամտութիւնը ունէր:

Հոս` հայ վաճառականներու կիները որոնք խլավուզութիւն ընելը կը սիրեն, կը թռվռային վրան, ձեռքէ ձեռք կը քաշէին զինքը, իր դրամի տէր մարդ ըլլալը գիտնալով. որը քոյր մը, որը եղբօր աղջիկ մը ունէր անոր հաւնեցնելու. եւ ընդունայն ճիգերու, պզտիկ դաւերու, երբեմն չարութեամբ ու նախանձով նիւթուած մրցումներու մէջ կ’սպառէին. մէկը ճաշի կը հրաւիրէր զինքը, միւսը երեկոյթի, ու այս ընդդիմամարտ հրաւէրներուն մէջ մարդը շփոթած կը կենար, թէեւ յատկապէս կարգուելու համար եկեր էր Պոլիս, շատ մը իր նմաններուն պէս որոնք` ամուսնութեան globe-trotterներ [1] ՝ մենէ աղջիկ մը առնելու համար մինչեւ հոս կուգան:

Յետոյ, փողոցը դիպուածով Մաքրիկը տեսնելուն, իսկոյն հաւներ, հարցուցեր փնտռեր եւ ամուսնութեան ուզեր էր զայն: Աղջկան ընտանիքին համար անակնկալ բաղդ մըն էր ասիկա. նշանտուքը, հարսնիքը եւ հարս ու փեսին ասկէ մեկնիլը մէկ եղաւ:

Անկէ ի վեր ճիշտ տասերկու տարիներ անցեր էին միապաղաղ անդորրութեամբ մը. իր հարստութիւնը աւելցուցեր էր հիմա: Կեանքին մէջ ամեն բան ժպտեր էր այս մարդուն երեսին եւ այս յաջողութիւնները իր մեծ խելքին ու արժանիքին պարտիլ կը կարծէր, նոյն իսկ այն վայելչագեղ կինը, որուն վրայ իր ցանկասէր մարդու նայուածքը կանգ առած էր:

Այսքան տարիներ բացակայ մնալէ վերջը, առջի անգամ ըլլալով կնոջը հետ Պոլիս կուգար պտըտելու համար քիչ մը, քիչ մըն ալ Պոլսոյ առեւտրական վիճակը մօտէն հասկնալու:

 

Հիմա եկեղեցիին մէջ, կնոջմէն` էրկանը կ՚երթայ նայուածքս ու կը փորձեմ ինքնիրենս ճշդել այս ռամիկ մարդուն ինչ ըլլալը: Կիրակի առտուընով մեծ կուգար ան, չէր սղմեր կարծես այս պզտիկ ժամուն մէջ ուր քրիստոնէական խոնարհութեամբ մը միայն կնոջը քով եկած կեցած կը թուէր, ճաղատ գլուխը բաց, վայելուչ կեցուածքի մը մէջ արձանացած եւ ձախ ձեռքին մէջ բռնելով գլխարկը ու ձեռնոցները, իր անբաժանելի կարմիր ձեռնոցները:



[1] Շատ ճանապարհորդող (անգլ.